Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած «Ազդակ» Բացառիկի Ներկայացում Երեւանի Մէջ
«Նոյեան տապան» գործակալութիւնը, «Ազդակ» օրաթերթը եւ Հայկական ուսումնասիրութիւններու «ԱՆԻ» կեդրոնը 29 մայիսին ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Ազդակ» բացառիկը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Նոյեան տապան» գործակալութեան ղեկավար Տիգրան Յարութիւնեանը: Լրագրող, Հայկական ուսումնասիրութիւններու «ԱՆԻ» կեդրոնի համակարգող Թաթուլ Յակոբեանը իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց «Ազդակ» բացառիկներու հրատարակութիւնը` հաստատելով, որ անոր մէջ կը ներառուին լուրջ հայագիտական, պատմական եւ ցեղասպանագիտական յօդուածներ: «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր...




















