Գաղութէ Գաղութ

«Ներկայ Կեանքի Մարտահրաւէրներուն Դիմաց Հայ Կեանքի Վերանորոգումն Ու Վերակազմակերպումը  Հրամայական Են». Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Ներկայ Կեանքի Մարտահրաւէրներուն Դիմաց Հայ Կեանքի Վերանորոգումն Ու Վերակազմակերպումը Հրամայական Են». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութիւն Կու Տայ Յունաստան  Կիրակի, 12 մարտ 2023-ի առաւօտուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Յունաստանի հայոց թեմ տուած հովուապետական այցելութեան երկրորդ օրը Աթէնքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին կաթողիկոսը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Յունաստանի հայութեան: Վեհափառը, որ ընդունուեցաւ մեծաթիւ յունահայերու կողմէ, իր պատգամին սկիզբը բարձր գնահատանքով ողջունեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք....

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Երկրաշարժէն Ետք Սրբազան Հօր Հովուական Այցելութիւնը Ծովափնեայ Շրջան Երկրաշարժի հետեւանքներուն եւ անոնց յաղթահարման համար տարուող աշխատանքներուն մօտէն հետեւելու համար ուրբաթ, 10 մարտ 2023-ին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան հովուական այցելութիւն տուաւ ծովափնեայ շրջան` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի եւ ազգային Վրէժ Եագուպեանի: Սրբազան հայրը նախ այցելեց Լաթաքիա եւ հանդիպում ունեցաւ Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ...

Վեհափառ Հայրապետը Պարգեւատրեց Հայ Մշակոյթին Ու Յունահայ Գաղութին Նուիրեալները

Վեհափառ Հայրապետը Պարգեւատրեց Հայ Մշակոյթին Ու Յունահայ Գաղութին Նուիրեալները

Շաբաթ, 11 մարտ 2023-ի գիշերը «Լէոնտիօ» սրահին մէջ, Յունաստանի հայոց թեմին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Յունաստանի Քոմոթինի եւ Թեսաղոնիկէ շրջաններէն Աթէնք համախմբուած երիտասարդներ հրամցուցին ազգային երգերէն կտորներ ու ներկայացուցին հայ մշակութային ժառանգութենէն պարեր: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց «Ազատ Օր» թերթի խմբագրապետ Քերոբ Էքիզեան, որ իր խօսքը կեդրոնացուց վեհափառ հայրապետին 1996 թուականին Յունաստան կատարած հովուապետական...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Օդակայանին Մէջ  Արժանացաւ Պաշտօնական Ընդունելութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Օդակայանին Մէջ Արժանացաւ Պաշտօնական Ընդունելութեան

Շաբաթ, 11 մարտ 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, հովուապետական այցելութեամբ հասաւ Աթէնք (Յունաստան) եւ օդակայանին մէջ արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան: Վեհափառ հայրապետը դիմաւորելու եկած էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Տիգրան Վարդանեան եւ Լիբանանի դեսպան Ղատի Խուրի, Յունաստանի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսին ներկայացուցիչը, Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովսէփ Ծ. վրդ. Պեզազեան, Յունաստանի հայ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ ՀՅԴ Երիտասարդները Փակեցին Ազրպէյճանի Դեսպանատան Փողոցը Ի յիշատակ 27-29 փետրուար 1988-ին Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած զանգուածային հայկական ջարդերուն, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի երիտասարդական միութեան անդամները փակեցին Ազրպէյճանի դեսպանատան փողոցը, ուր տեղադրեցին յիշեալ ցեղասպանութիւնը իրազեկ դարձնող գովազդային վահանակներով փողոցներուն մէջ շրջող ինքնաշարժը: Ցուցարարները բարձրացուցած էին անգլերէն լեզուով պաստառներ` հետեւեալ գրութիւններով. «Նախագա՛հ Պայտըն, դադարեցո՛ւր Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը Ազրպէյճանին», «Արցախը...

Քեսապի Ժողովուրդը Կը Ջանայ Աստիճանաբար Յաղթահարել Երկրաշարժին Հետեւանքները

Քեսապի Ժողովուրդը Կը Ջանայ Աստիճանաբար Յաղթահարել Երկրաշարժին Հետեւանքները

Քեսապի պատերազմի տարիներուն Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինին մաս կազմած, ներկայիս Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան «Գանձասար»-ին զեկուցեց երկրաշարժի յաջորդող օրերուն Քեսապի իրավիճակին եւ նիւթական վնասներուն շուրջ: Ան դիտել տուաւ, որ երկրաշարժի առաջին օրէն ի վեր ժողովուրդը, յատկապէս` Քեսապ աւանի բնակչութիւնը, մեծ մասամբ, յատկապէս` բարձրայարկ շէնքերու մէջ բնակողներ, վախի ազդեցութեան տակ, իրենց բնակարաններէն դուրս ելան, որովհետեւ այսպիսի շարժ իրենց համար...

Լաթաքիոյ Հայ Համայնքի Յետերկրաշարժեան Ծառայողական Աշխատանքներ

Լաթաքիոյ Հայ Համայնքի Յետերկրաշարժեան Ծառայողական Աշխատանքներ

«Գանձասար» Լաթաքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանէն տեղեկացաւ երկրաշարժէն ետք տարուող ծառայողական աշխատանքներու հետեւեալ մանրամասնութիւնները: 6 փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան, ժամը 4:17-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը` հոգալու կարիքները աղէտեալ այն ընտանիքներուն, որոնց բնակարանները վնասուեցան եւ ապաստանեցան իրենց հարազատներուն մօտ կամ եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահէն ներս: Համայնքի հոգեւոր հովիւ Վազգէն...

Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդը

Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդը

Չորեքշաբթի, 1 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ Արհի. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանը, որուն կ՚ընկերակցէր Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Տէր Սարգիսեանը։ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդը, յետ երկրաշարժին իր կատարած զօրակցական այցելութիւններու շրջագիծէն ներս, այցելեց Սրբազան Հօր եւ իր զօրակցութիւնն ու եղբայրական...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա Հոգեհանգիստ Եւ Դրամահաւաք. «Ձեռք Երկարենք Սուրիահայ Մեր Հայրենակիցներուն» 19 փետրուար 2023-ին, հովանաւորութեամբ Հայ օգնութեան միութեան համագաղութային կառոյցին, նախաձեռնութեամբ Քեմպրիճի «Հայ կեդրոնի»-ն, յաւարտ ս. պատարագի եւ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ ժողովրդային դրամահաւաքի ձեռնարկ: Ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ պատմական Կիլիկիոյ տարածքին երկրաշարժի պատճառով զոհուած հայորդիներուն: Օրուան հանդիսավար Ազիկ Գէորգեան իր բացման խօսքին մէջ...

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Պաթոն Ռուժի Մէջ

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Պաթոն Ռուժի Մէջ

1572 երկարաձիգ տարիներ շարունակ հայ ժողովուրդը ոգեկոչած է Վարդանանց հերոսամարտի, հայոց անմահանուն սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի, իր քաջամարտիկ զինակիցներուն եւ վկայեալ հոգեւորականներուն անթառամ յիշատակը: Դարերու հոլովոյթին մէջ ժամանակը չէ կրցած բնաւ զայն ենթարկել մոռացութեան քայքայիչ իր օրէնքին, չէ յաջողած հայութեան հաւաքական գիտակցութեան մէջ աղօտել շողարձակ փայլքը անոր, ընդհակառակը,  տարուէ տարի առաւել եւս շատցած է այս տօնին հմայքը, որովհետեւ ան սոսկ անցեալի...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Այցելութիւնները Արեւմտեան Ամերիկայի Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Այցելութիւնները Արեւմտեան Ամերիկայի Մէջ

Հանդիպում` Համայնքի Կազմակերպութիւններուն Հետ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ՀՅԴ 132-ամեակի տօնակատարութեան ծիրին մէջ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան կ՛այցելէր, իր համայնքային հանդիպումներուն շարքին շաբաթ, 18 փետրուարի առաւօտեան,  Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն ընկերակցութեամբ, մտերմիկ նախաճաշ-հանդիպում ունեցաւ ազգային եկեղեցական միաւորներու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ օգնութեան միութեան Շրջանային վարչութեան կեդրոնին մէջ եւ ՀՕՄ-ի հիւրընկալութեամբ: Ներկայ էին` ՀՕՄ-ի,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 11 փետրուարին տեղի ունեցաւ Ազգային երեսփոխանական արտակարգ ժողով` քննելու աղէտին պատճառով յառաջացած իրավիճակը: Կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի զօրակցական նամակը, որուն յաջորդեցին Ազգային վարչութեան եւ այլ զեկուցաբերներու կողմէ զեկոյցներ` երկրաշարժի պատճառով թեմի տարածքին յառաջացած իրավիճակներուն եւ իրագործուած անմիջական աշխատանքներուն մասին: Ժողովը քննարկեց ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին բազմաբնոյթ կարիքներն...

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Շարքերուն Կը Միանայ 16 Նորագիր

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Շարքերուն Կը Միանայ 16 Նորագիր

ՀՅԴ արեւմտեան Ամերիկայի 2023 -ի նորագիրներուն Երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 18 փետրուար 2023-ին, Դաշնակցութեան ծրագրած եւ գործադրած «Նեմեսիս» գործողութեան գործիչ ընկ. Երուանդ Ֆունտուքեանի շիրիմին շուրջ, Ուիթիըրի Rose Hills գերեզմանատան մէջ: Ընկ. Ե. Ֆունտուքեան եւ ընկ. Յարութիւն Յարութիւնեան հետախուզութեան գործակիցները եղած էին ընկ. Միսաք Թորլաքեանին, որ արդարահատոյց հարուածը տուած էր Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Պաքուի հազարաւոր հայերու ջարդերուն կազմակերպիչ Պէյպուտ Խան Ճիվանշիրին: ՀՅԴ շարքերուն...

ՀՅԴ 132-Ամեակի Շքեղ Տօնակատարութիւն Գլենդէյլի «Ալէքս» Թատրոնում

ՀՅԴ 132-Ամեակի Շքեղ Տօնակատարութիւն Գլենդէյլի «Ալէքս» Թատրոնում

Կիրակի, Փետրուար 19ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 132 ամեակի շքեղ տօնակատարութիւն Գլենդէյլի «Ալէքս» թատրոնում: Լեփ լեցուն սրահում ներկայ էին ազգային, եկեղեցական և հասարակական կազմակերպութիւնների ներկայացուցիչներ և համայնքի անդամներ, որոնք խուռներամ մասնակցութեամբ հաւաքուել էին տօնախմբելու ՀՅԴի հիմնադրման 132 ամեակը Արևմտեան Ամերիկայի այս ափերում: Միջոցառումը բացուեց ՀՄԸՄի Շրջանային Դրօշակախմբի տողանցքով, որոնք պատիւ տալով դրօշակներին ունկնդրեցին ԱՄՆ, Հայաստան և Արցախի հիմներգները: Ապա Մշակ Բանուորի ներքոյ...

Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք՝ Պոսթընի Մէջ

Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք՝ Պոսթընի Մէջ

Հինգշաբթի, Փետրուար 16-ին, Մասաչուսէցի մայրաքաղաք` Պոսթընի կեդրոնը գտնուող, նահանգային պալատի մուտքին, աւելի քան հարիւր հայորդիներ, կատարեցին խաղաղ ցոյց մը, զօրակցելով Արցախի շրջափակուած քաջարի ժողովուրդին, որ 2020-ին դիմադրելէ ետք ռազմական յարձակումը՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ, այս անգամ զրկուած է սնունդէ, վառելանիւթէ եւ զանազան այլ անհրաժեշտութիւններէ: Ցուցարարները պաստառներով եւ լոզունքներով կը պահանջէին, որպէսզի բացուի այսպէս կոչուած ատրպէյճանցի «բնապահպան»-ներու կողմէ փակուած Արցախը Հայաստանին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ուրբաթ 17 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Թեմիս  Կաթողիկոսական  Փոխանորդ՝  Գերշ. Տ. Խորէն Արք.  Տողրամաճեան, Նիկոսիոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեան, Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ՝ Պրն. Վահան Այնէճեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիկին Լենա Պահատուրեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Կիպրոսի Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ նորընտիր պետ՝ Տ.  Եորկիոս Գ. Արքեպիսկոպոսին: Շնորհաւորական խօսքերէն ետք, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսը, եկեղեցին եւ գաղութը...

Թորոնթոյի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Առաջնորդի Ընթրիք»-ը

Թորոնթոյի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Առաջնորդի Ընթրիք»-ը

Շաբաթ, 4 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Գանատայի Հայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ՝ տէր Բաբգէն արք․ Չարեանի հրաւէրով, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Առաջնորդի ընթրիք»-ը՝ ի նպաստ Ազգային առաջնորդարանին: Աւանդական ընթրիքի երեկոն կը վայելէր Առաջնորդ սրբազան հօր հովանաւորութիւնը ու տէր եւ տիկին Ալֆրէտ եւ Մարալ Պօղոսեան ամոլի նախագահութիւնը: Ըստ Առաջնորդարանի հաղորդագրութեան, ներկայ էին Գէմպրիճի Սուրբ Նշան, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներուո հոգեւոր հովիւները,...

Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր այ­ցը Թե­սա­ղո­նի­կէ

Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր այ­ցը Թե­սա­ղո­նի­կէ

Շա­բաթ, 11 ­Փետ­րո­ւար 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11:00-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցին ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ: ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր հայ­րա­կան յոր­դոր­նե­րը փո­խան­ցեց ա­շա­կերտ­նե­րուն, միա­ժա­մա­նակ անդ­րա­դար­ձաւ մեր ­Տի­րոջ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ­Տա­ճար ըն­ծայ­ման՝ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նին: Սր­բա­զան հայ­րը իր խօս­քին մէջ ը­սաւ. «Երբ մա­նուկ մը կը ծնի, քա­ռա­սուն օր...

Վարդանանց Տօնը Էրպիլի Սուրբ  Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Վարդանանց Տօնը Էրպիլի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, Ուրբաթ, Փետրուարի 17ին, Սրբոց Վարդանանց Տօնին առիթով Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ: Պատարագիչն էր Էրպիլի հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Արթուն քհնյ. Խալաթեանը: Բարի գալուստի խօսքէն ետք՝ քահանայ հայրը հրաւիրեց Առաջնորդ Հայր Սուրբին օրուայ քարոզը խօսելու ու իր հայրական օրհնութիւնը բաշխելու հաւատացեալ ժողովուրդին: Պատարագէն ետք՝ եկեղեցւոյ...

Տիգրանակերտի Մէջ Հայ Երգչուհի Զիլան Տիգրիսը Մահացած Հանած Են Փլատակներուն Տակէն

Տիգրանակերտի Մէջ Հայ Երգչուհի Զիլան Տիգրիսը Մահացած Հանած Են Փլատակներուն Տակէն

Թրքագէտ Մելինէ Անումեան Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի կայքին` Akunq.net-ի ընդմէջէն կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ մէջ 6 փետրուարին տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով զոհուած հայերու շարքին աւելցած է նաեւ հայազգի երգչուհի Զիլան Տիգրիս: Տիգրանակերտի մէջ զինք եւ իր ամուսինը մահացած գտած են փլատակներուն տակ: Կայքը այս մասին կը յայտնէ` հիմնուելով տիգրանակերտցի հայ երաժիշտ Ուտի Երուանդի (Երուանդ Բոսթանճեան) դիմատետրեան գրառումին վրայ: Աղբիւրին համաձայն,...

Page 22 of 47 1 … 21 22 23 … 47

Արխիւներ