Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Սուրիա Ապրիլ 30-ին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական ոգեկոչման ձեռնարկ: Գեղարուեստական յայտագրէն ետք Ուսումնական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Շանթ Ղազարեան, որ հաստատեց, թէ անցնող երկամեակը բաւական թէժ եղաւ աշակերտութեան, տնօրէնութեանց եւ ուսուցչակազմերուն համար, աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր աշակերտ դարձաւ այն քաջարի զինուորը, որ պատերազմեցաւ իր գիրքով ու գրիչով` յանուն ուսման ու...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱՆ ՄԽՍԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկներ Սուրիա * 22 ապրիլին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Գրականութիւնը եւ Եղեռնը» խորագիրով: Նանոր Մինասեան բացման խօսքին մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսին` Հռիփ Կանանեանի կենսագրական տուեալները: Ապա նկատել տուաւ, որ Մեծ եղեռնի կորուստներու ծիրին մէջ կարեւորագոյնը հայ մտաւորականութեան կորուստն էր: Բանախօսը իր դասախօսութեան սկիզբը ընդհանուր պատմական ակնարկ մը ներկայացուց 1915-ին Հայոց...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկներ Դամասկոս Դամասկահայութիւնը յագեցած յայտագիրներով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ձեռնարկներու շարքը սկսաւ հինգշաբթի, 23 ապրիլին` հսկումի երեկոյով, որ տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր ներկայ բազմութիւնը հետեւեցաւ սրբադասման արարողութեան: Ապա տեղի ունեցաւ երիտասարդական հսկում,  հովանաւորութեամբ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Դամասկոսի մարմինին եւ կազմակերպութեամբ` «Աւ. Ահարոնեան» կեդրոնի 100-ամեակի յանձնախումբին: Ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ մէջ Հայաստանի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Բազմամարդ Աննախադէպ Մասնակցութեամբ Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ Իրականացան Բողոքի Պահանջատիրական Ցոյցերը Ուրբաթ, 24 ապրիլ 2015¬ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬ամեայ տարելիցին առիթով Յունաստանի մէջ հազարաւոր մարդիկ համախմբուեցան Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ կազմակերպուած ցոյցերուն: Ցուցարարները ուղղուեցան թէ Աթէնքի թրքական դեսպանատուն եւ Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսութիւն: Թեսաղոնիկէի ցոյցին մասնակցելու համար Թրակիայէն եւս հանրակառքերով ժողովուրդ փոխադրուած էր: Աթէնքի Մէջ Ցուցարարները ճամբայ ելան...

Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Զանազան Երկիրներու Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Զանազան Երկիրներու Մէջ

10 Հազար Հայորդիներ Պահանջատիրութեան Ձայնը Բարձրացուցին Օթթաուայի Մէջ Ապրիլ 24ին Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնրէալէն, Համիլթընէն, Սենթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա հասան 10 հազար հայորդիներ եւ Քանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքին իրենց պետական դրօշները պարզած միացան ասորական, քրտական, սերպական, ռուանտական եւ յոյն-պոնտական պատուիրակութիւններու անդամները: Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող 106-ամեայ Քնար Եմենիճեանը: Ներկայ էին...

«Թուրքերու Կողմէ Իրականացուած Հայոց Եղեռնէն 100 Տարի Ետք – 1915-2015».  Համագումար «Այն Շամս» Համալսարանի Միջին Արեւելքի Հետազօտական Կեդրոնին Մէջ

«Թուրքերու Կողմէ Իրականացուած Հայոց Եղեռնէն 100 Տարի Ետք – 1915-2015». Համագումար «Այն Շամս» Համալսարանի Միջին Արեւելքի Հետազօտական Կեդրոնին Մէջ

Երեքշաբթի, 7 ապրիլ 2015-ին, Եգիպտոսի «Այն շամս» համալսարանի Միջին Արեւելքի հետազօտական կեդրոնի կազմակերպութեամբ, «Թուրքերու կողմէ իրականացուած Հայոց Եղեռնէն  100 տարի ետք, 1915-2015» խորագիրը կրող համագումարը տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան եգիպտացի մտաւորականներ ու մասնագէտներ: Համագումարին խօսք առած է Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի անդամ դոկտ. Արմէն Մազլումեան: Ան նկատել տուած է, թէ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը...

Մայր Արաքսի Ափին Հովուի Վերանորոգուած Մատուռի Օծումը Ձօնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Մայր Արաքսի Ափին Հովուի Վերանորոգուած Մատուռի Օծումը Ձօնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Ատրպատական, Ազգային առաջնորդարան, 2015-ի ապրիլ ամիսը մուտք գործելէ եւ Ս. Զատկուան հրաշափառ տօնը կատարելէ ետք, Ատրպատականի հայոց թեմը համայն հայութեան կ՛ընծայէ հայադրոշմ ու քրիստոնէավայել առաջին նախաձեռնութիւնը, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Հինգշաբթի, 9 ապրիլին, Նախիջեւանի հետ սահմանին վրայ, Մայր Արաքսի իրանեան ափին գտնուող Ս. Անդրէորդի եկեղեցին (13-րդ դար), որ ծանօթ է նաեւ Հովուի մատուռ անունով, հիմնական վերանորոգութեան ենթարկուած ըլլալով, վերաօծուեցաւ ձեռամբ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Փարիզ «Սիփան-Կոմիտաս» Երգչախումբին Առաջին Ելոյթը Մարտ 14-ին, Փարիզի հարաւարեւմտեան արուարձաններէն` Սեւրի Սեն Ռոմեն եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ ութսունամեայ վարկ ունեցող «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը, մօտ 70 անդամներով, խմբավարութեամբ Հայկ Սարգիսեանի: Երգահանդէսը նուիրուած էր Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Խումբի անդամ եւ նախագահ Գաբրիէլ Քեփեքլեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ 100 տարի առաջ` ապրիլ 24-ին, երբ թրքական կառավարութիւնը ձերբակալեց հայ մտաւորականները, անոնց...

Դաշնակցական Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Դաշնակցական Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Երեսուն տարիներ առաջ Պէյրութի մէջ հայանուն դաւադիրներու ձեռամբ առեւանգուած, ապա խոշտանգուած ու սպաննուած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, «Ազդակ-Շաբաթօրեակ Դրօշակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի վաստակը գնահատելու, անոր յիշատակը յարգելու համար կիրակի, 29 մարտի երեկոյեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին հարիւրաւոր հայորդիներ: Հայորդիները դիմաւորուեցան Ռուբէն եւ Գրիգոր Յարութիւնեաններու տուտուկի նուագով: Առանձնաբար յուզիչ էր Սարգիս Զէյթլեանի կնոջ` Սոնայի, որդւոյն` Հրազդանի, դուստրերուն` Սալբիի...

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Մէջ Համազգայինը Դարձեալ Պատնէշի Վրայ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Մէջ Համազգայինը Դարձեալ Պատնէշի Վրայ

Հայ մշակոյթի բաբախուն սիրտը հանդիսացող Համազգայինը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, միշտ ալ յաջողած է իր շուրջ համախմբել աշխարհասփիւռ մշակութասէր հանրութիւնը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մասնաճիւղի վարչութեան, ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին Շարժայի «Փիեռ Քէօսէեան» սրահին մէջ  «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբը  ներկայացուց հայ մեծատաղանդ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը» կատակերգութիւնը: Թատրերգութեան ներկայ էին սոյն նախաձեռնութիւնը հովանաւորող Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ապու Տապի Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Հանդիպումները Անցնող շաբաթավերջին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպում ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեանի հետ: Սփիւռքի նախարարը Ապու Տապիի նորակառոյց Սուրբ Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ Ծաղկազարդի արարողութեան եւ պատարագին: Պատարագը մատուցեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան: Արարողութեան հանդիսապետեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ցուցահանդէս Մարսէյի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ցուցահանդէս Մարսէյի Մէջ

Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի Պատմութեան թանգարանին մէջ հինգշաբթի, մարտ 19-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ բացումը կատարուեցաւ «100 աքսորի դիմանկար. հայ փախստականներու ինքնութեան բացայայտումը» ցուցահանդէսը` Մարսէյի Հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման` ARAM կազմակերպութեան եւ Մարսէյի քաղաքապետարանի համագործակցութեամբ: Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղան Մարսէյի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժան-Քլոտ Կոտեն, Մարսէյի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, պատմութեան թանգարանի տնօրէն Լորան Վետրին, քաղաքապետներ,...

100 Տարի 100 Ծառ. Մարսէյի Մէջ` Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Զբօսայգի

100 Տարի 100 Ծառ. Մարսէյի Մէջ` Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Զբօսայգի

Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտենի եւ ֆրանսացի երեսփոխան Վալերի Պուայէի հովանաւորութեամբ, Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչը ծառատունկ կազմակերպեց Մարսէյի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքարին մօտ: Յուշաքարին մօտ կայացած ձեռնարկին ներկայ էր Վալերի Պուայէ: «2015-ի ընթացքին ծրագրուած է տնկել 100 ծառ` նշենիներ եւ նռնենիներ: Այս տարածքը պիտի դառնայ յիշատակի զբօսայգի: Պատմութիւնը երբեք պէտք չէ մոռնալ, յատկապէս եթէ խօսքը մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեան մասին...

Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ցուցատախտակներ Ֆրեզնոյի Մայրուղիներուն Վրայ

Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ցուցատախտակներ Ֆրեզնոյի Մայրուղիներուն Վրայ

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Ֆրեզնոյի միացեալ յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ սկսած են Ցեղասպանութեան նուիրուած հսկայ ցուցատախտակներ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Սան Ուաքին Հովիտի եւ ծովեզերեայ շրջաններու գլխաւոր ազատուղիներուն վրայ զետեղելու աշխատանքները: Աւելի քան 50 ցուցատախտակներ կը զետեղուին, գլխաւորաբար` Ֆրեզնօ եւ Մըրսետ քաղաքներէն անցնող մայրուղիներուն վրայ, ներառեալ` թիւ 99 մայրուղիին վրայ, որ դէպի այդ շրջանը տանող ինքնաշարժներու գլխաւոր ճամբան է: Անոնք պիտի զետեղուին նաեւ թիւ...

Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Ներկայացուի Ապրիլը Ցեղասպանութեանց Յիշատակման Ամիս Հռչակելու Բանաձեւ

Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Ներկայացուի Ապրիլը Ցեղասպանութեանց Յիշատակման Ամիս Հռչակելու Բանաձեւ

Մարտ 26-ին, Քանատայի խորհրդարանի անդամ եւ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Պրատ Պաթ (նկարը) հրապարակեց Քանատայի խորհրդարանի յառաջիկայ նիստին ներկայացուելիք թիւ 587 բանաձեւը, որ կը նպատակադրէ ապրիլ ամիսը Քանատայի մէջ ցեղասպանութեանց յիշատակման ամիս հռչակել: Բանաձեւը կ՛ըսէ. Ներկայացուցիչներու այս տունը կը վերահաստատէ ճանաչումը. - Ողջակիզումի յիշատակման օրուան հռչակագիրը (C-24) , որ որդեգրուած էր 7 նոյեմբեր 2003-ին: - Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը...

Պրիթիշ Քոլոմպիայի Վարչապետ Քրիսթի Քլարք Իր Զօրակցութիւնը Վերահաստատեց Հայ Դատին

Պրիթիշ Քոլոմպիայի Վարչապետ Քրիսթի Քլարք Իր Զօրակցութիւնը Վերահաստատեց Հայ Դատին

Մարտ 28-ին Վանքուվըրի մէջ կայացաւ «Կամուրջ դէպի յաջողութիւն» երեկոն, որուն հովանաւորն էր Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի վարչապետ Քրիսթի Քլարք: Հանդիսութեան ներկայ էր Արեւմտեան Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Վահէ Անտոնեան, որ առիթ ունեցաւ յատուկ առանձնազրոյց ունենալու վարչապետին հետ: Վահէ Անտոնեան հրաւէր ուղղեց վարչապետ Քլարքին` մասնակից դառնալու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Վանքուվըրի մէջ կայանալիք գլխաւոր ոգեկոչման ձեռնարկին: Վարչապետ Քլարք խոստացաւ յատուկ յայտարարութիւն...

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հրաւէրով Քանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութեան Հանդիպում

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հրաւէրով Քանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութեան Հանդիպում

Մարտ 25-ին Քանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի 15 անդամներ եւ մէկ ծերակուտական: Հանդիպումը կազմակերպուած էր Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ: Հաւաքին ներկայ էր նաեւ` Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Եգանեան: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Քանատայի մէջ յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի տագնապի ծիրին մէջ սուրիահայերու եւ...

Պուէնոս Այրէսի Հայ Գաղութը Անմոռանալի Օր Մը Ապրեցաւ

Պուէնոս Այրէսի Հայ Գաղութը Անմոռանալի Օր Մը Ապրեցաւ

Շաբաթ, 28 մարտի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հազարաւորներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ բացօթեայ համերգ մը` «Քեզի համար Հայաստան» բնաբանով: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Փալերմոյի պուրակին կից` Լիպերթատոր եւ Սարմիէնթօ պողոտաներու քառուղիին վրայ, ուր հոծ բազմութիւն մը, մաս մը նստած, մեծ մասը` յոտընկայս, լարուած ուշադրութեամբ, լուռ եւ երբեմն յուզուած կամ խանդավառ կը հետեւէր հոգեպարար երաժշտութեան : Պուէնոս Այրէսի սիմֆոնիք...

Քոնկրեսական Շիֆ Կ՛ողջունէ Լոս Անճելըսէն Ուաշինկթըն Հեծելարշաւին Մասնակիցները

Քոնկրեսական Շիֆ Կ՛ողջունէ Լոս Անճելըսէն Ուաշինկթըն Հեծելարշաւին Մասնակիցները

Կիրակի, մարտ 22-ին, կէսօրէն ետք ժամը 4:30-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ Լոս Անճելըսէն դէպի մայրաքաղաք Ուաշինկթըն (LA2DC) հեծելարշաւին մասնակիցները հաւաքուեցան Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Թրբանճեան» հրապարակը, ուր զանոնք ողջունեցին թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանն ու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Էտըմ Շիֆը (Քալիֆորնիոյ 28-րդ ընտրաշրջան): Առաջնորդ սրբազան հայրը իր օրհնութիւնները բաշխեց դէպի Ուաշինկթըն արշաւի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, ապա հեծելանիւի...

Պոսթըն.- Մայքըլ Կանտոլֆիի «Առաւօտ Լուսաբեր»-ը… Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Պոսթըն.- Մայքըլ Կանտոլֆիի «Առաւօտ Լուսաբեր»-ը… Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

: Մայքըլ Կանտոլֆի Հանրածանօթ երգեհոնահար Պերճ Ժամկոչեանի (1929-2004) հիմնած «Կոմիտաս» հիմնարկը, որ 1970-էն ի վեր կը գործէ, այս տարի մտայղացումը ունեցած էր երգեհոնով յօրինուած գործ մը պատրաստել, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Այս յօրինումը վստահուեցաւ Մայքըլ Կանտոլֆիի (ծնած 1956-ին, Մելրոզ, Մասաչուսեց), որուն համար շուտով յստակացաւ, թէ երաժշտական բնագաւառէն աւելի կարեւոր էր նոյնինքն ահաւոր դէպքին` Հայոց ցեղասպանութեան մասին աւելի մօտէն ծանօթանալն...

Page 42 of 43 1 41 42 43

Արխիւներ