Գաղութէ – Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սրբազան Հայրը Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Դեսպանին Եւ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական-Հիւպատոսին Հետ 8 փետրուարին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանի հետ` ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի: Դեսպանը Հալէպ ժամանեց Հայաստանի կողմէ ուղարկուած փրկարարական մասնագիտական...




















