Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Փետրուար 2, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հայ Երեք Համայնքապետներուն Նախագահութեամբ Աղօթք` Եկեղեցիներու Միութեան Համար

Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթը աւանդաբար կը յիշատակուի յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը:

Նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, 22 յունուարին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ եկեղեցիներու միութեան օրուան նշում, բնաբանն էր Եսայի մարգարէութեան հետեւեալ համարը. «Բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք, իրաւունքը փնտռեցէ՛ք…» (Ես 1.17): Ողջոյնի խօսք արտասանեց Զարեհ քհնյ. Շաքարեան խնդրելով Աստուծմէ, որ Իր խաղաղութիւնը մեր հոգիներուն մէջ տեղ գտնէ:

Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ մէկութեան գաղափարը ձեւակերպուած է Հայր Աստուծոյ, Որդիին եւ Ս. Հոգիին մէկ աստուածութեան կառոյցին մէջ, յայտնելով, որ եկեղեցիները եւ հաւատացեալները հրաւիրուած են մէկ ըլլալու եւ հոգեւոր հասունութեան ճանապարհորդութեան ընթացքին առաւել մօտենալու Աստուծոյ եւ նմանելու անոր, օրհնուելու եւ սնանելու Անոր մէկ ըլլալու բնութենէն:

Օրուան բնաբանին ընդմէջէն վերապատուելին անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, յայտնելով, որ եկեղեցին հրաւիրուած է բարութիւն ընել սորվելու եւ սորվեցնելու, իրաւունքը փնտռելու եւ իրաւազրկուածներուն իրաւունքը պաշտպանելու: Ան մաղթեց, որ Հայ եկեղեցին վերանորոգէ իր ուժը, վերայստակացնէ իր տեսիլքը եւ իր ստանձնած եկեղեցական ու ազգային առաքելութեան ջանքերը ի դերեւ չելլեն:

Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան իր պատգամին մէջ ընդգծեց քրիստոնեաներու համամիութեան ուղեգիծի երեք մակարդակ. հոգեւոր մակարդակ, երբ զանազան եկեղեցիներէն եկող քրիստոնեաներ, զանազան լեզուներով միասին կ՛աղօթեն միութեան համար, բարեսիրութեան, մարդասիրութեան եւ բարիք գործելու մակարդակ, որուն խօսուն օրինակն է հայ երեք համայնքապետներուն հովանաւորութեամբ գործող Հայ ծերանոցը, աստուածաբանական երկխօսութեան մակարդակ, երբ եկեղեցիներ համաշխարհային մակարդակի վրայ զանազան թեմաներով կը խորհրդակցին եւ կը խօսակցին:

Ան անդրադառնալով հայ ժողովուրդի միասնականութեան` երեք մակարդակներուն վրայ աւելցուց նաեւ նահատակութեան միութիւնը, որովհետեւ մեր ժողովուրդի նահատակները կորիզն ու խորհրդանիշն են մեր միասնականութեան:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ երբ կ՛աղօթենք եկեղեցիներու միութեան համար, օրուան բնաբանին ընդմէջէն իւրաքանչիւրս պատասխանատուութեան կը կոչուինք` որպէս Քրիստոսի եկեղեցւոյ մէկ անդամը: Հետեւաբար եկեղեցիներու միութիւնը կ՛իրականանայ միայն Քրիստոսով, որ կենդանի օրինակը եւ մեծագոյն սէրը հանդիսանալով` մեր սրտերուն մէջ աստուածային սէրը արծարծ կը պահէ: Սրբազանը նշեց, որ հայ ժողովուրդը միութիւն հասկացողութիւնը իր կեանքով վկայեց, եւ մաղթեց, որ միութիւնը ճշմարտապէս ապրինք` մէկ դառնալով եւ Քրիստոսի խաղաղութիւնն ու սէրը ապրելով, կատարեալ խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբ, որպէսզի վայելենք աստուածային երանութիւնը:

Աւարտին երեք համայնքապետները կատարեցին օրհնութեան աղօթք:

Քանատա

Բողոքի Ցոյց Արցախի Շրջափակման Դէմ

ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան անդամներ 27 յունուարին Օթթաուա քաղաքի կեդրոնին մէջ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին` դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը: Ցուցարարները նաեւ բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց:

Անոնք քանատական կառավարութենէն պահանջեցին դատապարտել Ազրպէյճանը եւ գործնական դերակատարութիւն ունենալ շրջափակման վերջ տալու մէջ: Երիտասարդները նաեւ թռուցիկներ բաժնեցին անցորդներուն, որպէսզի քանատացիները տեղեակ ըլլան Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին մասին:

Միացեալ Նահանգներ

Դէպի Ազրպէյճանական Հիւպատոսութիւն Արգելափակուեցաւ Եւ Երթեւեկութիւնը Կանգ Առաւ Ուիլշըր Պողոտային Վրայ

Ի պատասխան Բերձորի միջանցքի անմարդկային շրջափակման` ամերիկահայ համայնքի հարիւրաւոր անդամներ եւ անոնց համախոհները Լոս Անճելըսի մէջ Միացեալ Նահանգներու Դաշնային շէնքէն երթով ուղղուեցան դէպի Ազրպէյճանի հիւպատոսութիւն եւ արգելափակեցին Ուիլշըր պողոտան:

Հասնելով Ազրպէյճանի հիւպատոսութիւն` ցուցարարները շարունակեցին ամբողջութեամբ փակել Սեպուլուետայի մօտ գտնուող Ուիլշըր պողոտան` խորհրդանշական ձեւով արգելափակելով մուտքը դէպի ազրպէյճանական հիւպատոսութիւն, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ազրպէյճան մօտաւորապէս 50 օր շրջափակած է Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը:

Այս երթով ամերիկահայ համայնքը եւ անոնց դաշնակիցները պահանջեցին ամերիկեան կառավարութենէն, յատկապէս` Լոս Անճեըսի քաղաքապետ Կարէն Պասէն եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիւսոմէն, ճնշում գործադրել Պայտընի վարչակազմին վրայ` շօշափելի քայլեր ձեռնարկելու Արցախի շրջափակման վերջ տալու համար: Այս պահանջները գրուած եւ փոխանցուած են քաղաքապետ Պասին, ինչպէս նաեւ` նահանգապետ Նիւսոմին:

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը կրկին կոչ ուղղեց բոլոր համայնքներուն` հանդէս գալու հակահայկական բռնութեան, յամառ ցեղասպանական մտադրութիւններու եւ ապօրինի գաղութացումին դէմ, միանալով մեզի` արդարութեան համար մեր պայքարին: Կազմակերպութիւնը կոչ ուղղեց համայնքի բոլոր անդամներուն` դատապարտելու Արցախի բնիկ հայերու դէմ Ազրպէյճանի վերջին յարձակումը, իսկ Ամերիկայի մէջ ամերիկահայութեան իսկ ընտրուած պաշտօնեաներէն պահանջեց դատապարտել Ազրպէյճանի կողմէն հրադադարի  խախտումները եւ գործադրել դիւանագիտական բոլոր ջանքերը` կանխելու ազրպէյճանական ահաբեկչութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոտնայարման հերթական դրսեւորումները:

Հանրահաւաքին ելոյթներով հանդէս եկան` համայնքի քաղաքական գործիչներ, հոգեւորականներ, ՀԵԴ եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ:

Հայ Աւետարանական Համայնքի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

24 յունուարին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը` Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչներէն Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Նազարէթ Տարագճեանի, գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հովիւ, վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի եւ փոխնախագահ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի, որոնք Ազգային առաջնորդարան եկած էին առաջնորդ սրբազանին հետ քննարկելու հայութիւնը յուզող ազգային զանազան հարցեր:

Զրոյցի աւարտին հիւրերը իրենց խորին ցաւակցութիւնները յայտնեցին թեմի նախկին առաջնորդ Եփրեմ արք. Թապագեանի վախճանման առիթով:

Առաջնորդ սրբազանը դրուատեց աւետարանական համայնքի ազգային-քրիստոնէական, գաղութային եւ հայրենական գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին` իրենց  ապագայ ծրագիրներուն մէջ:

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, Սրբապատկերներու Օծում

15 յունուարին, Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան:

Պատարագի ընթացքին սրբազանը օծեց երկու սրբապատկերներ, առաջինը Սրբոց Նահատակաց` նուիրուած Դաւիթ եւ Գոռ Մաթեւոսեան եղբայրներուն կողմէ` ի յիշատակ իրենց մեծ հօր, իսկ երկրորդը Ս. Քառասնից Մանկանց` նուիրուած Մանուկ Սրկ. Ջուլեանին կողմէ` ի յիշատակ իր մեծ ծնողաց:

Սրբազանը իր պատգամին ընդմէջէն վեր առաւ աստուածային զօրութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ Տիրոջ ողորմութիւնը այնքան անչափելի է իր տարողութեամբ ու անեզրականութեամբ, որ դարձեալ մեզ կը կապէ երկնքին եւ մեր հաւաքական կեանքը կը լեցնէ աստուածային լոյսով, այնքան ատեն որ մենք հաւատքով զօրաւոր ենք եւ մեր հոգիներուն դռները բաց կը պահենք Քրիստոսի առջեւ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Յունաստան

Հայ Ազգի Հերոսները Թեսաղոնիկէի Մէջ

25 յունուարին Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած մեծարանքի հանդիսութիւն մը` ի պատիւ Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմի մասնակից քաջարի հերոսներուն` Վարազդատ եւ Վարդան Սանէեաններուն, Մանուէլ Յակոբեանին եւ Հենրիկ Գրիգորեանին, որոնք ժամանակաւոր կերպով կը գտնուին Թեսաղոնիկէ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յովիկ Գասապեանը, որ վեր առաւ մեր քաջորդիներուն սխրանքները, ապա հրաւիրեց Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Եղիա աբղ. Մալխասեանը, որպէսզի իր եւ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին սիրտի խօսքը արտասանէ: Այնուհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Տանկազեան, յունարէնով արտասանեց իր խօսքը: Հանդէս եկան նաեւ մեր հերոսները, որոնք քառասունչորսօրեայ պատերազմէն դէպքեր, վկայութիւններ եւ ապրումներ պատմեցին ներկաներուն: Մանուէլ Յակոբեանին հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքահայութեան, որ պատերազմի ընթացքին Արցախին, մեր նուիրեալ զինուորներուն ու արցախահայութեան զօրակցեցաւ ու նեցուկ կանգնեցաւ:

Ապա Սարգիս Մնացականեան իր կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները յանձնեց հերոսներուն, ինչպէս նաեւ անոնց յանձնուեցան ՀՕՄ-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ գթութեան խաչին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Յունաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Համայնքապետին

9 յունուարին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Պարետ քհնյ. Խաչերեանի եւ ժողովի անդամ  Նարեկ քհնյ. Շահինեանի,

տօնական օրերուն առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Յունաստանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վեր. Վիգէն Չոլաքեանին, Քոքինիոյ համայնքապետարանէն ներս:

Առաջնորդ սրբազանը ամանորեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց վերապատուելիին: Այցելութիւնը նաեւ առիթ ընծայեց անդրադառնալու առհասարակ յունահայ գաղութին առնչուած հարցերուն եւ համատեղ յառաջ տարուելիք աշխատանքներուն:

Վերապատուելին ողջունելով սրբազան հօր այցելութիւնը եւ տօնական օրերու առթիւ շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները` ինք եւս հաստատեց եղբայրական հարազատ մթնոլորտի մէջ կայացած նման հանդիպումներուն դրական ներգործութիւնը մեր ազգային կեանքի բնագաւարներէն ներս:

Յայտնենք, որ սոյն այցելութեան նախօրեակին վերապատուելին պաշտօնական այցելութիւն տուած էր առաջնորդ սրբազանին Ազգային առաջնորդարանէն ներս:

Իրաք

Իրաքի Մօտ Չեխիայի Դեսպանի Այցը Առաջնորդարան

24 յունուարին Ազգային առաջնորդարան այցելեց Իրաքի մէջ Չեխիոյ դեսպան Փիթըր Շթիպանք եւ հանդիպում ունեցաւ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի հետ: Հանդիպման ներկայ էր Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Վարդան Վարդանեանը:

Իրան

Զօրակցութեան Համահաւաք Արցախի Եւ Արցախահայութեան Պաշտպանութեան Համար

27 յունուարին Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համահաւաք` իբրեւ զօրակցութիւն Արցախի եւ արցախահայութեան:

Հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցան` Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ասպրամ Կրպէեան եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ` հեռակայ կերպով Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան:

Բողոքի աւարտին կարդացուեցաւ մասնակիցներու յայտարարութիւնը, որոնք պահանջեցին միջազգային ատեաններէն, մասնաւորապէս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան անմիջական միջամտութիւնը` վերաբանալու Արցախը եւ Հայաստանը իրար կապող Բերձորի միջանցքը, ինչպէս նաեւ` ստեղծելու Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդը ազրպէյճանական ցեղասպանական արարքներէն պաշտպանելու նախաձեռնութիւններ:

Հանդիպում Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Անսալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչին, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի անմիջական նախաձեռնութեամբ, 17 յունուարին կեանքի կոչուեցաւ Արցախի ապաշրջափակման համար քարոզչական աշխատանքներու մարմին, որ անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի:

21 յունուարին, նախագահութեամբ սրբազան հօր եւ ատենապետութեամբ Նորայր Արամեանի, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ կայացաւ հանդիպում` համայնքի միութիւններու եւ եկեղեցական խորհուրդներու նախագահներուն, դպրոցներուն եւ մանկապարտէզ-նախակրթարաններու տեսուչ-փոխտեսուչներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչները:

Սրբազան հայրը անդրադառնալով Արցախի մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակին եւ տեղի ունեցող զարգացումներուն` ընդգծեց, որ հարկ է գործօն մասնակցութեամբ, միացեալ ծրագրաւորումով եւ հաւաքական աշխատանքով զօրաշարժի ենթարկել մեր ժողովուրդի զաւակները` ի խնդիր Արցախի փրկութեան:

Նորայր Արամեան իր կարգին անդրադառնալով նախաձեռնութիւններուն` յայտնեց, որ ծրագիրներու շարքին կազմակերպուած է նաեւ հանրահաւաք, որ տեղի պիտի ունենայ 27 յունուարին, Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նաեւ կազմակերպուած է ստորագրահաւաք` պարսկերէն բնագրով, որ յանձնուեցաւ հանդիպումին ներկայ գտնուող ներկայացուցիչներուն:

Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց ներկաներուն` խուռներամ շարքերով մասնակցելու հանրահաւաքին, ի զօրակցութիւն Արցախի եւ արցախահայութեան, շեշտելով, որ հարկ է ազդու միջոցներով օտար շրջանակներուն մէջ քարոզչական աշխատանք կատարել:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Հայկական Տօները. Երիտասարդներու Բարեխօսը` Սուրբ Սարգիս

Յաջորդը

ՀՕՄ-ը 10 Թոն Պարենամթերք Ուղարկած Է Արցախ

RelatedPosts

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան
Գաղութէ Գաղութ

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան

Մարտ 30, 2023
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Մարտ 30, 2023
Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու
Գաղութէ Գաղութ

Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու

Մարտ 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In