28 մայիսին Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ Հանրապետութեան տօնին առիթով տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պետական պարգեւներ եւ կոչումներ շնորհած է գիտութեան, կրթութեան, տնտեսութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի ոլորտներուն, արուեստի ու մարմնակրթութեան բնագաւառներուն մէջ ծառայած գործիչներու, ինչպէս նաեւ Հայոց բանակի խումբ մը ծառայողներու:
Պարգեւատրուածներու կարգին են նաեւ 12
սփիւռքահայ գործիչներ: Լիբանանահայ մտաւորական, բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանին տրուած է Մովսէս Խորենացիի մետալ, հասարակական-մշակութային գործիչ, գրող Նապիլ Թումէի (Սուրիա)` Երախտագիտութեան մետալ, երգչուհի Ռոզի Յովհաննիսեանին (Ռոզի Արմէն- Ֆրանսա)` Պատուոյ շքանշան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Վերստուգիչ յանձնաժողովի նախագահ Վահէ Ճազմատարեանին (Ֆրանսա)` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» Առաջին աստիճանի մետալ, «Ակցիա առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախագահ Աւետիս Մատեանին (Ֆրանսա)` Մխիթար Հերացիի մետալ, երգչուհի Արաքս Մանսուրեանի (Աւստրալիա)` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» առաջին աստիճանի մետալ, Աւստրալիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Վարուժան Իսկենտէրեանին` Մխիթար Գոշի մետալ, նկարիչ Դանիէլ Հեճինեանին (Միացեալ Նահանգներ)` Մովսէս Խորենացիի մետալ, «Ժիրայր Նիշանեան» հիմնադրամի նախագահ Ժիրայր Նիշանեանին (Միացեալ Նահանգներ)` Երախտագիտութեան մետալ, Մոսկուայի կառավարման միջազգային հիմնարկի տնօրէն, իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Ռոպերթ Ենգիպարեանին (Ռուսիա)` Մխիթար Գոշի մետալ, Մոսկուայի Լազարեան եղբայրներու անուան թիւ 2042 հանրակրթական դպրոցի տնօրէն Սեդա Գալոյեանին (Ռուսիա)` Մովսէս Խորենացիի մետալ, Փերմի հայկական մշակութային կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Վաղարշակ Սարգսեանին (Ռուսիա)` Երախտագիտութեան մետալ: