Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հնդկաստանի Malankara Mar Thoma Ասորական Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Ճոզէֆ Մար Պարնապասը եւ հանդիպում ունեցաւ  Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ.  Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ:  Ան Միջեկեղեցական առաքելութեամբ առաջին անգամ ըլլալով կ՛ացելէր Կիպրոս: Աւելի քան ժամ մը հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան Միջեկեղեցական հարցեր, Հնդկաստանի, (եւ անցեալի հայ գաղութի), Միջին Արեւելքի,...

Յունահայութեան Բողոքի Հաւաքը Ատրպէյճանի Կողմէ Արցախի Շրջափակման Դէմ

Յունահայութեան Բողոքի Հաւաքը Ատրպէյճանի Կողմէ Արցախի Շրջափակման Դէմ

Հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 21 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի հա­ւաք՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման դէմ։ ­Բո­ղո­քի հա­ւա­քը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի՝ Ա­թէն­քի կեդրո­նա­կան գրա­սե­նեա­կին առ­ջեւ, որ կը գտնո­ւի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կի եւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի մօտ։ ­Մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­քին, ներ­կայ ե­ղաւ կրօ­նա­կան դա­սը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի, ո­րուն...

50-Ամեակ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի.  Տօնական Բարձր Հանդիսութեամբ Սկիզբ Առաւ Արեւմտեան Թեմի Յիսնամեայ Յոբելեանը Շուրջ Հազար Հայորդիներու Ներկայութեամբ

50-Ամեակ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի. Տօնական Բարձր Հանդիսութեամբ Սկիզբ Առաւ Արեւմտեան Թեմի Յիսնամեայ Յոբելեանը Շուրջ Հազար Հայորդիներու Ներկայութեամբ

Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, տօնական խանդավառութիւն կը տիրէր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, ներկայութեամբ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Արք. Դանիէլեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի՝ իբրեւ ինքնուրոյն Վիճակ գործունէութեան յինամեակը պանծացնող հանդիսութեանց շարքին առաջինը՝...

Զախոյի Մէջ Նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին  Տօնը

Զախոյի Մէջ Նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Տօնը

Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2022-ին, հանդիսապետութեամբ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի՝ Զախոյի Սուրբ Մարիամ  Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնին առիթով մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։  Պատարագի աւարտին Տէր Հայրը շնորհաւորեց  Յակոբ անունը կրող ներկաները։ https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid02h4d8ZG7xR9ZzJNjakRkuWjGx33ocPRWypKbd75DguwekDUKXP8hY3HFstkSWKzeFl&id=100023358589892

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Իրան Կ՛այցելէ  ՀՅ Դաշնակցութեան 132-Ամեակի Նշում Թեհրանի Մէջ 16 դեկտեմբերին Թեհրանի ՀՄԱԿ-ի «Կոմիտաս» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 132-ամեակը: Յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին` ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մելան Սեֆեանը, որ հրաւիրեց Արամ Շահնազարեանը` արտասանելու Իրանի հիւսիսային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը, որուն մէջ ան շեշտեց, թէ ժամանակի ու դէպքերու փոփոխութեան հետ Դաշնակցութիւնը փոխած է իր պայքարի...

Առաջնորդ Սրբազանը Բացումը Կատարեց Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Ռ. Եւ Գ. Գաբրիէլ Մանկապարտէզ-Մանկամսուրի Խաղավայրը Զարդարող Մեծ Որմնանկարին

Առաջնորդ Սրբազանը Բացումը Կատարեց Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Ռ. Եւ Գ. Գաբրիէլ Մանկապարտէզ-Մանկամսուրի Խաղավայրը Զարդարող Մեծ Որմնանկարին

Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, այցելեց Մոնթեպելլոյի մէջ գործող Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան, ընկերակցութեամբ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի,  Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանի, Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Ճէք Հաճինեանի, Հոգաբարձութեան անդամ Տոքթ. Յակոբ Տիգրանեանի: Առաջնորդ Սրբազանն ու շքախումբը դիմաւորուեցան վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Դաւիթ...

«Սփիւռքի Տարուան» Նուիրուած Համերգ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

«Սփիւռքի Տարուան» Նուիրուած Համերգ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի Տարուան» նուիրուած համերգ, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի եւ Հոգաբարձական կազմին, կատարողութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, մասնակցութեամբ խումբ մը փոքրիկներու եւ երաժիշտներու, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի: Համերգին ներկայ էին...

Յակոբ Բագրատունիի Այցելութիւնը Հալէպի Ազգային Միացեալ Վարժարան

Յակոբ Բագրատունիի Այցելութիւնը Հալէպի Ազգային Միացեալ Վարժարան

Երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2022-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը ջերմօրէն հիւրընկալեցին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Մտերմիկ այս հանդիպումին նախակրթարանի աշակերտութիւնը ջերմօրէն դիմաւորեց երեսփոխանը` ազգային ոգեշունչ երգերով: Աւարտին Յ. Բագրատունին իր սրտի խօսքը ուղղեց աշակերտներուն, խրախուսեց զանոնք` հայօրէն ապրելու, հայկական վարժարանին յարկին տակ լաւապէս կազմաւորուելու եւ բարեյաջող երթ մաղթեց վարժարանի աշակերտութեան ու անձնակազմին: Ազգային միացեալ վարժարանի մեծ ընտանիքը յուշանուէրով մը շնորհակալութիւն...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Ֆրանսա ՀՅԴ-ի 132-Ամեակի Նշում Վերջերս Մարսէյի մէջ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 132-ամեակը: Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը: Ան նկատել տուաւ, որ Դաշնակցութեան պատմութիւնը անհնար է անջատել հայ ժողովուրդի պատմութենէն,  աւելցնելով, որ 132 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, ծառայած է Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրման դատին: Ան...

Շուէտի Հայ Գաղութը Փառաւոր Շուքով Տօնեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-Ամեակը

Շուէտի Հայ Գաղութը Փառաւոր Շուքով Տօնեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-Ամեակը

ՍԵՒԱՆ ՄԻՍԱՔԵԱՆ Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Շուէտի «Հիւսիսեան» առանձնակի կոմիտէութեան, 12 նոյեմբեր 2022-ին Սթոքհոլմի «Ազատամարտ» հայ կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 132-ամեակը: Հանդիսութեան ներկայ էին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, համայնքի հոգեւոր հովիւ Վաղարշ քահանայ Իսախանեան եւ Հրաչ Մարութեան: Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ 1 վայրկեան յոտնկայս յարգելով յիշատակը ՀՅ Դաշնակցութեան ազատագրութեան ճանապարհին զոհուած անցեալի ու ներկայի նահատակներուն: Ապա «Մեր...

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին

Երկուշաթբի, 12 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի  եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի եւ Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հանդիպում ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի հետ։ Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին ներկայ էին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Վարչութեան անդամ...

Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի Առօրեայէն

Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի Առօրեայէն

Ամանորի Տօնավաճառ Շաբաթ, 4 դեկտեմբերին Մարսէյի Համազգայինի ճեմարանի շրջափակը դարձեալ ուրախ ժամադրավայր էր աշակերտներուն, ծնողներուն եւ այցելուներուն համար: Այդ օր դպրոցի ծնողական յանձնախումբին կազմակերպած տօնավաճառին ներկաները ամբողջ օր մը հաճելի ժամանակ անցուցին` այցելելով սրահին մէջ տեղադրուած այլազան տաղաւարները, ուր կը վաճառուէին հայկական գիրքեր, զարդեղէններ, խմիչքներ, հագնելիքներ, մոմեր եւ այլազան նուէրներ: Յատուկ անկիւն մը յատկացուած էր Կաղանդ պապուկին հետ նկարուիլ փափաքող...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Սուրիա Կիրօ Մանոյեան Հանդիպում Ունեցաւ Գամիշլիի Միութենական Մարմիններուն Հետ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Գամիշլի իր այցելութեան շրջագիծէն ներս 24 նոյեմբերին Համազգայինի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ-ի ուղղեկից միութիւններու` ՍԵՄ-ի, ՍՊՄ-ի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ՍՕԽ-ի Գամիշլիի մէջ գործող պատասխանատու կազմերուն հետ, ինչպէս նաեւ` Գամիշլիի Հայ դատի յանձնախումբի, «Ռատիօ Երազ»-ի...

ՀՅԴ Կիպրոսի Պատուիրակութիւնը Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նախագահական Թեկնածու Նիկոս Խրիստոտուլիտիսին Հետ

ՀՅԴ Կիպրոսի Պատուիրակութիւնը Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նախագահական Թեկնածու Նիկոս Խրիստոտուլիտիսին Հետ

Չորեքշաբթի 30 Նոյեմբեր 2022-ին, ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէն պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Փետրուար 2023-ին կայանալիք Կիպրոսի նախագահական ընտրութիւներու թեկնածու՝ պրն. Նիկոս Խրիստոտուլիտիսին հետ։ ՀՅԴ Կիպրոսի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու՝ ՀՄԸՄ-ՀԵՄի ատենապետը, Համազգայինի ատենապետը եւ ՀՕՄի ատենապետուհին։ Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը պրն. Խրիստոտուլիտիսի առաջ բարձրացուց համայնքը յուզող կարգ մը հարցեր, որոնց շարքին Միջին Արեւելքէն...

«Յանուն Հայրենիքին Ու Հայ Դատին». Ի Նպաստ Հայ Դատին Թորոնթոյի Մէջ Հանգանակուեցաւ 132,687 Հազար Տոլար

«Յանուն Հայրենիքին Ու Հայ Դատին». Ի Նպաստ Հայ Դատին Թորոնթոյի Մէջ Հանգանակուեցաւ 132,687 Հազար Տոլար

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած «Յանուն հայրենիքին եւ Հայ դատին» խորագիրը կրող հանգանակային ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին,  Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ: Օրուան հանդիսավար՝ Խաժակ Գուլաճեանը, բարի գալուստ մաղթեց եւ իր խօսքին մէջ նշեց Հայ դատի գրասենեակներու կատարած կարեւոր դերակատարութիւնը հայ ազգի քաղաքական իրաւունքներուն տէր կանգնելու, ապա հաստատեց, որ ձեռնարկը կը նպատակադրէ օժանդակել Հայ...

Գերաշնորհ Տ․ Մակար Եպս․ Աշգարեան Ընտրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Գերաշնորհ Տ․ Մակար Եպս․ Աշգարեան Ընտրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 172-րդ նիստը գումարուեցաւ Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, թեմի երեսփոխաններու, Ազգ. Կրօնական ժողովի, Ազգ. Վարչութեան եւ հիւրաբար ազգ․ մարմիններու ատենապետներու ներկայութեան` Բերիոյ Թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան օրակարգով։ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական ընտրութեան առնչուող թեմի խնդրանքին, պաշտօնագիրով ուղարկեց առաջնորդական ընտրելիներու եռանուն ցանկ մը։ Ժողովը այնուհետեւ...

«Վտանգաւոր, Բայց… Կայուն» Թատերախաղը Կիպրոսի Մէջ

«Վտանգաւոր, Բայց… Կայուն» Թատերախաղը Կիպրոսի Մէջ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 19-20 նոյեմբերին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, Ժան-Փիեր Մարթինեզի «Վտանգաւոր, բայց... կայուն» թատերական ներկայացումը մեծ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, նախօրօք համաձայնուած հրաւէրով` Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղին, 25-27 նոյեմբերին մեկնեցաւ Կիպրոս, կիպրահայ գաղութին եւս ներկայացնելու յիշեալ թատերախաղը: Արդարեւ, 27 նոյեմբերին Նիկոսիոյ «Տիոնիսըս» սրահին մէջ թատերախումբը հանդէս եկաւ «Վտանգաւոր, բայց… կայուն» թատերախաղով: Կոկիկ հասարակութեան կողքին...

Արեւմտեան Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Վանգուվըրի Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոսին Հետ

Արեւմտեան Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Վանգուվըրի Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոսին Հետ

Նոյեմբեր 29-ին, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Վահէ Անտոնեան հանդիպեցաւ Վանգուվըրի Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս տոքթ. Նիգ Քահվաճիի հետ։ Հանդիպման ընթացքին հիւպատոսը ներկայացուց Վիքթորիա քաղաքին մէջ հիւպատոսարանի նախաձեռնած նոր ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ 1888 թուականին լիբանանցիներու Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգ ներգաղթը խորհրդանշող յուշարձանի մը կառուցումը։ Հիւպատոսը լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունեցող Վանգուվըրի հայ համայնքին հրաւէր ուղղեց մասնակից դառնալու այս ծրագրին։ Վահէ Անտոնեան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՀՅԴ 132-Ամեակի Նշում Գամիշլիի Մէջ Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, 22 նոյեմբերին Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 132-ամեակի տօնակատարութիւնը: Օրուան հանդիսավարներ Սագօ Սիմոնեան եւ Վանայ Կիրակոսեան բացումը յայտարարելով` ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը 132-տարիներ շարունակ մարտնչած, նահատակուած նուիրեալներուն եւ Սուրիոյ, Հայաստանի ու Արցախի նահատակներուն: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային գործիչ Խաչիկ...

ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան Այցելեց Մէրիլէնտ

ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան Այցելեց Մէրիլէնտ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 12-ին, Պէթեստայի (Մէրիլէնտ) Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ համայնքը տօնախմբեց իր 58-ամեակը, համախմբուելով եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Օրուան հանդիսավարը՝ Քրիստին Անթանէսեան, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, հրաւիրեց Լօրի Սիմոնեանը եւ օր․ Գարինա Թիքոյեանը, որպէսզի մեներգեն սմերիկեան եւ հայկական, նաեւ Արցախի քայլերգները։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքէն ետք, ներկաները հաճելի մթնոլորտի մէջ վայելեցին համադամ ճաշեր եւ աղանդերներ։ Տիար Անդրանիկ Թոսունեան՝ ատենապետ, ներկայացնելէ ետք եկեղեցւոյ...

Page 24 of 47 1 … 23 24 25 … 47

Արխիւներ