Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Նորածիններու Խնամքի Արդի Սարքաւորումներ`
Թալինի Հիւանդանոցին
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան այցելած է Թալինի հիւանդանոց: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ «Պըրթլինք» հասարակական կազմակերպութեան միացեալ ծրագիրին շնորհիւ հիւանդանոցի ծննդաբերական բաժանմունքը համալրուած է նորածնային խնամքի բարձրակարգ սարքաւորումներով` շարժական ջերմացուցիչ, բուժման արդիական սարք, ներարկման մխոցներ, տաքցնող ներքնակ, հրատապ իրավիճակներու համար նախատեսուած պայուսակ եւ այլն: Սարքաւորումները առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունին բարդ յղութեան կամ վաղաժամ ծննդաբերութեան իբրեւ հետեւանք որոշ հարցերով լոյս աշխարհ եկած փոքրիկներուն ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերելու իմաստով:
«Կան նախագիծեր, որոնք կարեւոր են ո՛չ միայն ռազմավարական, հեռանկարային տեսանկիւնէն, այլեւ անհատական գոհունակութեան զգացում կը պարգեւեն` բարի գործի մասնակից ըլլալու առումով: Կարելի չէ անտարբեր մնալ, երբ կեանքի համար պայքարող այս փոքրիկները տեսնես: Այդ պատճառով մեր ընկերութիւնը փափաքեցաւ ջերմութեան եւ վստահութեան մէկ մասնիկը փոխանցել անոնց` տրամադրելով կենսական սարքաւորումներ», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ «Պըրթլինք» կազմակերպութեան միջեւ այս գործակցութիւնը 7-րդ տարին ըլլալով կը շարունակուի: 2015 թուականին գերժամանակակից սարքաւորումներով պիտի ապահովուի 14 ծննդատուն` ներառելով Արարատի, Արագածոտնի, Կոտայքի, Արմաւիրի, Լոռիի մարզերը եւ մայրաքաղաքը:
Ծրագրի իրականացման համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ցարդ յատկացուցած է մօտաւորապէս 535 միլիոն դրամ:
Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկը Պիտի Համալրուի
Ժամանակակից Արուեստագէտներու Աշխատանքներով
Նորաբաց Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը պիտի համալրուի հայ ժամանակակից արուեստագէտներու շարք մը աշխատանքներով: Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ 6 մարտին բացումը կատարուեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 145-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած գեղանկարները, քանդակները, գծանկարչական եւ զարդական-կիրարական արուեստի նմուշները ցուցահանդէսի աւարտին պիտի նուիրուին նորաբաց թանգարանին: Ցուցահանդէսի բացման մասնակցած են բազմաթիւ արուեստասէրներ: Ցուցահանդէսին կազմակերպիչը, Աշխարհի հայ նկարիչներու միութեան համանախագահ Ղազար Միրզոյեան ընդգծած է, որ ներկայացուած են աշխատանքներ, որոնք կ՛առնչուին Կոմիտասին: «Ներկայացուած է մօտաւորապէս քսան աշխատանք: Անոնցմէ են հայ ժամանակակից արուեստագէտներու եւ Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչ Սիմոն Գալստեանի երկու աշխատանքները: Բոլոր արուեստագէտները Հայաստանէն են: Մենք մօտաւորապէս ութ ամիս առաջ յայտարարած էինք ցուցահանդէսին մասին եւ սկսած պատրաստուելու: Դժուար է նկարել Կոմիտասը, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայու համար ան երաժշտութեան Մեսրոպ Մաշտոցն է», նշած է Ղազար Միրզոյեան:
Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէնի խորհրդական Փարաւոն Միրզոյեան ընդգծած է, որ նման ցուցահանդէսներ յաճախ չեն կազմակերպուիր: «Երբ բացուեցաւ Կոմիտասի հրաշալի թանգարանը, մենք մտածեցինք, որ անիկա պէտք է ունենայ իր ֆոնտը: Այսպիսի նուիրատուութիւն կազմակերպելը առաջին քայլն է այդ ուղիին վրայ», յայտնած է ան:
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Նիկոլա Կոստանդեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն. «Նուիրատուութեան աւանդութիւնը կը շարունակուի: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր ստեղծագործողներուն»:
Նկարիչ Էդուարդ Հախվերդեան Կոմիտասին նուիրուած իր նկարներէն մէկը այս առիթով յանձնած է թանգարանին: «Կոմիտասը հայ ժողովուրդին հարստութիւնն է: Նախորդ տարի նկարած եմ` առանց գիտնալու, որ պիտի ցուցադրուի ազգային պատկերասրահին մէջ: Սիրով համաձայնեցայ, որ այս գործը նուիրուի Կոմիտասի թանգարանին», յայտնած է ան:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 15 մարտ:
Նահատակ Գրողներու Գործերու Հաւաքածոյ`
Տարբեր Լեզուներով
Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան 3 մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած գրողներու ստեղծագործութիւններուն նուիրուած հաւաքածոներ լոյս պիտի տեսնեն:
«Զոհուած գրողներու ստեղծագործութիւնները պէտք է թարգմանուին գերմաներէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի եւ ռուսերէնի: Անոնց կարգին են Վարուժանի, Սիամանթոյի գործերը: Հաւաքածոները պէտք է հրատարակուին այս տարուան ընթացքին», նշած է Էդուարդ Միլիտոնեան: Ան տեղեկացուցած է, որ փափաք կայ նաեւ այս գրողները Նոպէլեան մրցանակի ներկայացնելու:
Գրողներու միութեան նախագահը վստահ է, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ պէտք է շարունակական ըլլան: «Մեր դասական գրողներու Ցեղասպանութեան նիւթով գործերուն մէկ մասը եւս պէտք է թարգմանուի, վերահրատարակուի», նշած է ան: Միլիտոնեանի համաձայն, Ցեղասպանութեան առաջին զոհերը ինքնին գրողները եղած են, ուստի մենք մեծապէս պէտք է գնահատենք զանոնք եւ կարեւորութիւն տանք անոնց աւանդին:
Յունուար-Փետրուարին Օժանդակութիւն Ստացած Են
Սուրիահայ Շուրջ 300 Ընտանիք
Յունուար եւ փետրուար ամիսներուն օժանդակութիւն ստացած է սուրիահայ մօտաւորապէս 300 ընտանիք: Այս մասին յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը` վկայակոչելով 2 մարտին աշխատանքային հերթական խորհրդակցութեան ընթացքին ընկերային ապահովութեան վարչութեան նախագահին զեկոյցը:
«Նշուած ժամանակահատուածին քաղաքապետարանին ենթակայ բժշկական հիմնարկներ դիմած են նաեւ մօտաւորապէս 261 սուրիահայեր, որոնց ցուցաբերուած է անվճար բժշկական օգնութիւն եւ սպասարկում: Յանձնարարուած է հետեւողականօրէն շարունակել սուրիահայերուն նկատմամբ ցուցաբերուող ընկերային աջակցութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Երեւանի Աւելի Քան 90 Դպրոցներու Տրամադրուած Է
Մօտաւորապէս 115 Համակարգիչ
Երեւանի քաղաքապետարանին եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին միջեւ եղած համագործակցութեան շնորհիւ իրականացող ծրագիրներու ծիրին մէջ հիմնադրամին կողմէ Երեւանի քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող աւելի քան 90 դպրոցներու տրամադրուած է մօտաւորապէս 115 համակարգիչ:
Երեւանի քաղաքապետարանի սրահին մէջ կրթօճախներու տնօրէններուն համակարգիչներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուած են նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, «Փիւնիկ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Սարգսեան եւ հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան:
Դպրոցներու պատասխանատուներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնելով հիմնադրամին` դպրոցները համակարգիչներով ապահովելու շարունակական նախաձեռնութեան համար, Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան նախագահ Գայեանէ Սողոմոնեան դիտել տուած է, որ դպրոցներուն մէջ մասնագիտացած դասարաններու հաստատման եւ արդիական սարքերով օժտման, ինչպէս նաեւ համակարգիչներով կահաւորման շնորհիւ մեծապէս բարձրացած է կրթութեան որակը:
Մահացած Է Բանաստեղծ, Արուեստաբան
Ռոմանոս Սահակեանը
Մահացած է 76-ամեայ բանաստեղծ, արուեստաբան Ռոմանոս Սահակեանը: Ծնած է 5 մայիս 1939-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղը: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական կաճառը: 1972 թուականէն Երեւանի պետական համալսարանի եւ Երեւանի այլ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ դասաւանդած է հայ գրականութիւն, գեղագիտութիւն, հայ մշակոյթի պատմութիւն, ոճագիտութիւն եւ այլ առարկաներ: Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ է 1995 թուականէն: Հեղինակ է բանաստեղծական 13 գիրքի, որոնց կարգին` «Տիեզերական համանուագ» (1997), «Երկրային ճամբորդ յաւերժի ճամբին» (2001), «Գեղագիտութիւն» (2008), «Arc Poctica» (2009), «Արարչական սէր» (2010), նաեւ հեղինակ է 2 գիտական մենագրութեան եւ 60 գիտական յօդուածներու: 2006-ին արժանացած է «Ֆրիտեոֆ Նանսեն» ոսկի յուշամետալի, 2009-ին` ՀԳՄի «Գրական վաստակի համար», 2009-ին` Լեռնային Ղարաբաղի «Մռաւի ղօղանջներ» մետալներուն: Ռոմանոս Սահակեանի քաղաքացիական հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ 7 մարտին, իսկ վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը` 8 մարտին:
10 Հազար Պատանի Երկրապահի Երդում Տուաւ`
Վազգէն Սարգսեանի Ծննդեան Օրը
Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան օրը` 5 մարտին, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ տեղի ունեցաւ 10 հազար պատանի երկրապահ կամաւորականներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Մարզահամերգային համալիրին մօտ կազմակերպուած հանդիսաւոր նախաձեռնութեան ընթացքին պատանի երկրապահներու տարբեր շրջաններու ստորաբաժանումները հանդէս եկան վարժական ցուցադրութիւններով:
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, ԵԿՄ-ի նախագահ, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանը, զօրավար Սէյրան Սարոյեանը, Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանը:
«Մեր զինուորները այսօր սահմաններու պաշտպանութեան առումով կրնան իրենց անձնուիրութեամբ յետ մղել հակառակորդի որեւէ ոտնձգութիւն, որեւէ սադրանք: Թէկուզ կեանքի գնով, կ՛ապահովեն հայ ժողովուրդի խաղաղ արարումը: Առանձնայատուկ տարի է այս տարին: Մենք ձեռնարկներու ձեւով պիտի նշենք Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, աւելի պատասխանատու կերպով պիտի նայինք մեր հայրենիքի ապագային», իր խօսքին մէջ յայտնած է նախարար Ս. Օհանեան:
Աւարտին մասնակիցները ծաղիկներ զետեղած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ:
Արցախի Բարբառի Եւ Ազգագրութեան
Ուսումնասիրութեան Կեդրոն
Նախորդ տարի Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ մշակութային եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններ կատարուած են 24 ծրագրային ուղղութիւններով` 12-ը մշակութային, 12-ը երիտասարդական, որոնց ծիրին մէջ կատարուած են 328 ձեռնարկներ, որոնց 216-ը` մշակութային, 112-ը` երիտասարդական:
Այս մասին յայտնած է գերատեսչութեան ղեկավար Նարինէ Աղաբալեանը, նախարարութեան 2014 թուականի գործունէութեան ամփոփման առիթով կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Նախարար Ն. Աղաբալեանի համաձայն` հաշուետու ժամանակաշրջանին մշակութային ոլորտի գերակայ ուղղութիւններ ճշդուած են մշակութային ինքնութեան պահպանումը եւ վերարտադրութիւնը, մշակութային կրթութեան համակարգի կատարելագործումը, թանգարանային գործի կատարելագործումը, ստեղծագործական ներուժի դրսեւորման եւ տարածման պայմաններու ապահովումը, մշակութային երկխօսութեան եւ համագործակցութեան խորացումը եւ մշակութային քարոզչութեան աշխուժացումը:
«Մասնաւորապէս մշակութային ինքնութեան եւ ճանաչողութեան, հանրայնացման, ինչպէս նաեւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ձեռնարկներու ծիրին մէջ, իրականացուած են ժողովրդական արհեստներու ուսուցման ծրագիրներու ներդրման, փառատօներու եւ տօնական միջոցառումներու կազմակերպման ծրագիրներ: Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը աջակցութիւն ցուցաբերած է Ճարտարի արուեստի դպրոցին մէջ եւ Շուշիի Ա. Խաչատրեանի անուան պետական հումանիտար քոլեճին մէջ գորգագործութեան ուսուցողական ծրագիրներու իրականացման համար: Շուշիի մէջ շարունակուած է բրուտագործութեան զարգացման ծրագիրը: Հանրապետութեան մէջ առաջին անգամ կազմակերպուած են «Արցախեան գորգարուեստ», «Տոհմածառ» մրցոյթները, ինչպէս նաեւ թոնրահացի տօնը` Խանցկ գիւղին եւ «Արցախեան թթուի փառատօնը»` Դրախտիկի մէջ: Իրականացուած է նաեւ ազգագրական պարերու ուսուցման ծրագիրը», յայտնած է ան:
Ըստ Ն. Աղաբալեանի` հաշուետու ժամանակաշրջանին բարբառի եւ ընդհանրապէս ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ հանրահռչակման առումով նոր թափ ստացած է գիտահետազօտական գործունէութիւնը` գերատեսչութեանը կից ստեղծուած «Ղուկասեան եղբայրներու անուան Արցախի բարբառի եւ ազգագրութեան ուսումնասիրման կեդրոն»-ի գործունէութեան մեկնարկով: Աշխուժ ընթացք տրուած է նաեւ բանահաւաքման եւ բարբառային նիւթերու հաւաքագրման աշխատանքներուն: Այդ նպատակով համագործակցութիւն սկսած է Արցախի եւ Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն եւ տարբեր գիտական կեդրոններու եւ հաստատութիւններու հետ: Աշխատանքներ տարուած են համահաւաք մատենագիտութեան ստեղծման ուղղութեամբ: