Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Սրբազան Հայրը Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Դեսպանին Եւ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական–Հիւպատոսին Հետ
8 փետրուարին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանի հետ` ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի:
Դեսպանը Հալէպ ժամանեց Հայաստանի կողմէ ուղարկուած փրկարարական մասնագիտական խումբը եւ մարդասիրական օժանդակութեան օդանաւը ընդունելու: Այս շրջագիծէն ներս ան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ սրբազան հօր, որուն իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առիթով:
Հանդիպումին արծարծուեցան սուրիահայութեան եւ մանաւանդ հալէպահայութեան դիմագրաւած ներկայ դժուարին իրավիճակը, երկրաշարժին յառաջացուցած հետեւանքները եւ անոնցմէ դուրս գալու միջոցներ որոնուեցան: Դեսպանը յայտնեց, որ շարունակելով երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական սերտ գործակցութիւնը` այսօր Հալէպի միջազգային օդակայան պիտի հասնին փրկարարական մասնագիտական խումբը եւ մարդասիրական օժանդակութեան օդանաւը` երկրաշարժի ենթակայ շրջաններուն մէջ փրկագործական աշխատանքին օժանդակելու եւ կարիքաւոր ժողովուրդին օգտակար դառնալու, այնպէս, ինչպէս 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին Սուրիոյ պետութիւնը իր մարդասիրական օժանդակութեամբ օգնութեան ձեռք երկարեց հայ ժողովուրդին:
Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի պետութեան, որ պատրաստակամ կերպով օգնութեան ձեռք երկարող առաջին պետութիւններէն հանդիսացաւ այս աղէտին իր օժանդակութիւնը բերելու առումով եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` հայցելով, որ մարդասիրական եւ բարեսիրական բոլոր աշխատանքները լաւագոյն կերպով կատարուին` ի նպաստ եւ ի բարօրութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին եւ մեր տագնապահար ու տուժող զաւակներուն: Սրբազան հայրը համագործակցաբար եւ համատեղ ջանքերով ընթացող յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն, աշխատանքներուն եւ ծառայութիւններուն հեզասահ գործընթաց եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց:
«Ինչպէ՞ս Պաշտպանուիլ Երկրաշարժէն Եւ Անոր Հետեւանքներէն» Խորագիրով Ժողովրդային Հանդիպում–Դասախօսութիւն
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, շաբաթ, 11 փետրուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան որոնողափրկարարական խումբի Հալէպ ժամանած մասնագէտները ժողովրդային հանդիպում-դասախօսութիւն ունեցան` «Ինչպէ՞ս պաշտպանուիլ երկրաշարժէն եւ անոր հետեւանքներէն» խորագիրով, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ:
Զեփիւռ Ռէիսեան կատարեց բացումը, ապա մասնագէտները պարզաբանելով երկրաշարժէն պաշտպանուելու ձեւերը` անհրաժեշտ նկատեցին խուճապի չմատնուիլ եւ որպէս ծնողներ ու մեծահասակներ` խոհեմութեամբ վարուիլ երկրաշարժի պահուն: Անոնք անդրադարձան շէնքերէն ապահով դուրս գալու յարմարութիւններուն: Ապա ներկաները տեսերիզի ցուցադրութեամբ լուսաբանութիւններ ստացան վերոյիշեալ նիւթին շուրջ:
Աւարտին սրբազան հայրը արտասանեց իր սրտի խօսքը, երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով մարդասիրական խումբի մասնագէտներուն, որոնք աչալուրջ ծառայութեամբ մեծ պատիւ եւ քաջալերանք ներշնչեցին սուրիացի քաղաքացիին եւ սուրիահայերուն: Ան աղօթեց մասնագէտներուն պաշտպանութեան համար եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:
Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին` Երկրաշարժէն Ետք
Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին անմասն չմնաց 6 փետրուարին պատահած աղտէալի երկրաշարժէն: Այս ուղղութեամբ, 9 փետրուարի առաւօտեան ժամերէն, գիւղի հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանի գլխաւորութեամբ, եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդը, տիկնանց յանձնախումբն ու գիւղի երիտասարդները լծուեցան եկեղեցին մաքրելու աշխատանքին: Յայտնենք, որ կարգ մը սերտողութիւններէն ետք ի յայտ եկաւ, որ վնասները աւելի մեծ են ու փլելու վտանգ կը սպառնան: Ներկայիս կատարուած գործերը միայն այժմէական լուծումներ են: Վար առնուեցան այն քարերը, որոնք կրնային փուլ գալ ու վտանգ սպառնալ: Հետեւաբար եկեղեցին լուրջ վնասներ կրած է եւ անմիջական նորոգութեան կարիքը ունի:
Քուէյթ
Հանդիպում` Քուէյթի Եւ Տարածաշրջանի Երկիրներու Վատիկանի Դեսպան Ն. Վ. Իւժեն Արք. Նիւճենթի Հետ
5 փետրուարին Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւններու ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի եւ տարածաշրջանի երկիրներու մէջ Վատիկանի դեսպան Ն.Վ. Իւժեն արք.Նիւճենթի հետ, Քուէյթի իր նստավայրին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին դոկտ. Ճէպէճեան ներկայացուց Աստուածաշունչի ընկերութեան լայնածաւալ առաքելութիւնը Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ, օտարազգի բանուորներու դժուար պայմանները եւ անհրաժեշտութիւնը` Աստուածաշունչը հասանելի դարձնելու բոլոր ազգութիւններուն, որոնք կ՛ապրին այս շրջանին մէջ: Հանդիպումը պատեհ առիթ էր խօսելու Աստուածաշունչի ընկերութեան տարբեր ծրագիրներու մասին, եւ թէ ի՛նչ միջոցառումներու կը ձգտի ընկերութիւնը, որպէսզի տարբեր հաւաքականութիւններ կարդան եւ հասկնան Սուրբ Գիրքը: Դոկտ. Ճէպէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին այն յայտարարութիւններուն համար, որ Ֆրանսիս պապը, կատարեց Արցախի եւ Բերձորի միջանցքի փակման համար եւ պահանջեց միջազգային ընտանիքէն, որ ամէն ձեւով վերաբացուի այդ միջանցքը` մարդկային կեանքեր խնայելու համար: Դոկտ. Ճէպէճեան դեսպանէն խնդրեց նաեւ, որ իր կարելին ընէ իր ունեցած բոլոր նախաձեռնութիւններուն եւ միջազգային շրջանակներուն ընդմէջէն, որպէսզի կարելի ըլլայ վերաբանալ միջանցքը: Հանդիպման ընթացքին դոկտ. Ճէպէճեան դեսպանին նուիրեց անգլերէն լեզուով , «Աստուածաշունչի յանձնարութիւնը-վերագտնել հաւատք, յոյս եւ անձ» աստուածաբանական իր գիրքէն օրինակ մը:
Իրաք
Իրաքի Հայոց Թեմի Գործունէութիւնները
* Հանդիսապետութեամբ թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի, 3 փետրուարին Տհօքի Ս. Ներսէս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Տհօքի հովիւ Մասիս քհնյ. Շահինեան: Առաջնորդ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ Աստուածաշունչէն մէջբերումներ կատարեց Յովնան մարգարէի մասին, նաեւ խօսեցաւ Ս. Սարգիս Զօրավարի անխափան հաւատքին մասին, որուն համար նախ նահատակուեցաւ անոր որդին, ապա` ինքն ու իր 14 զինուորները:
Պատարագէն ետք առաջնորդ հայր սուրբը այցելեց եկեղեցւոյ կից գործող միօրեայ վարժարանը, որմէ ետք դահլիճին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ թաղականութեան եւ Ս. Պատարագին մասնակցող հաւատացեալներէն ոմանց հետ:
* Նոյն օրը, երեկոյեան, առաջնորդը այցելեց Տհօքի մէջ գտնուող կարգ մը տարեցներու եւ հիւանդներու բնակարանները: Այցելութեան վերջին կայանը եղաւ Տհօքի արուարձաններէն Սեճի գիւղը, ուր հաստատուած են անցեալ հոկտեմբերին ահաւոր արկածի պատճառով զոհուած հայ ընտանիքի հարազատները եւ արկածէն ճողոպրած երեք փոքրիկներէն երկուքը: Յատկանշական է, որ արկածէն ողջ մնացած երրորդ փոքրիկը Էրպիլի մէջ Հայաստանի հիւպատոսի տնօրինութեամբ, բուժման համար ղրկուած էր Հայաստան, ուր ապաքինման մէջ է եւ նոյնիսկ սկսած է խօսիլ:
Այցելութեան աւարտին հայր սուրբը այցելեց գիւղի գերեզմանատունը ուր ննջած են զոհուած ընտանիքին ութ անդամները եւ աղօթեց անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար:
Հիւսիսային շրջան կատարած իր հովուական այցելութեան ծիրին մէջ, 4 փետրուարին, Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնին առիթով, առաջնորդը Հաւրէզք գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց ս. Պատարագ եւ յղեց իր պատգամը: Հայր սուրբը առաջնորդարանի անունով արծաթեայ խաչով զարդարուն Սուրբ Գիրք նուիրեց Հաւրէզքի եկեղեցւոյ, ապա օրհնեց եւ շնորհաւորեց Սարգիս անունը կրող չորս անձերու, եւ Առաջնորդարանի անունով անոնց յանձնեց խորհրդանշական նուէրներ:
Պատարագէն ետք կատարուեցաւ աղուհացի, եւ մատաղի օրհնութիւն:
Յայտնենք, որ տօնին նախօրեակին յիշեալ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած էր նախատօնակ, որմէ ետք հայր սուրբը այցելած էր գիւղի հիւանդներուն եւ աղօթած` անոնց առողջութեան համար:
Նոր Ջուղա
Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Ի Յիշատակ Եփրեմ Արք. Թապագեանի
Նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի, 5 փետրուարին Նոր Ջուղայի Ս. Մինաս եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ սուրբ պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն վերջերս վախճանած Կիլիկեան ուխտի միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն` Եփրեմ արք. Թապագեանի հոգիին խաղաղութեան համար:
Յայտնենք, որ սրբազան հայրը 1965-68 թուականներուն ծառայած է Սպահանի հայոց թեմին մէջ` որպէս առաջնորդական տեղապահ:
Քանատա
Անի Հրեշտակեան` Համազգայինի Շարադրական Մրցոյթին Յաղթող
ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտ Անի Հրեշտակեանը գրաւած է Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութեան 2021-2022 տարեշրջանի շարադրութեան մրցոյթին առաջին դիրքը:
Արդարեւ, 9 փետրուարին Համազգային Քանատայի շրջանային վարչութեան Թորոնթոյի ներկայացուցիչ Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեան, ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան եւ հայոց լեզուի ուսուցիչ Յասմիկ Պապեան շարադրական մրցումի գնահատագիրն ու «Պատանեկան օրագիր» գիրքէն օրինակ մը յանձնեցին նախկին տարեշրջանի Ը. կարգի աշակերտուհի Անի Հրեշտակեանին: Մրցոյթին նիւթն էր` «Իմ հերոսս»:
Հրեշտակեան իր գրած շարադրութեան մէջ նշած էր, որ արցախեան 44-օրեայ ահռելի պատերազմէն ետք իր հերոսը դարձած էր ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանը, որ օրինակն է հայրենասէր հայու, որ չխնայեց նոյնիսկ իր կեանքը` ազատելու եւ պաշտպանելու համար իր հայրենի հողը: Ան դիտել տուած էր, որ բախտը ունեցած էր զինք անձամբ տեսնելու, երբ ան կ՛այցելէր Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանը եւ տպաւորուած էր անոր հրաշալի ձայնով, որով կը կատարէր կրօնական շարականներ, ազգագրական երգեր, որոնք լեցուն էին հարազատ եւ ազգային ապրումներով, ոգիով եւ շունչով:
«Մանուէլ Ա. Սրկ. Շէհիրեան» Գրադարանի Բացում
Տարի մը առաջ Թորոնթոյի հայ գաղութի երէցներէն եւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նահապետ Մանուէլ ա. սրկ. Շէհիրեան կնքեց իր մահկանացուն:
Արդարեւ, 29 յունուարին, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի, կատարուեցաւ բացումը «Մանուէլ ա. սրկ. Շէհիրեան» գրադարանին, որ կը գտնուի եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ:
Օրուան հանդիսավար Արմէն կ. սրկ. Արթին, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց Մանուէլ ա. սրկ. Շէհիրեանի կեանքը` շեշտելով, որ ան կը սիրէր հայ գիրքը, Հայ եկեղեցւոյ շարականները եւ աստուածաշնչական գրութիւնները:
Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան խօսք առնելով` հաստատեց, որ տան մէջ գրադարանը համալսարան մըն է, որ ընթերցասէր մարդուն ամէն օր նոր բան կը սորվեցնէ ու զայն հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ լուսամիտ մտաւորականներու եւ հեղինակաւոր գրագէտներու, նոր ու մնայուն գաղափարներու, լուսաւոր աշխարհին հետ, որովհետեւ մարդ որքան կարդայ, այնքան կը լուսաւորուի միտքը, ու կ՛ազնուանայ հոգին: Քահանայ հայրը դիտել տուաւ, որ Մանուէլ ա. սրկ. Շէհիրեան վերջին օրերուն մտահոգ էր, թէ իր գիրքերը ի՞նչ պիտի ըլլան իր մահէն վերջ եւ քաջ գիտնալով, որ հայ գիրքը թանկարժէք է, կ՛ուզէր, որ անոնք ապահով ձեռքերու մէջ ըլլան, եւ ուրիշներն ալ վայելեն այդ արժէքը:
Այնուհետեւ Վարդան ծ. վրդ. Թաշճեան արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան վեր առնելով Մանուէլ ա. սրկ. Շէհիրեանի երկար տարիներու ծառայութիւնը` հաստատեց, որ ան եկեղեցւոյ սիւներէն մէկն էր, եւ գրադարանին բացումով այդ սիւնը պիտի յաւերժանայ ու ապրի եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս: