Տէր Զօրէն Բերուած Մասունքներ Պիտի Ամփոփուին
Ստեփանակերտի Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Մէջ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները միայն ապրիլ 24-ին յիշատակելով պիտի չսահմանափակուին: Գիտաժողովներ, մշակութային եւ քաղաքական հանդիպումներ կը նախատեսուին ամբողջ տարուան ընթացքին: Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ ապրիլի կէսերուն Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձան-զանգակատան բացման արարողութիւնը:
Բաբայեան յայտնեց, որ զանգակատան հիմքին մէջ պիտի թաղուին Տէր Զօրէն բերուած մասունքներ, որոնք պիտի տրամադրուին Հայոց ցեղասպանութեան Երեւանի թանգարանին կողմէ: Անոր համաձայն, ասիկա պիտի ըլլայ իւրայատուկ կառոյց մը եւ պիտի դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած կարեւորագոյն յուշակոթողը Արցախի մէջ:
Ցեղասպանութեան Վերաբերող
«Այլեւս Երբեք» Կարգախօսով Ժապաւէններ
Պիտի Ցուցադրուին Տարբեր Երկիրներու Մէջ
«Այլեւս երբեք» ընդհանուր կարգախօս-խորագրին տակ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ժապաւէններ պիտի ցուցադրուին տարբեր երկիրներու մէջ: Շարժապատկերի լեզուով միջազգային հանրութեան պիտի ներկայացուի 20-րդ դարու ամէնէն սոսկալի ոճիրներէն մէկը: Նախաձեռնութեան հեղինակը «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի զարգացման հասարակական կազմակերպութիւնն է` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբին եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ:
Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեան 13 մարտին «Այլեւս երբեք» ծրագրին նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշեց, որ ասիկա առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի:
«Շարժանկարը արուեստի ամենամատչելի լեզուներէն է, որովհետե կարելիութիւնը ունի յստակօրէն ըսելիքը փոխանցելու», դիտել տուաւ Ներսէս Տէր Վարդանեան:
Ան աւելցուց, որ ցուցադրուող ժապաւէններէն է նաեւ յայտնի «Հատում»-ը: Ըստ անոր, այս ժապաւէններուն միջոցով նաեւ արտասահմանեան մամուլը պիտի անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
«Այլեւս երբեք» ծրագրի համակարգող Րաֆֆի Մովսիսեանը տեղեկացուց, որ նախաձեռնութիւնը սկսած է 24 փետրուարին, Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ:
««Անիւ» հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կազմակերպութեան աջակցութեամբ Պիելոռուսիոյ պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ուսանողներուն համար փետրուար 24-ին կազմակերպուեցաւ Քարլա Կարապետեանի «Ճչացողները» ժապաւէնին յատուկ ցուցադրութիւնը: Իսկ փետրուար 25-ին Մինսքի «Միր» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Այլեւս երբեք» ծրագրի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, եւ բեմադրիչին մասնակցութեամբ ցուցադրուեցաւ «Ճչացողները» ժապաւէնը: Ընդհանուր առմամբ, Պիելոռուսիոյ մէջ ցուցադրուեցաւ երկարատեւ, կարճատեւ վաւերագրական 7 ժապաւէն, այդ թիւին մէջ էին` Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները», Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ», Հանրի Վեռնոյի «Մայրիկ», Արա Երնջակեանի «Խաւարում», Ներսէս Յովհաննիսեանի «Հանդիպում ցուցահանդէսում» եւ Սերժ Աւետիքեանի «Շների կղզին» ժապաւէնները», տեղեկացուց Ր. Մովսիսեան:
Անոր համաձայն, անկէ ետք ծրագիրը գործադրուած է Գերմանիոյ մէջ: Մարտ 7-ին Պերլինի Մաքսիմ Կորքիի անուան թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ծրագրի բացման արարողութիւնը:
«Յատուկ հրաւիրեալներու թիւին մէջ կը գտնուէին նաեւ քանատահայ շարժանկարի բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանը եւ դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը:
«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեան ընդգծեց, որ հաւանաբար այս տարուան ապրիլին ցուցադրութիւններ պիտի կազմակերպուին նաեւ Թուրքիոյ մէջ:
Ցուցադրութիւններուն համար ընտրուած են Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող լաւագոյն խաղարկային եւ վաւերագրական ժապաւէնները: Իւրաքանչիւր երկրի համար կազմուած է յատուկ ծրագիր` նկատի ունենալով ժապաւէնին քաղաքական, մշակութային եւ գեղարուեստական առանձնայատկութիւնները:
Ցուցադրութիւններ պիտի կատարուին նաեւ Պուլկարիոյ, Ռուսիոյ, Լեհաստանի, Ֆրանսայի, Իրանի, Զուիցերիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ:
«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի ծրագիրներու ղեկավար Միքայէլ Ստամպոլցեան դիտել տուաւ, որ երեւանեան «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը այս տարի պիտի նուիրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, եւ այդ առիթով պիտի կազմակերպուին յատուկ ծրագիրներ: Տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 12-19 յուլիսին:
«Չորս ծրագրեր պիտի ունենանք` տարբեր խորագրերով: Մէկը կը կոչուի «Մենք կանք», երկրորդը` «Ճիչ», այստեղ ընդգրկուած են հիմնականօրէն վաւերագրական ժապաւէններ: Երրորդը` «Երախտիքի տուրք» այն մարդոց եւ կազմակերպութիւներուն, որոնք այդ տարիներուն օգնած են հայ ժողովուրդին: Վերջապէս հետաքրքրական ծրագիր մը ունինք ընդհանրապէս ցեղասպանութիւններու մասին, որ կը կոչուի «Այլեւս երբեք»: Ծրագիրը պիտի իրականացուի հրէական Հոլոքոստէն մինչեւ Սուտանի, Փերուի, Քամպոտիոյ եւ այլ ցեղասպանութիւններու մասին», նշեց Միքայէլ Ստամբոլցեանը: Սուսաննա Յարութիւնեան աւելցուց, որ այս տարուան փառատօնին հիւրերու ցանկը բաւական հարուստ պիտի ըլլայ:
Ժենգեալով Հացի Փառատօն
Արցախի Մէջ
Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը 2014 թուականին մշակութային եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններով ծրագիր իրականացուցած է 24 ուղղութիւններով` 12-ը մշակութային, 12-ը` երիտասարդական: Այդ ծիրին մէջ գործադրուած է 328 նախաձեռնութիւն, որոնցմէ 216-ը` մշակութային, 112-ը` երիտասարդական: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին այդ մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը:
Ըստ անոր, նախարարութեան կողմէ իրականացուող մշակութային պետական քաղաքականութիւնը նպատակաուղղուած է ոլորտի զարգացման կայունութեան ապահովման, մշակոյթի` իբրեւ զարգացման միջոցի հասարակական գիտակցութեան արմատաւորման, Արցախի մշակութային ճանաչելիութեան յաւելման: «2014 թուականին գերակայ ուղղութիւններ սահմանուած են` մշակութային ինքնութեան պահպանումը եւ վերարտադրութիւնը, մշակութային կրթութեան համակարգի կատարելագործումը, թանգարանային գործի կատարելագործումը, ստեղծագործական ներուժի դրսեւորման եւ իրացման պայմաններու ապահովումը, մշակութային երկխօսութեան եւ համագործակցութեան խորացումը, մշակութային քարոզչութեան աշխուժացումը», նշած է նախարարը:
Ն. Աղաբալեան տեղեկացուցած է, որ մշակութային ինքնութեան ճանաչողութեան հանրային դառնալը հիմնականին մէջ ժողովրդական արհեստներու ուսուցման ծրագիրներու ներդրման, փառատօներու եւ տօնական ձեռնարկներու կազմակերպման շնորհիւ է. «Մասնաւորապէս աջակցութիւն ցուցաբերուած է Ճարտարի արուեստի դպրոցին եւ Շուշիի Ա. Խաչատրեանի անուան պետական հումանիտար քոլեճին մէջ գորգագործութեան ուսուցողական ծրագրի իրականացմանը», նշած է ան` աւելցնելով. «Շուշիի մէջ շարունակուած է բրուտագործութեան զարգացման ծրագիրը, առաջին անգամ կազմակերպուած են «Արցախեան գորգարուեստ», «Տոհմածառ» մրցոյթները, ինչպէս նաեւ թոնրահացի տօնը` Խանցք գիւղին մէջ եւ «Արցախեան թթուի փառատօնը»` Դրախտիկի մէջ:
Իրականացուած է նաեւ ազգագրական պարերու ուսուցման ծրագիրը: Նախարարը տեղեկացուցած է նաեւ, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ ժենգեալով հացի փառատօն: «Մրցոյթը պիտի կայանայ ապրիլ 29-ին` Ծաղկաշատ գիւղի մէջ, իսկ արդէն աւանդական դարձած հացի փառատօնը պիտի իրականացուի աշնան` բերքահաւաքէն ետք», յայտնած է Նարինէ Աղաբալեան:
Վանաձորի Երիտասարդական Զբօսայգին
Կը Կոչուի Ռուբէն Սեւակի Անունով
Հայաստանի երրորդ մեծագոյն քաղաք Վանաձորի քաղաքային համայնքի աւագանիին որոշումով Վանաձոր քաղաքի Երիտասարդական զբօսայգին վերանուանուած է «Ռուբէն Սեւակի անուան երիտասարդական այգի»:
Որոշումը առնուած է «հիմք ընդունելով «Չիլինգարեան (Մամիկոնեան) տոհմ» պատմաազգագրական հասարակական կազմակերպութեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան միջնորդագրերը», ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի եւ Ռուբէն Սեւակի 130-ամեակի առթիւ անուանի բանաստեղծ, հրապարակախօս, բժիշկ Ռուբէն Սեւակի անունը յաւերժացնելու նպատակով:
Արցախեան Ազատամարտիկ
Արտակ Խաչատրեանի Անունով Դպրոց
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան ստորագրած է հրամանագիր մը, ըստ որուն, նախարարութեան «Լոռիի մարզի Տաշիրի աւագ դպրոց» պետական ոչհասութաբեր կազմակերպութիւնը զոհուած բժիշկ-ազատամարտիկ Արտակ Խաչատրեանի անունով պիտի կոչուի:
Բժիշկ Արտակ Խաչատրեան եղած է տուեալ դպրոցի շրջանաւարտ, կամաւորաբար մասնակցած է արցախեան ազատամարտին. մեծ եղած է անոր ներդրումը արցախեան ազատամարտի եւ հայոց բանակի ռազմական բժշկութեան կայացման գործին մէջ: Արտակ Խաչատրեան զոհուած է 17 ապրիլ 1993 թուականին, պարգեւատրուած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի «Արիութեան» մետալներով:
Նշենք, որ Տաշիրի աւագ դպրոցը ազատամարտիկի յիշատակին անուանակոչելու նախաձեռնութեամբ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին դիմած են հերոսին մարտական ընկերները եւ դպրոցի մանկավարժական խորհուրդը:
Բժշկական Օգնութիւն` Հայոց Ցեղասպանութեան
Ականատես-Վերապրողներուն
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարին կից անձնակազմի անդամներուն մասնակցութեամբ կայացած է խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին որոշում տրուած է Հայաստանի տարածքին բնակող, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ականատես-վերապրողներուն բժշկական օգնութեան եւ ծառայութեան իմաստով օժանդակելու նպատակով կազմել յանձնախումբ մը:
Յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Միրիջանեանի գլխաւորած բժշկական խումբը 10 մարտին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան երեւանաբնակ ականատես-վերապրողներուն:
Ըստ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կայքին, կատարուած են բժշկական անհրաժեշտ քննութիւնները, մասնաւորաբար ներքին օրկաններու հետազօտութիւն, սրտի եւ արեան անհրաժեշտ բժշկական քննութիւններ: Հետազօտութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ ականատես-վերապրողներուն բժշկական յատուկ տետրակներ պատրաստուած են: Բժշկական օգնութեան կարիք ունեցողները Երեւանի մէջ կը գտնուին «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական, իսկ մարզերուն մէջ` մարզային բժշկական կեդրոններու մասնագէտներու մնայուն հսկողութեան տակ:
Հաղորդենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես-վերապրողներուն առողջական հարցերուն լուծման նպատակով Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան այս նախաձեռնութիւնը, Հայկական ակնաբուժական նախագիծին աջակցութեամբ, սկսած էր 2014-ին: Այս տարուան փետրուարի սկիզբը Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես-վերապրող, 102-ամեայ Սիրվարդ Ատաջեանի ոսկրաբեկորներու տեղաշարժով աջ ազդոսկրի վզիկի փակ կոտրուածքի վիրահատութիւնը կատարուած է պետական պատուէրով:
Ընկերային պատասխանատուութեան գիտակցութեան ամրապնդման միտող այս նախաձեռնութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ եւ յառաջիկային պիտի կազմուի նաեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի վեթերաններուն անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն եւ ծառայութիւն ցուցաբերող յանձնախումբ:
Սասունիկ Գիւղին Մէջ Մանկապարտէզ`
17 Տարի Ետք
Այս մայիսին պատրաստ պիտի ըլլայ Արագածոտնի մարզի Սասունիկ գիւղին մէջ կառուցուող մանկապարտէզը: Այս մասին հաղորդած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն:
1998-էն ի վեր մօտաւորապէս 4000 բնակիչ ունեցող համայնքը մանկապարտէզի շէնք չէ ունեցած, եւ երեխաներուն միայն մէկ մասը կարելիութիւն ունի յաճախելու Աշտարակ քաղաքի մանկապարտէզ: Ոմանք ալ ժամանակաւորապէս կը հետեւին համայնքի դպրոցին մէջ նախադպրոցական տարիքի փոքրիկներուն համար նախատեսուած դասապահերուն:
Երկյարկանի նորակառոյցը շահագործման պիտի յանձնուի ամբողջովին կահաւորուած եւ բարեկարգ բակով:
Սասունիկի բնակիչները խաղող կ՛աճեցնեն, կը մշակեն տնամերձ հողամասը, կը զբաղին անասնապահութեամբ: Արդէն քանի մը տարի է, որ գիւղացիներէն մօտաւորապէս հարիւրը կ՛աշխատին գիւղի գինիի գործարանին մէջ:
Նկարիչ Լեւոն Կոջոյեան Ոչ Եւս Է
Վերջերս իր մահկանացուն կնքեց գեղանկարիչ Լեւոն Կոջոյեանը:
Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Լեւոն Կոջոյեան ծնած է 1924 թուականին, Ռուսիա: Աշակերտած է Յակոբ Կոջոյեանին: Ստեղծագործած հիմնականին մէջ բնանկարի եւ թեմաթիք պատկերի բնագաւառին մէջ: Գործերը յագեցած են կենսական մեծ լաւատեսութեամբ:
Լեւոն Կոջոյեանին նշանաւոր խօսքն էր` «Ուրախ եմ, երջանիկ եմ, որ նկարիչ եմ»:
Ռիչըրտ Քլայտերման Երեւանի Մէջ.
«Երաժշտութեամբ Կը Մեղմանայ
Մեծ Ողբերգութեան Ցաւը»
Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կը գտնուի ֆրանսացի աշխարհահռչակ դաշնակահար Ռիչըրտ Քլայտերման: Սիրուած դաշնակահարը Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ երկու նուագահանդէսով` 13 եւ 14 մարտին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:
Դասական, ազգային եւ շարժապատկերի երաժշտութեան գործիքաւորող եւ փայլուն կատարող, ֆրանսացի դաշնակահարը դաշնակի առաջին դասերը ստացած է իր երաժիշտ հօրմէն, երբ տակաւին 12 տարեկան էր:
Ձայնագրած է աւելի քան 1300 մեղեդի եւ միաւորելով դասականն ու փոփ երաժշտութիւնը` ստեղծած է նոր տեսակի երաժշտութիւն:
Մարտ 12-ին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ան ուրախութիւն յայտնած է Հայաստան այցելութեան եւ տալիք ելոյթներուն համար: «40 տարուան մեծ ասպարէզ ունենալէ ետք առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կը գտնուիմ եւ շատ հետաքրքրուած եմ Հայաստանով: Կը կարծեմ, թէ ասիկա վերջին այցելութիւնս պիտի չըլլայ: Ես շրջապատուած եմ հայ հրաշալի երաժիշտներով եւ խանդավառուած եմ, որ պիտի նուագեմ անոնց հետ»:
Աշխարհի մէջ կան բազմաթիւ հիանալի դաշնակահարներ: Ան դիտել տուաւ, որ պարզապէս իր բախտը ժպտացած է, որպէսզի իբրեւ աշխարհի ամէնէն յաջողած դաշնակահարը արձանագրուի համաշխարհային մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ:
Ան աւելցուցած է. «Ես ունեցած եմ բազմաթիւ յաջողութիւններ, բայց չափազանց զուսպ մարդ եմ, թերեւս այդ պատճառով է, որ ինծի համար անհրաժեշտ էր դաշնակով արտայայտուիլը»:
Ռիչըրտ Քլայտերմանի երեւանեան նուագահանդէսը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագիրներէն դուրս է, բայց եւ այնպէս, ան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին կուրծքին կը կրէր Ցեղասպանութեան 100-ամեակը խորհրդանշող անմոռուկը:
Ֆրանսացի երաժիշտը յոյս յայտնած է, որ իր երաժշտութեամբ կը մեղմանայ մեծ ողբերգութեան ցաւը, եւ ինք կարողութիւն կ՛ունենայ յուզելու հայ հանդիսատեսը: Ան հաստատած է, որ այցելութեան երեք օրերուն ընթացքին պիտի փորձէ կարելի եղածին չափ քալել Երեւանի մէջ եւ ծանօթանալ հայկական մշակոյթին: «Հայկական երաժշտութենէն կտորներ պիտի սորվիմ եւ յաջորդ այցելութեանս կատարեմ ձեզի համար»: Այս խոստումով Ռիչըրտ Քլայտերման եզրափակած է մամլոյ ասուլիսը: