Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա «Տեղեկատուական Պատերազմ» Նիւթով Դասախօսութիւն Կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, 10 փետրուարին «Լեւոն Շանթ» սրահին  մէջ տեղի ունեցաւ  «Տեղեկատուական պատերազմը եւ անոր ազդեցութիւնը հանրային կարծիքին վրայ» խորագիրը կրող դասախօսութիւն մը: Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով  Մարալ Տէրեան-Մանուէլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նշեց, որ Սուրիոյ պատերազմի անցուդարձերուն մէջ տեղեկատուական պատերազմը որոշիչ դեր ունեցաւ, եւ անոր անդրադարձը կը շարունակէ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Քուէյթ ՀՅԴ Քուէյթի ՔԵՄ-ի Եւ Հրայր Դժոխք ՊՄ «Գարեգին Նժդեհ» Բանակումը ՀՅԴ Քուէյթի Քրիստափոր երիտասարդական միութեան եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութեան Վարիչ կազմի կազմակերպած «Գարեգին Նժդեհ»  երկօրեայ բանակումը սկիզբ առաւ հինգշաբթի, 2 յունուար 2017-ին: Բանակումին մասնակցեցան շուրջ 60 անձեր, իսկ ծրագիրը կ՛ընդգրկէր դաստիարակչական օրակարգեր` զրոյց, դասախօսութիւն, զարգացման մրցում, ինչպէս նաեւ  մարզական  ու մարտական այլազան օրակարգեր: 48 ժամերու ընթացքին բանակողները հարստացան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ատրպատական Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն 22 յունուարին, Թաւրիզի Լիլաւա հայաշատ թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն` ձեռամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի: Սարկաւագական կարգ ստացան` Վարդան կիսրկ. Տէր Մարտիրոսեան եւ Յովիկ կիսրկ. Ղուկասեան: Ձեռնադրման կարգի աւարտին սրբազան հայրը բացատրեց Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան փոքր աստիճանները` մինչեւ սարկաւագական կարգը: Ան նաեւ անդրադարձաւ ձեռնադրուողներու  կենսագրութեան:...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Վրաստան Հրանդ Տինքի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկներ «Ակօս» երկլեզու շաբաթաթերթի գլխաւոր  խմբագիր Հրանդ Տինքի մահուան 10-րդ  տարելիցին առթիւ, 21 յունուարին Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին  կազմակերպուեցան զանազան ձեռնարկներ: * Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ վիրահայոց թեմի առաջնորդ   Վազգէն  եպս. Միրզախանեանի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան  պաշտօն: *  Վիրահայոց  թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թուրք  լուսանկարիչ  Ումուտ ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Թեհրան Իրանահայ Վաստակաւոր Արուեստագէտներու Գործերու Ցուցահանդէս Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի քաղաքապետարանի գեղարուեստական ու մշակութային կազմակերպութեան մշակութային հարցերով տեղակալին, համագործակցութեամբ Թեհրանի «Արտակ Մանուկեան» թանգարանին,  6 յունուարին «Մարիամ» զբօսայգիի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի արդի արուեստի իրանահայ հեղինակաւոր արուեստագէտներու աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացում: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Լիլիթ Տէրեանի, Սերժ Աւագեանի, Էտմոն Այվազեանի, Սիմոն Այվազեանի եւ Գառնիկ Տէր Յակոբեանի գործերը: Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ...

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Շաբաթ, յունուար 14-ին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի «Քոլպեր» սրահին մէջ, ՀՅԴ 126-ամեակի ձեռնարկներու շարքին տեղի ունեցաւ երկու կլոր սեղաններու շուրջ քննարկում «Հայութիւնը ներկայ աշխարհաքաղաքական եւ ներազգային մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման» ընդհանուր խորագրին տակ: Հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, բացման խօսքին մէջ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Շարլ Փափազեան ներկայացուց Հայաստանն ու հայ ազգը յուզող հիմնական խնդիրները եւ ըսաւ, որ  պարտինք աւելի յանձնառու...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պոլիս Ոգեկոչում Ամէնուրեք Ինչպէս անցնող ինը տարիներուն ընթացքին, այս տարի ալ Հրանդ Տինքի սպանութեան 10-ամեակին առթիւ զանազան միջոցառումներ պիտի կայանան բազմաթիւ կեդրոններու մէջ: Հիմնական ոգեկոչումը կը կատարուի 19 յունուարին հինգշաբթի օր Հրանդ Տինքի նահատակուած վայրը, նախորդող եւ յաջորդող օրերուն ալ Պոլսոյ զանազան թաղերու, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու եւ արտասահմանի մէջ հասարակական կազմակերպութիւններ միջոցառումներ կը կատարեն: Անշուշտ որ անցնող տասը տարիներու ընթացքին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՀՄԸՄ-ի 98-Ամեակին Եւ Ծառայութեան Տարուան Զոյգ Առիթներով Յարգանքի Եւ Գնահատանքի Հանդիսութիւն Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի 98-ամեակին եւ «Ծառայութեան տարուան» զոյգ առիթներով 17 դեկտեմբերին ՀՄԸՄ-ի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ յարգանքի եւ գնահատանքի հանդիսութիւն: Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անունով Գէորգ Մաւեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղը, որպէս...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Իրան Իրանի Հայ Գործատէրերու Միութիւնը Հիւրընկալեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Թեհրանի «Արամ Մանուկեան» դահլիճին մէջ պատուոյ հիւրը եղաւ Իրանի Հայ գործատէրերու միութեան անդամներուն: Այս առիթով ողջոյնի ու բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Իրանի Հայ գործատէրերու միութեան նախագահը: Յակոբ Յակոբեան իր բացման խօսքին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ վեհափառ հայրապետին 20 տարիներու ազգային...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Հալէպի Կաթողիկէ Համայնքը Նշեց Քրիստոսի Ս. Ծննդեան Տօնը Կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2016-ին, Հալէպի կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը: Յատկանշական էր մարոնի համայնքի Ս. Ծննդեան պատարագը, որ տեղի ունեցաւ զինեալ ահաբեկիչներու հրթիռակոծումներուն իբրեւ հետեւանք կիսաքանդ վիճակի մէջ եղող Ս. Եղիա (Մար Իլիաս) մայր տաճարին մէջ` որպէս Հալէպ քաղաքի բնակչութեան անկոտրում կամքի արտայայտութիւն: Պատարագին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի 35-Ամեակի Նշում Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան մամուլի յանձնախումբին, 24 նոյեմբերին «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին 35-ամեակը: Օրուան բեմավար Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան  իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 35-ամեակի տօնակատարութիւնները սկիզբ առած են եւ կը շարունակուին աշխարհի հարիւրէ աւելի քաղաքներու մէջ:...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Յունաստանի Համազգայինի 60-Ամեակի  Տօնակատարութիւնը Յունաստանի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 60-ամեակին նշումը տեղի ունեցաւ Աթէնքի «Աննա եւ Մարիա Քալութա» թատերասրահին մէջ, շաբաթ, 26 նոյեմբերի երեկոյեան: Յայտագիրը սկսաւ այս առիթով յատուկ պատրաստուած պատմական-վաւերագրական տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որ անցեալն ու ներկան ցոյց տալու ծառայեց: Պաստառին վրայ տողանցեցին միութեան թատերական, պարախումբի եւ երգչախումբի վարչութեանց, Համազգայինի գրական-գեղարուեստական երեկոներուն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Եգիպտոս Հայաստան` Գահիրէի Գիրքի 2019-ի Ցուցահանդէսի Պատուոյ Հիւր 12 նոյեմբերին Եգիպտոսի մշակոյթի նախարար Հելմի Նեմնեմ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեանի: Հանդիպման ընթացքին նախարարը  յայտնեց, որ կը հրաւիրէ Հայաստանը պատուոյ հիւրը ըլլալու 2019-ի Գահիրէի Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին: Վեց տարուան ընդմիջումէ ետք Հայկական մշակութային շաբթուան կազմակերպման առիթով  Ներսէս Տէր Վարդանեան ողջունեց Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարութիւնը` շեշտելով,...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հայաստանի Վերանկախացման Եւ Արցախի Անկախացման  25-Ամեակներու Նշում 15  հոկտեմբերին Քեսապի մէջ նշուեցաւ  Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութիւններու անկախացման 25-ամեակը:                                                                           Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դալար Թութիկեան-Գերպապեան, որ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ազատատենչութեան, անկախ պետութիւն կերտելու անոր մղած  դարաւոր  պայքարին եւ ազգային հարցերու շուրջ   հայութեան միասնականութեան: Ան կարեւոր նկատեց տքնաջան աշխատանքն ու յարատեւ պայքարը` ազգային իրաւունքներու վերատիրացման եւ երազանքներու...

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Փարիզի Եունիվերսիթէ թաղի իր կեդրոնատեղիին մէջ, երկուշաբթի, 14 նոյեմբերին, Ֆրանսայի նախկին նախագահ եւ նախագահական թեկնածու Նիքոլա Սարքոզի ընդունեց հայ համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Սոյն հանդիպումը կայացաւ քանի մը օր ետք Լիոնի շրջանի հանդիպումէն: Արդ, Հանրապետականներու կուսակցութիւնը (Les Républicains - LR) նախագահական իր թեկնածուն ճշդելու համար որոշած է կազմակերպել նախնական ներքին ընտրութիւններ: Այս ընտրապայքարի ծիրին մէջ թեկնածուներէն նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Պոլիս Վանի Նուիրուած Գիտաժողով` «Հրանդ Տինք» Հիմնարկին Նախաձեռնութեամբ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կեդրոնին մէջ անցած շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երկօրեայ գիտաժողով մը` «Վանի եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային ու տնտեսական պատմութիւն» խորագիրով: Այս նպատակով հիմնարկին կողմէ հրաւիրուած էին բազմաթիւ պատմաբաններ ու գիտնականներ, որոնց կարգին անշուշտ կան նաեւ հայեր` գլխաւորութեամբ մեծանուն պատմաբան ու ցեղասպանութեան նիւթի մասնագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը: Մասնակիցներուն շարքին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Քրիս Պոհճալեան Զեկուցեց Արցախի Մասին Կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ մշակութային «Արցախ ֆոնտ»-ին եւ «Թիւֆէնքեան» հիմնարկին,  29 հոկտեմբերին Մանհաթընի «Թիւֆէնքեան» հաստատութեան ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու` Անդրանիկ Գասպարեան, բարի գալուստի իր խօսքին մէջ տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջին ամիսներուն Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս քառօրեայ պատերազմին մասին: Ան շեշտեց, որ Ազրպէյճանի...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Դամասկոսի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Առօրեայէն Երեքշաբթի, 25 հոկտեմբերին, Դամասկոսի «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիահայ օգնութեան խաչի «Էրեբունի» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւնը` ներկայութեամբ 40 ընկերուհիներու: Յանձնախումբի ատենապետ Թալին Քալեմքեարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ներկայացուց դասախօս Յասմիկ Գույումճեանի հակիրճ կենսագրականը եւ հրաւիրեց զայն ներկայացնելու «Օգտակար բոյսերու գործածութիւնը` առանց որեւէ քիմիական նիւթերու օգտագործման»...

Գաղութէ- Գաղութ

Գաղութէ- Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Հայ Մշակոյթի Երեկոյ Նէա Զմիռնիի Մէջ Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան, 1 հոկտեմբերին Նէա Զմիռնիի բացօթեայ պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ փառատօն` մասնակցութեամբ աւելի քան 1800 ներկաներու: Փառատօնի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի պարախումբը, որ իր ներկայացումները կատարեց տեսերիզներու ցուցադրութեամբ:   Եգիպտոս Հայագիտական Գիտաժողով Գահիրէի Համալսարանէն Ներս Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին Գահիրէի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յորդանան Յորդանանի Մէջ Հայկական Մշակոյթի Օրերու Կազմակերպման Վերաբերեալ Քննարկում Աշխատանքային այցելութեամբ Ամման գտնուող Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան 4 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Յորդանանի Թագաւորութեան մշակոյթի նոր նշանակուած նախարար Նեպիհ Շուքամի հետ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին հաղորդեցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն` աւելցնելով. «Դեսպան Փոլատեան շնորհաւորեց Նեպիհ Շուքամը` մշակոյթի նախարարութեան...

Page 41 of 47 1 … 40 41 42 … 47

Արխիւներ