Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախի Նախագահը Զրուցեց «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Բանակողներուն Հետ
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան տարեկան բանակումը այս տարի տեղի ունեցաւ Աղաւնաձորի մէջ: Անոր մասնակցեցան առաւել քան 100 երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ արցախցի երիտասարդներ:
Բանակումի հինգօրեայ ծրագիրին առանցքը հայրենիքը եւ հայրենասիրութիւնն է: Նախատեսուած են` բանախօսութիւններ, քննարկումներ, ֆիզիքական վարժութիւններ, մարզախաղեր, խմբային աշխատանքներ, բանականութեան խաղեր եւ ազգային երգեր ու պարեր:
21 օգոստոսին բանակողներուն այցելեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան:
Շահրամանեան զրուցեց երիտասարդներուն հետ եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:
Նոյն օրը քաղաքական ներկայ իրավիճակին, ապահովական հարցերուն, պայքարին եւ կատարուելիքներուն մասին երիտասարդներուն հետ զրուցեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:
Բանակումի մասնակցողներուն այցելեց նաեւ Բագրատ սրբազանը: Ան իր խրախուսիչ այցելութեան աւարտին երգով եւ օրհնութեամբ հրաժեշտ տուաւ անոնց:
ՀՅԴ ՀԵՄ–ի Բանակումը` Ազգային Կազմաւորումով Երիտասարդներ Պատրաստելու Եւ Արմատներուն Վերադառնալու Առաջադրանքով
ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան (ՀԵՄ) այս տարուան բանակումը սկսաւ 19 օգոստոսին, Բիւրականի Գառնիկ Մկրտիչեանի անուան բանակավայրին մէջ, նշանաբան ունենալով` «Վերադարձ արմատներուն»-ը:
Բանակումին մասնակցեցան մօտաւորապէս 350 երիտասարդներ` Հայաստանի զանազան մարզերէ, Երեւանէն, ինչպէս նաեւ` Արցախէն:
Բանակումին օրակարգը ընդգրկեց աշխուժ վարժութիւններ, արշաւներ, ֆիզիքական պատրաստութեան աշխատանքներ եւ զանազան նիւթերով դասախօսութիւններ:
Բանակումի առաջին բանախօսն էր պատմաբան, ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ անդամ Արթուր Ղազարեան, որ բանակողներուն խօսեցաւ ազգային գաղափարախօսութեան եւ Հայոց պատմութեան մէջ ՀՅԴ-ի ունեցած դերակատարութեան մասին:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի հետ երիտասարդները քննարկեցին Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւնները, ներկայ մարտահրաւէրները եւ անոնց վերաբերեալ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը:
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ անդամ Արշակ Մեսրոպեան բանակումի մասնակցողներուն ներկայացուց «Նեմեսիս» գործողութիւնը եւ գործողութեան պատասխանատուներուն դերակատարութիւնը:
Յաջորդ դասախօսն էր Ժիրայր Պէօճեքեանը, որ բանակումի մասնակիցներուն խօսեցաւ ապագայի պատերազմի, արհեստագիտութիւններու նոր անվտանգային սպառնալիքներու մասին:
Զինեալ պայքարի եւ յեղափոխականութեան մասին խարոյկի շուրջ զրուցեցին զինեալ պայքարի մարտիկներ Համբիկ Սասունեանը եւ Մուրատ Թոփալեանը:
Բանակումին հինգերորդ օրը` օգոստոս 25-ին, արցախեան ազատամարտի, անոր կազմակերպման եւ յաղթանակի մասին պատմեց ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ, «Կամաւորական շարժում» կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեանը:
Բանակումին մասնակիցները հանդիպեցան նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար, իրանագէտ Սարգիս Մկրտչեանի հետ: Ան պատմեց դաշնակցական երիտասարդին կատարելիքներուն մասին:
Բանակողները հանդիպեցան եւ տեսերիզ դիտելու ժամ ունեցան «Կամաւորական շարժում» կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ Արտաշէս Մխիթարեանին հետ:
Երեկոյեան կայացաւ բանակումի բաց դռներու միջոցառում, որուն ծիրին մէջ երիտասարդները ցուցադրեցին բանակումի ընթացքին իրենց իւրացուցած հմտութիւնները: Միջոցառման ներկայ գտնուեցան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները: Խարուկահանդէսը իր աւարտին հասաւ երաժիշտ, երգիչ Ափօ Սահակեանի ազգային երգերու մեկնաբանութեամբ:
Աւարտեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Վերադարձ արմատներուն» խորագիրը կրող բանակումը:
7 օրերու ընթացքին աւելի քան 300 երիտասարդներ հմտացան ազգային գիտելիքներով, մարզուեցան եւ զօրացուցին իրենց կամքը: Բոլորն ալ միակամ էին, որ հայ երիտասարդը ընելիք ունի եւ ամէն օր պիտի պատրաստուի պայքարի` յանուն Հայաստանի եւ Արցախի:
Ամերիկայի Դեսպանը Արցախի Արխիւային Փաստաթուղթերու Պահպանման Համար 74 Հազար Տոլար Պիտի Տրամադրէ
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը նիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի մշակութային բնագաւառին, ինչպէս նաեւ Արցախի ձեռագիրներու պահպանման աջակցութեան` նիւթական նոր յատկացում կատարելով:
Արդարեւ, 20 օգոստոսին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվինի` պաշտօնատարներու, Շիրակի մարզի եւ Անիպեմզա բնակավայրի ներկայացուցիչներուն հետ այցելեցին Երերոյքի պատմական պազիլիք տաճարը, ուր դեսպանին` մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին կողմէ տրուած 175 հազար տոլար դրամաշնորհով կ՛իրականացուին պահպանման աշխատանքներ:
Այցելութիւնը լուսարձակի տակ կը բերէ Հայաստանի հարուստ պատմական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման աջակցելու Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը:
Անդրէասեան կարեւոր նկատեց ցուցաբերուող աջակցութիւնը, որ կարելիութիւն կու տայ պահպանելու Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան եզակի կառոյցներէն մէկը` Երերոյքի տաճարը, որ ընդգրկուած է նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ:
«Վերաիմաստաւորուած միջավայրի մէջ ներկայացնելով Հայաստանի հազարամեակներու մշակոյթը, պատմութիւնը, ճարտարապետութիւնը եւ արուեստը` կարելիութիւն կ՛ունենանք այստեղ կազմակերպելու կրթական ծրագիրներ, որոնք անկասկած պիտի նպաստեն պատանիներուն ու երիտասարդներուն զարգացման եւ մեր մշակութային ժառանգութեան հանրահռչակման: Կարեւոր կը նկատեմ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ձեռագիրներու պահպանութեան աջակցութեան ծրագիրը, որ կը նախատեսուի իրականացնել «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտական-հետազօտական հիմնարկին հետ: Վստահ եմ, որ սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը պիտի դառնայ շարունակական», նշեց Անդրէասեան` շնորհակալութիւն յայտնելով դեսպանատան:
Քվինի նկատել տուաւ, որ մշակութային պահպանման ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութիւնը ցուցանիշ է երկու պետութիւններու միջեւ ամուր փոխգործակցութեան:
«Միասին մենք կը պահպանենք պատմութիւնը եւ կը նպաստենք փոխադարձ ըմբռնման եւ յարգանքի ձեւաւորման», դիտել տուաւ Քվինի:
Երերոյքի մէջ Քվինի յայտարարեց դեսպանատան` Մշակութային պահպանման հիմնադրամի նոր ծրագիրի մասին, որուն միջոցով 74 հազար տոլար կը տրամադրուի Մատենադարանին` Արցախի հինաւուրց հայկական վանքերուն մէջ ստեղծուած հազուագիւտ ձեռագիրներու եւ արխիւային փաստաթուղթերու պահպանման նպատակով:
Դեսպանի` Մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի ֆինանսաւորումով Հայաստանի մէջ 2005-էն ի վեր իրականացուած են մշակութային պահպանման 15 ծրագիրներ` ընդհանուր առմամբ 1,6 միլիոն տոլար արժողութեամբ:
Երերոյքի ծրագիրով նախատեսուած են` պատերու ամրացումներ, քայքայուած քարերու փոխարինում, ջրահեռացման համակարգի ապահովում եւ յուշարձանի տարածքի բարեկարգում:
Հայաստանի ԹՈՒՄՕ Կեդրոնը 13 Տարեկան Է
Հայաստանի ԹՈՒՄՕ կեդրոնը իր հիմնադրութեան 13-ամեակին առիթով, ամփոփ տողերով ներկայացնելով իր պատմականը եւ ապագայի տեսլականները, հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«14 օգոստոսին լրացաւ ԹՈՒՄՕ 13-ամեակը: 13 տարի առաջ այս օրը Երեւանի մէջ բացուեցաւ առաջին ԹՈՒՄՕ կեդրոնը` նպատակ ունենալով լայն տարողութեամբ ստեղծել կեանքեր փոխող ուսումնական փորձառութիւններ: Այն, ինչը սկսաւ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու երազով, վերածուեցաւ համաշխարհային կրթական ցանցի մը, որ արդէն ունի 10 միջազգային կեդրոններ, եւ մօտիկ ապագային անոնց պիտի գան միանալու այլ կեդրոններ եւս:
«Մարի Լուի եւ Բեկոր Փափազեանի հետ Սիմոնեանները կը պատկերացնէին կրթական միջավայր մը, ուր պատանիները, անկախ իրենց ծագումէն եւ հանգամանքներէն, պիտի կարենային բացայայտել իրենց ներուժը եւ տնօրինել իրենց ուսումնական գործընթացը:
«Այս տարիներուն ընթացքին միայն Հայաստանի ԹՈՒՄՕ կեդրոններուն եւ «տուփ»-երուն մէջ ուսանած են 130 հազար պատանիներ: ԹՈՒՄՕ-ն ո՛չ միայն կրթական կեդրոն մըն է, այլ նաեւ` համայնք մը: Մեր գործունէութիւնը սահման չի ճանչնար:
«Հրապարակման միջոցով ԹՈՒՄՕ-ն ունի առաւել քան 200 հայկական կոթողներ ներառող արխիւ մը: Յառաջիկայ տարիներուն կը նախատեսենք հրապարակել մօտաւորապէս 500 յուշարձաններ:
«ԹՈՒՄՕ-ի 13-րդ տարեդարձին առիթով կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել մեր գործընկերներուն, նուիրատուներուն եւ աջակիցներուն: Ձեր ներդրումները կարեւոր դեր ունեցած են կրթական ապագայի կերտման մէջ:
«Մենք յանձնառու ենք ընդլայնելու մեր ցանցը` նպատակ ունենալով հիմնել 16 կեդրոններ եւ 110 շարժական մասնաճիւղեր, ուր ամէն շաբաթ 80 հազար պատանիներ Հայաստանի բոլոր անկիւններէն նորարարական կրթութիւն ստանալու կարելիութիւնը պիտի ունենան»:
Շարլ Ազնաւուրի Քանդակը Պիտի Տեղադրուի Երեւանի Սրտին Մէջ
Ամիսներ առաջ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանին համար յայտարարուած բաց մրցոյթին յաղթեց «Լա պոհեմ»-ը:
Դաւիթ Մինասեանի հեղինակած ստեղծագործութիւնը արդէն մանրակերտէն կը վերածուի մեծ քանդակի:
ՅուշարձանիՆ բացումը կը նախատեսուի 22 մայիս 2025-ին` իբրեւ մեծանուն երգիչին ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու եզրափակիչ արարողութիւն:
«Աշխատել Ազատագրման Համար» Խորագիրով Արցախի Եւ Կիպրոսի Նուիրուած Քանդակը` Պատրաստուած Աղաւնոյէն Բերուած Քարով
Սիսիանի մէջ, Զօրաց քարերու մօտակայքը, «Էպիկեդրոն» արուեստ կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ ճանչցուած արուեստագէտ, «Սիսական» ջոկատի մարտիկ Աշոտ Աւագեանի «Աշխատել ազատագրման համար» Արցախի եւ Կիպրոսի նուիրուած քանդակը` պատրաստուած Աղաւնոյէն բերուած քարով:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով գաղափարի ծնունդին, յիշեցուց, որ ասիկա «Ռեւանշ (վրէժխնդրութիւն) լինելու է» շարքին հինգերորդ ներկայացումն է. «Ես քարեր բերած էի Աղաւնոյէն, անցեալ տարի տեղադրած էինք մէկը, որ կը վերաբերէր Արցախի բռնագրաւման, այս տարի ալ փորձեցինք ազատագրման հետ կապել: Մենք եւ յոյները` Կիպրոսը, նոյն ճակատագիրը ունինք, մեր երկիրները բռնագրաւուած են, բայց կայ մարդոց փոքր խումբ մը, որ չի հաշտուիր այդ մտքին հետ, եւ վստահ եմ, որ նոյն կերպ մտածողներ կան նաեւ յոյներուն մէջ: Այս պատճառով ալ որոշեցինք այդ երկուքը միացնել, որովհետեւ գաղափարական իմաստով երկուքի պարագային նոյն հիմքն է: Ե՛ւ մեր, ե՛ւ իրենց պարագային ըմբոստ մարդոց ցանկութիւնը նոյնն է: Այսպէս ծնաւ քարը տեղադրելու գաղափարը: Քարը կիսեցինք, երկու մասի բաժնեցինք, որպէսզի խորհրդանշէ ե՛ւ Արցախը ե՛ւ Կիպրոսը»:
Արուեստագէտը ընդգծեց, որ քանդակին վրայ աշխատած է իր աշակերտը` Վահէ Եղիեանը: «Մենք առաջարկեցինք, որ այն փշալարը, որ կապուած է այդ գաղափարին, որ յետոյ պէտք է բացուի, երբ ազատագրենք Արցախը, ազատագրուի Կիպրոսը, իբրեւ մասունք մասնակիցները կտրեն ու տանին իրենց հետ` իբրեւ գաղափարի մաս, որովհետեւ բոլոր մասնակիցները վստահ են, որ վրէժխնդրութիւն պիտի ըլլայ, եւ օր մը անպայման պիտի ազատագրուի բռնագրաւուած հայրենիքը, եւ այդ փշալարին կտորը իրենք պէտք է տանին Արցախ եւ այնտեղ տեղ մը թաղեն: Մենք նաեւ կրակ վառեցինք, իսկ ինչո՞ւ վառեցինք: Որոշուեցաւ, որ մասնակիցները պատերազմէն ետք ունեցած բոլոր բացասական յոյզերը, որոնք ապրած են, նետեն կրակին մէջ եւ այրեն: Այս ամէնը միտուած է ապագային, բայց` ո՛չ այն յայտնի ապագային (ՔՊ-ի կարգախօս` «Ապագայ կայ»-ին)»:
Աշոտ Աւագեանի ձեւակերպումով, իրականութեան մէջ արուեստը արուեստին համար չէ, բայց արուեստագէտներն ալ այս ժողովուրդին մաս կը կազմեն, այնպէս, ինչպէս ժողովուրդն է` մէկ մասը կը լռէ, մէկ մասը կը քծնի, բայց կայ նաեւ փոքր մաս մը, որ չի լռեր:
Մեր դիտարկումը, որ ի վերջոյ բոլոր ժամանակներու մէջ ալ որակեալ փոքրամասնութիւնն է որ եղանակ կը փոխէ, Աշոտ Աւագեան այսպէս արձագանգեց. «Միշտ ալ որակեալ փոքրամասնութիւնն է, որ կ՛որոշէ որեւէ բան` բոլոր ասպարէզներուն մէջ… Ես այսպիսի յաւակնութիւններ չունիմ: Ես կրնամ ապրիլ գիւղի, սարերու մէջ եւ գործս ընել: Նոյնիսկ չեմ գիտեր, թէ այդ լա՞ւ է, թէ՞ վատ, ըմբոստութի՞ւն է, թէ՞ ոչ… Ուղղակի այս հայրենիքս է, ես մնացած եմ այս հողին վրայ` ի տարբերութիւն շատերուն…»: Պատասխանելով լրագրողին հարցումին, թէ, ինչպէս ինքը կ՛ըսէ իր ելոյթներուն ընթացքին, վրէժխնդրութիւն պիտի ըլլա՞յ, Աշոտ Աւագեան ըսաւ. «Վրէժխնդրութիւն ո՛չ միայն պիտի ըլլայ, այլեւ մեզմէ կախեալ է, բոլորէս… Իւրաքանչիւրս իր աշխատանքին մէջ վրէժի իրագործման համար պէտք է քայլեր կատարէ, յետոյ, երբ այդ ամէնը հաւաքուի, կուտակուի տեղ մը, պիտի պայթի վրէժը… 100-130 տարի առաջ որոշակի տղաք ըսած են` յարատեւ պայքար, եթէ կ՛ուզես այս արեւուն տակ ու այս տարածքին վրայ ապրիլ, ուրեմն պէտք է հասկնաս տարածքին տրամաբանութիւնը, եւ ըստ այդմ, եթէ որոշած ես այստեղ ապրիլ, գաղթական չդառնալ եւ չձուլուիլ, ինքնութիւնդ պահել, ուրեմն պէտք է պայքարիս, պայքարը յարատեւ է, ամէն օր»:
«Հայաստանի Դիւանագիտական հիմնադրամի ու «Ակն ընդ ական»-ի վաւերագրողներու համայնքին հետ կազմակերպուած էր ձեռնարկը: Կիպրոսի բռնագրաւման 50-րդ տարին կ՛ամբողջանայ, այդ ծիրին մէջ նաեւ Կիպրոսին նուիրուած քանի մը նախաձեռնութիւններ կազմակերպած ենք, մասնաւորապէս ՀԲԸՄ-ի ցանկին մէջ ցուցադրած ենք Միքայէլ Կակոյանիսի «Կիպրոսի լլկանքը» վաւերագրական ժապաւէնը` 50 տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի գրաւման մասին: Հիմնական գաղափարը այն է, որ մենք հասկնանք, թէ այս տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող աղէտները ուղղուած են ո՛չ միայն հայերու դէմ, այլ այդ ընդհանուր ֆաշիստական, բարբարոսական ծրագիր է, ուրիշին չընդունելու, ատելու խառնուածք ունի, որ կ՛իրականացնէ Թուրքիան», ըսաւ «Ակն ընդ ական» վաւերագրողներու համայնքի նախագահ, վաւերագրական ժապաւէններու բեմադրիչ Յովհաննէս Իշխանեանը:
Նախաձեռնութիւնը իրականացուած է Հայաստանի մէջ Կիպրոսի դեսպանութեան աջակցութեամբ. այս առիթով յոյն քաղաքական գործիչ, Եւրոպայի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Էլենի Թէոխարուսը տեսաուղերձ յղած է հայ ժողովուրդին` մաղթելով Արցախի արագ ազատագրում: իսկ Սիսիանի մէջ բացուած քանդակը` կիսուած քարի տեսքով, կը խորհրդանշէ Կիպրոսը եւ Արցախը, որոնք փաթթուած են փշալարերով, այսինքն գրաւուած են թուրքերուն կողմէ: Քանդակագործ Աշոտ Աւագեանի նախաձեռնութեամբ փշալարէն հատուած մը մասնակիցները կտրած եւ տարած են իրենց հետ` իբրեւ թրքական գրաւումը ոչնչացնելու խորհրդանիշ:
Յիշեցնենք, որ 1974 թուականին յուլիս-օգոստոս ամիսներուն Թուրքիան ներխուժեց յունական Կիպրոս կղզի եւ գրաւեց հիւսիսային հատուածը` տեղահանելով աւելի քան 200 հազար յոյն: Թրքական այդ գործողութիւնը բնոյթով շատ նման էր 2020-2023 թուականներուն Արցախի գրաւման: