Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 4, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Զաքար Քէշիշեանի Ելոյթը Համախմբեց Արցախցիները` Այս Անգամ Արցախէն Դուրս

28 օգոստոսին Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ շուիահար, տուտուկահար, Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի եւ արցախցի դաշնակահար Նադեժդա Յակոբեանի համերգը, որ կը կրէր «Միասնական» խորագիրը:

Արցախի բռնագրաւումէն ետք ասիկա Զաքար Քէշիշեանի առաջին համերգն է, որ արցախցիները կը համախմբէ Արցախէն դուրս: 30 տարիներու ընթացքին, Զաքար Քէշիշեան դարձած է արցախցիներուն սիրելին, առ այդ, համերգը լաւ առիթ էր մշակութասէր արցախցիներուն` դարձեալ հաւաքուելու եւ վայելելու իրենց սիրելի երաժիշտին կատարումները:

Համերգին ներկայ էին նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդը, քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ:

Առաջին անգամ Զաքար Քէշիշեան Արցախ գացած էր 1988-ին` Երեւանէն խումբ մը ուսանողներու հետ համերգներ տալու եւ առաջին պահէն իսկ սիրահարած էր Արցախին:

Յիշեցնենք, որ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբը կազմուած է Շուշիի ազատագրութեան տարիներուն: Այդ օրերուն հիմնադրուած Արամ Մանուկեանի անուան վարժարանի մշակութային խումբերէն մէկն էր անիկա: Այդ ատենէն ի վեր, ամէն տարի Զաքար Քէշիշեան, այցելելով Արցախ, 2 ամիս կը նուիրէ երգչախումբին` պատրաստելով նոր համերգներ` նոր երգացանկով: Այս 30 տարիներուն յօրինուած են երգչախումբին համար աւելի քան 160 երգեր:

Համերգին ընթացքին Զաքար Քէշիշեան յայտարարեց, որ այժմ ալ Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպեն «Երգող Արցախ» երգչախմբային ծրագիրը, որ տեղի պիտի ունենայ 13 սեպտեմբերին, Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ:

Բագրատ Սրբազան Գիտելիքի Օրուան Առիթով Այցելեց Կիրանց Եւ Շնորհաւորեց Գիւղի Երեխաները

Բագրատ սրբազան գիտելիքի օրուան առիթով այցելեց Կիրանց եւ շնորհաւորեց գիւղի երեխաները:

Ան երեխաներուն հետ այցելեց եկեղեցի, աղօթեց եւ ապա մաղթանք յղեց անոնց` ըսելով. «Դուք մեր սիրոյ եւ աղօթքներու մէջն էք, մենք մնայուն ձեզի հետ պիտի ըլլանք, որովհետեւ դուք կը գտնուիք մեր պետութեան առաջնագիծին վրայ: Մաղթանքս է, որ ձեր աղօթքով, ձեր սիրով, ձեր կամքով, ձեր լուսաւոր ներկայութեամբ մենք կարենանք մեր երկիրը ազատագրել: Աստուած զօրացնէ ձեզ, ու դուք մեծնաք արժանապատուութեամբ, պատուով, Աստուած սիրող մարդիկ», ըսաւ սրբազանը: Այնուհետեւ ան երեխաներուն նուիրեց Աշոտ Երկաթի խաչը, որ յաղթանակի խորհուրդն է:

«Այս Աշոտ Երկաթի խաչն է` յաղթանակի խորհուրդը. դուք յաղթող էք, ան, որ ձեզի կը թելադրէ պարտուելու մասին, մերժեցէ՛ք», դիմելով Կիրանցի փոքրիկներուն` շեշտեց սրբազանը:

Վանաձորի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Անհետ Կորածներու Միջազգային Օրուան Նուիրուած Ցուցահանդէս

Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաքին մէջ 29 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Անհետ կորածներու միջազգային օրուան նուիրուած ցուցահանդէս, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան 14 անհատական լուսանկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատմէ Լոռիի մարզի մէկ ընտանիքին մասին, որ ապրած է անորոշութեան մէջ` սպասելով իր հարազատի վերադարձին:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակին կազմակերպած ցուցահանդէսի բացման արարողութեան մասնակցած եւ ելոյթ ունեցած են ինչպէս կառոյցի, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, այնպէս ալ անհետ կորածներու ընտանիքի անդամներ:

Ձեռնարկին սկիզբը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան պաշտպանութեան գործառոյթներու համակարգողի տեղակալ Վալերի Եարմակ իր ելոյթի ընթացքին ջերմօրէն ողջունեց ձեռնարկին բոլոր մասնակիցները Անհետ կորածներու միջազգային օրուան ընդառաջ, որ կը յիշատակուի ամբողջ աշխարհին մէջ օգոստոս 30-ին:

Եարմակ նշեց, որ այս օրը բոլորիս կը յիշեցնէ կորուստի եւ բացակայութեան ցաւը, կը յիշեցնէ նաեւ, որ մարդկային տառապանքը կը շարունակուի անգամ զէնքերը մէկ կողմ նետելէ երկար ժամանակ ետք, սակայն տանջանքի եւ անորոշութեան մէջ ապրող ընտանիքներուն համար, որոնց հարազատը անհետացած է, Անհետ կորածի օրը ամէն օր է:

Անոր բնորոշումով, ընտանիքի հօր ամէնօրեայ բացակայութիւնը, ամուսինին անյայտ ճակատագիրը, որդիին դատարկ աթոռը կը բարձրացնեն նոյն հարցը` ո՞ւր է հարազատս, արդեօք ան ո՞ղջ է, թէ՞ ոչ:

«Ցաւօք սրտի, այս հարցումները կրնան մնալ անպատասխան, երբեմն` շատ երկար ժամանակ:

«Յարգելի՛ հիւրեր, սիրելի՛ ընտանիքներ, անհետ կորածներու ընտանիքները ունին կենսական կարիք` իմանալու, թէ ի՛նչ պատահած է իրենց հարազատներուն հետ: Մինչ պատասխաններ ստանալը անոնց սրտին ու կեանքին մէկ մասը կը մնայ սառած», նկատեց Վալերի Եարմակ:

Ան շեշտեց, որ անհետ կորածներու ընտանիքները իմանալու եւ իրազեկուած ըլլալու իրաւունք ունին, եւ այդ իրաւունքը կը մնայ մարդկային արժանապատուութեան յատուկ: Անոր խօսքով, իրազեկուած ըլլալու իրաւունքը ամրագրուած է նաեւ Միջազգային մարդասիրական իրաւունքով, որ հակամարտող կողմերուն կը պարտաւորեցնէ փնտռել անհետ կորածները եւ պարզել վերջիններուս ճակատագիրները:

«Անհետ կորածներու որոնումը բարդ, զգայուն եւ երբեմն երկարատեւ գործընթաց է, բայց որոնումներու դժուարութիւնները անհամեմատելի են վիշտի եւ սպասումի հետ, որուն ամէն օր կը դիմանան անհետ կորածներու ընտանիքները:

Այսօրուան ցուցահանդէսին ցուցանմուշներուն տեսանք 14 անհատական եւ հզօր լուսանկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատմէ Լոռիի մարզի մէկ ընտանիքի մասին, որ կ՛ապրի անյայտութեան մէջ: Ասոնք այն ընտանիքներու պատմութիւններն են, որոնք օրը օրին, ամիս առ ամիս կու տան նոյն հարցումները` ո՞ւր է հարազատս, ի՞նչ պատահած է անոր», ըսաւ Եարմակ` աւելցնելով, որ ցուցահանդէսի ընթացքին ներկաները կրնան ծանօթանալ այդ 14 ընտանիքներուն պատմութիւններուն եւ զրուցել անոնց հետ:

Եզրափակելով իր ելոյթը` Եարմակ նշեց, որ ձեռնարկին նպատակներէն մէկն է հասարակութեան լայն շերտերու մէջ, տեղական իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու եւ սովորական մարդոց իրազեկուածութեան ընդլայնումը:

Ցուցահանդէսի բացումին խօսք արտասանեց նաեւ Վանաձորի փոխքաղաքապետ Արման Բերնեցեանը` նշելով, որ համայնքին հասարակութիւնը կը կիսէ անհետ կորածներու ընտանիքներու ցաւը, եւ համայնքը կանգնած է անոնց կողքին:

«Թող Աստուած ուժ եւ համբերութիւն տայ ձեզի», ըսաւ փոխքաղաքապետը:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան նաեւ անհետ կորածներու` տարբեր մարզերէ եկած ընտանիքի անդամներն ու մայրերը` յուսալով, որ իրենց կորած զաւակներուն ճակատագիրը պիտի դառնայ մնայուն ուշադրութեան կեդրոն եւ, վերջապէս, պիտի ստանայ իր տրամաբանական հանգուցալուծումը:

2020-էն Ի Վեր Ազրպէյճանցիները Քանդեցին Հայկական Պատմամշակութային 570-է Աւելի Նմուշ

Հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Պաքուի, Նախիջեւանի, Գանձակի եւ Դաշտային Ղարաբաղի այլ բնակավայրերուն մէջ սկսած էր ազրպէյճանական ԽՍՀ-ի կողմէ, 1960-ական թուականներէն: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին նշեց «Քանդակագործութեան ազգային պարկ» թանգարանի հիմնադիր տնօրէն եւ «Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր, քանդակագործ Արթուր Գէորգեանը:

«Ի տարբերութիւն նախորդ ժամանակաշրջանին, 2020 թուականի պատերազմի ժամանակ, երբ ազրպէյճանցի զինուորներու ձեռքերը կային սմարթֆոններ, անոնք իրենց վանտալիզմը կը նկարահանէին եւ կը տեղադրէին համացանցի վրայ: Ազրպէյճանի իշխանութիւնը հասկնալով, որ գործ ունի ակնառու փաստերու հետ, որոնք քրէականօրէն պատժելի են միջազգային իրաւունքի ատեաններու կողմէ, անմիջապէս արգիլեց նկարահանումները: Բայց, անկախ անկէ, այսօր կայ նաեւ տիեզերական նկարահանման կարելիութիւն, որով կարելի է որեւէ հատուածի մէջ տեսնել, թէ ի՛նչ կը կատարուի», յայտնեց քանդակագործը:

Անոր տուեալներով, 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ ու անկէ առաջ Արցախի եւ յարակից շրջաններու մէջ ոչնչացուած են հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան 250 եւ աւելի կոթողներ, մեծ մասը` Հայրենական մեծ պատերազմի զոհերու յուշարձաններ, իսկ պատերազմէն ետք ազրպէյճանցիները ամէն շաբաթ 3-4 յուշարձան ու խաչքարեր ոչնչացուցին:

2020 թուականէն ետք ցարդ ազրպէյճանցիները քանդած են հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան 570-է աւելի նմուշ: «Փաստացի, չկայ որեւէ շաբաթ, որ այդպիսի դէպքեր չարձանագրուին: Միակ բանը, որ մեզի կը մնայ այսօր` հաւաքել այդ փաստերը եւ ներկայացնել միջազգային դատարաններ: Միջազգային բոլոր ատեաններուն մէջ բարձրացնել այդ հարցերը, եւ ոչ թէ միայն ռուսական կողմին, այլեւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութեան ահազանգել եւ ճնշումներ պարտադրել», նշեց Գէորգեան:

Յիշեցնենք` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի 28 օգոստոսի ասուլիսին Արցախի մէջ խորհրդային հերոսներու յուշարձաններու ոչնչացման մասին հարց ուղղեցին: Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիա Մեծ հայրենական պատերազմի յուշարձաններու պահպանման նիւթը պարբերաբար կը քննարկէ ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Երեւանի հետ:

Երեւանի Մէջ Կայացաւ Արաբագիտութեան Միջազգային Գիտաժողովը, Որ Կը Բանայ Համագործակցութեան Եւ Հետազօտութիւններու Նոր Հեռանկարներ

Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կայացաւ «Արաբամուսուլմանական պատմութեան ուսումնասիրութիւնը, ըստ բնագրերու, մեկնաբանութիւններու եւ փոխկապակցուած յարաբերութիւններու» խորագրով եռօրեայ գիտաժողովը, որուն մասնակցեցան ինչպէս հայաստանեան, այնպէս ալ միջազգային գիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ` հետազօտողներ, դասախօսներ, գիտնականներ: Գիտաժողովը կազմակերպուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի արաբագիտութեան ամպիոնի եւ Ապտուլազիզ Սաուտ Պապթանի անուան արաբական մշակոյթի կեդրոնի համագործակցութեամբ:

Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ արաբագիտութեան ոլորտին մէջ երկար ժամանակ այսպիսի տարողունակ գիտաժողով չէ կատարուած, հետեւաբար նիւթերը բաւական լայնածաւալ են:

«Շատ կարեւոր է, որ նկատի առնուի նաեւ կարգապահութեան սկզբունքը, որովհետեւ պիտի քննարկուին ո՛չ միայն իսլամական, մասնաւորապէս` արաբական աշխարհին, այլեւ յարակից տարածաշրջաններուն առնչուող իրողութիւններ եւ հարցեր: Համոզուած եմ, որ գիտաժողովի ընթացքին պիտի հնչեն բաւականին հետաքրքրական գաղափարներ, եւ մենք հետագային պիտի փորձենք տարբեր ձեւերով արձանագրել ու արձագանգել անոնց: Հայաստանի կողմէ արաբական աշխարհի կարեւորութեան մասին ես չէ, որ պէտք է խօսիմ, որովհետեւ մեզ կը կապեն հարիւրաւոր տարիներու պատմութիւն եւ մշակոյթ: Այդ կապերը աւելի ուժեղացան Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, որովհետեւ արհաւիրքէ փրկուած հազարաւոր հայեր իրենց տունը գտան արաբական երկիրներու մէջ: Երեւանի պետական համալսարանը այսօր առաջամարտիկն է արաբական երկիրներու մշակոյթի, լեզուի զարգացման եւ պահպանութեան իմաստով: Բազմաթիւ ուսանողներ ամէն տարի կ՛երթան արաբական տարբեր երկիրներ` ուսումնասիրելու երկրին լեզուն, մշակոյթը, կրօնը: Անոնք վերադառնալէ ետք կը նպաստեն ոլորտի զարգացման: Երեւանի պետական համալսարանը պատրաստ է ամէն ինչ ընելու, որպէսզի առաւելագոյն չափով համագործակցութիւն ծաւալի մեր բաժանմունքի եւ տարբեր երկիրներու գործընկերներու միջեւ», հաղորդեց նախագահը:

Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի ղեկավար Ռուբէն Մելքոնեան իր խօսքին մէջ նշեց` խորհրդանշական եւ ուրախալի է այն հանգամանքը, որ այսպիսի ծաւալի ու գիտականութեան բարձր մակարդակ ունեցող գիտաժողովը կը կայանայ սեպտեմբերի 1-ի ընդառաջ, որ կը փաստէ, թէ կրթութիւնը միանշանակ յենած է գիտութեան վրայ, եւ գիտութեան ձեռքբերումներն են, որ պիտի դառնան նաեւ կրթական հանրամատչելի նիւթեր:

«Այս գիտաժողովին արդիւնքները տեղ պիտի գտնեն մեր կրթական համակարգին մէջ, արաբագիտական տարբեր նիւթերու դասաւանդման շրջանակներու մէջ: Մեծ սիրով կը փափաքինք ընդլայնել համագործակցութիւնը միջազգային գործընկերներու հետ: Շատ կարեւոր է այս գիտաժողովին խորագիրը: Ներկայիս, երբ աշխարհի եւ Հայաստանի մէջ շատ տարածուած են, այսպէս կոչուած, նորոյթ ուղղութիւնները, երբ գիտնականները կ՛ուզեն շատ արագ ճանաչում ձեռք բերել, դասական ուղղութիւնները, օրինակ` միջնադարը, կարծես քիչ մը կը մղուին ետնագիծ, հետեւաբար այս գիտաժողովը կեդրոնացած է դասական ուղղութեան վրայ, այսպէս ըսուած` իրական գիտութեան վրայ, բան մը, որ շատ ուրախալի է: Գիտութիւնը կը ստեղծէ որոշակի ովասիսներ, եւ դժուար պայմաններու մէջ այսպիսի ովասիսները պէտք են մարդոց, եւ նոյնիսկ` շատ կարեւոր: Գիտնականները Երեւանի մէջ այս օրերուն կը ստեղծեն այսպիսի ովասիս, որ պիտի ծաղկի եւ բարգաւաճի Երեւանի պետական համալսարանի պատերուն ներքեւ», ըսաւ Մելքոնեան:

Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի արաբագիտութեան ամպիոնի վարիչ Հայկ Քոչարեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ գիտաժողովի ընթացքին մասնակիցները միասին ուսումնասիրեցին եւ քննարկեցին այն բազմաթիւ եւ բազմաշերտ մօտեցումները, որոնք կը վերաբերին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանային ուսումնասիրութիւններուն:

«Մեր քննարկումները կեդրոնացան այն հիմնարար եւ մեթոտաբանական հասկացողութիւններուն վրայ, որոնք նոր լոյս սփռեցին արաբ-իսլամական պատմութեան ուսումնասիրութեան վրայ: Մեր նպատակն է ուսումնասիրել տինամիք պատմական գործընթացներ, որոնք կ՛օգնեն բացայայտել մուսուլմաններու եւ ոչ իսլամներու, ինչպէս նաեւ իսլամ համայնքներու փոխյարաբերութիւններու բազմակողմանիութիւնը: Մենք կարեւոր կը համարենք հասկնալ խալիֆայական եւ կայսերական պատմութիւններու բազմակեդրոն բնոյթը, անոնց էթնոլեզուական եւ կրօնական բազմազանութիւնը, ինչպէս նաեւ` այն մարտահրաւէրները, որոնք կը յառաջացնէ վաղ իսլամական աղբիւրներու եւ անոնց փոխանցման ուսումնասիրութիւնը», մանրամասնեց Քոչարեան:

Անոր խօսքով, գիտաժողովը նպատակ ունի ո՛չ միայն ուսումնասիրել իսլամական պատմութիւնը, այլ նաեւ` վերանայիլ արդիական շրջանի փոխյարաբերութիւնները` ներառելով գիտելիքի, առեւտրային եւ մշակութային արտադրանքի փոխանակումը եւ տարածաշրջանի ընկերային ու քաղաքական զարգացման հարցերը:

«Մենք քննարկեցինք այն կարեւոր ներդրումը, որ արաբներն ու մուսուլմանները, ինչպէս նաեւ հայերը ունեցած են տարածաշրջանի զարգացման գործին մէջ, բան մը, որ մեզի կարելիութիւն կու տայ աւելի խորապէս հասկնալ իսլամական եւ անոր ազդեցութիւնը կրող աշխարհներու ձեւաւորման գործընթացները: Այս հարթակին վրայ խօսեցանք կրօնի եւ վարքուկանոնի փոխյարաբերութիւններու, ուսումնասիրութեան նոր մօտեցումներու եւ թուային ընկերային գիտութիւններու ազդեցութեան մասին: Փորձեցինք հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք լաւագոյնս օգտագործել ժամանակակից արհեստագիտութիւնները` հարստացնելու մեր գիտելիքները արաբագիտութեան եւ իսլամագիտութեան ոլորտներուն մէջ: Արաբագիտութեան եւ իսլամագիտութեան հեռանկարներու վերաբերեալ կլոր սեղան քննարկումով ամբողջացուցինք մեր գիտաժողովը», ըսաւ Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան ամպիոնի վարիչը:

Քոչարեան յուսաց, որ գիտաժողովը կարեւոր ներդրում կ՛ունենայ մեր գիտական համայնքին մէջ` ստեղծելով նոր հետազօտական կապեր եւ խթանելով գիտական համագործակցութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Արցախի Կառավարութեան Լուծարք Եւ Վերջնագիր` Ճանչնալու Ազրպէյճանի Գերիշխանութիւնը

Յաջորդը

Արցախի Անկախութիւն Եւ Ժխտումի Շարան

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?