Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Եւ «Ֆուլեր Տնաշինական
Կեդրոն»-ը Կը Շարունակեն Տուներ Կառուցել
«Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան, ընկերութեան աշխատակիցները եւ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի խումբը միասնական ուժերով կը շարունակեն բնակարանաշինութիւնը Հայաստանի մարզերուն մէջ: Այս անգամ անոնք Վայոց Ձորի Խաչիկ գիւղին մէջ մասնակցած են Բաբաջանեաններու կիսակառոյց տան շինարարութեան:
«Ես հեքիաթներու չեմ հաւատար, բայց այս իսկական հեքիաթ է: Քանի տարի է` ընտանիքս կ՛ապրի այս կիսակառոյց տան խոնաւ ու մութ նկուղին մէջ` առանց տարրական յարմարութիւններու: Հիմա, երբ կը տեսնեմ, որ տուն ունենալու իմ յամառ եւ անիրական թուացող երազը աչքիս առջեւ իրականութիւն կը դառնայ, ինչպէ՜ս չհաւատամ հեքիաթներուն», ըսած է ընտանիքին հայրը` Գագիկ Բաբաջանեանը:
Այս գիւղը մէկն է Հայաստանի շարք մը այն գիւղերէն, ուր բնակարանաշինութիւնը ոչ միայն կենսական, այլ նաեւ ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է: Խաչիկի թիկունքին սահմանն է, բազմաթիւ տուներ փլուզման վտանգի ենթակայ են: Շրջանէն արտագաղթը կանխելու միջոցներէն են ամուր տանիքը եւ կենցաղային գոհացուցիչ պայմանները:
«Մի՛ ըլլար անտարբեր: Շուրջ տասը տարիէ «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը, ոչ պատահականօրէն, կ՛առաջնորդուի այս կարգախօսով: Անտարբերութիւնը չարիք կը ծնի, իսկ հոգատարութիւնը` սէր, հաւատք, ուժ, ապրելու եւ ստեղծագործելու մեծ ցանկութիւն: Այսօր, առաւել քան երբեւէ, այս մօտեցումը կարեւոր է մեր ազգին համար: Անհաշտ հարեւան եւ մեծ սահման ունեցող երկրի բնակիչը պէտք է վստահ ըլլայ, որ իր թիկունքին կան կանգնած մարդիկ, որոնք պատրաստ են աջակցելու եւ ամրացնելու լաւ ապագայի հաւատքը: Քարը քարին վրայ դնելու պատրաստուող կամաւորներու այս խումբը այդ յոյսը եւ հաւատքը սերմանելու համար կը գտնուի նաեւ այստեղ», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
«Ցաւօք, Հայաստանի մէջ դեռ կան շատ մարդիկ, որոնք չունին ամուր տանիք եւ ապրելու համար անհրաժեշտ տարրական պայմաններ: Մի՞թէ կայ աւելի հաճելի բան, քան` սեփական հողի վրայ սեփական տուն ունենալը: Այնքան ուրախանալի է տեսնել այս մարդոց երջանկութիւնը: Կը յուսամ, որ իւրաքանչիւր քար, որ կը դրուի կառուցուող տան հիմքին վրայ, կ՛ամրացնէ մեր կամքը. կը կառուցենք տուն, ուրեմն նաեւ` համայնք եւ հայրենիք», ըսած է Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեան:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի նիւթական յատկացումով սահմանամերձ Խաչիկ գիւղին մէջ 2008-ին չորս տուն կառուցուած եւ վերանորոգուած է: Հայաստանի տասը մարզերու մէջ այս տարի բնակարանաշինութեան ծրագրով պիտի վերանորոգուի եւ աւարտին պիտի հասցուի 40 տուն: Ծրագրի իրականացման համար «Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.»-ը 100 միլիոն դրամի ներդրում կատարած է, 2014-ին` 55 միլիոն դրամ, իսկ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ը ստանձնած է ծրագրի իրականացումը: Յաջող համագործակցութեան շնորհիւ` 53 ընտանիք ապահով կացարան ունի: Այս տարի եւս 40 ընտանիք պիտի աւելնայ այդ ցանկին վրայ:
«Հայաստան» Հիմնադրամի Պատուիրակութիւնը
Այցելած Է Արցախ
«Հայաստան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստի ծիրին մէջ հիմնադրամին պատուիրակութիւնը, կազմուած` հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէ, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներէ, բարերարներէ, գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, 20 մայիսին սկսած է իր վեցօրեայ հաշուետու այցելութիւններուն` Արցախ եւ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն վայրերը: Պատուիրակութիւնը Արցախ մեկնած է Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիով, որուն կուպրապատումը պիտի շարունակուի կառուցման երկրորդ հանգրուանով: Մայիս 21-ին հիմնադրամի պատուիրակութիւնը մեկնած է Ասկերանի շրջան, ուր հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարած է Պատարա եւ Խանցք գիւղերու նորակառոյց համայնքային կեդրոններուն: Պատարայի համայնքային կեդրոնը կառուցուած է հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ (Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ): Երկյարկանի շինութիւնը մէկ տանիքի տակ կը համախմբէ գիւղին բժշկական կեդրոնը, գրադարանը, համակարգչային սենեակը, գիւղապետարանը: Կից կառուցուած հանդիսութիւններու սրահն ալ պիտի ծառայէ համայնքի նախաձեռնութիւններուն: Ֆրանսահայ համայնքին հովանաւորութեամբ ներկայիս Արցախի մէջ կը կառուցուին շարք մը համայնքային կեդրոններ եւ կրթօճախներ:
Խանցք գիւղի նորակառոյց համայնքային կեդրոնը կեանքի կոչուած է հիմնադրամի Մոնրէալի տեղական մարմինին եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ: Երկյարկանի կառոյցին մէջ կեդրոնացած են` գիւղապետարանը, գրադարանը, համակարգչային սենեակը, խաղասրահը: Կից կառուցուած է հանդիսութիւններու սրահ` նախատեսուած 150 հոգիի համար: Ժամանակակից յարմարութիւններով օժտուած այս համալիր կառոյցները առաւել յարմարաւէտ պիտի դարձնեն համայնքին կեանքը:
Բացման արարողութեան յաջորդած է պատուիրակութեան այցելութիւնը Ասկերանի շրջանի Իւանեան գիւղի մանկապարտէզ, որուն կառուցման համար միջոցները գոյացած են Թորոնթոյի տեղական մարմինին ջանքերով: Ծրագիրը կը համաֆինանսաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը: Շուրջ 420 քառ. մեթր տարածք ունեցող մանկապարտէզին մէջ խնամք եւ ուսում կրնան ստանալ մինչեւ 70 երեխաներ: Մանկապարտէզին կից կը կառուցուի համայնքային կեդրոն` Թորոնթոյի հայրենակիցներուն միջոցներով:
Երեկոյեան հիւրերուն ի պատիւ համերգով հանդէս եկած են Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլեճի սաները: Ընդամէնը ամիսներ առաջ հիմնադրամին ջանքերով վերակառուցուած այս կրթօճախը իր յարկին տակ կը հիւրընկալէ կրթական եւ մշակութային տարբեր նախաձեռնութիւններ:
Մեթրոյի Վերականգնողական
Աշխատանքները Սկսած Են
Մայիս 11-ին Կ. Դեմիրճեանի անուան Երեւանի մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի յարակից տարածքին մէջ ընթացք առած է մեթրոյի վերականգնման ծրագրին երկրորդ հանգրուանը` փապուղիները երկարելու եւ զանոնք վերականգնելու աշխատանքները:
Ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան, Եւրոպական ներդրումային դրամատան եւ Եւրոպական միութեան հարեւանութեան ներդրումային ծրագրի աջակցութեամբ: Նախաձեռնութեան ներկայ եղած է նաեւ դրամատան նախագահ Սումա Չաքրապարթի, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու Երեւանի քաղաքապետարանին եւ դրամատան միջեւ իրականացուող ծրագիրները քաղաքային տնտեսութեան այլ ոլորտներուն մէջ եւս:
«Երեւանի մեթրոփոլիթենի վերականգնման ծրագրի 2-րդ հանգրուանի նշուած բաղադրիչի նպատակն է մեթրոյի վազորդային փակուղիներ ներհոսող ստորգետնեայ ջուրերու զգալի նուազեցումը եւ անոնց ուղղորդումը դէպի Հրազդան գետ: Մեթրոյի վազորդային փակուղիներու հարեւանութեամբ գործող տրենաժային փակուղին կ՛երկարի «Զօրավար Անդրանիկ» կայարանէն մինչեւ Հրազդան գետ` ջրթափ վայրը: Այն պէտք է երկարաձգուի գոյութիւն ունեցող տրենաժային փակուղիին արեւելեան ճիւղի ծայրէն մինչեւ մեթրոփոլիթենի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի հիւսիսային մասին մէջ գտնուող ջրմուղ կայանը, ուր կը նկատուի ստորգետնեայ ջուրերու ուժեղ հոսք», նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Օձունի Վանքը Վերականգնուած Է
Եւ Փլուզումի Վտանգի Տակ Չէ
Օձունի 6-րդ դարու հռչակաւոր եկեղեցին փլուզման վտանգի տակ չի գտնուիր այլեւս: Արդարեւ, մոսկուայաբնակ հայ գործարար Մովսէս Ձաւարեանի միջոցներով իրականացուած վերականգնման աշխատանքներուն համար ծախսուած է 271 միլիոն դրամ, մինչդեռ ամբողջ Հայաստանի մէջ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ յուշարձաններու վերականգնման 2014-ի պիւտճէն կը կազմէր այս գումարին 60 տոկոսը` 165 միլիոն դրամ:
Կատարուած աշխատանքը բարձր գնահատած է Մայր Աթոռը, որուն ճարտարապետական բաժնի ծրագիրներու ղեկավար Մերի Դանիէլեանի համաձայն, վերականգնումը կատարուած է բարձրագոյն մակարդակով: Նոյն կարծիքին է նաեւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը:
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլջեան քննադատած է Օձունի վերականգնման վերաբերեալ հնչող տարատեսակ կարծիքները` զանոնք անհեթեթ նկատելով: Բարերար Մովսէս Ձաւարեան իր կարգին նշած է, որ դէմ է եկեղեցւոյ վերանորոգման այն ոճին, որ որդեգրուած է վերջին տարիներուն:
«Ճարտարապետական խորհուրդին կողմէ հաստատուած նախագծի առկայութեան պարագային, եթէ մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Մայր Աթոռը փափաքին կատարել որեւէ լրացուցիչ աշխատանք, անոնք կրնան կատարել, որովհետեւ նպատակս եկեղեցին փլուզումէ փրկելն էր, եւ առաքելութիւնս աւարտած կը համարեմ», ըսած է Մովսէս Ձաւարեան:
Յիշեցնենք, որ Օձունի եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները տեւած են 3 տարի:
Մայիս 16-Ին Կայացաւ Տոլմայի
«Ուդուլ»-ի Փառատօնը
«Տոլման հայկական լեռնաշխարհի մէջ» խորագիրը կը կրէ 2015 թուականի տոլմայի «Ուդուլ»-ի փառատօնը: Ուդուլին խաղողի տերեւն է` ուրարտերէնով:
Փառատօնի մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան համտեսելու տոլմաներու այն տեսակները, որոնք նախապէս պատրաստուած են Հայկական լեռնաշխարհի տարբեր նահանգներուն մէջ: «Ամենաերկար տոլման», «Տոլմայի ամենաարագ համտեսը» խորագիրով մրցումներ ալ կազմակերպուեցան: Փառատօնի նպատակն էր տարածել տոլման, տեղացի հանրութեան եւ հիւրերուն ներկայացնել անոր պատրաստութեան եղանակներն ու պատմութիւնը:
Տոլմայի փառատօնի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիրի տարածքին մէջ:
«Պատահական չէր, որովհետեւ այս տարի յոբելենական է այն առումով, որ Մուսա լերան հերոսամարտին եւ մուսալեռցիներու ազգագրութեանը նուիրուած ցուցադրութիւններ պիտի կազմակերպենք», յայտնած է Սարդարապատի «Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարան»-ի տնօրէնի տեղակալ Սվետլանա Պօղոսեան:
Փառատօները կը նպաստեն զբօսաշրջութեան զարգացման: Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան քաղաքականութեան վարչութեան նախագահ Մեխակ Ապրեսեանի համաձայն, ամէն տարի զբօսաշրջիկներու թիւի աճ կ՛արձանագրուի: Օրինակ, 2014 թուականին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, անոնց թիւը աւելցած է 120 հազարով` անցնելով 1 միլիոնի շեմը:
Կը զարգանայ նաեւ ներքին զբօսաշրջութիւնը: «Արենի փառատօն» հիմնարկի տնօրէն Նունէ Մանուկեան նշած է, որ զբօսաշրջութիւնը տարուէ տարի իր դէմքը կը փոխէ, եւ պիտի գայ ժամանակ, երբ անիկա պիտի ըլլայ աւելի թեմաթիք, իսկ իրենց նպատակն է` կարենալ Հայաստանը ներկայացնել տարբեր փառատօներու:
«Ոսկէ Ծիրան»-Ի Ծիրին Մէջ`
«Այլեւս Երբեք» Շարժապատկերի Ծրագիր
«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կայացուցած է «Այլեւս երբեք» ծրագիրը` եւրոպական հեղինակաւոր շարժապատկերի փառատօներուն ընթացքին կազմակերպելով Ցեղասպանութեան նիւթերով ժապաւէններու ցուցադրութիւն:
Մայիս 12-ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Ոսկէ ծիրան»-ի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան յայտնած է, թէ «Այլեւս երբեք» ծրագիրը կը գործադրուի երկու հանգրուանով: «Տարեսկզբին մեկնարկած առաջին փուլը կ՛աւարտի յունիսի վերջին կայանալիք Մոսկուայի միջազգային կինոփառատօնէն յետոյ: Անոր կը յաջորդէ այս տարի Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Ոսկէ ծիրան»-ը, որմէ ետք կ՛իրագործուի ծրագրին երկրորդ հանգրուանը»:
Արդէն կայացած ցուցադրութիւններուն մասին Յարութիւն Խաչատրեան ըսած է. «80-90 տոկոսը օտարազգիներ էին, որոնք հետաքրքրուած էին Հայաստանի պատմութեամբ եւ յատկապէս հետաքրքրուած էին Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը իմանալու: Ժապաւէնները կարծես թէ բաւարարեցին բոլորին հետաքրքրութիւնը: Լաւագոյն թերթերու մէջ` Ֆրանսայի, Շուէտի, Գերմանիոյ, Պիելոռուսիոյ, Պուլկարիոյ` տպուեցան լուրջ յօդուածներ Ցեղասպանութեան եւ Ցեղասպանութեան մասին ժապաւէններու մասին»:
Այս ծրագիրը իրականացուած է նաեւ Պոլսոյ շարժապատկերի միջազգային փառատօնին:
ՀՅԴ Երիտասարդները Կաղարծիի Ս. Թարգմանչաց
Եկեղեցւոյ Շրջակայքը Մաքրելու Նախաձեռնած Են
Մայիս 17-ին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան օժանդակութեամբ, կազմակերպած է Մարտունիի շրջանի Կաղարծի համայնքի Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ շրջակայքի մաքրութեան աշխատանքներ:
«Պահպանենք մշակութային արժէքները» խորագիրը կրող ծրագիրը շարունակական է եւ նպատակ ունի Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ իրականացնել եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու մաքրութեան աշխատանքներ` նպաստելով պատմական-մշակութային արժէքներու պահպանման գործին:
Ծրագրի շրջանակներուն մէջ վերջերս ՀՅԴ-ի երիտասարդներու ջանքերով իրականացուած էր նաեւ Ասկերանի շրջանի Պատարա համայնքի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ շրջակայքի մաքրութեան աշխատանքներ: