Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ցեղասպանութեան Թանգարանի Հաւաքածոն
Համալրուած Է 90 Հազար Բնօրինակ Նիւթերով
Ապրիլ 21-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ լրագրողները, որոնց կ՛ընկերակցէր թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, ականատես եղան նոր ցուցադրութեան, որուն գիտական հայեցակարգը մշակուած եւ իրականացուած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի աշխատակազմին կողմէ:
Թանգարանի մնայուն ցուցադրութեան բաժինին մէջ դրուած են վերջին 7-8 տարիներուն ձեռք բերուած հազարաւոր նորայայտ նիւթեր: Անոնց մէկ մասը տպագիր է, միւս մասը կը ներկայացնէ մալթիմետիայի վերաբերող նիւթեր` լուսարձակներու եւ հպումով աշխատող պաստառներու ճամբով հրամցուած:
Թանգարանային նոր ցուցադրական տարածքը ունի տասներկու սրահ` նախկին երեք սրահներուն փոխարէն: Հայկ Դեմոյեանի բնորոշումով, վերջին քանի մը տարիներուն կարելի եղած է Ցեղասպանութեան թանգարանի հաւաքածոն կրկնապատկել բնօրինակ նիւթերով, որոնք շրջանցած են 90 հազարի սահմանը: Թանգարանին մէջ տեղ գտած հաւաքածոն Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան առնչուող նիւթերու մեծագոյն հաւաքածոն է ամբողջ աշխարհի մէջ:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ 2015 թուականին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին աջակցութեամբ, աշխարհի 80-է աւելի քաղաքներու մէջ պիտի կազմակերպուին ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ:
«Արիւնոտ Անապատ» Գիրքը Յորդոր
Եւ Պահանջ Է Ապրողներուս
Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցի «Արամ Պօղոսեան» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ հրատարակուած է Ցեղասպանութենէն վերապրած Մելքոն Մանուկեանին յուշերը ամփոփող «Արիւնոտ անապատ» գիրքը:
Մանուկեանին յուշերը մէկ տարիէ աւելի ուսումնասիրած եւ հրատարակութեան պատրաստած է Արթուր Մկրտչեան:
Գիրքի շնորհահանդէսին Մկրտչեան նշած է, որ այսօր, երբ Թուրքիան կը ժխտէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, դողդոջուն ձեռագրով գրուած այս օրագրութիւնը մեծ արժէք կը ներկայացնէ: Ցեղասպանութեան ամբողջ արհաւիրքը ապրած Մելքոն Մանուկեան թուղթին յանձնած է իր ապրումները. Զէյթունի մէջ անցուցած մանկութեան տարիները, ապա գաղթի տեսարանները, նաեւ 1946 թուականին ընտանիքով հայրենիք վերադառնալու պատմութիւնը ներկայացուած են գիրքին մէջ:
Մելքոն Մանուկեան մահացած է 1981-ին, սակայն անոր որդին` Արմենակ Մանուկեան, խնամքով պահած է հօր յուշատետրերը: 100-ամեակի նախօրէին արդէն ընթերցողին ներկայացուած է «Արիւնոտ անապատ» գիրքը: «Շիրազը յաճախ մեր տունը կ՛ըլլար: Հայրս կը պատմէր, թէ ուշադիր կը կարդար գրածներս, որովհետեւ Շիրազ կ՛ըսէր, թէ իր գրածը գրածիս կը նմանէր: Իսկ ապրիլի 24-ին, երբ Շիրազի տնային կալանքի կ՛ենթարկէին, ան հօրս կ՛ըսէ, որ երբ երթայ Ծիծեռնակաբերդ, կարդա՛ գրածներդ», պատմած է Արմենակ Մանուկեան:
Անոր համաձայն, Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութեան պարագային դողդոջուն ձեռագրով գրուած յուշերը այսօր անգնահատելի արժէք եւ տարողութիւն ունին: «Ես կ՛ուզեմ մէջբերել Մելքոն Մանուկեանի յուշերէն քանի մը հատուած. «Արաբական ցեղերու մօտ ապաստան գտած հայերուն կը թուար, թէ աշխարհի մէջ հայ այլեւս գոյութիւն չունի, որովհետեւ մեր աչքերը տեսան, որ բոլորը կոտորուեցան: Այս գիրքը իսկական գանձ մըն է, յուշերու ոսկեայ մատեան մը, որ դեռ իր ըսելիքը կ՛ունենայ: Այս յուշագրութիւնը նաեւ յորդոր եւ պահանջ է մեզ` ապրողներուս», ըսած է Արթուր Մկտչեան:
«Իւրաքանչիւր տող բաց նեարդ է մեզ համար: Այս մեր պատմութեան թանձրուկի ճշմարտութիւնն է: Այդքան վիշտ տեսած Մելքոն Մանուկեանը իր յուշերուն մէջ կ՛ըսէր, որ հայութեան ճակատագրին ոսկէ բանալին մեր միասնականութեան ուժն է: Սա է անոր պատգամը», յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան:
Մելքոն Մանուկեան ծառայած է ֆրանսական բանակին մէջ. Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք անոր առաջարկած են մնալ, բայց մերժած է: Հայրենիքի մէջ որմնադիր Մելքոնը կ՛աշխատի, տուն կը կառուցէ եւ կը մեծցնէ 4 զաւակներ: «Երբ թոշակառու էր արդէն, Յաղթանակի այգիին մէջ պահակ կ՛աշխատէր: Երեք շուն կը պահէր, որոնց անունները դրած էր Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ: Օր մը ֆրանսացի զբօսաշրջիկներ կու գան, եւ անոնց մէջ հայեր ալ կ՛ըլլան: Երբ կը լսեն, թէ ինչպէս հայրս կը կանչէր շուները, որոնք կը վազէին եւ կը պառկէին անոնց ոտքերուն տակ, կը մօտենան կը հարցնեն, թէ ինչո՛ւ դրած է այդ անունները: Ան կը յայտնէ, թէ այդ երեքը արժանի են հայուն ոտքին տակ պառկելու, ինչպէս Սողոմոն Թեհլիրեանը Թալէաթը պառկեցուց իր ոտքին տակ», նշած է Արմենակ Մանուկեան:
«Թռիչք Կռունկի Հետ»` 65 Ժամանակակից Հայ
Գրողներու Բանաստեղծութիւններու Ժողովածու
Ապրիլ 28-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան, Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին աջակցութեամբ Գրողներու միութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է իրանահայ գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ Խաչիկ Խաչերի կողմէ կազմուած եւ թարգմանուած «Թռիչք կռունկի հետ» 65 ժամանակակից հայ գրողներու բանաստեղծութիւններու պարսկերէն ժողովածուին շնորհահանդէսը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: «Խաչիկ Խաչերի ծաղկաքաղի տպագրութիւնը կարեւոր ձեռքբերում մըն է յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ: Իրանի մէջ ունինք հայ գրողներու ամբողջ աստղաբոյլ մը, եւ անոնք բոլորն ալ կը ցանկան իրենց գիրքերուն շնորհահանդէսները կազմակերպել հայրենիքի մէջ: Անոնցմէ մէկն է Խաչիկ Խաչերը»:
Նախարարը շարունակած եւ հաստատած է` ըսելով, թէ` «Խաչիկ Խաչերի թարգմանական այս աշխատանքը հայ ժողովուրդի կենսունակութեան մէկ նոր ապացոյցը եւ մշակութային կամուրջը կը համարուի Իրանի եւ Հայաստանի բարեկամական կապերը զարգացնելու ուղղութեամբ»:
Հեղինակին եւ անոր աջակցած խմբագրական կազմին կողմէ ընտրուած եւ թարգմանուած 65 ժամանակակից բանաստեղծներէն 34-ը Հայաստանէն են, 4-ը` Արցախէն, իսկ մնացեալը` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Վրաստանէն եւ այլ երկիրներէ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան` սփիւռքահայ գրողներու ստեղծագործութիւնները տպելու եւ հայրենիքի մէջ ճանաչելի դարձնելու իմաստով ներդրուող մնայուն ջանքերուն համար, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան նշած է, որ Խաչիկ Խաչերի գիրքը Իրանի հասարակութեան կարելիութիւն պիտի տայ պատկերացում կազմելու ժամանակակից հայ գրականութեան մասին:
Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեան նշած է, որ յառաջիկային Իրանի մէջ կայանալիք գիրքի փառատօնի հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլայ նաեւ Խաչիկ Խաչերի «Թռիչք կռունկի հետ» ժողովածուն:
Խաչիկ Խաչերի աշխատանքին մասին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկած են նաեւ գրողներ եւ գրականագէտներ` Անդրանիկ Մանուկեանը, Արեւշատ Աւագեանը, Յասմիկ Յակոբեանը, Կարինէ Աշուղեանը եւ այլն: Իսկ բանաստեղծուհի Մետաքսէի դուստրը` Լիլիթը, Խաչիկ Խաչերին նուիրած է բանաստեղծուհիին ընտրանին:
Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկած է հեղինակը` Խաչիկ Խաչերը, նշելով, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մնայուն հոգածութեան իբրեւ արդիւնք` այսօր իրանահայ բանաստեղծները առաւել լայնօրէն ծանօթ են հայ հասարակութեան:
Հեղինակը շեշտած է, որ պիտի շարունակէ հայ ժամանակակից հեղինակներուն ստեղծագործութիւնները թարգմանելու եւ պարսկախօս, գերմանախօս, անգլիախօս հասարակութեան ներկայացնելու առաքելութիւնը:
Արցախի ՀՕՄ-ի Մասնաճիւղի Հաւաքոյթ`
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Աշխարհի տարբեր ծագերէն Արցախ ժամանած, Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդները հայրենիք կը գտնուէին` ներկայ ըլլալու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն: Անոնց յաջորդ քայլը Արցախ այցելելն էր:
Անոնցմէ ոմանք առաջին անգամ ըլլալով Արցախ կ’այցելէին, ուստի հիացած ու միեւնոյն ժամանակ յուզուած էին` Արցախը այսքան շէն եւ կանգուն տեսնելով: Փոխուած են հայեացքները, փոխուած են բոլոր երանգները եւ ատիկա մեծ ուրախութիւն եւ ոգեւորութիւն կը պատճառէր անոնց:
Ապրիլի 28-ին ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը կազմակերպած էր պաշտօնական հաւաքոյթ` նուիրուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, փոխվարչապետ Ա. Աղաբեկեանը, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմէն ներկայացուցիչ, ՀՕՄ-ականներ: Ճաշկերոյթին ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտեզի կառուցմանը: Ձեռնարկին ներկայ ՀՕՄ-ականները կատարած են նուիրատուութիւններ, որոնք եւս յատկացուած են միեւնոյն նպատակին: Ճաշկերոյթին ՀՕՄ-ականները ողջունած են ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի սաները` իրենց երգ ու պարով հիացնելով ներկաները:
«Փարոս» Հիմնադրամը Գիւմրիի Մէջ Հաստատեց
Մանուկներու Զարգացման Կեդրոն
Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմուած «Փարոս» հիմնադրամը բարեսիրական ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Հայաստանի մէջ: Այդ ծրագիրներէն հիմնական օգտուողները Գիւմրիի անապահով ընտանիքներն են:
Հիմնադրամը կը գործակցի Գիւմրիի «Շիրակ» կեդրոնին հետ, որուն տրամադրած տեսանիւթերուն հիման վրայ կ՛ընտրէ համապատասխան ընտանիքներ: Ամերիկեան հիմնադրամին շնորհիւ` 28 ապրիլին բնակարան ստացաւ արդէն երրորդ գիւմրեցի ընտանիքը:
Հիմնադրամի անդամները 28 ապրիլին այցելած են Գիւմրի: Անոնցմէ մէկը` Վարդի Վարդանեան, յայտնած է, որ իրենց ցաւ պատճառած է, երբ տեսած են, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ կ՛ապրին կարգ մը ընտանիքներ, եւ երբ իրենց աչքերով տեսած են վիճակը, գիտցած են, որ անպայման պէտք է օժանդակեն անոր:
«Փարոս» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Փիթըր Ապաճեան յայտնած է, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մտադիր են այս տարի իրականացնել 100 ծրագիր. «Այդ «Հարիւր հարիւրէն»-ին մէջ ունինք երկու հետաքրքրական ծրագիրներ: Մէկը այդ բնակարանն է. մենք որոշեցինք հովանաւորներ գտնել Միացեալ Նահանգներու մէջ, բնակարաններ գնել եւ յանձնել շատ խեղճ եւ փոքր տնակներու մէջ ապրող ընտանիքներուն: Այսօր ուրախ օր է, որ փայտաշէն տուն քանդեցինք Գիւմրիիի մէջ: Ու այդ փայտը, որ քանդեցինք, պիտի բաժնենք միւս ընտանիքներուն, որ կարենան ձմեռը ջերմանալ: Այս ընտանիքը երրորդն է, որ տուն ստացաւ: Պիտի շարունակենք ծրագիրը»:
Նշենք, որ հիմնադրամը 28 ապրիլին բացումը կատարած է «Դէպի առաջ» փոքրիկներու զարգացման կեդրոնին: Տնտեսական-ընկերային ծանր կացութեան մէջ եղող ընտանիքներու հարիւր փոքրիկներ հոն կը ստանան բազմակողմանի աջակցութիւն` ուսուցումէն մինչեւ սնունդ:
Հիմնադրամի ծրագիրներու համակարգող Սեւան Ամիրեանցը ըսած է, որ տասնհինգ աշխատատեղ բացած են, ան շատ կարեւոր նկատեց այս ծրագրէն օգտուող ընտանիքներու ճշգրիտ ընտրութիւն կատարելը` հաստատելով, որ իրենք կ՛ընտրեն ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքները:
Կեդրոն յաճախող փոքրիկներուն սնունդ տրամադրելը եւս շատ կարեւոր կը նկատուի: «Շատ յաճախ կը տեսնենք անոնց սնունդը սեղանին վրայ կամ եփուող ճաշը: Հետեւաբար որոշեցինք, որ եթէ նման բանի մը ձեռնարկենք, ուրեմն անպայման լաւորակ սնունդը ներառուած պիտի ըլլայ»:
Ան նաեւ յայտնած է, որ դժուար եղած է բարերարները համոզել, որ Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը նաեւ ամէնէն աղքատ քաղաքն է:
Ծաղկաշատ Գիւղին Մէջ Բակօ Սահակեան
Մասնակցած Է Ժենգեալով Հացի Փառատօնին
Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ծրագիրի ծիրին մէջ 29 ապրիլին Ասկերանի շրջանի Ծաղկաշատ գիւղի Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանի տարածքին առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպէ «Ժենգեալով հացի փառատօն»:
Հաղորդենք, որ փառատօնին ներկայ գտնուած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան:
Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ յոյս յայտնած է, որ փառատօնը պիտի դառնայ աւանդական` զայն արժեւորելով ազգային սովորութիւնները պահպանելու, տարածելու եւ զբօսաշրջութիւնը խթանելու տեսանկիւնէ:
Նախաձեռնութեան մասնակցած են` Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, պաշտօնատար այլ անձեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն:
Տեղեկացնենք, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր շրջան փառատօնին ներկայացած է արցախեան ամէնէն նշանաւոր ուտելիքին` ժենգեալով հացի պատրաստութեամբ հմուտ եւ արհեստավարժ մասնակիցներով: Փառատօնին ներկայացուած է նաեւ ժենգեալով հացի պատրաստութեան ամբողջ գործընթացը, որուն աւարտին հացը մատուցուած է հետաքրքրական կերպով:
Փառատօնի նպատակը եղած է արցախեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու պահպանումը եւ հանրահռչակումը, ազգային աւանդութիւններու, ազգագրական առանձնայատկութիւններու հանդէպ հոգածութեան եւ յարգանքի արմատաւորումը:
Ժենգեալով հացի փառատօնը Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, արցախեան խոհանոցի փառատօնի ծիրին մէջ կազմակերպուող երրորդ նախաձեռնութիւնն է: 2014-ին Ասկերանի շրջանի Խանցք գիւղին մէջ կազմակերպուած է թոնրահացի, Հադրութի շրջանի Դրախտիկ գիւղին մէջ արցախեան թթուի փառատօնը:
Նշենք, որ ժենգեալով հացի փառատօնին ընթացքին գործադրուած են հետաքրքրական խաղ-մրցումներ եւ մշակութային նախաձեռնութիւններ:
Սայաթ Նովայի Արձանը
Կանգնեցուեցաւ Գիւմրիի Մէջ
Գիւմրիի մէջ գտնուող Սայաթ Նովայի անունը կրող պողոտային վրայ անոր արձանը տեղադրելու փափաք գոյութիւն ունեցած է խորհրդային տարիներէն: Բաւական երկար ժամանակ ետք այդ գաղափարը այսօր իրականութիւն դարձաւ: Այդ նպատակով Գիւմրիի քաղաքապետարանը, աւագանիի որոշումով, 7 միլիոն դրամ տրամադրած է: Նաեւ յայտարարուած էր մրցում, որուն ընթացքին ընտրուած է քանդակագործ Արտուշ Պապոյեանի առաջարկը:
Պրոնզաձոյլ արձանի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 1 մայիսին` զուգորդուած մայիսմէկեան համաքաղաքային այլ տօնակատարութիւններով:
Արձանի հեղինակ, քանդակագործ Արտուշ Պապոյեան լրատուական միջոցներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ քանդակելու ընթացքին փորձած է կերպարին առաւելաբար փոխանցել դպրոցական տարիներուն մեծ քնարերգուէն ստացած տպաւորութիւնները: «Ես քանդակած եմ ինծի համար շատ սիրելի Սայաթ Նովան եւ կը յուսամ, որ ան կը սիրուի քաղաքի բնակչութեան կողմէ: Ինչպէս յայտնի է, Սայաթ Նովայի իրական լուսանկար գոյութիւն չունի: Շատ տարածուած է նկարիչ Հրաչեայ Ռուխկեանի նկարներուն շարքը: Ես աւելի շատ քանդակած եմ պոէտ, քան թէ աշուղ Սայաթ Նովան: Փորձած եմ ստանալ անոր քնարական կերպարը», նշած է քանդակագործը:
Պրոնզաձոյլ արձանի աշխատանքները տեւած են երկու ամիս: Ի սկզբանէ անիկա պէտք էր աւելի մեծ ըլլար, սակայն տրամադրուած գումարին չափը եւ տեղադրման վայրը քանդակագործին համար որոշ սահմանափակումներ ստեղծած են: Փողոցի բաւական բանուկ հատուածին մէջ տեղադրուած արձանը պէտք չէ խանգարէ երթեւեկը, եւ տեսադաշտ փակելու խնդիր պէտք չէ ծագի. ահա այսպիսի հարցեր կային քանդակագործին դիմաց, սակայն, ըստ պատուիրատուներուն, բոլորն ալ յաջողութեամբ լուծուած են:
Նշենք, որ Արտուշ Պապոյեանի հեղինակած երկու հսկայական գործերը` «Հայուհին» եւ «Վարդանանց» արձանախումբը, կը գտնուին քաղաքի երկու մեծ հրապարակներուն վրայ: