Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
ՀՅԴ Թեսաղոնիկէի Երիտասարդականի Անդամներ Կը Խօսին Ցեղասպանութեան Մասին
9 դեկտեմբերը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ հաստատուած է որպէս «Ցեղասպանութիւններու յիշողութեան եւ կանխարգիլման օր»:
Նոյն օրը Յունաստանի մէջ զանազան ձեռնարկներով նշուեցաւ արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններու պատմական իրողութիւնը, որոնց կարգին էր նաեւ Թեսաղոնիկէի ««Ռատիօ Թեսաղոնիկէ» ձայնասփիւռի կայանի հաղորդումը, ուր ելոյթ ունեցան շրջանի ՀՅԴ երիտասարդական միութեան «Ս. Թեհլիրեան» խումբի անդամներ Արմինէ Մոսինեանը եւ Աննա-Մարիա Ալեքսանեանը: Անոնք շեշտեցին օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրի անպատժելիութեան իրականութիւնը, որ նոյն ցեղասպանին կողմէ նոր ոճիրներ գործելու ճամբայ բացած է Արցախի եւ այլ ժողովուրդներու դէմ: Անոնք անդրադարձան Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ազրպէյճանական 44-օրեայ պատերազմին ու հետեւանքներուն, որոնք պատճառ դարձան Արցախի տարածքներու գրաւման, հայ ժողովուրդի տեղահանման եւ Հայաստանի դէմ ոտնձգութիւններու ծաւալման: Զեկուցաբերները նաեւ նշեցին միջազգային ընտանիքին ցուցաբերած անտարբերութիւնը թրքական ոճիրներուն ու Արցախի ժողովուրդի կրած տառապանքներուն հանդէպ:
1912-1924 Ցեղասպանութիւններուն Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով
1-4 դեկտեմբերին Քալամաթայի մէջ տեղի ունեցաւ «Մեծ աղէտի ժամանակաշրջանը եւ համագոյակցութեան աւարտը. վտարումներ, տեղահանումներ եւ ցեղասպանութիւններ` 1912-1924» խորագիրը կրող միջազգային գիտաժողով, որ կազմակերպուած էր Յունաստանի կրթական ու կրօնից նախարարութեան եւ Քալամաթայի մետրոպոլիտին կողմէ, գործակցութեամբ Քալիֆորնիոյ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանի «Տը փրոմիս» հայկական հետազօտական կաճառին եւ Թեսաղոնիկէի Արիստոտելեան համալսարանի պոնտական ուսմանց բաժանմունքին:
Գիտաժողովին հրաւիրուած էին եւ իրենց զեկուցումներով հանդէս եկան 34 հայ, յոյն, թուրք եւ այլ օտար համալսարանական դասախօսներ ու քաղաքական գիտութեանց մասնագէտներ, որոնց կարգին էին` Արմէն Մարսուպեան, Նազան Մագսուտեան, Մանուկ Աւետիքեան, Էրվէ Ժորժելեն, Թաներ Աքչամ, Սայիթ Չեթինօղլու եւ Մերիհ Էրօլ:
Գիտաժողովի ընթացքին զեկուցաբերները լուսարձակի տակ առին արեւելեան ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնները եւ թրքական բարբարոսութիւնները, Պալքանեան եւ Ա. Համաշխարհային պատերազմներու եւ Զմիւռնիոյ աղէտի հետեւանքները:
Գիտաժողովի պաշտօնական բացման արարողութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նախ շնորհաւորեց կազմակերպիչ կառոյցները, ապա շեշտը դրաւ ցեղասպանութիւններու ճանաչման ու կանխարգիլման կարեւորութեան վրայ: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց նման գիտաժողովի մը կազմակերպումը, որուն ընթացքին գիտական մօտեցումով կը քննուի մարդկութեան համար կարեւոր ժամանակահատուած մը, ուր տեղի ունեցան աշխարհաքաղաքական մեծ եղելութիւններ եւ յանգեցան քրիստոնեայ ժողովուրդներու բնաջնջման ու տեհահանման իրենց օրրաններէն:
Գիտաժողովի ընթացքին յունահայ համայնքի ներկայացուցիչները առիթը ունեցան ծանօթանալու հայ ակադեմական մասնակիցներուն եւ զրուցելու անոնց գիտական աշխատանքներուն ու հետազօտութիւններուն մասին:
Քանատա
Զեկուցական Հաւաք` «Ջաւախքը Այսօր» Նիւթով
12 դեկտեմբերին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեանց» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան «Ջաւախքը այսօր» զեկուցական հաւաքը:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Փալանճեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկաներուն ներկայացուց օրուան պատգամաբեր, ՀՕՄ-ի Ջաւախքի հիմնադրամի ներկայացուցիչ Իվան Արտհալճեանի կենսագրական գիծերը:
Արտհալճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց ՀՕՄ-ի Ջաւախքի հիմնադրամի եւ Ջաւախքի հայութիւնը իր հողին վրայ պահելու կարեւորութիւնը եւ պարզեց այդ նպատակով գործադրուած աշխատանքները: Ինչպէս, օրինակ, գործազրկութիւնը յաղթահարելու նպատակով գործի առիթներու ստեղծումը, որը կ՛օգնէ արտագաղթի կասեցման եւ տնտեսական ու ընկերային հարցերու լուծման: Զեկուցաբերը անդրադարձաւ Ախալքալաքի, Ախալցխայի եւ Նինոծմինտայի երիտասարդական կեդրոններու կարեւորութեան եւ անոնց ներկայ ու ապագայ գործունէութեանց: Արտհալճեան աւելցուց, որ Թումոյի եւ ՀՕՄ-ի համագործակցութեամբ այսօր Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնէն ներս երիտասարդներուն մշակութային մարզերու մէջ զարգացման եւ այժմէական փորձառութիւններ ստանալու առիթներու ստեղծուած են:
Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ Ջաւախքի հայութեան պահպանողական նկարագրին մասին` հանդէպ իրենց կենցաղին եւ սովորութիւններուն:
«Հորիզոն»-ի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ յատուկ հարցազրոյցի ընթացքին Իվան Արտհալճեան անդրադարձաւ ջաւախահայութեան դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներուն եւ տարածաշրջանի այսօրուան աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն լոյսին տակ Ջաւախքի այսօրուան իրավիճակին: Ան յատկապէս անդրադարձաւ Հայ օգնութեան միութեան հովանաւորութեան ներքոյ գործող Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի հայկական երիտասարդական կեդրոններուն, ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» ճամբարի ծրագիրներուն եւ ՀՕՄ-ԹՈՒՄՕ համագործակցութեամբ կեանքի կոչուած Ախալքալաքի ԹՈՒՄՕ կեդրոնի աշխատանքներուն մասին:
Իվան Արտհալճեան շեշտեց նաեւ, որ այսօրուան դրութեամբ Ջաւախքի հայութեան գլխաւոր մարտահրաւէրներէն է գործազրկութիւնը, որուն առնչութեամբ «Ջաւախք» հիմնադրամը նպատակադրած է պայքարիլ եւ այդ իրագործելու համար արդէն ծրագրուած է գործազրկութեան յաղթահարման ընդհանուր հայեցակարգ:
ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղին Կազմակերպած «Տոհմիկ Օր»-ը` Ձօնուած Սուրիոյ Հայ Գաղութին
Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, 26 եւ 27 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ «Հիւրընկալ Սուրիան, հայաշունչ Հալէպը» խորագիրը կրող «Տոհմիկ օր»-ուան 28-րդ ձեռնարկը` ձօնուած Սուրիոյ հայ գաղութին:
Հայ կեդրոնի մուտքին տեղադրուած Սուրիոյ քարտէսն ու «Հիւրընկալ Սուրիան, հայաշունչ Հալէպը» պաստառը ներկաները առաջնորդեց դէպի սրահ, ուր ցուցադրուած էին աշխարհահռչակ գեղանկարիչ Գէորգ Մուրատի արուեստի գործերէն նմուշներ: Սուրիոյ տեսարժան վայրերու պաստառներով զարդարուած էր բեմը, իսկ սրահին վերջնամասը տեղադրուած էր սուրիահայ մշակոյթին վերաբերող իւրայատուկ ցուցահանդէսի բաժինը, որ կ՛ընդգրկէր` սուրիական արտադրութիւններ, թանկարժէք զարդեր, հայկական ձեռագործ-ասեղնագործներ, արաբական հիւրասենեակ մը, Հալէպի Ներսի շուկան մարմնաւորող հսկայ պատկերներ, ինչպէս նաեւ` վաճառքի սեղաններ:
Այցելուները ստացան «Տոհմիկ օր»-ուան առթիւ հրատարակուած երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) գիրքերէն մէկական օրինակներ, որոնք կը բովանդակեն Սուրիոյ հայ գաղութին պատմականը, համայնքի կազմաւորման հոգեմտաւոր լուսաճաճանչ քայլերն ու ձեռքբերումները, մշակութային եւ կրթական օճախները, ինչպէս նաեւ` հոյլ մը սուրիահայ ականաւոր դէմքերու կենսագրականները:
Հանդիսավարներ Սարին Փոլատեան-Աբիկեան եւ Անդօ Խշուաճեան բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Տոհմիկ օր»-ուան փոխատենապետուհի Վարդուհի Պարտագճեանը: Ան կարեւոր նկատեց մասնաճիւղի 27 տարիներու «Տոհմիկ օր»-երու նուիրուած ձեռնարկները: Հուրի Նաճարեան ներկայացուց երեք մեծարեալներ` Սոնա Յովհաննէսեանի, Գրիգոր Հոթոյեանի եւ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի կենսագրութիւնները եւ իրենց գրական ու հոգեմտաւոր արժանիքները, որմէ ետք իւրաքանչիւր պարգեւատրեալ ստացաւ Հայաստանէն յատկապէս բերուած եւ շրջանակուած հայկական մանրանկարչութեան արուեստի նմուշներէն օրինակներ, որմէ ետք երախտագիտութեան խօսքով ելոյթ ունեցան պարգեւատրեալները:
Այնուհետեւ Սուրէն արք. Գաթարոյեան ներկայացուց հարուստ, բազմերես, լայնածաւալ եւ իւրայատուկ դիմագիծ ունեցող Սուրիոյ եւ մանաւանդ Հալէպի հայ գաղութի պատմականն ու այժմու դիմակայած իրավիճակներու համադրութիւնը:
Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի սրտի խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ «Հայերը Սուրիոյ մէջ» տեսերիզը, եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
27 նոյեմբերին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն նահատակ հերոսներու յիշատակին, ապա օրհնուած մատաղը բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն:
Այնուհետեւ Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Տիրուկ Մարգարեան-Կարապետեանը: Ապա ելոյթ ունեցաւ «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Միսիրեանը, գնահատեց սոյն ձեռնարկին յաջողութիւնը ապահովող յանձնախումբերուն անխոնջ աշխատանքը:
Հանդիսավարը ներկայացուց դասախօսներուն կենսագրականները, ապա Մոնրէալէն Թորոնթօ ժամանած դոկտ. Վիգէն Թիւֆենքճեան ներկայացուց «Հալէպ` հնոց հայապահպանման» նիւթը, որուն ընդմէջէն` հայաշունչ Հալէպի մէջ ծնած եւ հասակ առած դասախօսը, մշտանորոգ ու մշտադալար հալէպահայ կամքի ուժն ու գոյատեւման փայլուն երանգներուն հիանալի արժեւորումը կատարեց: Ապա Մարալ Միսիրեան կարդաց Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանին գնահատագիրը:
Օրուան երկրորդ բանախօսն էր Մոնրէալէն ժամանած Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանը, որ ներկայացուց «Սուրիոյ հայ գաղութի իւրայատկութիւնը» նիւթը, ուր ակնյայտ էր ի ծնէ հայրենասիրութեամբ թրծուած սուրիահայութեան հայրենասիրական եւ ազգային շունչով կերտած դժուարին, բայց յաղթական ճանապարհին բազմաբնոյթ մանրամասնութիւնները:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Հրայր Թաշճեանի համադրած «Պատկերներ սուրիահայ կեանքէն» տեսերիզը:
Երրորդ դասախօսը, Նիւ Եորքէն ժամանած աշխարհահռչակ արուեստագէտ, սուրիահայ Գէորգ Մուրատ ներկայացուց «Արուեստը մշակոյթի պահպանման միջոց» նիւթը եւ պաստառի վրայ ցուցադրեց իր «4 ֆեքց ֆոր Սիրիա» գծագրական շարժապատկերը:
Աւարտին Մայքըլ Արամի` ՀՕՄ-ի հարիւրամեակին առթիւ հեղինակած արծաթեայ յուշանուէրները նուիրուեցան բանախօսներուն:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան, որ կարեւոր նկատեց հայրենիքէն հեռու` օտար ափերու մէջ նահանջի վտանգին ենթակայ, հայ սերունդին հայկական հոգին վառ պահող եւ ազգային ու մշակութային կեանքի կենսունակութիւնը ապահովող նման ձեռնարկներու գոյութիւնը: