Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երեւանի Կեդրոնը Նոր Եկեղեցւոյ Եւ
Կաթողիկոսի Երեւանեան Նստավայրի Բացում
Երեւանի մէջ, 10-րդ դարու Ս. Աստուածածին մատուռին կից Ս. Աննա եկեղեցին, որ կը գտնուի Սայաթ Նովա եւ Աբովեան փողոցներու քառուղիին վրայ, 30 ապրիլին օծուեցաւ եւ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ձեռամբ:
Եկեղեցական համալիրը բաղկացած է երեք մասերէ` Ս. Աննա եկեղեցին, Ս. Աստուածածին մատուռը եւ վեհափառի երեւանեան նստավայրը:
«Փորձած ենք այնպիսի ձեւով կառուցել, որ ներդաշնակ ըլլայ երեւանեան ամէնէն հին եկեղեցիներէն մէկուն` Ս. Աստուածածնին: Ընդհանուր առմամբ, մեր աւանդական ոճն է, քիչ մը համադրած ենք զայն մեր դասական` երեւանեան ճարտարապետութեան հետ: Համալիրը կառուցելու խորհուրդը եղած է այն, որ նորակառոյց Ս. Աննա եկեղեցին մասամբ մը գրկէ միւս եկեղեցիին, եւ այնպէս մը ըրած ենք, որ ետ մնայ այն, որպէսզի առաջնակարգը ըլլայ Ս. Աստուածածին եկեղեցին», լրագրողներուն հետ զրուցելու ընթացքին յայտնած է ճարտարապետ Վահագն Մովսիսեան:
Նշենք, որ եկեղեցին կառուցուած է ամերիկահայ բարերար Հրայր Յովնանեանի միջոցներով: Օծման արարողութեան ներկայ գտնուած են` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանը, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը եւ մշակոյթի գործիչներ:
Երեւանի Մէջ Բացուած Է
Ռազմական Բժշկական Թանգարան
Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի ռազմական բժշկական բաժանմունքին մէջ բացումը կատարուած է նոր թանգարանի մը` ներկայութեամբ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի:
Ողջունելով ձեռնարկին մասնակիցները` Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի նախագահ Միքայէլ Նարիմանեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ արցախեան ազատամարտի պատմութիւնը եւ յաղթանակի բերկրանքը արտացոլացնող նոր թանգարանը եւս բեմ պիտի հանդիսանայ երիտասարդ սերունդին համար` յիշելու եւ վերարժեւորելու արցախեան ազատամարտի մասնակիցներուն, որոնց կարգին` ռազմական բժիշկներու սխրանքը:
Նախարար Սէյրան Օհանեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորելով ներկաները մայիսեան եռատօնին առիթով եւ անգամ մը եւս արժեւորելով հիւանդապահներու դերը թէ՛ արցախեան պատերազմի տարիներուն եւ թէ՛ խաղաղ պայմաններուն մէջ, նկատել տուած է, որ ռազմական բժիշկները մեծ դեր խաղացած են հայկական բանակի կայացման եւ ամրապնդման գործին մէջ, եւ այսօր ալ ակնյայտ է զինուած ուժերուն համար բժշկական մարդուժ պատրաստող Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ռազմական բժշկական բաժանմունքին դերն ու նշանակութիւնը:
Ձեռնարկէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սէյրան Օհանեան դիտել տուած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմական համակարգի ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է` հաստատելով, որ վերջին շրջանին ստորագրուած կարեւորագոյն փաստաթուղթերը կ՛ապահովեն այդ համագործակցութեան զարգացումը: Ան յայտնած է, որ անշուշտ, մտահոգութիւն կայ, որ Ազրպէյճան զէնք կը գնէ Ռուսիայէն: «Եթէ համեմատելու ըլլանք, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմական, ռազմական ոլորտին մէջ աւելի շատ ձեռնարկներ կ՛իրականացուին, քան` Հայաստանի եւ այլ երկրներու միջեւ: Վերջին ժամանակաշրջանին ստորագրուած կարեւորագոյն փաստաթուղթերը կ՛ապահովեն ռազմական ոլորտին մէջ մեր համագործակցութեան զարգացումը: Ինչ կը վերաբերի այլ երկիրներու հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն, այդ իւրաքանչիւր երկրի հարցն է: Մտահոգութիւնները պարբերաբար կ՛արտայայտենք, եւ այս մէկը կը նշանակէ, որ այդ բոլորը վերահսկելի իրավիճակի մէջ են», յայտնած է նախարարը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը շեշտած է, որ սահմանին կանգնած զինուորները բարձր մակարդակի հերթապահութիւն կը կատարեն եւ օր ըստ օրէ կը կատարելագործեն մարտական հերթապահութեան բոլոր տարրերը:
Սէյրան Օհանեան Ընդունեց
Հայ Օգնութեան Միութենէն Խումբ Մը
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան մայիս 5-ին ընդունած է Հայ օգնութեան միութեան խումբ մը անդամներ` միութեան Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի տնօրէն Ժասիկ Բունիաթեանի գլխաւորութեամբ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` բացման խօսքով հանդէս գալով եւ շեշտելով կարեւորութիւնը սփիւռքի հետ կապերու շարունակական ամրապնդումին` պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան բարձր գնահատած է հայրենիքի պաշտպանութեան գաղափարին շուրջ հայրենիք-սփիւռք համերաշխութիւնը եւ միասնականութիւնը եւ ընդգծած է, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեամբ մեր երկիրը ուժեղ եւ անպարտելի է, ի զօրու` յաղթահարելու իր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:
Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր խօսքին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան հրաւիրած է 2015 թուականին հայ ժողովուրդի համար երկու նշանակալի իրադարձութիւններու` հայոց Մեծ եղեռնի 100-ամեակին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի խորհրդային ժողովուրդներու` որոնց շարքին հայերու մասնակցութեամբ տարած յաղթանակի 70-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:
Պաշտպանութեան նախարարը ղեկավարը սփիւռքահայ հիւրերուն հաւաստիացուցած է, որ ինչպէս տասնեակ տարիներ առաջ հայկական զինուժը պատուով յանձնած է իր առջեւ դրուած քննութիւնը, այնպէս ալ այսօր բարձր մակարդակով կը կատարէ իր բոլոր պարտականութիւնները` արժանի հակահարուած հասցնելով հակառակորդի որեւէ ոտնձգութեան:
«Կ՛ապրինք Հայաստանէն հեռու, սակայն կը սնանինք հայրենիքով, կապրի՛նք հայերէնով եւ հայեցի, կ՛ուրախանանք Հայաստան աշխարհի իւրաքանչիւր ձեքբերումով եւ յաջողութեամբ», այսպէս սկսած է իր ելոյթը Ժ. Բունիաթեան, որ պաշտպանութեան նախարարին շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` հաւաստիացուցած է, որ բոլոր սփիւռքահայերուն համար առաջնային հարցը հայապահպանումն է, եւ Հայ օգնութեան միութեան ներկայացուցիչները եւս պատրաստ են իրենց ժամանակը եւ միջոցները ներդրելու ազգային բանակին, հայ զինուորի կողքին գտնուելու համար:
Հանդիպման աւարտին պաշտպանութեան նախարարը պատասխանած է հիւրերը հետաքրքրող հարցումներուն` քննարկելով համագործակցութեան կարելի ուղղութիւնները:
Վայրի Բնութեան Եւ Մշակութային Արժէքներու
Պահպանման Հիմնադրամը Եւ «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը
Կազմակերպած Են Ծառատունկ` Կենդանաբանական
Պարտէզին Կանաչապատումէ Զուրկ Հատուածին Մէջ
Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը, իբրեւ այգիի բարեփոխման աշխատանքներու մաս, ծառատունկ իրականացուցած են կենդանաբանական պարտէզին կանաչապատումէ զուրկ հատուածին մէջ: Ընդհանուր առմամբ, ծրագրի շրջանակին մէջ տնկուած է թխկի, շագանակենի, սօսի, արօսենի տեսակներու մօտաւորապէս 60 ծառ: Ծառատունկը կատարուած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի 30 աշխատակիցներու ուժերով:
Տնկուող ծառերու ընտրութիւնը իրականացուած է` կենդանաբանական պարտէզի կենդանատեսակներու եւ բուսատեսակներու պահանջներէն մեկնելով: Ծառատունկի հիմնական նպատակն է նպաստել Կենդանաբանական պարտէզի միքրոտարածքին մէջ կենսաբազմազանութեան պահպանման: Ան նաեւ կը նպատակադրէ հրաւիրել հասարակութեան ուշադրութիւնը բնապահպանական հարցերու վրայ եւ ներգրաւել կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքացիներուն անոնց լուծման գործին մէջ:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տայ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան առնչուող հարցերուն եւ մնայուն մասնակցութիւն կը բերէ կազմակերպուող ծառատունկերուն: Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին հետ միատեղ ընկերութիւնը կը ցանկայ շարունակական եւ ընդգրկուն դարձնել ծառատունկի աշխատանքները` ներգրաւելով երիտասարդները:
2011 թուականին Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին համար սկիզբէն ի վեր` «Վիվասել-ԷմգԹիգԷսգ»-ը 50 միլիոն դրամ յատկացուցած է ծրագրին իրականացման: 2011 թուականէն սկսեալ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը նաեւ գերարագ անթել համացանցի կապ կ՛ապահովէ Երեւանի կենդանաբանական պարտէզի տարածքին: 2015 թուականի ընթացքին Կենդանաբանական այգին կը ներկայանայ հանրութեան նոր` վերափոխուած եւ բարելաւուած տեսքով եւ յատուկ մշակուած զբօսուղիներով, իսկ պարտէզին այցելուները կարելիութիւն կ՛ունենան օգտուելու ընդլայնուած անթել համացանցի ծածկոյթէն` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեան շնորհիւ:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մասնակցած է Երեւանի կենդանաբանական պարտէզի բարեփոխման աշխատանքներուն` տարբեր մակարդակներու վրայ: Բնապահպանական, կրթական եւ տեղեկատուական արշաւները կ՛իրականացուին Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ին հետ միատեղ: Իրականացուած են «Երկրի օր», «Նկարչական տօն», «Դդումի օր», «Պաղպաղակի օր», «Ապրող ծառ» բնապահպանական տօն-մրցոյթները, «Երազանքի գիշեր կենդանաբանական պարտէզին մէջ» նախաձեռնութիւնը եւ այլ ձեռնարկներ: Ամէն տարի «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կենդանաբանական պարտէզին կը տրամադրէ տարբեր ծառատեսակներու տնկիներ, իսկ ընկերութեան աշխատակիցները կը մասնակցին ծառատունկերուն:
2014 թուականի դեկտեմբերէն Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առին Հայաստանի մէջ առաջին ներառական խաղահրապարակի կառուցման աշխատանքները: Նախագիծին նպատակն էր տարբեր կարողութիւններ ունեցող փոքրիկներուն թոյլ տալ, որ հաղորդակցին իրարու հետ` ապահովելով խաղալու հաւասար իրաւունք: Նախագիծը ուղղուած է Հայաստանի մէջ արձանագրուած յատուկ կարիքներով աւելի քան 8000 փոքրիկներու համար կրթական, բուժման, ինչպէս նաեւ ժամանցային բեմ ստեղծելուն: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մասնակցած է նախագիծին եւ անոր իրականացման համար յատկացուցած է 10 միլիոն դրամ:
«Ծառերը մեր հողին հոգին են. որքան աւելի ծառ տնկենք, այնքան մաքուր օդ պիտի ունենանք եւ պիտի շնչենք: Այս է կեանքի աղբիւրը, եւ մենք պէտք է տարածենք այս գիտակցութիւնը մարդոց մէջ: Աշխարհի մէջ ծառերու քանակը երբեք բաւարար չէ, յատկապէս նկատի առնելով համաշխարհային արդիւնաբերութեան` շրջակայ միջավայրին հասցուցած անդառնալի վնասը: կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին` յանձն առնել ծառեր տնկելու եւ անոնց մասին հոգ տանելու պարտականութիւնը` առաւել մաքուր եւ առողջ աշխարհ ունենալու համար», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան
Մասնակցած Է «Գոհար Հայաստանի Աստղերու Հետ»
Երեւանեան Նուագահանդէս- Երգահանդէսի
Տեսասկաւառակի Շնորհահանդէսին
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնակցած է «ԳՈՀԱՐ Հայաստանի աստղերու հետ» երեւանեան նուագահանդէս-երգահանդէսի տեսասկաւառակի շնորհահանդէսին, որ նախաձեռնած էր լիբանանահայ բարերար Գոհար Խաչատուրեանը:
Նուագահանդէս-երգահանդէսը, որ նուիրուած եղած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման, տեղի ունեցած էր 28 մայիս 2011-ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբ-երգչախումբի եւ հայ էսդրատային երգիչներու մասնակցութեամբ:
Հանդիսութեան ընթացքին շնորհակալագրեր, մետալներ յանձնուեցան բոլոր անոնց, որոնք աշխուժ մասնակցութիւն ունեցան ծաւալով եզակի եւ «ԳՈՀԱՐ Հայաստանի աստղերու հետ» ելոյթին:
Հաղորդենք, որ հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցան ժապաւէններ` համոյթի գործունէութեան եւ ի յիշատակ` մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանի մասին:
Հայաստանի Բնակչութիւնը Նուազած Է,
Երեւանինը` Աւելցած
1 յունուար 2015-ի դրութեամբ Հայաստանի մնայուն բնակիչներուն թիւը կազմած է 3 միլիոն 10 հազար 600 հոգի, որուն քաղաքային բնակչութիւնը` 1 միլիոն 912 հազար 900 մարդ, գիւղական` 1 միլիոն 97 հազար 700 մարդ:
Նախորդ տարուան 1 յունուարին հետ բաղդատելով` Հայաստանի մէջ մնայուն բնակչութիւնը նուազած է 6500-ով, որուն քաղաքայինը` 1200-ով, իսկ գիւղականը` 5300-ով:
Աւելցած է Երեւանի մնայուն բնակիչներուն թիւը: 1 յունուար 2014-ի դրութեամբ անոնց թիւը 1 միլիոն 68 հազար 300 հոգի էր, 2015-ին դարձած է 1 միլիոն 71 հազար 500 հոգի:
Արագածոտնի մարզին մէջ 1 յունուար 2015-ի դրութեամբ մնայուն բնակչութիւնը կազմած է 131 հազար 300 մարդ, Արարատի մէջ` 260 հազար 100 մարդ, Արմաւիրի մէջ` 267 հազար, Գեղարքունիքի մէջ` 233 հազար, Լոռիի մէջ` 228 հազար, Կոտայքի մէջ 255 հազար, Շիրակի մէջ` 246 հազար 400, Սիւնիքի մէջ` 140 հազար 200, Վայոց Ձորի մէջ` 51 հազար 400, Տաւուշի մէջ` 126 հազար 700 մարդ:
Հայերէնի Առցանց Բացատրական Եւ
Թարգմանչական Բառարան 10 Լեզուներով
Հայաստանի մէջ արդէն գործածութեան յանձնուած է հայոց լեզուի` արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, գրաբար բացատրական եւ թարգմանչական, ինչպէս նաեւ օտար 10 լեզուներով` անգլերէնով, ռուսերէնով, թրքերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով, թալիշերէնով, լեզգիերէնով, լատիներէնով, քրտերէնով առցանց բառարան, որ համացանցի վրայ օգտագործելի է www.translator.am հասցէով: Այս բառարանը ներկայիս ամէնէն ծաւալունն է եւ զայն ստեղծողները համոզուած են, որ անով էական ներդրում կ՛ունենան հայերէնի պահպանման եւ զարգացման գործին: Բառարանին որակին կը վերահսկէ Լեզուի պետական տեսչութիւնը:
Վեդիի Մէջ` Ղարաբաղեան Ազատամարտին
Անհետ Կորսուածներու Յիշատակի Պուրակ
Արարատի մարզի Վեդի քաղաքի զբօսայգիին մէջ 21 ապրիլին տեղի ունեցաւ ծառատնկում, որով ազդարարուեցաւ «Ղարաբաղեան հակամարտութեան հետեւանքով Արարատի մարզի անյայտ կորած անձանց յիշատակին նուիրուած պուրակի» հիմնումը: Զբօսայգին, որ ստեղծուած է 1967 թուականին, կը պարփակէ Եղեռնի զոհերու, Բ. Համաշխարհային պատերազմի հերոսներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողները, ԵԿՄ անդամներու ու 1988 թուականի 7 դեկտեմբերի երկրաշարժի զոհերու յուշաքարերը: Այդ չորս յուշակոթողներուն կողքին զբօսայգիին մէջ աւելցած է անհետ կորսուած 20 անձերու մայրերուն եւ կիներուն տնկած 20 անուանական սոճիները:
Ներկայ էին Վեդիի քաղաքապետարանի աշխատակիցները, Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները, այդ կառոյցներու մարզային ներկայացուցիչները, քաղաքի աւագ, գեղարուեստի եւ երաժշտական դպրոցներու աշակերտները եւ ուսուցիչները, անհետ կորսուածներու ընտանիքի անդամները, հիւրեր:
Ծառատնկումէն առաջ Յուսիկ քհնյ. Նուրիջանեան կատարեց Տէրունական աղօթքը` նշելով, որ միշտ պէտք է յիշել եւ գնահատել բոլոր անոնք, որոնք տարիներ առաջ իրենց կեանքը տուին հայրենիքի անկախացման համար, ոմանք ալ գացին անվերադարձ` մինչեւ օրս ոչ մէկ լուր փոխանցելով: Ան մաղթեց, որ ծառի իւրաքանչիւր տերեւի բողբոջի հետ ընտանիքները լուր ունենան իրենց կորսուած հարազատին մասին, իսկ ծառերու ծաղկելուն պէս անոնք ողջ-առողջ վերադառնան ընտանիքներուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արարատի մարզի Հայկական կարմիր խաչ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ռիթա Մանուկեանը, որ խօսեցաւ պուրակի հիմնադրման նպատակին, հետագային հոն ընտանիքներուն եւ անոնց թոռներուն համար հանգիստի գօտի ստեղծելու, անոնց զգացումներուն եւ ապրումներուն մասին:
«Զոհուած եւ կորած ազատամարտիկներու միութեան» Արարատի տարածաշրջանի նախագահ Սեդա Տեմիրճեան իր ամուսնոյն անունով ծառը տնկելէ ետք մամլոյ հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, թէ ինք կը հաւատայ, որ ամուսինը կենդանի է: «Ես մեծ յոյս ունիմ, որ ան օր մը պիտի վերադառնայ: Այս ծառը ինծի ինչ-որ ձեւով մը կրկին յոյս կու տայ: Ասոր մէջ ամուսնոյս շունչը եւ հոգին կը զգամ», ընդգծեց ան:
Ծառատնկումէն ետք Հայկական կարմիր խաչ ընկերութեան եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները տեղադրեցին ցուցանակ, ուր նշուած է պուրակին անունը եւ հիմնադրութեան թուականը: Պուրակի ստեղծման նախաձեռնութիւնը անհետ կորսուած անձերու ընտանիքներունն է: Անիկա իրականութիւն դարձուց Հայկական կարմիր խաչի ընկերութիւնը` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աջակցութեամբ եւ Վեդիի քաղաքապետարանին հետ համագործակցութեամբ` «Սատարում անյայտ կորածներու ընտանիքներուն» ծրագրի ծիրին մէջ:
ՀԿԽԸ որոնողական ծառայութեան բաժնի վարիչ Սամուէլ Յունանեան լրագրողներուն յայտնած է, որ այս ծրագիրը 2011-էն ի վեր կը գործադրուի Հայաստանի մէջ, անոր նպատակն է անհետ կորսուածներու ընտանիքներուն համար կազմակերպել առողջապահական, ընկերային, իրաւաբանական ոլորտի մասնագէտներու հետ հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ` մշակութային նախաձեռնութիւններ եւ դասընթացքներ: Յունանեան յայտնեց, որ իրենց նպատակն է հանրապետութեան բոլոր մարզերուն մէջ ստեղծել նման պուրակներ: Նախորդ շաբաթ անհետ կորսուած անձերուն յիշատակին նուիրուած պուրակ ստեղծուած է նաեւ Արմաւիր քաղաքին մէջ, ուր տնկուած է 41 հացենի: Այս օրերուն նման պուրակ պիտի ստեղծուի նաեւ Մասիս քաղաքին մէջ` ի յիշատակ 12 ընտանիքներու անհետ կորսուած անձերուն:
Սկսելէն մինչեւ օրս ծրագրին մէջ ներգրաւուած են 47 ընտանիք Սիւնիքէն, հինգ ընտանիք Վայոց Ձորէն, 15 ընտանիք Գեղարքունիքէն, 12 ընտանիք Շիրակէն, 23 ընտանիք Լոռիէն, 41 ընտանիք Արմաւիրէն, 11 ընտանիք Տաւուշէն եւ 32 ընտանիք Արարատի մարզէն: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակին մէջ ղարաբաղեան հակամարտութեան իբրեւ հետեւանք 4541 անհետ կորսուած անձերու վերաբերող դիմումներ արձանագրուած են, 400-ը` Հայաստանի մէջ:
Սէյրան Օհանեան Մասնակցած Է Թաթուլ Կրպէեանի
50-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին
Արցախեան ազատամարտի մասնակից, Հայաստանի ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի ծննդեան 50-ամեակին առիթով, 21 ապրիլին, յիշատակի եւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը կազմակերպուած է անոր հայրենի գիւղին մէջ, որ ներկայիս կը կրէ հերոսին անունը: Աւանդութեան համաձայն, հերոսին ծննդեան օրը անոր հայրենի գիւղը կրկին բազմամարդ եղած է: Բարձրաստիճան շարք մը պաշտօնեաներ, արցախեան ազատամարտի վեթերաններ, ուսանողներ, դպրոցականներ, պատանի երկրապահներ եւ Թաթուլի հարազատները եւ ընկերները եկած էին անգամ մը եւս յարգելու հերոսին յիշատակը, արժեւորելու քաջարի հայորդիին սխրանքը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ ներկաները նախ այցելած են հերոսին հայրական տունը, որ պաշտպանութեան նախարարութեան աջակցութեամբ շուտով պիտի վերածուի տուն-թանգարանի: Բարձրաստիճան հիւրերուն յաջորդ կանգառը Թաթուլ Կրպէեանի շիրիմին մօտ եղած է, ուր ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղուած են, եւ բոլորը խոնարհած են ազգային հերոսի յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին առջեւ, կատարուած է նաեւ հոգեհանգիստի կարգ:
Անկէ ետք տեղի ունեցած հանդիսաւոր ձեռնարկին ընթացքին ներկաներուն իր օրհնութիւնը տուած է Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպս. Պռօշեանը: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, Թաթուլ Կրպէեանի դուստրը` Ասպրամ Կրպէեանը, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդիկ Մինասեանը եւ ուրիշներ: Բոլորն ալ հաստատած են, որ Թաթուլը ազգային ոգիով օժտուած մեծ հայրենասէր էր, առաջիններէն էր, որ հայրենիքի համար ծանր եւ բախտորոշ պահուն նետուեցաւ ազատագրական պայքարի յորձանուտը` համակուած կորուսեալ հայրենիքն անգամ արեան գնով վերադարձնելու վճռակամութեամբ: Այդ նուիրական փափաքին հասնելու ճամբուն վրայ Կրպէեան ոչինչ խնայեց, նոյնիսկ իր կեանքը նուիրաբերեց: Եւ յատկանշական է, որ արցախեան ազատամարտին ընթացքին ընդհատուած անոր կենսագրութեան էջերը մինչեւ օրս ալ երիտասարդութեան համար ոգեշնչման եւ հայրենասիրութեան իւրօրինակ դասեր են:
Հանդիսաւոր ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով Թաթուլ Կրպէեանի անուան միջնակարգ դպրոցի սաները արտասանած են հերոսին բանաստեղծութիւններէն, ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցած են պաշտպանութեան նախարարութեան «Զօրական», «Սարդարապատ» համոյթներու սաները, երգիչներ եւ երգչուհիներ:
Ոչնչացուած Խաչքարերու Կրկնօրինակներու
Բացօթեայ Ցուցահանդէս
Երեւանի գլխաւոր պողոտայի Նալբանդեան-Հանրապետութեան փողոցներու միջնամասի զբօսայգիին մէջ «Մշակութային եղեռն-խաչքարերու խորհուրդը» խորագրով բացօթեայ ցուցահանդէս մը բացուած է: Ներկայացուած են, ոչնչացուած 13 խաչքարերու կրնօրինակները, զորս վերարտադրած է ժամանակակից խաչքարագործ Արտակ Համբարձումեան:
Մինչեւ 1915 թուական Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եղած է մօտաւորապէս 170 հազար յուշարձան, որուն միայն 2 տոկոսը մնացած է: Բացի այդ, 2005-ին Ազրպէյճանի բանակը հողին հաւասարեցուց Հին Ջուղայի գերեզմանոցը, ուր կային աւելի քան 4500 խաչքարեր:
Երեւանի մէջ բացուած այս ցուցահանդէսին ներկայացուած են նաեւ լուսանկարներ, որոնք կը պատկերեն հայկական վանքերու եւ բերդերու նախկին եւ ներկայ վիճակները: Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ հոկտեմբեր 30, իսկ խաչքարերու կրկնօրինակները պարբերաբար պիտի փոխարինուին նոր նմուշներով:
Կայացաւ Պոլսահայ Արուեստագէտ Ժուլիա Մութլուի
«100 Տարի-100 Հայկական Տարազ»
Նուագահանդէս-Ցուցադրութիւնը
Ապրիլ 20-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու շրջանակին մէջ Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեան տակ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ Ա.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կայացաւ պոլսահայ արուեստագէտ Ժուլիա Մութլուի` «100 տարի–100 հայկական տարազ» նուագահանդէս-ցուցադրութիւնը: Ձեռնարկին աջակցած են Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ, Արեւելեան Եւրոպայի թեմը եւ «Վերդե» ՍՊԸ-ն:
Նուագահանդէս-ցուցադրութեան ներկայ էին Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանը, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, ոլորտի մասնագէտներ, մտաւորականներ, հիւրեր:
Ցուցադրութիւնը բացման խօսքով ներկայացուց ձեռնարկի աջակից, «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագիր Մաքրուհի Յակոբեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, մասնաւորապէս նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` այս կարեւոր նախագիծը կեանքի կոչելուն համար: Ան նշեց. «Պատմական տարազներու այսօրուան ցուցադրութիւնը հագուստներու պարզ ներկայացում չէ, այլ յուզումով եւ մեծ անհանգստութեամբ կատարած ուխտագնացութիւն` դէպի մեր նախնիներու` դժբախտ պապերու հայրենիք, դէպի անոնց ստեղծած քաղաքակիրթ եւ ճաշակաւոր ապրումները»:
Ներկայացուեցան 1590-2015 թուականներու միջեւ ինկած ժամանակահատուածի ընթացքին հայ ժողովուրդի տարբեր դասակարգերու եւ սեռերու տարազները` հողագործէն մինչեւ օսմանեան շրջանի վաճառական, նաեւ` զարդեղէններ, գլխանոցներ, տրեխներ, հագուստներ, տաբատներ:
Ցուցահանդէսը սկսաւ ալաշկերտցի գեղջկուհիի տարազի ներկայացմամբ, այնուհետեւ ցուցադրուեցան ամասիացի նորահարսի հանդերձանքը, Կուտինայի քաղաքաբնակ տղամարդու տարազը, Մոկս գաւառի աղջկայ և տղամարդու, Վասպուրականի լեռնային Շատախ աւանի ընտանիքի, զէյթունցի ռազմիկի եւ տարբեր գաւառներու հայուհիի, հայ վաճառականներու, երեւանցի ունեւոր տիկնոջ տօնական հագուստի, շուշեցի աղջկայ, Լեռնային Ղարաբաղի գիւղերէն աշուղի մը, թիֆլիսցի հայ կինտոյի, վանեցի քաղաքաբնակ կնոջ, սասունցի տղամարդու, հայ միանձնուհիներու ամէնօրեայ, կաթողիկոսի եւ սարկաւագի ծիսական հանդերձանքներ, տարազներ: Յատկանշական էր Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ բանաստեղծի` Սիամանթոյի մօր հարսնութեան զգեստը, 19-րդ դարու եւ այլ տարազներ:
Տարազներու ցուցադրութիւնը հանդիսատեսին կարելիութիւն ընձեռեց պատկերացում կազմելու ո՛չ միայն քաղաքաբնակ եւ գաւառաբնակ մեր ժողովուրդի անցեալին, տարազները ստեղծած կիներու ճաշակին, ստեղծագործական մօտեցումներուն, այլեւ` բարքերուն եւ սովորութիւններուն մասին:
Ծրագիրը ներկայացնելով, հեղինակը` Ժուլիա Մութլուն նշեց. «Այս ցուցադրութեամբ, երիտասարդներու շնորհիւ ուզեցի ներկայացնել մեր նախահայրերուն աւանդական տարազները` տարբեր միջավայրերու մէջ: Մօտաւորապէս 70 տարազ պատրաստած էի 2011-ին, իսկ 2015-ին այդ թիւը հասցուցի 100-ի: 1590-ական թուականներէն մինչեւ այս օրերը մեր երգերը, պարերը եւ տարազները փոփոխութիւններու ենթարկուած են: Այս հաւաքածոն ձեր դատին յանձնելու գործին իրենց ներդրումը բերին Ժանին Փափազեանը, Արամ Կոստանեանը եւ բազմաթիւ շնորհաշատ երիտասարդներ, որոնց շնորհակալ եմ»:
Ցուցադրութեան ընթացքին իր մշակած հայկական տարազները ներկայացուց նաեւ Հայաստանի «Տէրեան» մշակութային կեդրոնը` «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» խումբի նուագակցութեամբ:
Հանդիսութեան երկրորդ հատուածին մէջ Պոլիսէ եկած հայ արուեստագէտները ներկայացուցին երաժշտական բեմականացուած համարներ:
Ժուլիա Մութլուի բեմադրութեամբ, Արա Գէորգեանի «Մուսա լեռ» երաժշտութեան եւ «Լուսնեակ գիշեր» ժողովրդական երգի ներքեւ հանդէս եկաւ Պոլիսէն եկած աղջիկներու եւ տղաներու պարախումբը:
Նոյն պարախումբին սաները ներկայացուցին նաեւ Արամ Կոստանեանի կողմէ բեմադրուած պարային համարը` Վահան Թէքէեանի «Հայկական եկեղեցին» բանաստեղծութեան մոթիվներով: «Էրեբունի-Երեւան» եւ «Կիլիկիա» երգերու կատարմամբ հանդէս եկաւ Սահակ Պարթեւ Կարեանը: Ձեռնարկին աւարտին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրով, ջերմութեամբ անսահման ուրախութեամբ կ՛ողջունեմ ձեզ այսօր, այստեղ` Մայր հայրենիքի մէջ` հայաստանեան ամէնէն շքեղ բեմերէն մէկուն, ուր դուք, իսկապէս մշակութային հրավառութիւն իրականացուցիք, իր պատմական նշանակութեամբ, իր բովանդակութեամբ, իր ազգային արժէքով եւ նշանակութեամբ յուզեց եւ հիացուց բոլորս: Միեւնոյն ժամանակ մենք բոլորս ապրեցանք խոր տխրութիւն, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ձեր շնորհիւ տեղափոխուեցաւ պատմական հայրենիք եւ զգաց անոր իսկական գոյներու համանուագը, շունչը եւ սրտի բաբախումը` վերակերտելով բոլոր գաւառներու իւրայատուկ ոճ եւ կերպարներ: Հսկայական աշխատանք է կատարուածը, շնորհակալ եմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, ով իր ներդրումը ունեցաւ, որպէսզի մենք կարողանանք վայելել, այս բացառիկ մշակութային իրադարձութեան ականատեսն ու վկան դառնալով: Հպարտ եմ, որ այս ձեռնարկը իրականացաւ` եւս մէկ անգամ վկայելով մեր բարձր մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան մասին: Կը կարծեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին մէջ այս ցուցադրութիւնը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ»:
Բարձր գնահատելով պոլսահայ արուեստագէտներու աւանդը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ժուլիա Մութլուն պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալով, Ժանին Փափազեանը` «Արշիլ Կորքի» մետալով, Սահակ Պարթեւ Կարեանը` նախարարութեան պատուոյ գիրով, իսկ Արամ Կոստանեանը` շնորհակալագրով: