Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հովուական Այցելութիւնները Քեսապ Եւ Լաթաքիա
* 28 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեամբ, հովուական անդրանիկ այցելութիւն տուաւ քեսապահայութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան եւ պատկան մարմինի ներկայացուցիչը:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ սրբազան հայրը կատարեց կանոնական աղօթք: Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեան բարի գալուստ մաղթեց նորընտիր առաջնորդին եւ շնորհաւորեց զայն` մաղթելով արեւշատութեամբ եւ աստուածային օրհնութեամբ լեցուն երկար ծառայութիւն:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ աղօթեց Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ համար` հայցելով, որ խաղաղութիւն հաստատուի ողջ աշխարհին վրայ: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ իբրեւ առաջնորդ, համագործակցաբար թեմի բոլոր զաւակներուն հետ, պիտի գործէ նոյն նպատակին համար: Սրբազանը նաեւ քեսապահայութեան փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրական սէրը, ողջոյններն ու օրհնութիւնները եւ Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով արեւշատութեան եւ աստուածային օրհնութեան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց:
Հայր սուրբը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով յուշանուէր յանձնեց սրբազան հօր:
Աւարտին եկեղեցւոյ «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:
Ապա սրբազանը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը դահլիճէն ներս հանդիպում ունեցան եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին հետ, ուր արծարծուեցան շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Սրբազան հայրը մօտէն ծանօթացաւ թաղականութեան գործունէութեան եւ այցելութեան առիթով բարձրօրէն գնահատեց թաղականները` իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը պատուիրակութեամբ այցելեց Գարատուրան, ապա` 1908-ին հիմնուած Ս. Ստեփանոս մատուռ, ուր կատարեց օրհնութեան աղօթք եւ մատուռը մօտէն տեսնելով` անդրադարձաւ շինարարական նորոգութիւններ կատարելու կարեւորութեան: Ապա ուղղուեցաւ դէպի Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր աղօթք կատարելով` մօտէն ծանօթացաւ եկեղեցւոյ կարիքներուն, որմէ ետք ան այցելեց Գարատուրանի ակումբի գրադարանը, ապա ուղղուեցաւ դէպի Քեսապի համալիր, ուր այցելեց Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցաւ հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան հետ եւ բարձր գնահատեց անոնց ազգանուէր ծառայութիւնը: Սրբազան հայրը ծանօթացաւ նաեւ համալիրի պանդոկի բաժինի աշխատանքներուն: Այնուհետեւ ան այցելեց Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատուռը, ուր ծանօթացաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով հոն կատարուող աւանդական արարողութիւններուն:
Երեկոյեան սրբազանը «Սահակեան» սրահին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Կիլիկիա» երգչախումբի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան համերգին, որ տեղի ունեցաւ խմբավարութեամբ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Էւա Պետրճիքեանի:
Համերգի աւարտին սրբազանը մեծապէս գնահատեց Համազգայինի վարչութիւնը, հայր սուրբը, դաշնակահարը եւ երգչախումբի անդամները, որոնք երգի ճամբով վառ կը պահեն մեր մշակութային, ազգային եւ հոգեւոր արժէքները:
Երեկոյեան պաշտօնական ընթրիք սարքուեցաւ ի պատիւ սրբազան հօր:
Քեսապի հոգեւոր սեսուչն ու ներկաները իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին: Սրբազանը իր կարգին հայրական օրհնութիւնները յայտնելով` գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ բոլոր միութիւններուն ազգանուէր ծառայութիւնը եւ մաղթեց, որ համագործակցութեամբ եւ սիրով շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:
29 դեկտեմբերին Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով նախաճաշ սարքուեցաւ, որմէ ետք սրբազան հայրը վերադարձաւ Հալէպ:
* 29 դեկտեմբերին սրբազան հայրը եւ ազգային պատուիրակութիւնը այցելեցին Լաթաքիոյ Ազգային Ս. Նահատակաց վարժարան, ուր հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ: Ապա Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ սրբազան հայրը աղօթեց, այնուհետեւ պատուիրակութեան հետ ուղղուեցաւ «Գանձասար» սրահ:
Վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Գարամարտեան շնորհաւորեց առաջնորդ սրբազանը եւ մաղթեց բարի ծառայութիւն:
Սրբազան հայրը իր կարգին խաղաղութիւն մաղթեց Սուրիոյ, Հայաստանին ու Արցախին եւ ներկաներուն մաղթեց քաջառողջութիւն, համբերութիւն եւ բեղուն գործունէութիւն, որպէսզի իւրաքանչիւրը շարունակէ պատասխանատուութեամբ ծառայել ազգային կեանքին` իրեն վստահուած առաքելութեան ու կոչումին տէր դառնալով:
Սրբազան հայրը նաեւ վեհափառ հօր զօրակցութիւնը, բարեմաղթութիւններն ու գնահատական նուէրը յանձնեց Լաթաքիոյ Ազգային վարժարանէն ներս գործող պաշտօնէութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
22 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան Ազգային առաջնորդարանէն ներս ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանի, նաեւ` հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետ Արկադի Տօնոյեանի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգային վարչութեան անդամներ Փիեր Մուսալլի եւ Գուրգէն Գալուստեան:
Հիւպատոսը շնորհաւորեց սրբազան հայրը առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ տօնական օրերուն ընդառաջ քաջառողջութիւն եւ արգասաբեր ծառայութիւն մաղթեց անոր:
Սրբազան հայրը իր կարգին հայրական օրհնութիւնը տալով` շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան եւ աղօթեց, որ 2023 տարին Քրիստոսի ծնունդով` խաղաղութեան, սիրոյ, համերաշխութեան, ապահովութեան, փոխադարձ յարգանքի, հասկացողութեան եւ բարգաւաճ օրեր բերէ ողջ աշխարհին, համայն մարդկութեան եւ ի մասնաւորի` Սուրիոյ, Հայաստանին եւ Արցախին:
Քանատա
ՀՄԸՄ–ի «Ս. Ղեւոնդ Երէց» Կրօնական Շքանշանի Դասընթացք
Հովանաւորութեամբ եւ տնօրինումով Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, Ազգային առաջնորդարանը, համախորհուրդ ՀՄԸՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան հետ, 2019-ին հաստատեց «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը` որպէս խթան հայեցի ու քրիստոնէական կազմաւորման վսեմ առաքելութեան:
Այս առթիւ Ազգային առաջնորդարանը պատրաստեց ու հրատարակեց գրքոյկ մը, որ կը բովանդակէր քրիստոնէական, կրօնաեկեղեցական, աստուածաշնչային, պատմական եւ ազգային նիւթեր:
«Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանի 2022 տարուան դասընթացը տեղի ունեցաւ 26 նոյեմբերին: Յակոբ վրդ. Եագուպեան դասընթացը ներկայացուց Մոնրէալի ու Լաւալի մասնաճիւղերու սկաուտներուն: 3 դեկտեմբերին Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան դասընթացը ներկայացուց Թորոնթոյի մասնաճիւղի սկաուտներուն համար, իսկ 10 դեկտեմբերին Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէկեան դասընթացը ներկայացուց Քեմպրիճի, Սենթ Քաթրինզի եւ Համիլթընի սկաուտներուն համար:
Նշենք, որ 2023 տարուան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի թեկնածու սկաուտները պիտի ստանան «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը:
Յունաստան
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Եւ Կրօնական Դասին Այցելութիւնը «Ազատ Օր»-ի Խմբագրատուն
29 դեկտեմբերին, ամանորեան այցելութիւններու ծիրէն ներս Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ կրօնական դասուն` առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանի, Թեսաղոնիկէի հովիւ Եղիա աբղ. Մալխասեանի եւ Քոքինիոյ հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի, այցելեց «Ազատ Օր»-ի խմբագրատուն եւ հանդիպում ունեցաւ թերթի տնօրէնութեան ու խմբագրական կազմի անդամներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը:
Առաջին հերթին սրբազան հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց նման այցելութեան մը առիթին համար, որ բացի տօնական օրերու մաղթանքներուն փոխանակումէն` կը ներկայացնէ նաեւ զրոյցի ու գաղութը յուզող հարցերու քննարկման պատեհ հնարաւորութիւն:
Խօսելով «Ազատ Օր»-ին մասին` սրբազան հայրը ընդգծեց թերթին` գաղութի բազկերակը ըլլալու իրողութիւնը, որ կենդանի կը պահէ յունահայ գաղութի ազգային ու հասարակական կեանքի գործունէութեան արտացոլումը իր էջերուն մէջ` միաժամանակ շեշտը դնելով հայ մամուլի դերին ու առաքելութեան վրայ, անոր լայն ընտանիքին մէջ կարեւոր նկատելով «Ազատ Օր»-ի տասնամեակներու անխափան հրատարակութիւնը:
Զրոյցի ընթացքին առիթ եղաւ ամփոփ ներկայացնելու թերթի աշխատանքներուն ծաւալը, տպագիր եւ ելեկտրոնային միջոցներու հասանելիութեան հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ` դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ ազգային եւ հոգեւոր կեանքի ներկայացման ուժեղացումը թերթին ճամբով, մանաւանդ հոգեւոր նիւթերու` եկեղեցական պատմութեան, յատուկ տօներու, բարոյական ու ընկերային հարցերու վերլուծման անհրաժեշտութիւնը:
Խօսակցութեան ընթացքին շօշափուեցան գաղութը յուզող հարցեր` իրենց բազմաբնոյթ երեսներով, յատկապէս շեշտը դնելով կրթական, հոգեւոր եւ երիտասարդական օրակարգերուն վրայ: Ընդգծուեցաւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան մօտեցումը թերթին, անոր միջոցով հայերէն գրելու եւ արտայայտուելու զանազան ծրագիրներով: Անդրադարձ կատարուեցաւ «Սփիւռքի տարի»-ի շարունակութեան շրջագիծէն ներս գաղութային գործունէութեան վերակազմակերպման ու վերանորոգման օրակարգին մէջ աւելի խորանալու հրամայականին:
Զրուցակիցները նշմարեցին, որ նման այցելութիւններ ու քննարկումներ շինիչ օգտակարութիւն կը ներկայացնեն: Փափաք յայտնուեցաւ յարմարագոյն առիթներով կրկնել զանոնք ու հետեւողականութիւն մը պահել:
Աւարտին այցելուները մօտէն ծանօթացան թերթի բաժիններու աշխատանքին ու հրատարակութեան ընթացքին:
Միացեալ Նահանգներ
Ուոթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ 65-Ամեակ
Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ 65-ամեակին առիթով, 18 դեկտեմբերին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը յղեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան:
Յաւարտ սուրբ պատարագին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները: Ապա եկեղեցւոյ հովիւ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեան մրցանակներ բաշխեց Կիրակնօրեայ վարժարանի չորս աշակերտներու` Մերի Աշպահեանին, Քրիսթիան Մանճիկեանին, Մայքըլ Նահաճեանին եւ Քէյթի Նաճարեանին, որոնք հանդիսացած էին տարուան լաւագոյն աշակերտները: Այնուհետեւ Ազգային առաջնորդարանի գնահատագրեր տրուեցան` Թամար Գանարեանին, Սիլվա Պահլաւունիին, Մայքըլ Կիւզէլեանին, Սօսի Մկրտիչեանին եւ Ծատուր Ա. սրկ. Պետոյեանին, որոնք իրենց բազմամեայ ծառայութեամբ եկեղեցւոյ եւ գաղութին կեանքը բարգաւաճեցուցած էին:
Սրբազան հայրը, շնորհաւորելէ ետք պատմական այս տարեդարձը, խօսեցաւ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած Ազգային Ընդհանուր ժողովին քննարկուած նիւթերէն` ընտանիքի եւ համագործակցութեան կենսական զոյգ հարցերու մասին: Սրբազան հայրը շեշտեց մեր պարտականութիւնը` մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի կողքին կանգնելու, մանաւանդ` ճակատագրական այս օրերուն:
Սրբազան հօր վերջին ամիսներու շրջագայութիւնը, սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը տանելով ամէնուրեք, կը զուգադիպէր «Սփիւռքի տարի»-ի հռչակագրին, վկայելով Արեւելեան թեմի բոլոր ծուխերուն կենսունակութեան ու համավարակէն ետք վերաշխուժանալու ընթացքի վճռակամութեան մասին: