Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք

January 14, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, յունուար 10-ի երեկոյեան, Ֆրանսայի խորհրդարանի շէնքին դիմաց հարիւրաւոր հայորդիներ, ընդառաջելով Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կոչին, կատարեցին բողոքի հաւաք` առ ի զօրակցութիւն Արցախի ու արցախահայութեան եւ մասնաւորապէս` առ ի պահանջ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման անյապաղ վերացման:

Հաւաքին ներկայ էին մեծ թիւով երեսփոխաններ, ծերակուտականներ, քաղաքապետեր, լրագրողներ եւ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներ: Խօսք առին եւ արցախահայութեան իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ու դատապարտեցին Ազրպէյճանը` ծերակուտական Վալերի Պուայէ, պատգամաւորներ` Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշ, Սիլվէն Մայար, Լիոնէլ Փերօ, Ալեքսանտրա Մարթէն, Իզապէլ Սանթիակօ, Սարա Թանզիլի, Ասթրիտ Փանոսեան, Ժերոմ Կէճ, Նաթալի Լուազօ, ասորի համայնքի կողմէ` Անթոնի Եալափ, քրտական համայնքի կողմէ` Ակիթ Փոլատ եւ Ֆրանսայի իրաւաբաններու խորհուրդի փոխնախագահ Վենսան Նիորէ, ինչպէս նաեւ` Ֆրանսահայ կազմակերպութեանց խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան:

Հաւաքին ընթացքին վեր առնուեցաւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ պայքարը շարունակելու ֆրանսահայ համայնքին վճռակամութիւնը: Որոշուեցաւ յաջորդական երկու շաբաթներու ընթացքին շարունակել բողոքի հաւաքները` պահանջելով Ֆրանսայի ուղղակի միջամտութիւնը շրջափակման վերացման համար:

Հաւաքի մասնակիցները ողջունեցին խորհրդարանի նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիվէի առաջնորդած խորհրդարանական պատուիրակութեան Երեւան տալիք զօրակցական այցելութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ յունուար 12-14-ին:

Եաէլ Պրաուն-Փիվէ «Թուիթըր»-ի իր էջին տեղադրած գրառումով` հայութեան ուղղուած Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթանքներէն ետք, հաղորդելով իր այցելութեան լուրը, տեղեկացուց, թէ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն խորհրդարանի փոխնախագահ Վալերի Ռապօ, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ժան Լուի Պուրլանժ, արտասահմանի ֆրանսացիներու երեսփոխան Անն Ժենըթէ, տնտեսական հարցերու յանձնաժողովի փոխնախագահ, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Անն-Լորանս Փեթէլ եւ այլ պաշտօնակիցներ:

Նախորդը

Սուրբ Ծննդեան Տօնակատարութիւն Տիգրանակերտի Մէջ

Յաջորդը

Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Յստակացան Կիսաւարտականին Հասնող Խումբերը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.