Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Բակօ Սահակեան Մասնակցած Է
Վերանորոգուած Զօրանոցի Բացման
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 13 մայիսին հանրապետութեան հարաւային թեւին մէջ մասնակցած է պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ հիմնական նորոգութեան ենթարկուած զօրանոցի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ հաստատած է, որ բանակաշինութեան եւ զինուած ուժերու մարտունակութեան բարձրացման իմաստով առանցքային տեղ յատկացուած է զինուորներուն ընկերային-կենցաղային պայմաններու բարելաւման: Երկրի ղեկավարը ընդգծած է, որ պետութիւնը բարձր կը գնահատէ իւրաքանչիւր սպայի եւ զինուորի աւանդը Արցախի անվտանգութեան ապահովման մէջ: Բակօ Սահակեան բարի ծառայութիւն, խաղաղութիւն ու բարօրութիւն մաղթած է զինուորներուն եւ հրամանատարներուն:
Նախագահին կ՛ընկերակցէին պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Ամերիկահայ Գրող Յովսէփ Նալպանտեանի
Գիրքերու Շնորհահանդէս
Մայիս 14-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ գրող, մատենագիր Յովսէփ Նալպանտեանի երկու գիրքերու` «Կեանքի շարունակուող շաւիղներ» եւ «Հայ գիրքը Ամերիկայի մէջ» (1857-2015 թթ.) մատենագիտական աշխատութեան շնորհահանդէսը, զոր հեղինակը նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Ներկայ էին Հայաստանի սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեանը, մտաւորականներ, դասախօսներ եւ այլ անձնաւորութիւններ: Յովսէփ Նալպանտեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացուց Հայաստանի Ազգային գրադարանի փոխտնօրէն Հայկանուշ Ղազարեան:
Փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Շատ վաղուց եմ ճանաչում Յովսէփ Նալպանտեանին` դեռեւս ուսանողական տարիներից: Յովսէփ Նալպանտեանի նուիրումը հայ ժողովրդի, հայ մշակոյթի հանդէպ բնութագրումն է մարդու այն տեսակը, որը դժբախտաբար պակասում է այսօր հասարակութեան մէջ: Երկրորդ բնութագրիչ գիծն այն է, որ չափազանց անկեղծ է. պատկառելի կեանք ապրած մարդը շարունակում է մանկան նման անկեղծ եւ սիրով մնալ: Սա է նրա յաջողութեան գաղտնիքը, քանի որ այն գրքերը, որոնք ստեղծել է նա, սիրտ, հոգի եւ նուիրում կայ դրուած: Նա այդ ամէնը ծինականօրէն ժառանգել է ծնողներից եւ մայր հողից: Այս մեծ հայը իր տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ հայ մշակոյթի գանձերը մէկտեղելով, ի մի բերելով` օտար ափերում հայրենիք է ստեղծում»:
Ապա խօսք առաւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆեսէօր, գրականագէտ Սամուէլ Մուրադեան, որ ըսաւ. «Այն երջանիկներից եմ, ում բախտ է վիճակուել 1983 թուականին ԵՊՀ բանասիրութեան բաժանմունքում դասախօսել նրան, շատ առաջադէմ ուսանող էր, յիշում եմ, թէ ինչպէս էր արցախեան շարժման օրերին նա նստացոյց արել, առաջադէմ, ազնիւ մտաւորական է, նրա գրքերում ամփոփուած են մեր ժողովրդի պատմութիւնը, մշակոյթը»:
Բանաստեղծ Արեւշատ Աւագեան շնորհակալութիւն յայտնելով Նալպանտեանին` վկայեց. «Նրա աշխատանքներում այնքան հայրենասիրութիւն, մշակութային գաղտնիքներ կան ներառուած, որ ակամայից ուզում եմ խոնարհուել նրա առջեւ: Ինձ նաեւ ոգեւորում է Յովսէփի` համացանցում աշխուժ լինելը, նոյնիսկ այդ միջոցով է փորձում հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը տարածել»:
ԵՊՀ դասախօս, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆեսէօր Ռուբէն Սաքապետոյեանի համաձայն, Յովսէփ Նալպանտեան անունը հպարտութիւն կը պատճառէ ԵՊՀ բանասիրական բաժանմունքին: «Ժամանակին, երբ սփիւռքից ուսանողներ էին գալիս իրենց մօտ սովորելու, նա այդ հարցում առաջամարտիկներից էր, եւ դարձաւ վերջին ռահվիրան իր սերնդի, քանի որ հիմա բոլորովին այլ պատկեր է: Յովսէփը գաղափարապէս ձեւաւորուած հայրենասէր է, ումից շատ բան ունենք սովորելու, իսկ գրքի հանդէպ առանձնայատուկ պաշտամունք ունի, գուրգուրանքով է ձեռքն առնում այն: Յովսէփն իր կեանքը նուիրեց հայրենիքին, հայրենասիրութեան քարոզչութեանը», ըսաւ ան:
Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Յովսէփ Նալպանտեան. «Հպարտ եւ անսահման յուզուած եմ այսօրուան այս նախաձեռնութեան համար, գտնուելով Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ` աչքիս առջեւ յայտնուեցան ուսանողական տարիներս, թէ ինչպէս կու գայինք հոս ընթերցանութեան, միշտ պատրաստ եմ հեռաւոր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն գիրքեր ուղարկելու թէ՛ Ազգային գրադարանին, թէ՛ միւս գրադարաններուն: Միշտ պատրաստ եմ Հայաստանի կողքին գտնուելու եւ ուժերուս ներածին չափ օգտակար ըլլալու հայրենիքիս, պատգամս է, որ դուք ալ միշտ ձեր զաւակներու, թոռներու հոգիներուն մէջ վառ պահէք հայրենասիրութեան գաղափարը եւ անոնց մէջ սէր արթնցնէք առ գրականութիւն եւ ընթերցանութիւն, անոնց բացատրէք գիրք կարդալու խորհուրդին եւ նշանակութեան մասին, գիտցէք, որ դուրսն ալ մենք կը կատարենք այդ քարոզչութիւնը եւ կը պայքարինք հայրենիքին համար»:
Նալպանտեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Յակոբ Մեղապարտ» մետալով:
Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է Համաշխարհային
Սկաուտական Շարժման Պատուիրակութիւնը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 11 մայիսին ընդունած է Համաշխարհային սկաուտական շարժման պատուիրակութիւնը` շարժման գլխաւոր քարտուղար Սքոթ Թիրի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի Ազգային սկաուտական շարժման ներկայացուցիչները եւ Համաշխարհային կոմիտէի անդամները, որոնք 6-11 մայիսին Հայաստանի մէջ գումարած են Համաշխարհային սկաուտական շարժման «Եւրասիա» տարածաշրջանի սկաուտական կոմիտէի նիստը:
Նախագահը անդրադարձած է սկաուտութեան առաքելութեան ու շարժման կատարած աշխատանքի կարեւորութեան` կրթուած եւ ճիշդ արժէքներ կրող, ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս առողջ սերունդներու դաստիարակութեան առումով: Ան կարեւոր նկատած է սկաուտական միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու հետ Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժման սերտ համագործակցութիւնն ու տարիներ շարունակ հետեւողականօրէն համահայկական եւ միջազգային նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը, որ համագործակցութեան, փորձառութեան փոխանակման, ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման իմաստով չափազանց կարեւոր է: Նախագահ Սարգսեան նշած է, թէ, հակառակ անոր որ 1989 թուականէն գործող Հայաստանի Ազգային սկաուտական կազմակերպութիւնը 1997 թուականէն դարձած է Համաշխարհային սկաուտական շարժման լիիրաւ անդամ, այդուհանդերձ, կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ 1918 թուականին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին հիմնուած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան աւանդոյթներու կրողն ու շարունակողը:
Ողջոյնի խօսքին մէջ նախագահը անդրադարձած է Համաշխարհային սկաուտութեան նախաձեռնած «Խաղաղութեան սուրհանդակներ» ծրագիրին` շեշտելով, որ անիկա չափազանց կարեւոր է խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման ձգտող Հայաստանին համար: Նախագահը հիւրերուն ներկայացուցած է Հայաստանի կողմէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ ճամբով լուծման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը եւ` ընդգծած, որ Հայաստան կարելին կ՛ընէ` վստահութեան ստեղծման, կառուցողական բանակցութիւններու կայացման համար:
Հանդիպման ընթացքին սկաուտական շարժման գլխաւոր քարտուղարն ու բոլոր մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնած են նախագահ Սերժ Սարգսեանին` հիւրընկալութեան եւ Հայաստանի մէջ սկաուտական շարժման նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան ու մնայուն ուշադրութեան համար` նշելով, որ յաջորդ տարուան հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ նախատեսուած է կայացնել տարածաշրջանային համաժողով: Սկաուտական շարժման մասնակիցները յոյս յայտնած են, որ նախագահը այս նախաձեռնութեան ծիրին մէջ կը հիւրընկալուի Բիւրականի սկաուտական բանակավայրին մէջ:
– Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան 12 մայիսին ընդունած է Համաշխարհային սկաուտական շարժման գլխաւոր քարտուղար Սքոթ Թիրը: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ համաշխարհային եւ տարածաշրջանային սկաուտական շարժման պատուիրակութեան անդամներ: Ողջունելով հիւրերը` քաղաքապետը յատուկ կերպով անդրադարձած է երիտասարդութեան ծիրին մէջ կազմակերպութեան կատարած աշխատանքներուն` նկատել տալով, որ այս գործունէութիւնը կարելիութիւն կու տայ պատրաստելու հայրենասէր, պատասխանատու եւ գիտակից սերունդ:
«Երեւանի քաղաքապետարանի կողմից կազմակերպուող միջոցառումներին մենք մշտապէս փորձում ենք ներգրաւել հայաստանեան սկաուտական շարժման ներկայացուցիչներին, եւ պէտք է նշեմ, որ նրանք մշտապէս աչքի են ընկնում իրենց աշխուժ մասնակցութեամբ ու կազմակերպչական ունակութիւններով: Կազմակերպութիւնը նաեւ Երեւանի քաղաքապետին կից քաղաքաշինական խորհրդի երիտասարդական յանձնաժողովի անդամ է եւ մշտապէս աշխուժ մասնակցութիւն ունի համաքաղաքային նշանակութեան տարբեր ծրագրերին, ինչն, անշուշտ, ողջունելի է», ընդգծած է քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Համաշխարհային սկաուտական շարժման գլխաւոր քարտուղար Սքոթ Թիրը իր հերթին կարեւոր նկատելով սկաուտական շարժման գործունէութիւնը` դիտել տուած է, որ Հայաստան իսկապէս ունի հմուտ ու հայրենասէր երիտասարդներ, եւ նկատի ունենալով Երեւանի քաղաքապետարանին հետ գոյութիւն ունեցող աշխուժ համագործակցութիւնը` համոզում յայտնած է, որ անիկա աւելի եւս սերտանայ եւ ամրապնդուի:
Համաշխարհային սկաուտական շարժման կոմիտէի անդամ Բագրատ Եսայեան, իր կարգին, բարձր գնահատելով քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի կողմէ Հայաստանի Ազգային սկաուտական շարժման նկատմամբ ցուցաբերուած աջակցութիւնն ու մնայուն ուշադրութիւնը, ընդգծած է, որ ասիկա կարելիութիւն պիտի տայ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն մէջ առաւել եւս աշխուժացնելու սկաուտական շարժման գործունէութիւնն ու անմիջական մասնակցութիւնը համայնքային ծրագիրներուն:
Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան անգամ մը եւս վստահեցուցած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանը պատրաստ է իր լիազօրութիւններու ծիրին մէջ աջակցիլ բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը միտին ապահովել առողջ հասարակութեան կայացումը:
Քանդակագործ Լիլի Կարապետեանի «Ճչացող Լռութիւն»
Շրջիկ Ցուցահանդէսը`
Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Ապրիլի 24-ին Էջմիածին քաղաքին մէջ բացումը կատարուած է քանդակագործ Լիլի Կարապետեանի «Ճչացող լռութիւն» ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: 3 մայիսին անիկա տեղափոխուած է մայրաքաղաք` Յաղթանակի զբօսայգի, ուր մնաց մինչեւ 8 մայիս, որմէ ետք սկսաւ իր «գաղթը» Հայաստանի տարբեր մարզեր: Բաց երկնքի տակ ցուցահանդէսը մէկ տարուան ընթացքին պիտի շրջի Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս: Ցուցահանդէսին նպատակն է թոյլ չտալ, որ նման ոճիրներ մոռացութեան մատնուին եւ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնուին Հայոց ցեղասպանութիւնն եւ Հայ դատը:
Լիլի Կարապետեանի այս մտայղացումը ծնած է 5 տարի առաջ եւ տարիներու ընթացքին կերտուած է վեց ստեղծագործութիւն, որոնք կ’արտայայտեն մեծ ողբերգութեան տարիներուն եւ անկէ ետք իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ մնացած վիշտն ու կորուստը: Բայց միաժամանակ պրոնզէ քանդակներու կանգուն դիրքը եւ հայոց լեռնաշխարհը խորհրդանշող ժայռաբեկորները կը փոխանցեն անսասան ուժ եւ կենսական այնպիսի ներուժ, զորս կարելի չէ կործանել եւ ջնջել պատմութեան էջերէն:
Հեղինակը չէ ուզած իր այս գործերը ներկայացնել փակ ցուցասրահներու մէջ, քանի որ պատմութեան այդ էջերը համահայկական են եւ կորուստի ու ցաւի զգացումը ժողովուրդինը: Ուստի ասիկա ժողովրդային նախագիծ է, որ իւրայատուկ է:
«Այբ» Դպրոցին Մէջ Կայացաւ Ճարտարագիտական
Կրթութեան Թեմայով Գիտագործնական Սեմինար
Կրթութեան մէջ գործնական մեթոտներու կիրարկման նպատակով «Այբ» դպրոցին մէջ կայացաւ «Ճարտարագիտական կրթութիւն. դպրոցէն մինչեւ արտադրութիւն» թեմայով գիտագործնական սեմինար:
Սեմինարի նպատակն էր օգնել ուսուցիչները «ԼԵԿՕ էճիւքէյշըն»-ի արհեստագիտութիւններուն միջոցով խթանել աշակերտներուն հետաքրքրութիւնը ճարտարագիտութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, մարդամեքենայի շինութեան, բնագիտութեան եւ ուսողութեան հանդէպ եւ զանոնք ներգրաւել այս ոլորտներուն մէջ:
Նախաձեռնութիւնը սկսաւ լիագումար նիստով, որուն ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկան «Այբ» կրթական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Դաւիթ Սահակեանը, «Վիվասէլ-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, Ռուսիոյ եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ «ԼԵԿՕ էճիւքէյշըն»-ի կրթական ծրագիրներու տնօրէն Օլկա Լոմպասը եւ «Կրթական ստեղծարար տեխնոլոգիաներ» ընկերութեան նախագահ Ռուբէն Յարութիւնեանը:
Ըստ «Այբ» կրթական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Դաւիթ Սահակեանի, 21-րդ դարուն կրթութիւնը պէտք է կարելիութիւն տայ երեխաներուն սորվելու խնդիրներ լուծել եւ փորձարկումներ իրականացնել. «Անիկա պէտք է զարգացնէ երեխաներու ստեղծագործական ունակութիւնները, քաջալերէ եւ ուղղորդէ: Նման միջոցառումներ ուղղուած են դպրոցներուն մէջ ուսումնական գործընթացներու բարելաւման»:
«Արագօրէն փոփոխուող ժամանակակից աշխարհին մէջ չափազանց կարեւոր է յառաջընթացին համընթաց շարժիլ բոլոր եւ մասնաւորաբար արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ: Ատիկա կարելի կ’ըլլայ, եթէ դպրոցին մէջ ներդրուին դասաւանդման նորարարական, ստեղծագործականութիւնը խթանող մեթոտներ, իսկ երեխաները կանուխ տարիքէն ծանօթանան արհեստագիտական կարելիութիւններուն ու լուծումներուն: «Վիվասէլ-Էմ. Թի. Էս.»-ը կ՛աջակցի այս նախաձեռնութեանը, քանի որ անիկա կ՛առնչուի երկրի զարգացման համար առանցքային նշանակութիւն ունեցող հարցերուն` կրթութեան, արհեստագիտական յառաջընթացին եւ նորարարական մտածելակերպին», նշած է «Վիվասէլ-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Զեկոյցներուն յաջորդեցին վարպետութեան դասերը` նախատեսուած տարրական ու միջին դպրոցներու ուսուցիչներուն համար:
Նախաձեռնութեան զուգահեռ տեղի ունեցաւ «ԼԵԿՕ էճիւքէյշըն» ընկերութեան կրթական արհեստագիտութեան գործնական ցուցադրութիւն:
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչներն էին` «Այբ» կրթական հիմնադրամը, «Կրթական ստեղծարար տեխնոլոգիաներ» ընկերութիւնը եւ «ԼԵԿՕ էճիւքէյշըն»-ը, իսկ գործընկերներն էին` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնն ու «Վիվասէլ-Էմ. Թի. Էս.»-ը: