Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Յունուար 26, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը Եւ Ընթերցում Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամին

Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 15 յունուարին Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, մեկնեցաւ Հասիչէ` հովուական այցելութեամբ յիշատակելու Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

Հայր սուրբը իր քարոզէն առաջ կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կոնդակը, որուն մէջ կը նշուէր, որ 2023 տարին հռչակուած է «Սփիւռքի տարի Բ.»:

Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ առաջին հերթին փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին ողջոյնները եւ օրհնութիւնները: Ապա Ս. Յովհաննու Կարապետին բարեխօսութիւնը խնդրելով` աղօթեց, որ ան միշտ պաշտպան ըլլայ Հասիչէի ժողովուրդին եւ Ճեզիրէի հայութեան:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք, որմէ ետք օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Յայտնենք, որ մատաղի օրհնութեան մասնակցեցան ասորի քոյր համայնքի քահանայ հայրերը:

Քանատա

Ոչ Եւս Է Վաստակաւոր Մանկավարժ Եւ Ժրաջան Միութենական` Արփի Սապունճեանը

11 յունուարին Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքեց մանկավարժ, ազգային հասարակական գործիչ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Արփի Արսլանեան- Սապունճեան:  Ան ծնած է 28 դեկտեմբեր 1935-ին, Հալէպ, Սուրիա: Մեծ եղած է Արփի Սապունճեանի դերը ՍՕ Խաչի շարքերէն ներս, մանաւանդ` Հալէպի գաղութին մէջ իր ընծայաբերած բեղուն գործունէութեամբ, ստանձնելով զանազան պաշտօններ` որպէս Ազգային Հայկազեան մանկապարտէզի երկարամեայ մանկապարտիզպանուհի, Համազգայինի վարչական, ՍՕ Խաչի «Արծուիկ» խորհուրդի անդամ, ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, Բերիոյ թեմի Ազգային Գաւառական ժողովի անդամ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ՍՕ Խաչի դրամահաւաքի յանձնախումբի անդամ: Բազմիցս մասնակցած է ՀՕՄ-ի համահայկական Պատգամաւորական ժողովներուն` ներկայացնելով ՍՕ Խաչը: Արժանացած է զանազան շքանշաններու:

Լիբանան գտնուած միջոցին Սիմոն Վրացեանի կնքահայրութեամբ տուած է դաշնակցականի իր երդումը եւ անցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը` դառնալով սուրիահայ առաջին երդուեալ դաշնակցական ընկերուհին:

1988-ի Սպիտակի տարերային երկրաշարժի ու այնուհետեւ արցախեան առաջին պատերազմի օրերուն համահայկական զօրակցական արշաւին մէջ մեծ դեր ունեցաւ Արփի Սապունճեան` ՍՕ Խաչի իր ընկերուհիներուն հետ միասին կազմակերպելով օժանդակութեան հետեւողական արշաւներ: Հայաստանի մութ ու ցուրտ տարիներուն, նոյն յանձնառութեամբ, երբ սուրիահայ գաղութը կը հիւրընկալէր Հայաստանէն ժամանած արուեստագէտներ, գեղարուեստական խումբեր, հանրային անձնաւորութիւններ եւ անհատներ, ան դարձեալ պատնէշի վրայ էր իր ընկերուհիներով` հոգալու անոնց կենցաղային, առողջապահական եւ այլ կարիքները:

Իր ժրաջան աշխատանքով ու վարակիչ աշխուժութեամբ օրինակ դարձաւ միութենական իրերայաջորդ սերունդներուն, որոնք, հակառակ Սուրիոյ տագնապալի օրերուն, շարունակեցին կանգուն պահել նուիրական այս միութիւնը` իր տարածուն գործունէութեամբ, մասնաճիւղերու համակարգով եւ անդամներու պատուաբեր վաստակով:

Ան երկարամեայ իր  ծառայութեամբ, նուիրեալ միութենականի գիտակցութեամբ եւ ղեկավարի հմտութեամբ դարձաւ հալէպահայ գաղութի ողնասիւներէն մէկը, եզակի անձնաւորութիւն մը, որ վայելեց համայնքին յարգանքը թէ՛ որպէս մանկավարժ, թէ՛ որպէս ազգային հասարակական գործիչ, նուիրեալ միութենական եւ հաւատաւոր դաշնակցական:

2012-ին Արփի Սապունճեան տեղափոխուեցաւ Լիբանան, այնուհետեւ` Քանատա, ուր մահացաւ` իր ետին ձգելով երկար տարիներու վաստակ:

Արփի Սապունճեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 14 յունուար 2023-ին, Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Յուղարկաւորութեան կարգը գլխաւորեց Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ, Բերիոյ թեմի երկարամեայ առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեան: Արարողութենէն ետք ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան անունով դամբանական արտասանեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լուսին Ժամկոչեան-Փալանճեան, որ անոր միութենական երկարամեայ ծառայութեան անդրադառնալու կողքին, պատմեց յուշեր եւ տուաւ վկայութիւններ:

ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի անունով դամբանական արտասանեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Վրէժ Հատիտեան, որ իր կարգին անդրադարձաւ ընկերուհիին ծաւալած կուսակցական գործունէութեան: Արփի Սապունճեանի ընտանիքին անունով սրտի խօսք արտասանեց  դուստրը` Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, որ անոր կորուստին ցաւը միայն իր ընտանիքին չէ, այլ` բազմահազար հայորդիներու, որոնք զինք ճանչցած են` որպէս մանկապարտիզպանուհի, կրթական մշակ, դաստիարակ, ծառայասէր խաչուհի, նուիրեալ միութենական ու կուսակցական: Յուղարկաւորութենէն ետք անոր մարմինը տեղափոխուեցաւ Լաւալի Les Jardins Urgel Bourgie գերեզմանատունը եւ հողին յանձնուեցաւ «Վէրքերով լի»-ի երգեցողութեամբ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Լիբանանի Հիւպատոսարան

17 յունուարին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, ընկերակցութեամբ  Յակոբ վրդ. Եագուպեանի, ցաւակցական այցելութիւն կատարեց Մոնրէալի մէջ Լիբանանի հիւպատոսարան, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին նախագահ  Հիւսէյն Հիւսէյնիի մահուան առիթով:

Սրբազան հայրը հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի հիւպատոս Անթուան Իտի կողմէ: Անոնք նաեւ ունեցան ջերմ զրոյց մը Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական ներկայ կացութեան մասին:

Այցելութեան աւարտին սրբազան հայրը ցաւակցական իր խօսքը արձանագրեց տոմարին մէջ:

Պուլկարիա

Պուլկար-Հայկական Մշակութային Տեղեկատուական Կեդրոնի Բացում Եւ Բժիշկ Կարապետ Կապրելեանի Անունով Փողոցի Անուանում

14 յունուարին Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքի Կրաֆիթի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Վառնայի մասնաճիւղի «Հայկական Սուրբ Ծնունդ» ամէնամեայ բարեգործական պարահանդէսը, որ նպատակ ունէր կեանքի կոչել երկու կարեւոր նախաձեռնութիւններ:

Առաջինը` Վառնայի մէջ բացումը կատարել պուլկար-հայկական մշակութային տեղեկատուական կեդրոնին, իսկ երկրորդը` Վառնայի փողոցներէն մէկը անուանել Վառնայի բժշկական համալսարանի տեսուչ եւ Պուլկարիոյ մէջ հայ անուանի բժիշկ փրոֆ. տոքթ. Կարապետ Կապրելեանի անունով: Այս նախագիծներուն համար միջոցներ որդեգրուեցան պարահանդէսի ընթացքին:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան երգիչ Րաֆֆի Պօղոսեան, «Պուլկարիոյ ձայն» մրցոյթի 2022-ի յաղթական հայազգի Ժագլին Թարաքչի եւ ուրիշներ:

Ռումանիա

Հրանդ Տինքի Սպանութեան 16-րդ Եւ Պաքուի Ջարդերու 33-րդ Տարելիցներուն Առիթով Հոգեհանգստեան Կարգ

Հանդիսապետութեամբ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ, Պալքանեան երկիրներու հայրապետական պատուիրակ  Տաթեւ եպս. Յակոբեանի, 22 յունուարին Պուքրէշի Սրբոց Հրեշտակապետաց մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Հրանդ Տինքի սպանութեան 16-րդ եւ Պաքուի ջարդերու 33-րդ տարելիցներուն առիթով, նաեւ` օրեր առաջ հրդեհէն զոհուած 15 զինծառայողներու հոգիներուն համար: Արարողութեան ներկայ էին` Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սերգէյ Մինասեան, Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, թեմական ու ծխական խորհուրդներու անդամներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Հրանդ Տինք վառ անհատականութիւն էր, որ բոլոր ամպիոններէն կը պահանջէր ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, չհերքել պատմական իրողութիւնը եւ մերժողական դիրքորոշմամբ յանցակից չդառնալ օսմանեան իշխանութիւններուն: Սակայն ժամանակակից Թուրքիոյ իշխանութիւնները ընտրեցին խնդրին լուծման այլ ճանապարհ` զինք լռեցնել: Սակայն այս քաղաքական ու գաղափարական սպանութիւնը հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ: Հրանդ Տինք հարիւր հազարաւոր գաղափարակիցներ ունեցաւ Թուրքիոյ եւ աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ, այդ թիւին մէջ` նաեւ բազում թուրք գաղափարակիցներ, որոնք այսօր կը պայքարին աւելի քաղաքակիրթ երկիր ունենալու համար:

Իսկ 13-19 յունուար 1990-ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ջարդը կրնանք կոչել ցեղասպանութիւն: Ռումանիոյ հայոց թեմը եւ ռումանահայութիւնը կը յիշէ այդ ջարդը եւ կը յիշեցնէ աշխարհին` դատապարտելու համար կատարուածը: Այսօր եւս Արցախի մէջ կատարուող իրադարձութիւնները կը վկայեն, որ թշնամիին ձեռագիրը ոչ միայն չէ փոխուած, այլեւ անփոփոխ է նաեւ նպատակը:

Իրաք

Հայ Պատուիրակութեան Մը Այցը Առաջնորդարան

Իրաքի պետութեան պատկան գրասենեակին հետ համագործող ընկերութեան (SYNERGY INTERNATIONAL SYSTEMS, INC) նախագահ Աշոտ Յովաննէսեան, ընկերակցութեամբ ՀՀ դեսպանութեան հաւատարմատար Ալիք Ղարիպեանի եւ պատուիրակութեան մը, այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի հետ: Հանդիպման ներկայ էր Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գ. Գատոյեան:

Պատուիրակութիւնը այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին, նաեւ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած խաչքարին:

Յունաստան

Փոքր Ասիոյ Աղէտին Նուիրուած Գիրքի Ներկայացում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, Փոքր Ասիոյ եւ Զմիւռնիոյ աղէտի 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ելոյթներու շարքին 16 յունուարին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի հրատարակութեամբ յոյն երիտասարդ լրագրող Ալեքսանտրոս Փիղատասի երկրորդ գիրքին ներկայացումը, որուն նիւթն է` «Փոքր Ասիոյ աղէտէն 100 տարի ետք. պատմական երթ, գաղթականութիւն եւ յիշողութիւն»:

Ներկայացումը կատարեցին Յունաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, Սահմանադրական օրէնքի համալսարանական դասախօս Եորղոս Քաթրուկալոս եւ «Փոնտիքի» շաբաթաթերթի տնօրէն, լրագրող Անտոնիս Տելաթոլաս:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Վազգէն Սավուլեան, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը` պատրաստուած Ալիս Ֆուրունճեանին կողմէ, որ կ՛անդրադառնար Զմիւռնիոյ աղէտին եւ կը ներկայացնէր գաղթականութեան վիճակը Յունաստանի մէջ:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ նախկին նախարար Ե. Քաթրուկալոս, որ դրուատանքով խօսեցաւ գիրքի բովանդակութեան մասին` գնահատելով հեղինակին աշխատանքը, որ խորանալով իր ընտրած նիւթին մէջ` ամբողջական գործի մը պատկերը կը ներկայացնէ: Ան կարեւոր նկատեց գիրքին հրատարակութիւնը` որպէս մասնագիտական ուսումնասիրութեան գործիքի, շեշտելով, որ պէտք է պահել պատմական յիշողութիւնը ամէն գնով: Ան նաեւ խօսեցաւ Փոքր Ասիոյ աղէտի դրդապատճառներուն մասին, որոնք յանգեցան մեծ ողբերգութեան: Քաթրուկալոս նաեւ ընդգծեց կարգ մը մանրամասնութիւններ հրատարակուած գիրքէն, որոնք լոյս կը սփռեն գաղթականական աշխարհին վրայ` աւելի բացայայտ դարձնելով այդ օրերու ողբերգութիւնը եւ ապրուած օրերը:

Լրագրող եւ հրատարակիչ Ա. Տելաթոլաս գոհունակութիւն յայտնեց իր հրատարակած թերթի աշխատակից Ալեքսանտրոս Փիղատասի գիրքին համար: Խօսելով գիրքի ներկայացուցած նիւթին մասին` ան շեշտեց, որ 1922-ին կատարուեցաւ արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու ամենամեծ ողբերգութիւնը, եւ գաղթականներու ժամանումը Յունաստան հեզասահ չեղաւ: Ան նկատել տուաւ, որ թէեւ ապաստան գտած մեծ զանգուածները իրենց հետ բերին նշանակալից քաղաքակրթութեան մը ժառանգը, իրենց մտային պաշարը, ձեռնհասութիւնն ու ստեղծագործական կարողութիւնները, այսուհանդերձ, աւելի քան 15 տարիներ անցան, մինչեւ որ յունական պետութիւնը կարողանայ գաղթականներու հսկայ բազմութիւնները տեղաւորել բնակարաններու մէջ եւ ստեղծել կեանքի բարենպաստ պայմաններ:

Խօսելով Թուրքիոյ ռազմատենչ քաղաքականութեան մասին` ան յայտնեց, թէ սպասելի էր, որ թրքական առաւելապաշտութիւնը կանգ առած ըլլար 1922-ին, սակայն այսօր եւս դրացի երկիրը կը շարունակէ իր յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը տարածաշրջանէն ներս:

Իր խօսքի աւարտին Ա. Տելաթոլաս կարեւորութեամբ շեշտեց երիտասարդ լրագրող Փիղատասի աշխատանքը, որուն պատմական վերլուծութիւնը կը հատէ լրագրողական սահմանները եւ կը տեղաւորուի գիտական շրջագիծէն ներս:

Գիրքի հեղինակ Ալեքսանտրոս Փիղատաս խօսք առնելով` անդրադարձաւ իր պատրաստած գործին մասին:

Հնդկաստան

Սուրբ Պատարագ` Չինսուրայի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Հայոց Եկեղեցւոյ Մէջ

15 յունուարին Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ:  Յիշեալ եկեղեցին Հնդկաստանի ամենահին հայկական եւ արեւմտեան Պենկալիա նահանգի երկրորդ հին եկեղեցին է` կառուցուած 1695 թուականին: Ամէն տարի Ս. Յովհաննէս Կարապետի ծննդեան տօնին յաջորդող կիրակի օրը կը կազմակերպուի ուխտագնացութիւն, որուն ընթացքին Կալկաթայի Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցիէն կը փոխադրեն Չինսուրա  Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մասունքակիր աջը:

 

 

 

 

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան. Սայլոսայպին (Կախարդական Սունկերը)

Յաջորդը

Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը

RelatedPosts

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան
Գաղութէ Գաղութ

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան

Մարտ 30, 2023
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Մարտ 30, 2023
Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու
Գաղութէ Գաղութ

Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու

Մարտ 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In