Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 15, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Պետական Երիտասարդական
Նուագախումբը Կը Կիրարկէ Նորագոյն
Արհեստագիտական Միջոցները

IMG_3060Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը 2015 տարին կը սկսի իր գլխաւոր գործընկեր` «Վիվասէլ-էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան հետ համագործակցութեամբ:

«Վիվասէլ-էմ. Թի. Էս.»-ի հետ գործընկերութեան շնորհիւ, նուագախումբը,որպէս մշակութային դեսպան, կարելիութիւն ունեցած է ոչ միայն համագործակցելու ժամանակակից երաժշտարուեստի մեծ վարպետներու հետ, այլ նաեւ` հայկական մշակոյթը եւ հայ կատարողական դպրոցի ձեռքբերումները ներկայացնելու արտասահմանեան բեմերուն վրայ:

«Վիվասէլ-Էմ.Թի. Էս.»-ը ուրախ է աջակցելով մի խմբի, որը կազմուած է երիտասարդ, տաղանդաւոր երաժիշտներից: Հաճելի է տեսնել այն ոգեւորութիւնը, նուիրումը եւ բարձր որակ ստանալու ձգտումը, որով աշխատում է նուագախումբը: Անշուշտ, դրանով են պայմանաւորուած խմբի յաջողութիւններն ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ արտերկրում: Մենք փորձում ենք հնարաւորինս նպաստել, որ այս երիտասարդները հայրենիքում մնալու եւ իրենց մասնագիտական ոլորտում լիարժէք ինքնարտայայտուելու եւ կայանալու հնարաւորութիւն ունենան», յայտնած է «Վիւասէլ-Էմ. Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի եւ «Վիվասէլ-էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեան շնորհիւ` վերջերս Երիտասարդականը, որպէս պաշտօնական նուագախումբ, արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով մասնակցած է Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած  «Պուսթան» միջազգային փառատօնին, որուն ծիրին մէջ անոնց ունեցած համերգներուն ընթացքին ոգեկոչուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:

«Վիվասէլ-էմ. Թի. Էս.»-ի շնորհիւ` Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը, կիրարկելով նորագոյն արհեստագիտութիւնները, հայաստանեան իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներդրեց դասական երաժշտութեան համերգներու առցանց հեռարձակման մշակոյթը, որուն իբրեւ արդիւնք` դասական արուեստին հաղորդակից կը դառնան ո՛չ միայն համերգասրահի մէջ եղող հանդիսականներ, այլեւ հազարաւոր երաժշտասէրներ` աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ:

«Արուեստը մշտապէս աջակցութեան կարիք ունի: Բարձրարժէք մշակոյթը հանրութեանը հասցնելու գործում մենք միշտ զգում ենք մեկենասների կարիքը: Հայաստանում այդ առաքելութիւնը ստանձնել են «Վիվասէլ-էմ. Թի. Էս.»-ը եւ Ռալֆ Եիրիկեանը: Իրենց շնորհակալ գործունէութեամբ տարիներ շարունակ նրանք ապահովում են բարձր արժէքների տարածումն ու զարգացումը», յայտնած է Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեան:

Արհեստագիտութեան Կեդրոնի Շէնք`
Ստեփանակերտի Մէջ

0410artsakhtecԼեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 9 ապրիլին Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ մասնակցած է «Արցախի տեղեկատուական տեխնոլոգիաների կենտրոն» հիմնադրամի նորակառոյց շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Բակօ Սահակեան ընդգծած է. «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները կը հանդիսանան մեր հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական զարգացման ամենախոստմնալից եւ հեռանկարային ուղղութիւններէն  հիմնականը». ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ հիմնադրամը մեծապէս պիտի նպաստէ այս ոլորտի յառաջընթացին` գործնական կապեր հաստատելով տեղական, հայաստանեան ու արտասահմանեան առաջատար ընկերութիւններու հետ:

Երկրի ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է բարերար Կոնստանդին Մանուկեանին` այս ծրագիրի իրականացման մասնակցելուն համար, բարձր գնահատելով անոր հայրենանուէր մնայուն գործունէութիւնը Արցախի մէջ: Ձեռնարկին ներկայ եղած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, պաշտօնատար այլ անձեր, արտասահմանէն հիւրեր:

ԼՂՀ Խաչմաչ Գիւղին Մէջ Կը Կառուցուի
Համանքային Կեդրոն

0411khachmach«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր Լիբանանի, Պրազիլի, Հոլանտայի, Յունաստանի,  Կիպրոսի տեղական մարմիններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ Խաչմաչ գիւղին մէջ (Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջան) կը կառուցէ համայնքային կեդրոն: Այս մասին կը յայտնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու գրասենեակէն:

Հին ու խարխուլ շէնքին մէջ տակաւին գործող գիւղապետարանն ու դարմանատունը գարնան աւարտին պիտի տեղափոխուին անմիջապէս շէնքին կից բարձրացող երկյարկանի նորակառոյց կեդրոն, ուր պիտի գործեն նաեւ գրադարանը, 150 հոգինոց հանդիսութիւններու դահլիճը, համակարգչային սրահը: 233 բնակիչ ունեցող համայնքը այսուհետեւ այս կառոյցին մէջ պիտի կարենայ կազմակերպել իր ձեռնարկները:

Ներկայիս նորակառոյց շէնքին մէջ կը կատարուին ներքին յարդարման աշխատանքներ: Տեղական մարմարով երեսապատուած գեղեցիկ այս ժամանակակից կառոյցը ունի օդափոխութեան եւ ջեռուցման համակարգեր:

«Շէնքի կառուցումը նաեւ աշխատանք ունենալու հարցը լուծած է, քանի որ շինարարական աշխատանքներուն մէջ ներառուած են նաեւ մեր համագիւղացիները», յայտնած է գիւղապետ Մխիթար Ղահրիյեան:

Հիմնադրամը իրականացուցած է բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնց միասնական մասնակցութիւն բերած են աշխարհի տարբեր երկիրներու հայ համայնքները: Նմանօրինակ ծրագիրներէն են Նոյեմբերեանի հիւանդանոցի վերակառուցումը եւ Քարինտակի ջրամատակարարման համակարգի կառուցումը:

«Հինի կողքին բարձրացող այս կառոյցը կ’ապահովէ գիւղի շարունակական յառաջընթացը», նշած է Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:

Տարբեր բարերարներու ջանքերուն շնորհիւ այսօր համայնքը բարեկեցիկ կեանք կ’ապրի. գիւղը ունի մնայուն ջուր, կազ, գիւղամիջեան կուպրապատ ճամբայ, վերակառուցուած է գիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին:

Ռոպէրթ Քոչարեան Եւ Քանիէ Ուեսթ
«
Թումօ» Կ՛այցելեն

0404kocharianՀայաստանի նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան 2 ապրիլին այցելած է «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոն:

Քոչարեան ԹՈՒՄՕ այցելած է կեդրոնի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեանի հրաւէրով: Ան Սիմոնեանի եւ տնօրէն Մարի Լու Փափազեանի ընկերակցութեամբ շրջած է կեդրոնի սրահներուն մէջ, ծանօթացած է դասընթացքներուն: Անոր ներկայացուած է ուսումնական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ` կեդրոնին յատուկ նախագիծերը եւ ուսանողներուն կատարած աշխատանքներուն արդիւնքները:

0411Twest10411coniewest1– Յայտնի ռեփըր Քանիէ Ուեսթ 10 ապրիլին այցելած է «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոն: Ան շրջագայած է կեդրոնին մէջ, ծանօթացած է տարուած աշխատանքներուն, զրուցած է սաներուն հետ:

Քանիէ Ուեսթ մտած է գծանկարային դասընթացքի սենեակ, զրուցած` դասախօսներուն եւ ուսանողներուն հետ, ծանօթացած է երաժշտական խումբին: ԹՈՒՄՕ-ի ուսանողները երգած են Քանիէ Ուեսթի հետ, որմէ ետք անոր ներկայացուցած են իրենց նոր երգը: Քանիէ Ուեսթ անկէ ետք մեկնած է շարժապատկերի դահլիճ: Ան յատկապէս հետաքրքրուած է երաժշտական եւ գծանկարային բաժինով: Ան մեծապէս տպաւորուած է կեդրոնով եւ տարուած բազմաբնոյթ գործունէութեամբ:

ԹՈՒՄՕ-ի հանրային կապերու բաժինէն նաեւ յայտնած են, որ Քանիէ Ուեսթ թէեւ կարճ այցելութեամբ մը եկած էր կեդրոն, սակայն մեծապէս հետաքրքրուելով կատարուած աշխատանքներով` ան ժամեր մնացած է հոն:

Գիւմրիի Մէջ Սկսաւ «Վերածնունդ»
Փառատօնը` 58 Երկիրներէ Մասնակիցներով

0B701E00-77D4-4FEE-99D0-3597F4CA7598_w640_r1_sՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին արձանագրուած յաղթանակի 70-ամեակին նուիրուած երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» միջազգային 7-րդ մրցում-փառատօնը սկսաւ 10 ապրիլին: Գիւմրիի մշակութային եւ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ 14 անուանակարգերու մէջ հանդէս պիտի գան 36 երկիրներու շուրջ 3000 մասնակիցներ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի ներկայացուցիչներ: Բացի մրցութային հանգրուանէն, մասնակիցները կարելիութիւն ունին վարպետութեան դասեր առնելու դատական կազմին մէջ ընդգրկուած 10 երկիրներէ շուրջ 85 հեղինակաւոր անդամներէն: Այս փառատօնին շնորհիւ` մէկ ամիս ամբողջ Գիւմրին կը վերածուի մշակութային կեդրոնի: Այս տարի փառատօնին մէջ ներառուած են նաեւ գիտնականներ, որոնք միջազգային գիտաժողով մը պիտի կայացնեն` «Մշակութային երկխօսութիւն» խորագիրով, նուիրուած Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին:

Մրցոյթ-փառատօնի կազմակերպիչներն են` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը, Մարդկային պաշարներու զարգացման «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամը, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղը եւ «Վերածնունդ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնը:

Այս առիթով մամլոյ ասուլիս տուած են` Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Երեւանի պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղի տնօրէն, փառատօնի հիմնադիր եւ համանախագահ Կարինէ Աւադեան եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան:

Աւադեան անդրադարձած է փառատօնին ապրած զարգացումին` նշելով, որ 2007-ին մասնակիցներուն թիւը 400 էր, իսկ ներկայիս արդէն շրջանցած է 3000-ը: Նախարար Պօղոսեան շեշտած է, որ նման փառատօն մը միայն հպարտութիւն կը պատճառէ Հայաստանի, մանաւանդ որ անոր խորագիրը` «Վերածնունդ», շատ խոր իմաստ ունի համայն հայութեան համար: Գ. Չեմպերճեան դիտել տուած է, որ տարուէ տարի աւելի միջազգային շեշտաւորում կը ստանայ այս փառատօնը եւ ինքզինք աւելի կը հաստատէ:

Մահլերի «Ողբերգական» Սիմֆոնին`
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած 

0410symphony8 ապրիլին Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին կատարողութեամբ, Հայաստանի մէջ առաջին անգամն ըլլալով հնչած է Կուստաւ Մահլերի 6-րդ սինֆոնին` «Ողբերգական»-ը:

Համերգը տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:

Ըստ գեղարուեստական ղեկավար եւ մալհերեան երաժշտութեան մեծ գիտակ Ուիլիըմ Մենկելպըրկի, 6-րդ սիմֆոնիին մէջ ձայնի միջոցով փոխանցուած է հսկայական ցնցող ողբերգութիւն, սարսափելի աղէտի պայմաններուն մէջ զոհուած հերոսի տիտանական պայքար:

Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ պատահականօրէն չէ ընտրուած Մահլերի «Ողբերգական»-ը: Ապրիլին այլ ստեղծագործութիւն կարելի չէր ներկայացնել: «Ողբերգական»-ն ունի թեմատիկա, եւ այս ներկայացումը Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերի յիշատակի ոգեկոչումն է»:

Սերգէյ Սմբատեանի համաձայն, Մահլերի 6-րդ սիմֆոնին երաժշտական աշխարհի ամէնէն բարդ սիմֆոնիք ստեղծագործութիւններէն է, եւ նուագախումբը մնայուն կերպով դրական լիցքեր կը ստանայ ամէնէն բարդ գործերը յաղթահարելով: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Երիտասարդական նուագախումբը այսուհետեւ աւելի յաճախ պիտի անդրադառնայ Մահլերին:

Սփիւռքահայ Բարերարին Նոր Նուէրը
Սահմանամերձ Բաղանիսին

0411garmirianԱրդէն երկար ժամանակ է, որ համագործակցութեան օրինակելի «համաձայնագիր կնքուած է» մեր հայրենակից, ամերիկաբնակ Յարութիւն Կարմիրեանի եւ սահմանամերձ Բաղանիս գիւղի գիւղապետ Նարեկ Սահակեանի միջեւ:

Նախորդ տարիներուն Յարութիւն Կարմիրեանի նիւթական օժանդակութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Բաղանիսի մէջ բաւական լաւ աշխատանքներ տարուած են: Բարեկարգուած էին կանգառները, գիւղին մէջ տեղադրուած էին աղբամաններ, լուծուած էին գիւղի ջրամատակարարման, լուսաւորութեան հարցերը եւ այլն: Գիւղապետ Նարեկ Սահակեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ գիւղին մէջ կատարուած բարեկարգումներուն մէջ իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած է նաեւ Յարութիւն Կարմիրեան:

«Ամիսներ առաջ կրկին խնդրանքով դիմեցի պարոն Յարութիւնին: Գիւղատնտեսութեան ոլորտը զարգացնելու համար գիւղին հարկաւոր էր թրթուրաւոր քարշակ, որպէսզի շուկայականից աւելի էժան գնով գիւղացին կարողանայ մշակել իր չափաբաժին հողամասը: Խնդրանքս երկար սպասեցնել չտուեց, եւ այն արդէն Բաղանիսում է: Ընդհանուր արժէքը կազմեց 7600 տոլար: Բաղանիս գիւղի բնակչութեան անունից շնորհակալութիւն ենք յայտնում իրեն արդէն բաղանիսցի համարող մեր Յարութիւնին եւ ցանկանում ենք յաջողութիւն նրա գործերին», «Երկիր»-ին ըսած է Բաղանիսի գիւղապետը:

Զինուորական Հիւանդանոցի Երկու
Նոր Մասնաշէնքերու Բացում

Ապրիլ 7-ին` Առողջութեան համաշխարհային օրը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Կեդրոնական բժշկական զինուորական հիւանդանոցին մէջ բացումը կատարուած է ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխանող բժշկական երկու մասնաշէնքերուն, ուր պիտի գործեն թռիչքային փորձաքննութեան, դիմածնօտային, ատամնաբուժական, ռազմադաշտային ապաքինման եւ շարք մը այլ բաժանմունքներ:

Շնորհաւորելով բժիշկները եւ որպէս մարտունակ բանակի կարեւորագոյն նախադրեալ ընդգծելով բժշկական ապահովման դերն ու նշանակութիւնը` պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ըսած է. «Հայկական զինուած ուժերում շարունակւում են լիարժէք ու որակեալ, նորագոյն ձեռքբերումների վրայ հիմնուած ռազմաբժշկական ծառայութեան կայացմանն ուղղուած աշխատանքները, ինչի արդիւնքներն ակնյայտ են»:

Հիւանդանոցի բժշկական նոր մասնաշէնքերու բացման արարողութեան աւարտին բարձրաստիճան զինուորականներու եւ «Զինուորական բժիշկների հայկական ասոցիացիա»-ի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը շրջագայած է ամբողջովին նորոգուած, նոր գոյքով, թեքնիք միջոցներով եւ բժշկական սարքաւորումներով յագեցած շինութիւններուն մէջ, ծանօթացած` կատարուած աշխատանքներուն: Կատարուելիքներուն կազմակերպման վերաբերեալ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը շարք մը ցուցումներ եւ յանձնարարականներ տուած է բժշկական անձնակազմին:

Առողջութեան համաշխարհային օրուան, Մայրութեան ու գեղեկցութեան տօնին առթիւ, ինչպէս նաեւ զինուորներուն բժշկական սպասարկման իմաստով ունեցած աւանդին համար նախարար Սէյրան Օհանեան շարք մը կին բժիշկ սպաներու յանձնած է նուէրներ ու պատուոյ գիրեր:

Viva-cell-logo2

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բողոք Եւ Ընդվզում Հակահայ Գրգռութեանց Դէմ

Յաջորդը

Հրատարակուած Են Օսմանահայ Մարմնամարզիկ Վահրամ Փափազեանի Յուշերը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 15, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 8, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In