Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Համաժողովին Մասնակից Հոգեւոր Պետերը` Եգիպտոսի Նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին Մօտ
Երեքշաբթի, 17 մայիս 2022-ին, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի ընդունեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի 12-րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերու այցելութիւնը, Գահիրէի նախագահական պալատին մէջ: Նախագահ Սիսի ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց համաժողովը Եգիպտոսի մէջ գումարելու որոշումին համար: Ան հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան անհրաժեշտութեան եւ ընդգծեց, թէ քրիստոնեայ քաղաքացիները անբաժան մասնիկը կը կազմեն արաբական հասարակութեան: Իր խօսքի...




















