Գաղութէ-Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայաստանի Եւ Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակներուն Նուիրուած Ձեռնարկներ Ռուսիա 21 սեպտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի Տաւրիտեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի 25-ամեայ անկախութեան կարեւոր փուլերուն` ընդգծելով, որ անկախ հանրապետութեան բնորոշ իրաւական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ մարզերու համակարգային փոփոխութիւններուն զուգահեռ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ստիպուած...




















