Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 31, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Վարդենիսի Մէջ Աւարտեցաւ Պատանեկան Բակային Ճամբարը. ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Երիտասարդներու Յաջորդ Կանգառը Պիտի Ըլլայ Գիւմրին

Վերջերս Վարդենիսի մէջ աւարտեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական եւ ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութիւններուն կազմակերպած պատանեկան բակային ճամբարը:

Նախաձեռնութիւնը ամէնամեայ բնոյթ կը կրէ, սակայն անիկա առաջին անգամն էր, որ կազմակերպուեցաւ Վարդենիսի մէջ: Ճամբարին մասնակցեցան 75 պատանիներ:

11 օրերու ընթացքին սփիւռքի երիտասարդները Վարդենիսի պատանիներուն փոխանցեցին գիտելիքներ եւ հմտութիւններ, կազմակերպեցին մրցոյթներ եւ բանախօսութիւններ, սորվեցուցին ազգային երգեր ու պարեր, պատանիներուն համար ապահովեցին հետաքրքրական, անմոռանալի եւ ընկերական ջերմ միջավայր:

Ճամբարի փակման ներկայ գտնուեցան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Քրիստինէ Վարդանեանը եւ Ասպրամ Կրպէեանը: Պատանիները օգտագործելով իրենց տաղանդները` ներկայացուցին ճամբարի ընթացքին իրենց սորված երգերը:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդները ճամբարներ նախատեսեցին նաեւ Գիւմրիի եւ Երեւանի Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ:

Քարտէսագէտ Ռուբէն Գալչեանի Նոր Աշխատութեամբ Բացայայտուեցան Ազրպէյճանի Հնարած Կեղծիքները

Մայրաքաղաք Երեւանի մէջ` Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհագրագէտ, քարտէսագէտ-քարտէսաբան Ռուբէն Գալչեանի` «Ազրպէյճանի 2014 թուականի ազգային ատլասի «պատմական» քարտէսներու քննութիւն եւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» յօրինուած եզրոյթը» երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը տպագրուած է «Գեղարդ» գիտական վերլուծական հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ:

Ազրպէյճանը 2014-ին հրատարակած էր 16 քիլոկրամանոց պետական ատլասը:

Ռուբէն Գալչեան անոր բնօրինակը դժուարութեամբ ձեռք բերած  եւ սկսած է ուսումնասիրել` բացայայտելով այն զեղծարարութիւնները, որոնք կատարած է Ազրպէյճանը այդ ատլասին մէջ: Ազրպէյճանի պետական ատլասին մէջ վերահրատարակուած են հին եւ հնագոյն քարտէսներ, սակայն, ի տարբերութիւն բնօրինակներու, առանց «Արմենիա» անունը նշելու:

Գիրքը բաղկացած է երկու մասէ: Առաջին մասը կը վերաբերի Պաքուի մէջ 2014 թուականին հրատարակուած Ազգային ատլասին մէջ կեղծուած քարտէսներուն` զանոնք դիտարկելով բնօրինակներուն հետ: Երկրորդ մասը կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը «Արեւմտեան Ազրպէյճան» ներկայացնող ազրպէյճանական կեղծարարութեան:

Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան` գիրքի հեղինակ Ռուբէն Գալչեանը, «Գեղարդ» հիմնադրամի տնօրէն Ռոպերթ Ղազարեանը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը, դոկտոր Հրաչ Մարտիրոսեանը, դոկտոր, հնագէտ Համլեթ Պետրոսեանը եւ ուրիշներ:

Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, գիրքի պատասխանատու խմբագիր Աշոտ Մելքոնեան խօսեցաւ ազրպէյճանցիներուն կողմէ տարածուող  պատմական կեղծ փաստերուն հետ առնչութիւն չունեցող թեզերուն մասին: Ան յիշեցուց, որ ազրպէյճանական պատմութիւնը կեղծելու հիմքը դրած է Զիա Բունիաթովը:

Ռուբէն Գալչեան ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը. գիրքին մէջ զետեղուած է երկու յօդուած` կապուած Ազրպէյճանի քարտէսագրական զեղծարարութիւններուն հետ: Առաջին յօդուածը կը վերաբերի Ազրպէյճանի մէջ 2014 թուականին Ազգային ատլասին մէջ օտար քարտէսագէտներու կողմէ կեղծուած քարտէսներու քննարկմանը` դիտարկուած բնօրինակներուն հետ:

Երկրորդ յօդուածը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը «Արեւմտեան Ազրպէյճան» ներկայացնող ազրպէյճանական կեղծարարութեան բացայայտմանը:

«Ազրպէյճանական կեղծարարութիւններուն դէմ եւ անոնց դիմագրաւման ուղղութեամբ մեր հիմնադրամի, ակադեմական հիմնարկներու, առանձին համալսարանական գիտաշխատողներու կողմէ կը տարուին տարաբնոյթ աշխատանքներ, բայց այդ բոլորը բաւարար չեն: Այս աշխատութեան հրատարակութիւնը կը լրացնէ այդ աշխատանքներուն մէջ առկայ բացերէն մէկը: Գիրքին շնորհահանդէսը պիտի նպաստէ մեր ընդհանուր գործին», ըսաւ Ռոպերթ Ղազարեան:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան շեշտեց` Ռուբէն Գալչեան այնքան խորացած է հարցին մէջ` կատարելով վիթխարի աշխատանք, որ այսօր, երբ կը խօսին քարտէսագիրներու գործունէութեան մասին, բոլորը նախ կը մատնանշեն զայն:

Ըստ անոր, ազրպէյճանցիները չեն անդրադառնար անոնց, որովհետեւ այդ աշխատութիւնները գրուած են բարձր մակարդակով եւ կը պարունակեն անվիճելի պատմական փաստեր: Աշոտ Մելքոնեան բացատրեց` բնագաւառը ինքնին այնպիսին է, որ կեղծիք թոյլ տալը շատ դժուար է: Աշխարհի տարբեր երկիրներու, տարբեր տպարաններու մէջ տպագրուած են քարտէսներ, որոնց վրայ յստակ հայերէնով եւ այլ լեզուներով գրուած է Հայաստան, որ ջնջել կարելի չէ:

«Բայց երբ կեղծարարին կը վճարեն եւ քաղաքական առումով կ՛ուղղորդեն, ապա ան կը փորձէ որեւէ ձեւ գտնել` ընդհուպ մինչեւ Հայաստան բառը քարտէսներէն հանելով: 2014 թուականին հրատարակուած Ազրպէյճանի պաշտօնական ատլասը բնականաբար կը բովանդակէ կեղծիքներ: Մենք յաջողեցանք այդ նիւթը ձեռք բերել եւ փոխանցել Ռ. Գալչեանին, որ անմիջապէս արձագանգեց եւ յղացաւ ազրպէյճանական պետական ատլասի վերաբերեալ աշխատանք գրելու գաղափարը: Ճանչնալով Գալչեանը` կրնանք ըսել, որ ան չէ շրջանցած իրականութիւնը, թոյլ չէ տուած կեղծիքներ, որովհետեւ կոչուած է այսպիսի երեւոյթներու դէմ պայքարելու համար:

Ազրպէյճանցիները հրաժարած են բանավիճելէ Գալչեանին հետ, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցին, որ գործ պիտի ունենան ճշմարտութեան հետ», ըսաւ Մելքոնեան:

Իր խօսքին մէջ Ռուբէն Գալչեան նշեց, որ ազրպէյճանցիները 2012 թուականին վերջին անգամ փորձած են Պրիւքսելի մէջ բանավիճիլ իրեն հետ` իր հեղինակած «Ազրպէյճանի հնարովի պատմութիւնը» գիրքի վերաբերեալ, սակայն բախելով իրականութեան ու անբեկանելի փաստարկներուն` տեղի տուած են:

«Անկէ ետք ոչ ոք համարձակեցաւ առարկել ինծի կամ խօսիլ որեւէ բանի մասին, որովհետեւ ես իմ աշխատութիւններուս մէջ անդրադարձած եմ օտար աղբիւրներու` յղում կատարելով այլազգի պատմաբաններու եւ գիտնականներու աշխատութիւններուն: Հայկական փաստերուն վրայ չեմ կեդրոնանար, որպէսզի չըսեն, թէ կողմնակալ աշխատութիւններ կը գրեմ: Վկայակոչեցի հիմնականօրէն յունահռոմէական, լատինական, պարսկական, արաբական աղբիւրները, որոնց դէմ որեւէ առարկութիւն չունին», մանրամասնեց Ռուբէն Գալչեան:

Ազրպէյճանցիները ազգային ատլասին մէջ կեղծած են բնագիր քարտէսներ. յունահռոմէական, եւրոպական, բոլոր քարտէսներէն հանած են Հայաստան անունը: Գիրքին մէկ մասը յատկացուցած են Ազրպէյճանը հնագոյն քարտէսներու մէջ ներկայացնելուն: Սակայն Ազրպէյճանը` իբրեւ երկիր, հնագոյն քարտէսներու մէջ գոյութիւն չունի, անիկա եղած է Պարսկաստանի նահանգներէն մէկը: Արաքս գետի հիւսիսային ափին երբեք Ազրպէյճան անունով երկիր գոյութիւն չէ ունեցած:

Հնագոյն քարէ քարտէսէն մինչեւ 1918-ին օտար աղբիւրներու հրապարակած փաստաթուղթերուն մէջ «Ազրպէյճան» եզրոյթը ընդհանրապէս գոյութիւն չէ ունեցած: Անգամ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հրատարակուած 1913 թուականի բնօրինակ քարտէսին մէջ յստակօրէն նշուած է Հայաստանը: Ազրպէյճանի հրատարակած ատլասին մէջ կեղծուած են բոլոր բնօրինակ քարտէսները:

Հայ պատմաբանները վաղուց ծանօթ են թուրք-ազրպէյճանական զեղծարարութիւններուն: Անոնց դէմ պայքարն ալ նոր չէ ու կը շարունակուի: Այս աշխատանքը պէտք է շարունակել` ջանալով պայքարիլ ազրպէյճանական կեղծիքին դէմ:

Հայկական Շարժապատկերի Արուեստի 100-Ամեայ Արտադրութիւնը` Մէկ Գիրքով

Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 21-րդ միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է «Հայկական շարժարուեստ 1924-2023» հայերէն-անգլերէն երկլեզու գրացանկին (catalogue) շնորհահանդէսը: Հատորը հրատարակուած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:

Հոն ներկայացուած է հայ շարժապատկերի արուեստի 100-ամեայ արտադրութեան լիակատար պատկերը` մէկ գիրքի մէջ ընդգրկելով Հայաստանի կամ Հայաստանի հետ միասնաբար արտադրուած խաղարկային, վաւերագրական եւ կենդանապատկեր ժապաւէններու մասին սպառիչ տեղեկութիւններ:

Նշենք, որ հայկական շարժապատկերի արուեստի գրացանկի առաջին փորձը կատարուած է 60-ականներու սկիզբը շարժապատկերի արուեստի հիմնադիրներէն` Դանիէլ Դզնունիի կողմէ:

Այս նոր` լրամշակուած երկլեզու հրատարակութիւնը կ՛ընդգրկէ առաւել լիակատար տեղեկատուութիւն 1924-2022 տարիներու եւ մասամբ ալ 2023-ի Հայաստանի շարժապատկերի արտադրութեան մասին:

Հերմոնի Վանական Համալիրի Տարածքին Պեղումներու Ընթացքին Յայտնաբերուած Են Խաչքարերու Արձանագիր Սրբատաշ Բեկորներ

Յուլիս 18-ին հետախուզական պեղումներ սկսած են Վայոց Ձորի մարզի Եղէգիս գետի ձորալանջին գտնուող Հերմոնի վանական համալիրի տարածքին: Պեղումները կ՛իրականացնէ «Պատմական մշակութային ժառանգութեան գիտական հետազօտական կեդրոն»-ի արշաւախումբը, Մերի Սաֆարեանի գլխաւորութեամբ:

Նշեալ կեդրոնէն տեղեկացուցած են, որ աշխատանքները կ՛ընթանան 16-17-րդ դարերուն կառուցուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կիսաւեր եկեղեցւոյ արեւելեան բաժինին մէջ:

Քարահողային լիցքը մաքրելու ատեն արդէն իսկ գտնուած են խաչքարերու արձանագիր սրբատաշ բեկորներ, ծածկասալերու կտորներ:

Պեղումները ընթացքի մէջ են նորանոր բացայայտումներու ակնկալիքով:

150 Արցախցի Երեխաներ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հովնաւորութեամբ Հանգստացան Վանաձորի Մէջ

Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի հովանաւորութեամբ, Գուգարաց թեմի «Ծիծեռնակ» ճամբարին մէջ աւելի քան 150 արցախցի երեխաներ ամառնային արձակուրդ անցուցին: «Կատմանդու» հոգեւոր-մշակութային եւ մարմնակրթական ուղղուածութիւն ունեցող ճամբարը Արցախի Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղին մէջ կը գործէր 2014 թուականէն:

Ճամբարականները յաճախ հանդիպած եւ զրուցած են թեմի հոգեւորականներուն հետ, նոյնիսկ միասին վոլիպոլ եւ ճատրակ խաղացած են:

Ճամբարը նաեւ կարելիութիւն մըն է արցախցի երեխաները միաւորելու եւ իրարու հետ ժամանակ անցընելու համար:

Արցախցի Ձեռներէցները Գոհ Մնացին «Ռեստորանային Օրեր» Փառատօնին Իրենց Արտադրանքի Վաճառքէն

Յուլիս 19-ին Երեւան մեկնարկած  «RestoFest» «Ռեստորանային օրեր» եռօրեայ փառատօնին, որուն ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ ձեռագործ աշխատանքներ, միացան շարք մը արցախցիներ: Անոնց տաղաւարները անմիջապէս աչքի զարնուեցան: Արցախեան մթնոլորտը, քաղցրածոր բարբառն ու գեղեցիկ վերաբերմունքը անմիջապէս գրաւած են այցելուներուն ուշադրութիւնը: Արցախեան հրուշակեղէնի, անարատ բնական մեղրի, ծաղկային թէյերու, ժենգեալով հացի ու ձեռագործ աշխատանքներու քովէն ոչ ոք անտարբեր կ՛անցնէր:

Արցախցի ձեռներէցները գոհ մնացին իրենց արտադրանքի վաճառքէն: Միաժամանակ անոնք ձեռք բերին նոր պատուիրատուներ, որոնք համտեսելով արցախեան բարիքները` անմիջապէս լրացուցին հաւատարիմ յաճախորդներու շարքը:

Արցախցիներու մասնակցութիւնը վկայեց, որ անոնք աստիճանաբար կը փորձեն ներգրաւուիլ հայաստանեան շուկային եւ հոգալ իրենց ընտանիքներու կարիքները:

«Լաւաշի Կախարդանքը» Փառատօնը Արժեւորեց Հայկական Լաւաշի Պատրաստութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ, «Արդինի» կրթամշակութային եւ զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամը Շիրակի մարզի Արեւիկ գիւղին մէջ իրականացուց «Լաւաշի կախարդանքը» փառատօնը, որ սկիզբ առած էր 2023 թուականին:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ փառատօնը տեղի ունեցած է «Լաւաշ. միասնականութեան եւ հզօրութեան խորհրդանիշ» ծրագրի ծիրին մէջ: Փառատօնը նուիրուած էր լաւաշ թխելու աւանդոյթը 2014 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ արձանագրելու 10-ամեակին:

Փառատօնի բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան մշակութային ժառանգութեան վարչութեան նախագահ Աստղիկ Մարաբեանը եւ Շիրակի մարզպետի տեղակալ Աննա Մարտիկեանը:

Փառատօնին տեղի ունեցան լաւաշի նիւթով ստեղծուած կտաւներու բացօթեայ ցուցահանդէսին եւ գիւմրեցի նկարիչ Լեւոն Առաքելեանի հեղինակային պատ-գեղանկարի (սթրիթ-արթ) բացումը: 2023 թուականին Արեւիկ համայնքի մանկապարտէզի պատին պատ-գեղանկարի միջոցով պատկերուած էին Գ. Խանճեանի «Հացը լեռներում» կտաւը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին նաեւ հիմնադրամին հետ համագործակցած միւս գեղանկարիչներու աշխատանքները` Գիւմրիէն, Վանաձորէն, Աբովեանէն եւ Այնթապէն, ինչպէս նաեւ` Արցախէն բռնի տեղահանուած արուեստագէտներու գործեր:

Այս տարի փառատօնին, բացի Արեւիկ գիւղէն, մասնակցեցան նաեւ Հայկաւան, Հացիկ, Կարմրաքար, Բաշգիւղ համայնքներու բնակիչները, որոնք առանձին տաղաւարներով ներկայացուցին` տեղական լաւաշն ու բոքոնը, իրենց արտադրած գիւղական բարիքները, համեղ ուտեստներն ու քաղցրաւենիքները: Ինչպէս նախորդ տարի, այս անգամ եւս երկու տաղաւարով ներկայացուեցան արցախեան խոհանոցը եւ արհեստագործութիւնը:

Փառատօնի համերգային մասով ներկայացումներ ունեցան` նորաստեղծ «Ֆոլկաստիկ» խումբը, որ արդէն սիրուած է գիւմրեցիներու, յատկապէս երիտասարդներու կողմէ, եւ Ախուրեանի «Մարինա» պարային համոյթը, որ նաեւ փառատօնի մասնակիցներուն համար պարի ուսուցում կատարած է:

«Վառեմ-մարեմ» արուեստանոցը իր հերթին  վարպետութեան դաս իրականացուցած է` կարելիութիւն տալով Գիւմրիի խորհրդանիշ դռներու ձեւաւորումով յուշանուէրներ պատրաստել:

«Լաւաշի կախարդանքը» փառատօնը ուղղուած է ո՛չ միայն հայկական լաւաշի եւ զայն պատրաստող կին հացթուխերու փառաբանմանը, այլեւ` համայնքի աշխուժացման, երիտասարդներու ներգրաւման ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործընթացին եւ համայնքի կայուն զարգացման խթանման:

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Կռիւներու Յաղթական Աւարտը

Յաջորդը

Ով Է Մտաւորականը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?