Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 29 յունիսէն 6 յուլիս 2024-ին Հայաստանի մէջ ունեցաւ զոյգ ելոյթներ` մէկը Գիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին, իսկ երկրորդը Երեւանի Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի թատրոնին մէջ` ներկայացնելու «Տեսակ մը թատրոն»-ը, բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:
Այս ելոյթներուն «Գասպար Իփէկեան»-ի եւ հայաստանեան զոյգ թատրոններուն միջեւ համագործակցութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» զրուցեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանին հետ:
Խօսելով ընդհանրապէս երկու կողմերուն միջեւ համագործակցութեան մասին` ան դիտել տուաւ, որ ասիկա թատերական ծիրին մէջ Հայաստան տրուած առաջին այցելութիւնը չէ, նշելով, որ Հայաստանի թատերախումբերու եւ «Գասպար Իփէկեան»-ի միջեւ փոխադարձ այցելութիւնները երկու հիմնական փուլերու կը բաժնուին: Անոնք կը սկսին 1990-ականներու սկիզբէն, յատկապէս` անուանի դերասան Սօս Սարգսեանի կենդանութեան օրերէն, երբ նոր հիմնադրուած էր թատրոնը, այն ատեն քանի մը առիթներով Համազգայինի թատրոնը այցելեց Լիբանան: Այդ թուականներուն էր, որ մշակութային տարբեր ոլորտներու մէջ` երաժշտական, պարային, թատերական եւ այլ, գործակցութեան հիմքը դրուեցաւ: Թատերական իմաստով առաջին փուլը եղաւ, երբ Համազգայինի թատրոնը տարբեր առիթներով Լիբանան այցելեց, իսկ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի եւ Համազգայինի Լիբանանի տարբեր միաւորներ յաջորդող տարիներուն` Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովներու կամ նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Հայաստան մեկնեցան ու ներկայացումներով հանդէս եկան: Ան դիտել տուաւ, որ եղան տարիներ, երբ թատերական գործունէութիւնը քիչ մը տեղքայլի որոշ շրջան մը անցուց, հաւանաբար` գրեթէ մինչեւ Սօս Սարգսեանի մահը եւ անկէ ետք, այդ գործունէութիւնը դանդաղեցաւ, մինչեւ որ Համազգայինի թատրոնին մէջ նոր մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ շնորհիւ Սօս Սարգսեանի կազմաւորած սերունդին, որոնք ներկայիս գործի վրայ են ու աշխուժ աշխատանքի լծուած են:
Մարտիկ Տեմիրճեան շարունակեց, որ Հայաստան-Լիբանան թատերական իրենց գործակցութեան երկրորդ փուլը սկսաւ, երբ Հայաստան-սփիւռք փառատօներու կամ խորհրդաժողովներու շրջագիծին մէջ Դաւիթ Յակոբեան, որ այն ատեն «Գասպար Իփէկեան»-ի բեմադրիչն էր, խումբը առաջին անգամ ըլլալով տարաւ Գիւմրիի թատրոն, եւ ասիկա առիթ եղաւ Գիւմրիի «Վարդան Աճեմեան»-ի եւ «Գասպար Իփէկեան»-ի առաջին գործակցութեան: Առաջին քայլով «Գասպար Իփէկեան»-ը 2017-ին Գիւմրիի թատերախումբը հրաւիրեց Լիբանանի մէջ ներկայացնելու Հայաստանի եւ Գիւմրիի մէջ բազմաթիւ անգամներ բեմ բարձրացած «Հարսանիք թիկունքում» գործը, որ մեծ շարժում ստեղծեց, խանդավառութիւն սերմանեց, եւ այդպէս ալ թատերական կամուրջ մը հաստատուեցաւ նաեւ Գիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան թատրոնին հետ, որ նշանաւոր է եւ բաւական հին պատմութիւն ունի: Երկու անգամ անոնք եկան Լիբանան, Լիբանանի խումբը ներկայացումներով հանդէս եկաւ Գիւմրիի մէջ, մինչեւ որ սկսաւ լիբանանեան տնտեսական տագնապի, «Քորոնա» համաճարակի եւ դժուար պայմաններու փուլը, երբ գործունէութիւնը ընդհանրապէս կանգ առաւ գոնէ 4-5 տարի` կասեցնելով տարեկան դրութեամբ ծաւալած գործակցութիւնը:
Համազգայինին հետ սկսած գործակցութեան ծիրը ընդարձակուեցաւ այսպիսով: Տեմիրճեան դիտել տուաւ, որ այս թատերական գործունէութեան մէջ կարելի չէ մոռնալ Վարդան Պետրոսեանը, որ վերջին 20 տարիներուն 7-8 անգամ արդէն Լիբանան այցելեց եւ մեծապէս տպաւորեց լիբանանահայութիւնը իր իւրայատուկ ներկայացումներով:
Մարտիկ Տեմիրճեան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ` ի պատիւ Համազգայինի եւ Գիւմրիի թատրոններուն, պէտք է հաստատել, թէ անոնք միշտ պատրաստ եղան Լիբանան գալու, գիտակցեցան, որ Լիբանանը շատ դժուար օրեր ապրեցաւ, մանաւանդ` տնտեսական վիճակը, որ հարուած հասցուց ընդհանուր աշխատանքին, բայց եւ այնպէս անոնք միշտ ալ յայտարարեցին, որ Լիբանան կու գան առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան: Ժամանակի ընթացքին վիճակը քիչ քիչ աւելի բնական ընթացք ստացաւ, եւ գործընկերութեան ուղին շարունակուեցաւ երկու թատրոններուն հետ:
«Բոլորս ալ հաւատացինք ու կը հաւատանք, որ այս գործակցութիւնը անպայման օգտաշատ բան մը կը ստեղծէ եւ արդէն ստեղծած է: Բնականաբար մենք թատերական կտորներու ընտրութեան ու խաղարկութեան մեր ոճը ունինք, արեւմտահայերէնով են մեր թատերախաղերը, որովհետեւ կը գիտակցինք, թէ արեւմտահայերէնի պահպանման նկատմամբ պարտաւորութիւն ունինք: Հետաքրքրական է, որ Հայաստանի մէջ շատեր կը հիանան մեր լեզուին, անոր մէջ երաժշտականութիւն կը նկատեն», ըսաւ ան:
Ապա Մ. Տեմիրճեան խօսեցաւ այս տարուան այցելութեան մասին, ան ըսաւ, որ Գիւմրիի մէջ անցուցին երեք օրեր, որոնք առիթ եղան պատմական քաղաքին մէջ շրջելու, թատերախումբի հին թէ նոր սերունդի անդամներուն հետ մտերիմ պահեր անցընելու եւ «Մհեր Մկրտչեան» փոքր թատերասրահի բեմին վրայ դիտելու «Բոհեմ» ներկայացումը` բեմադրութեամբ խումբի երիտասարդ բեմադրիչ Տաթեւ Ժաքեանի եւ դերասանութեամբ խումբի փորձառու չորս դերասանուհիներուն:
Յունիս 30-ին «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը հանդէս եկաւ իր ներկայացումով 680 հոգինոց ծայրէ ծայր լեցուն սրահի մէջ: Տեմիրճեան դիտել տուաւ, որ գիւմրեցիները նշանաւոր են ոչ միայն իրենց թատերասէր ըլլալով, այլ նաեւ` բծախնդիր: Ընդհանրապէս տպաւորութիւնները դրական էին, հակառակ անոր որ խումբը արհեստավարժ չէ, եւ ներկայացուած գործին մէջ ալ նոր մօտեցումներ կան: Լրատուամիջոցները եւս անդրադարձան ելոյթին, առկայ գործակցութեան, քանի մը հարցազրոյցներ կատարուեցան Գիւմրիի մէջ եւ լաւ արձագանգ ձգեցին: Ներկայացման աւարտին բեմ բարձրացաւ եւ իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին յուշանուէր մը յանձնեց Համազգայինի Գիւմրիի գրասենեակի պատասխանատու Արա Շախշքարեան:
Ան յատկապէս անդրադարձաւ նաեւ Գիւմրիի մէջ խումբին վայելած ընդունելութեան, յիշեց, որ գիւմրեցիները մեծապէս տպաւորուած էին Լիբանան իրենց այցելութենէն, Համազգայինի կողմէ հիւրընկալութենէն: Նոյն ջերմ մթնոլորտն ու մտերմութիւնը տիրեց նաեւ Գիւմրիի մէջ: «Ես կը հաւատամ, որ Համազգայինի անունին, թատրոնի անունին, սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան ծիրին մէջ այս գործակցութիւնը, այցելութիւնները գործնական շինիչ դրսեւորումներ են: Մէկ ամբողջութիւն ըլլալու, մէկ տեսակ մտածելու, իրարու վրայ ազդելու, իրարմէ ազդուելու, փորձառութիւն փոխանակելու, զրուցելու մթնոլորտը այս նախաձեռնութիւններուն եւ փոխադարձ այցելութիւններուն նպատակներէն մէկն է», նշեց ան` աւելցնելով, որ 100 հոգիէ բաղկացած Գիւմրիի թատրոնը երեք օրեր շարունակ շուրջ 40-50 հոգիով զբաղեցան «Գասպար Իփէկեան»-ի խումբով, նոր դերասաններն ու վեթերանները միացան իրենց ընթրիքներու ընթացքին, որպէսզի փոխադարձ ծանօթութիւններ ըլլան: Տնօրէն Արամ Կարապետեանն ու գեղարուեստական ղեկավար Լութֆիկ Յարութիւնեանը լաւապէս կազմակերպած էին ամէն ինչ` այցելութիւններ, հանդիպումներ եւ այլն:
Գիւմրիէն ետք թատերախումբը ուղղուեցաւ Երեւան, ուր մնաց 4 օր: Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան Երեւանի թատերախումբին հետ էր գործակցութիւնը: Յուլիս 3-ին «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Երեւանի մէջ ներկայացուց իր գործը, եւ յատկանշական էր, որ հանդիսատեսներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմէին լիբանանահայերը, որոնք շատ ջերմ, ուրախ, խանդավառ եւ կարօտով լի ընդունեցին ներկայացումը:
Խումբը նաեւ առիթ ունեցաւ ներկայ գտնուելու «Սօս Սարգսեան»-ի խումբի երկու ներկայացումներու` «թատերական ընթերցանութեան» ծիրին մէջ: Առաջինը Անուշ Ասլիբեկեանի «Մերսետես»-ն էր` Հայոց ցեղասպանութենէն ետք սփիւռքի ձեւաւորման եւ կազմաւորման մասին, շատ հետաքրքրական ու այժմէական ձեւով ներկայացուած էր, բեմադրութեամբ` Նարինէ Գրիգորեանի եւ խաղարկութեամբ խումբին դերասանուհիներ` Տաթեւ Ղազարեանի եւ Արմինէ Անդրէասեանի: Իսկ երկրորդը` մնջախաղային ոճով «Պիերետայի քողը», բեմադրութեամբ` Եուրի Կոստանեանի, խաղարկութեամբ խումբի ութ նոր եւ երեք փորձառու դերասաններու: Հաճելի եւ միջազգային թատրերգութենէն գործ մըն էր:
Մարտիկ Տեմիրճեան յայտնեց, որ Երեւանի մէջ եւս Համազգայինի թատրոնի տնօրէն Ղուկաս Մատոյեանի ու գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեանի ճիգերով իրականութիւն դարձաւ այս այցելութիւնը, նաեւ անոնց նախաձեռնութեամբ եւ թելադրութեամբ դերասաններուն միջեւ, ծանօթութենէ աւելի, բարեկամութիւն ստեղծուեցաւ ոչ միայն պատասխանատուներու մակարդակի վրայ, այլ նաեւ` անհատական: Ան անդրադարձաւ նաեւ վարչական աշխատանքներուն, որոնք ճիգ ու ժամանակ կը պահանջեն, սակայն բոլորն ալ լիուլի կատարուած էին, եւ այս առիթով Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբն ու վարչութիւնը շնորհակալ են թէ՛ Գիւմրիի եւ թէ՛ Երեւանի թատերախումբերուն, որոնք իրենց առաւելագոյնը ըրած էին, որպէսզի այս այցելութիւնը իր արդիւնաւէտութիւնը ունենայ տարբեր առումներով: Բաւարարութեան ու գոհունակութեան զգացումներ ունեցան նաեւ «Գասպար Իփէկեան» խումբին անդամները` նորեր թէ հիներ, որոնք ջերմ ընդունելութեան արժանացան, նոր փորձառութիւն ապրելու կարելիութիւն ունեցան, հանդիպեցան եւ զրուցեցին հայրենի արուեստագէտներու, դերասաններու հետ, միտքերու փոխանակում եւ ապագայի հեռանկարներու ուրուագծում կատարուեցաւ:
«Խումբը ինք եւս առիթ ունեցաւ աւելի եւս մտերմանալու իրարու, 12 հոգիներու համար միատեսակ մթնոլորտ ստեղծելը դիւրին չէ, թէեւ կրնայ պարզ թուիլ, բայց տարբեր ճաշակի մարդիկ քով քովի բերելը, ամբողջ օրուան մը ծրագիրը համադրելը այդքան ալ դիւրին չեն: Բայց մեր խումբը կրցաւ այդ ընդհանուր մթնոլորտին մէջ մտնել, եւ ատիկա` պարտականութենէն անդին: Ասոր մէջ իր ուրոյն դերն ու դրոշմը ունի «Գասպար Իփէկեան»-ի տարիներու բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, անոր հարազատ մօտեցումը դերասաններուն նկատմամբ, մտերիմ մթնոլորտ ստեղծելու ջանքերը, որպէսզի ամէն ինչ ոչ միայն աւելի դիւրին ու հեզասահ ըլլայ, այլ նաեւ` օգտաշատ ու հաճելի», դիտել տուաւ ան` աւելցնելով, որ արհեստավարժ չըլլալով հանդերձ, խումբի դերասաններն ու դերասանուհիները ընդունելի եւ լաւ խաղարկութիւն ունէին, ինչ որ ուրախալի ու հպարտալի է խումբին համար:
Այս այցելութեան ծիրին մէջ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին վարչութիւնը Երեւանի մէջ այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակ եւ տեսակցեցաւ գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանին հետ, իսկ Գիւմրիի մէջ եւս Համազգայինի գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցաւ գրասենեակի պատասխանատու Արա Շախշքարեանին հետ: Հանդիպումները առիթ եղան խօսելու այցելութեան մասին, ինչպէս նաեւ քննարկելու հետագայ զարգացման ծրագիրները:
Այցելութեան մասին զրոյցը աւարտելով ու գործակցութեան հեռանկարները լուսարձակի տակ բերելով` Մարտիկ Տեմիրճեան եզրափակեց. «Երկխօսութիւնը շատ առողջ է, երկուստեք այնպիսի աղուոր մթնոլորտ կայ, որ կը փորձենք միացեալ ճիգերով լուծել առկայ հարցերը, յաղթահարել խոչընդոտները: Բարեկամութեան եւ ընկերութեան շատ լաւ մակարդակ մը ստեղծուած է: Մեր բեմադրիչին եւ միւս խումբերու բեմադրիչներուն միջեւ ալ գործակցութեան վերաբերող միտքերու փոթորկում եղաւ, որոշ ենթահող մը պատրաստուեցաւ, եւ յոյսով ենք, անիկա իր պտուղները կու տայ ոչ հեռու ապագային:
«Այս այցելութեամբ նոր որակ եւ աշխուժութիւն ստացած այս գործակցութիւնը աւելի ընդարձակելու, նոր նշաձող մը հաստատելու մասին զրոյցներ ալ ծաւալեցան այս այցելութեան ընթացքին, տարբեր մտածումներ արտայայտուեցան, սակայն տակաւին միտքերն ու գաղափարները կը խմորուին վերջնական ծրագիրի մը հասնելու նպատակով: Երկուստեք կը հաւատանք, որ անհրաժեշտ է չբաւարարուիլ փոխադարձ այցելութիւններով, այլ` միասնաբար գործակցութեան նոր դաշտ բանալ, որ ամէնէն կարեւորն է»: