Չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2023-ի երեկոյեան, ընդառաջելով Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի կոչին, Արեւմտեան Ամերիկայի ժողովրդանուէր բարերարներէն` ազնիւ հայորդի տոքթ. Մայք Սարեան եւ իր կինը` Էվելինա, առ ի զօրակցութիւն երկրաշարժէն ցնցուած հալէպահայութեան անմիջական կարիքներու բաւարարման, յիսուն հազար տոլարի վճարագիր մը (check) յանձնեցին առաջնորդ սրբազանին, իրենց տան մէջ տեղի ունեցած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին:
Այս առիթով Թորգոմ եպս. Տօնոյեան բարձր գնահատեց բարերար Սարեան զոյգը, որ մնայուն կերպով կը զօրակցի հայ ազգի զանազան ծրագիրներու իրագործման եւ մանաւանդ Ազգ. առաջնորդարանի մարդասիրական առաքելութեան:


