Մարտ 27-ին Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսական կազմին ու դիւանագէտներուն ներկայացուած է պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեանի «Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ արեւմտահայութիւնը (19-րդ դար-1914 թ.)» գիրքը: Դիւանագէտը այս գիրքին պատրաստութեան համար աշխատած է ութ տարի:
«Միացեալ Նահանգներ չեն զբաղած եւ չեն միջամտած Հայկական հարցին, միջամտութիւնը եղած է միսիոնարական», յայտնած է դեսպան Արման Կիրակոսեան` խօսելով ամերիկեան քաղաքականութեան մասին: Միացեալ Նահանգներու մէջ դեսպանութեան տարիներուն ան սկսած է իր աշխատանքին` ուսումնասիրելով ամերիկեան արխիւները:
Ըստ դիւանագէտին, 19-րդ դարու վարդապետութեան շնորհիւ Միացեալ Նահանգներ դարձած է գերտէրութիւն` չմիջամտելով եւրոպական երկիրներու գործերուն, սակայն` օգտուելով երկիրներուն միջեւ առկայ հակասութիւններէն ու պատերազմներէն. նոյն մօտեցումը դրսեւորած է նաեւ հայկական հարցին մէջ:
Մեր օրերուն անդրադառնալով` դիւանագէտը նկատի առնելով պատմութեան դասերը, դիտել տուած է, որ պէտք չէ Միացեալ Նահանգներէն ակնկալութիւններ ունենալ:
«Մենք պէտք չէ հետեւենք, թէ այս կամ այն երկիրը ինչ քաղաքականութիւն կ’որդեգրի մեզի նկատմամբ: Մենք պէտք է ունենանք մեր քաղաքականութիւնը», յայտնած է Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան` յուշելով նաեւ, թէ պէտք է օգտուինք պետութիւններուն միջեւ առկայ շահերու բախումէն: