Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 25, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Եւ Օքամփօ Քննարկեցին Հայաստանի Ապահովութեան, Արցախցիներուն Եւ Հայ Գերիներուն Վերաբերող Հարցեր

14 սեպտեմբերին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Էջմիածինի մէջ ընդունեց Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն եւ «Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոն» կազմակերպութեան անդամները` Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեանի ընկերակցութեամբ:

Ողջունելով նախկին դատախազին այցելութիւնը հայոց հոգեւոր կեդրոն` կաթողիկոսը տեղեկութիւններ հաղորդեց Էջմիածինի` հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, հոգեւոր, մշակութային արժէքներու, ազգային ինքնութեան կերտման եւ ազգապահպան առաքելութեան մասին:

Հանդիպումի ընթացքին Գարեգին Բ.ը գնահատեց Օքամփոն` միջազգային զանազան ատեաններու մէջ հայ ժողովուրդին եւ արցախահայութեան արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան դատապարտման եւ գերիներու վերադարձին մէջ ներդրած ջանքերուն համար:

Խօսելով երկրին դիմաց ծառացած ապահովական հարցերուն մասին, կաթողիկոսը իր մտահոգութիւնները յայտնեց` ընդգծելով, որ եկեղեցին մնայուն կերպով իր կարելի նպաստը կը բերէ մարտահրաւէրներու յաղթահարման, արցախահայերու հոգեւոր եւ մարդասիրական կարիքներու բաւարարման ու անոնց ապահով ապագայի կերտման վերաբերող ջանքերուն: Յիշեալ հարցերուն ամբողջական լուծման նպատակով կաթողիկոսը կարեւոր նկատեց թէ՛ միջազգային հանրութեան գործօն աջակցութիւնը եւ թէ՛ Օքամփոյի ծաւալած գործունէութիւնը` ի խնդիր արդարութեան հաստատման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Իր կարգին, Լուիս Մորենօ Օքամփօ կաթողիկոսին ներկայացուց իր մտածումները եւ նախաձեռնած գործողութիւնները Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքները ազատագրելու, Արցախի մէջ գործադրուած ցեղային զտումներուն մասին բարձրաձայնելու, Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու ուղղութեամբ` ընդգծելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու գործնական կիրարկման անհրաժեշտութիւնը: Ասոր վերաբերեալ Օքամփօ կարեւոր նկատեց աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբումը` այդ սկզբունքները կեանքի կոչելու նպատակով:

Օքամփօ անդրադարձաւ նաեւ Հայ եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութեան` տեղահանուած արցախահայերու հոգեւոր առաջնորդութեան, անոնց ոտնահարուած իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ գերիները վերադարձնելու ուղղութեամբ:

ՀՄԸՄ–ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Խաչերեան Եւ Նոյն Մարմինի Անդամ Սանտրա Վարդանեան Հիւրընկալուեցան ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ–ին Եւ Արցախի Մեկուսի Շրջանին Կողմէ

Այցելութիւնը սկսաւ «Հայկ Յովսէփեան» բանակավայրէն, ուր հիւրերը ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ «Վահան Չերազ» մասնաճիւղի գայլիկներու գործունէութեան, այնուհետեւ Վահագն Դաւթեանի անուան զբօսայգիին մէջ ծանօթացան ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ «Վահան Չերազ» մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն:

Շատ տպաւորիչ էր նաեւ ծանօթութիւնը ՀՄԸՄ Արցախի մեկուսի շրջանի հետ` ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ, ուր իրենց գործունէութիւնը կ՛իրականացնեն արցախցի գայլիկներն ու սկաուտները, ինչպէս նաեւ` ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ «Գրիգոր Յակոբեան» մասնաճիւղի արի-արենուշները:

Հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան` ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի ատենապետն ու Կեդրոնական վարչութեան անդամները, Արցախի մեկուսի շրջանի վարչութիւնը, ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ Երեւանի վարչութիւնն ու աստիճանաւորները, աւարտեցաւ Արցախի մեկուսի շրջանի եւ «Գրիգոր Յակոբեան» մասնաճիւղի այսօրուան գործունէութիւններուն միացեալ փակման արարողութեամբ:

«Արցախի Կառավարութեան Հաշուարկներով Այնտեղ Մնացած Է Մօտաւորապէս 100 Միլիառ Տոլարի Գոյք». Արցախի Նախագահի Նախկին Խորհրդական

«Մէկ տարի` առանց Արցախի. վիճակագրութիւն եւ ռազմավարական հեռանկար» խորագրով խորհրդաժողովի ընթացքին Արցախի նախագահի նախկին խորհրդական, «Genesis Armenia» վերլուծաբանական կեդրոնի փորձագէտ, պատմաբան Արմէն Սարգսեան ներկայացուց Արցախի կորուստները` թիւերով եւ յստակ տուեալներով:

«Մենք պէտք է ամբողջովին եւ մանրամասն իմանանք Արցախի մէջ ունեցած մեր կորուստները, որ երբ վերադառնանք Արցախ, կարենանք համեմատել ազերիներու ոճրագործութիւնները եւ յստակ թիւերով ներկայացնել», ըսաւ ան:

Ըստ Սարգսեանի, Արցախի կառավարութեան հաշուարկներով, Արցախի մէջ մնացած են 100 միլիառ տոլարի գոյքեր, բայց դժուար է գնահատել, որովհետեւ բնակարաններուն 30 տոկոսը 18-րդ դարուն կառուցուած է:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած են` 12 քաղաք, 241 գիւղ, 11 հազար 450 բնակարան, 13 հազար 550 տուն, 60 գործարան, 15 ձեռնարկութիւն, 385 եկեղեցի, 400 միջնադարեան գերեզմանատուն, 25 թանգարան, 37 ջրելեկտրակայան, 48 հանք, 4 ջրամբար, աւելի քան 5 հազար մշակութային յուշարձան, 232 դպրոց, 4 համալսարան, 7 քոլեճ, 5 մարզադաշտ, 11 մարզադպրոց եւ նոյնքան ալ հիւանդանոց: Այնտեղ մնացած են 58 հազար մանր եղջերաւոր անասուն, աւելի քան 45 հազար խոշոր եղջերաւոր անասուն, 174 հազար թռչուն, 21 հազար խոզ, աւելի քան 2 հազար միաւոր գիւղատնտեսական ճարտարարուեստի գոյքեր, 445 քիլոմեթր կուպրապատուած ճանապարհ եւ աւելի քան 35 հազար փոխադրամիջոց», յայտնեց Սարգսեան:

Ան դիտել տուաւ, որ Արցախի բնակչութեան թիւը մինչեւ 2020-ի պատերազմը եղած է 147 հազար:

Ժողովին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ «Genesis Armenia» կեդրոն-հիմնարկի տնօրէն, դոցենտ Աբրահամ Գասպարեան, որ ըսաւ հետեւեալը. «Այս ռազմավարութիւնը հեռու է սիրողական եւ կենցաղային մօտեցումներէն, կը յենի միջազգային իրաւունքի եւ կիրարկութեան անաչառ եւ բանական ուսումնասիրութեան, թեմային վերաբերող հետազօտութիւններու եւ մասնագիտական մօտեցումներու վրայ»:

Գասպարեան նշեց, որ նաեւ կը կատարուի գոյքագրման գործընթաց մը, որ մասնագիտական հանրութեան կարելիութիւն պիտի տայ հասնիլ Արցախի հայաթափման միջազգային դատապարտման:

«Չենք խօսիր հատուցման կարելիութեան մասին, որովհետեւ ի սկզբանէ չենք փակած վերադարձի կարելիութեան դուռը` անկախ փաստէն, թէ որո՞նք եւ գաղափարախօսական ի՞նչ երանգաւորում ունեցող ուժեր կը յայտնուին Հայաստանի իշխանութեան ղեկին», ըսաւ Գասպարեան:

Ան շեշտեց, որ արցախցիին վերադարձի հարցը միջազգային իրաւունքի հարց է: «Կը հաւատանք, որ յառաջիկայ տարիներուն, գործող վարչախումբի իշխանազրկումէն ետք, հայկական պետութեան արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը էականօրէն պիտի փոխուի, օրակարգի առաջնահերթութիւններու եռեակին մէջ պիտի ըլլան` Արցախի հարցի արդար կարգաւորումն ու արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի իրացումը», յայտնեց Գասպարեան:

Ան հաստատեց, որ` «Արցախցիներու տունդարձի հարցը այսօր դուրս է Հայաստանի իշխանութեան արտաքին քաղաքական եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի օրակարգէն»:

Գասպարեան նաեւ ներկայացուց Արցախ վերադարձի ճամբու քարտէսը` շեշտելով, որ` «Կարեւոր են Արցախի ու արցախցիին վերադարձի հարցը հռչակել ազգային հաւաքական ինքնութեան բաղադրիչ, բացառել անհատական վերադարձի կարելիութիւնը: Պէտք է խուսափիլ ծայրայեղական մօտեցումներէ, կարեւոր է գոյքագրել Արցախի նիւթական եւ ոչ նիւթական մշակութային նշանակութիւն ունեցող կառոյցները եւ այլն»:

«Մուսա Լերան Քառասուն Օրը» Վէպի 90-Ամեակին Նուիրուած Գիտաժողովը Նոր Լոյս Պիտի Սփռէ Պատմական Իրողութիւններուն Վրայ

Աւստրիացի գրող եւ մարդասէր Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրը» վէպը կը պատմէ 1915 թուականին թրքական ջարդարարներու դէմ Կիլիկիոյ` Սուէտիոյ շրջանի հայութեան հերոսական պայքարի մասին, եւ այս տարի պիտի նշուի անոր հրատարակման 90-ամեակը:

Վէպի յոբելեանը Երեւանի մէջ նշանաւորուեցաւ ստեղծագործութեան նուիրուած միջազգային երկօրեայ գիտաժողովի կայացումով:

Գիտաժողովին մեկնարկը տրուեցաւ սեպտեմբեր 19-ին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:

Երեւանի պետական համալսարանի փոխնախագահ Էլինա Ասրիեան ընդգծեց, որ Ֆրանց Վերֆելը յայտնի էր իր խաղաղասիրական համոզմունքներով եւ հակառազմականացման դիրքորոշումներով, որուն համար 1912-ին բանտարկուած է: «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ընկալման եւ լուսաբանման հարցին մէջ Վերֆելը եւ անոր վէպը ունեցած են իսկապէս մեծ ազդեցութիւն: Եթէ 1915 թուականի ջարդերը նկարագրելու ժամանակ բազմաթիւ հեղինակներ եւ հետազօտողներ կը ներկայացնէին թրքական բարբարոսութեան զոհ դարձած մարդոց ճակատագիրները, ապա Վերֆելը ներկայացուցած է 1915 թուականի Ցեղասպանութեան հերոսական ինքնապաշտպանութեան դրուագ մը` անով շեշտադրելով հերոսական պայքարի ուժը, արժէքն ու նշանակութիւնը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն` փոխնախագահը շեշտեց, թէ քիչ չեն այն հետազօտութիւնները, որոնք կը վկայեն, որ ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին պատճառած է զանգուածային խոց: Ասրիեանի խօսքով, այսպիսի հետազօտութիւններ կատարուած են Արեւմուտքի, նաեւ Հայաստանի մէջ, սակայն ասոնք բաւարար չեն, եւ Ցեղասպանութեան հոգեբանական հետազօտութիւնները հատուկենտ են: Ան յոյս ունի, որ գիտաժողովը նաեւ այսպիսի հետազօտութիւններու վերաբերեալ նոր քննարկումներու հարթակ կը դառնայ:

Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, Երեւանի պետական համալսարանի անգլիական բանասիրութեան ամպիոնի վարիչ Սեդա Գասպարեան ընդգծեց, որ գիտաժողովը իրականացաւ «Հայերու ցեղասպանութիւնը. անցեալի եւ ներկայի ներհայեցումներ» խորագրով: «Պատմութեան այդ էջերը կարելի չեն եւ պէտք չէ ջնջել մարդկութեան յիշողութենէն, որովհետեւ միայն մեր աւանդոյթներուն վրայ խարսխուելով կրնանք` յառաջ նայիլ, նորը ստեղծել, մեր սխալները ուղղել, յառաջադիմել: Խորագիրը շատ կարեւոր է ու մտածուած, որովհետեւ այն ցեղասպան քաղաքականութիւնը, որ աւելի քան հարիւր տարի առաջ որդեգրած էր Օսմանեան կայսրութիւնը, որ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին կը հետապնդէր մեզ, այսօր ալ կը շարունակուի թուրք-ազրպէյճանական քաղզոյգով: Մեր աչքին առջեւ մենք զրկուեցանք Արցախէն, արցախցին զրկուեցաւ իր երկրէն, ուր դարերով ապրած եւ արարած է: Այսօր ալ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան հարցը կը շարունակէ արդիական մնալ, եւ այդ էր պատճառը, որ ընտրուեցաւ այսպիսի խորագիր», նշեց Գասպարեան:

Ան յոյս ունի, որ գիտաժողովի ընթացքին բարձրաձայնուող հարցերը կրնան նոր լոյս սփռել լուծումներուն վրայ:

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի Հայկական ուսուցման ծրագրի տնօրէն, պատմագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր Վահրամ Շեմմասեան նախորդ ամառ վեց շաբաթով գտնուած է Հայաստան եւ առաջին անգամ այցելած` Երեւանի պետական համալսարան ու ծանօթացած` դասախօսներու հետ: Ան անոնց յիշեցուցած է, որ շուտով պիտի լրանայ Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրը» վէպի հրատարակման 90-ամեակը, եւ առաջարկած է այդ առիթով կազմակերպել միացեալ գիտաժողով:  «Ինծի ըսին, որ այդ կարելի է: Վերադարձայ Լոս Անճելըս, ուր կ՛ապրիմ եւ կը դասախօսեմ: Անցան ամիսներ, եւ լուր չկար: Վերջապէս հաղորդեցին, որ պատրաստ են այսպիսի գիտաժողով կազմակերպել, որուն համար շատ ուրախ եմ», պատմեց Շեմմասեան` վստահութիւն յայտնելով, որ անիկա կը ծառայէ իր նպատակին:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան գիտաժողովին մեծ նշանակութիւն կու տայ եւ կը յիշեցնէ, որ 1915 թուականի գեհենէն ետք մոռացումի, ուրացումի, անկումի տարիներ եղած են: «Այդ ժամանակ ոչ ոք կը խօսէր Շապին Գարահիսարի, Մուսա Լերան, Վանի ինքնապաշտպանութեանց մասին, որովհետեւ վէրքը շատ թարմ եւ շատ խոր էր: Ֆրանց Վերֆելի պէս մարդիկ նոր խօսք բերին այս հարցին մէջ: Անոնք ո՛չ միայն Հայոց ցեղասպանութեան հարցը դարձուցին աշխարհի սեփականութիւնը` իմացութեան առումով, այլեւ յիշեցուցին, որ հայ ժողովուրդը ուղղակի չէ մորթուած, այլեւ ընդվզած, կռուած է: Ցեղասպանութիւնը, հայրենազրկումն ու ինքնապաշտպանութիւնը մէկ շղթայով ներկայացան Ֆրանց Վերֆելի շնորհիւ: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդի հետ 2020 եւ 2023 թուականներուն, Ցեղասպանութեան կրկնութիւնն էր: Հարց շատ կը տրուի` մենք դասեր քաղա՞ծ ենք, թէ՞ ոչ: Այո՛, քաղած ենք: Մենք SOS կը հնչեցնէինք աշխարհով մէկ, բայց մեզ լսող չկար, ինչպէս չկար Ա. աշխարհամարտի տարիներուն: 21-րդ դարուն եւս մեր ձայնը լսելի չէր: Կը խօսէինք այն մասին, որ մենք նախացեղասպանական վիճակի մէջ ենք, ինչպէս Ա. Աշխարհամարտի նախօրէին, այնպէս ալ` 2020-ի, 2022-ի, 2023-ի նախօրէին: 2023-ի սեպտեմբեր 19-ին այդ ողբերգութիւնը ամբողջացաւ, եւ մենք նաեւ հայրենազրկուեցանք: Շատերը կը շարունակեն խօսիլ այն մասին, որ մենք հեզ, հնազանդ, ինչպէս` 1915-ին, կոտորուեցանք ու լքեցինք մեր հայրենիքը` հեշտութեամբ ցեղասպանուելով ու հայրենազրկուելով: Ո՛չ, 2023-ի սեպտեմբեր 19-ին միօրեայ մարտերու մէջ հայ ժողովուրդը հերոսաբար կռուեցաւ Արցախի մէջ` ամփոփուած, մեկուսացած, բայց կռուեցաւ: Այսօր մեր մէջ չկան ֆրանցվերֆելներ, որպէսզի գրի առնեն այդ ամէնը: Մեզ վերֆելներ, արմին վագներներ են պէտք: Ուրախանալի է, որ գիտաժողովին մասնակցած են օտարներ, որոնք պէտք է շարունակեն մեզի հետ միասին SOS հնչեցնել եւ ըսել, որ այսօր ալ Հայաստանը կը շարունակէ մնալ նախացեղասպանական իրավիճակի մէջ, ցաւալիօրէն աշխարհը կը շարունակէ մնալ լուռ», եզրափակեց Աշոտ Մելքոնեան:

Գիտաժողովին մասնակցեցան գիտնականներ` Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Իտալիայէն, Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, Պրազիլէն, Լիբանանէն եւ Քանատայէն:

Անոնց զեկոյցներուն ուշադրութեան կեդրոնն էին «Մուսա լերան քառասուն օրը» վէպի պատմական քաղաքական եւ գրական նշանակութիւնը, Ֆրանց Վերֆելի հայանպաստ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` պատմութեան տարբեր շրջափուլերու մէջ հայերու հանդէպ հետեւողականօրէն իրականացուած թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպան քաղաքականութիւնն ու անոր դրսեւորումները:

«Գիտաժողովի նպատակն է վեր հանել այն հրամայականը, որ չդատապարտուած ցեղասպանութիւնները կը ծնին նոր ոճրագործութիւններ, որուն դրսեւորումը աշխարհը տարիներ առաջ տեսաւ Մերձաւոր Արեւելքի, հիւսիսարեւելեան Ափրիկէի մէջ, ապա նաեւ բռնագրաւուած Արցախի մէջ` ահաբեկչական խմբաւորումներու ներգրաւուածութեամբ: Գիտաժողովին նպատակն է եւս մէկ հարթակ ձեւաւորել` ընդդէմ ցեղասպանութիւններու, որովհետեւ աշխարհի մէջ տակաւին կան երկիրներ, որոնք ոչ միայն ցեղասպանութիւններ կը գործեն, այլեւ ցեղասպանութիւն կ՛արտահանեն` հովանաւորելով վերոնշեալ  խմբաւորումները, եւ անոր արձագանգները տակաւին լսելի են մեր տարածաշրջանին մէջ», ըսուած է գիտաժողովի հաղորդագրութեան մէջ:

Միջազգային գիտաժողովը նախաձեռնեցին` Երեւանի պետական համալսարանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը,  Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի Հայկական ուսումնասիրութիւններու ծրագրի (ԱՄՆ) եւ Փոցտամի Լեփսիուսի տուն-թանգարանի (Լեփսիուսհաուս, Գերմանիա) հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ:

Գիտաժողովը կայացաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէի ֆինանսաւորմամբ իրականացուող ծրագրի շրջանակին մէջ:

Գրող, Գրականագէտ, Թարգմանիչ Ֆելիքս Բախչինեան Ոչ Եւս Է

Վերջերս մահացաւ գրող, գրականագէտ, թարգմանիչ, Ֆրետիոֆ Նանսեն հիմնարկի հիմնադիր նախագահ, Ֆրետիոֆ Նանսենի թանգարանի հիմնադիր տնօրէն Ֆելիքս Բախչինեանը: Այս մասին տեղեկացանք Հայաստանի Գրողներու միութենէն:

Ֆելիքս Բախչինեան ծնած է 1950 թուականին,  Ալավերդիի մէջ: Աւարտած է Բագրատաշէնի թիւ 1 միջնակարգ դպրոցը, Կիրովականի (Վանաձոր) մանկավարժական հիմնարկի բանասիրական բաժանմունքը: 1978-1981 թուականներուն Վիլնիւսի պետական համալսարանի լիթուական գրականութեան ամպիոնին մէջ ուսումնասիրած է հայ-լիթուական գրական-մշակութային կապերը:

Աշխատած է  «Լոռի» շրջանային եւ «Հայաստան» հանրապետական թերթերու խմբագրութիւններուն մէջ, եղած է Ալավերդիի քաղաքապետարանի մշակոյթի բաժինի վարիչ,  Թումանեանի շրջանի գրադարաններու կեդրոնացուած համակարգի հիմնադիր տնօրէն, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահի եւ Լոռիի մարզպետի խորհրդական, հիմնադրած է «Հայոս-քարթլոս» հայ-վրացական գրական անկախ հանդէսը, 1994 թուականին` Ֆրետիոֆ Նանսեն հիմնադրամը Մոսկուայի մէջ:

Հեղինակ է` պատմուածքներու, վիպակներու, գրականագիտական յօդուածներու եւ մենագրութիւններու:

Երեւանի Մէջ Ցուցադրուած Է Ազնաւուրի Առաջին Բեմական Զգեստը

Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի նոր ցուցասրահին մէջ սեպտեմբեր 18-էն կը գործէ «Պատում մէկ իրի» ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու շարքը, որուն ծիրին մէջ պարբերաբար կը ցուցադրուին թանգարանին մէջ պահուող բացառիկ ցուցանմուշներ: Այս մասին հաղորդեցին կթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն:

Շարքին մեկնարկը տրուած է Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած «Ազնաւուրի մանկութեան թատրոնը» ցուցադրութեամբ:

Նշենք, որ ցուցադրութեան առանցքին մաս կը կազմէ Ազնաւուրի` բացառիկ նմուշ հանդիսացող առաջին բեմական զգեստը: Այս ցուցանմուշի կողքին, ներկայացուած են նաեւ մեծն մեկնաբանին մանկութեան լուսանկարները, ներկայացումներու ազդագրերը:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեան այցելած են ցուցահանդէս, շրջայց կատարած են թանգարանին մէջ եւ հանգամանօրէն ծանօթացած` ներկայացուած ցուցանմուշներու պատմութեան:

 

 

 

 

Նախորդը

Անդրանիկի Յաղթական Արշաւանքը Դէպի Արցախ Եւ Զօրավար Թոմսընի Հեռագիրը

Յաջորդը

Համազգայինի Դաստիարակչական Գրքոյկներ Եւ Աշխատանքային Տետրակներ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?