Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին Բազմազան Ծրագիրները Կը Կատարուին Հայաստանի Մէջ

Յուլիս 27, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

13 յուլիս 2024-ին Երեւանի մէջ ընթացք առած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքը (ֆորում) աշխուժ կերպով կատարեց իր աշխատանքները:

Արդարեւ, հինգշաբթի, 18 յուլիսին ֆորումականներուն օրը սկսաւ Երեւանի պետական համալսարան այցելութեամբ, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի: Համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Արման Եղիազարեան ֆորումականներու ծանօթացուց պետական համալսարանի բաժանմունքներն ու ընդհանրապէս համալսարանը: Անկէ ետք անոնք այցելեցին Կոմիտասի թանգարան եւ պանթէոն, ծանօթացան` Կոմիտասի կեանքին, գործունէութեան, անոր ձգած հարստութեան, անոր պատկանող եւ թանգարանին մէջ պահպանուած իրերուն: Ապա անոնք ուղղուեցան Սասունցի Դաւիթի արձանին մօտ, որուն մասին տեղեկութիւններ ստացան:

Կէսօրէ ետք ֆորումականները ջերմ հանդիպում ունեցան «Ակունք»  ազգագրական համոյթի անդամներուն հետ, իսկ խումբի ղեկավար Արթուր Շահնազարեան անդրադարձաւ իրենց գործունէութեան, ազգային երգերու եւ մշակոյթի պահպանման ու տարածման անհրաժեշտութեան:

Ուրբաթ, 19 յուլիսին ֆորումականները իրենց օրուան առաջին բաժինը անցուցին բնութեան գիրկը` Ծաղկաձորի մէջ, ուր վայելեցին ճոպանուղին, շրջանի բնութեան գեղեցկութիւնը: Ապա, նախորդ տարիներու աւանդութիւնը շարունակելով, այս տարի եւս Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Ծաղկաձորի Տիրամայր Հայաստանի ճամբարը, ուր հիւրընկալուեցան ճամբարի փոքրիկներուն կողմէ, որոնց հետ ունեցան կիսօրեայ ճոխ ու հարազատ յայտագիր մը, միասին ճաշեցին, ընկերային պահեր ապրեցան, երգեցին, պարեցին ու խաղացին:

Կէսօրին մասնակիցները վերադարձան Երեւան, ուր անոնք տեղեկութիւններ ստացան «Ուիքիփետիա»-ի հայերէն բաժինի գործունէութեան, զայն հարստացնելու ձեւերուն մասին` Ազնիւ Ստեփանեանի եւ Շահէն Արապօղլեանի կողմէ:

Շաբաթ, 20 յուլիսին ֆորումականները այցելեցին Խոր Վիրապ, մօտէն հաղորդուեցան Հայ եկեղեցւոյ կարեւորագոյն դրուագներէն մէկուն վայրին, անկէ ետք անոնք ունեցան ազատ ժամ, այցելեցին վերնիսաժ: Երեկոյեան մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Սoս Սարգսեանի անուան Համազգայինի թատրոնի «Հրաշագործը» ներկայացումին:

Կիրակի, 21 յուլիսին ուսանողական հաւաքին մասնակիցները այցելեցին Արագած եւ Ամբերդ, անոնց ընկերակցեցաւ Ցօղիկ Աշըգեանը, որ մանրամասն եւ համապարփակ տեղեկութիւններ տուաւ հայկական ճարտարապետութեան մասին, յատկապէս` խօսելով բերդին իւրայատկութեան մասին:

Երկուշաբթի, 22 յուլիսին ֆորումականները այցելեցին Օշական, ուր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը անոնց ներկայացուց գիրերու գիւտը, Մեսրոպ Մաշտոցի աւանդը, եւ զայն պահպանելու կարեւորութեան մասին խօսեցաւ: Ապա անոնք ուղղուեցան Գիւմրի, ուր անոնց առաջին հանդիպումը եղաւ Արցախէն բռնի տեղահանուած մանուկներուն հետ. Շուշիի «Ծիլ» թատերական միաւորն ու արցախցի փոքրիկները սփիւռքահայ երիտասարդներուն  մատուցեցին Արցախի բարբառով ներկայացում: Ապա անոնք այցելեցին Կումայրի թանգարան, ուր ծանօթացան քաղաքին պատմութեան:

Երեքշաբթի, 23 յուլիսին մասնակիցները այցելեցին Գիւմրի քաղաքին զանազան թանգարաններ, ծանօթացան Յովհաննէս Շիրազի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Մհեր Մկրտչեանի կեանքին ու գործունէութեան:

 

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Գրադարան-Պարտէզը Անմոռանալի Ամառ Պարգեւեց 33 Հայ Մանուկներու

Յաջորդը

Պորտօ Կորսնցուց Իր Արհեստավարժ Կարգավիճակը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?