Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Վահան Յովհաննիսեանի Տարեդարձին Առիթով` Այցելութիւն Անոր Շիրիմին
16 օգոստոսը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի տարեդարձի օրն է: Ան պիտի դառնար 68 տարեկան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները, զինակից եւ կուսակից ընկերներ այս առիթով այցելեցին Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմը, ծաղիկներ զետեղեցին, աղօթեցին եւ խնկարկեցին անոր յիշատակին:
Վահան Յովհաննիսեանի արտասովոր կերպարի խօսուն նկարագիրը յաճախ լսուող այս արտայայտութիւնն է. «Ափսո՜ս, Վահանը չկայ, Վահանը հիմա ասելիք կ՛ունենար»:
ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿ–ի Եւ ՀՄԸՄ–Արցախի Բանակումները` «Միասնութիւնը Կը Ծնի Յաղթանակը» Խորագիրով
11-17 օգոստոս Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի մասնաճիւղերու եւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի տարեկան բանակումները` «Միասնութիւնը կը ծնի յաղթանակը» խորագիրով:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակին նուիրուած այս բանակումին մասնակցեցան 120 սկաուտներ ու գայլիկներ, նոյն վայրին մէջ բանակում կատարեցին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի 85 պատասխանատուներ, սկաուտներ եւ գայլիկներ` իւրաքանչիւրը ունենալով իրեն յատուկ յայտագիրներ ու ծրագիրներ:
Յատկանշական էր, որ այս բանակումը ծնունդ էր միասնականութեան ու համագործակցութեան, ինչպէս կը շեշտուի բնաբանին մէջ:
Սկաուտները առիթ ունեցան` աւելի մօտ ըլլալու բնութեան, զարգացնելու իրենց հմտութիւնները, ապրելու սկաուտական իսկական կեանք ու տանելու գործնական աշխատանքներ: Անոնք ձեռք ձգեցին լայն փորձառութիւն եւ վերադարձան լիցքաւորուած նոր ուժերով եւ յաւելեալ ներշնչուածութեամբ, պատրաստ` դիմագրաւելու նոր մարտահրաւէրներ:
Բանակումին ընթացքին տրուեցան տարբեր դասախօսութիւններ խմբապետներուն կողմէ, իսկ հիւր դասախօսներ էին` Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը, որ զրոյցի ճամբով անդրադարձաւ դեռահասներուն իրաւունքներուն, պարտականութիւններուն եւ անոնց պաշտպանութեան, Դաւիթ Թորոսեան, որ խօսեցաւ ելեկտրոնային պատերազմին մասին, իսկ Գրիգոր Տուլգարեան ու Արթուր Յովսէփեան լուսարձակի տակ առին առաջին բժշկական օգնութեան կարեւորութիւնն ու անոր վերաբերող գործնական գիտելիքներ փոխանցեցին:
Բանակումի փակման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ հիւրեր, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ: Յատկանշական էր խարուկահանդէսն ու անոր ընթացքին գործադրուած յայտագիրը, որ լուսաւոր ու ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց, իւրաքանչիւրը զգաց միութենական ուժն ու սկաուտական ոգին:
Աւարտեցաւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-Կապան 2024-ի Ճամբարը
Վերջերս աւարտեցաւ այդքան սպասուած ու երեխաներուն համար սիրելի դարձած ՀՕՄ-Կապան 2024 ճամբարը, որ կազմակերպուած էր արցախցի եւ կապանցի 7-12 տարեկան երեխաներու համար:
Ճամբարը իրականացաւ հետաքրքրական եւ բուռն` լի օգտակար եւ ուսուցողական խաղերով, քննարկումներով, երգերով, պարերով, արշաւներով:
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութենէն հաստատեցին, որ` «Մենք բոլորս պարտաւոր ենք մեր երեխաներուն կեանքը դարձնել աւելի ուրախ, գեղեցիկ, բազմաբովանդակ եւ մանկութենէն անոնց մէջ սերմանել` բարին, վեհը, հայրենապաշտութիւնը, ընկերասիրութիւնը»:
Արցախի Թեմի Առաջնորդին Հանդիպումը Արցախցի Ծնողներու Հետ
Օգոստոս 5-12 Արցախի թեմը Գուգարաց թեմի հետ միասնաբար կազմակերպած է ճամբար, որուն մասնակցած են մօտաւորապէս 100 արցախցի երեխաներ:
Օգոստոս 12-ին Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան հանդիպում ունեցած է Վանաձորի «Ծիծեռնակ» ճամբարին մասնակցած երեխաներու ծնողներուն հետ: Սրբազան հայրը օրհնած է ներկաները եւ` վստահեցուցած, որ եկեղեցին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, կանգնած է արցախահայութեան կողքին:
Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան, որուն անմիջական ջանքերով կարելի դարձած է ճամբարի կազմակերպումը: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ նշած է, թէ ֆրանսահայերը ամէն ջանք կը գործադրեն, որ այս դժուար օրերուն, ըստ կարելւոյն, թեթեւցնեն արցախահայութեան հոգերը:
«UCOM»-ի Եւ «Արեւորդի» Կազմակերպութեան Համագործակցութեամբ Արեւային Կայան Տեղադրուեցաւ Ծաղկաւանի Մէջ
«Արեւորդի» հասարակական կազմակերպութեան եւ «Ucom» ընկերութեան համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` 11,02 քվթ դրուածքային հզօրութեամբ արեւային ֆոթովոլթային կայան տեղադրուեցաւ Տաւուշի մարզի Բերդ համայնքի Ծաղկաւան բնակավայրի մանկապարտէզի տանիքին վրայ:
Կայանէն գոյացած ուժանիւթը պիտի ապահովէ մանկապարտէզի հոսանքին ամբողջ ծախսը, ինչպէս նաեւ պիտի թեթեւցնէ ջեռուցման ծախսը: Այս կարելիութիւն կ՛ընձեռէ տնտեսուած միջոցները ուղղել մանկապարտէզի այլ հարցերու լուծման:
Մանկապարտէզներու ծախսերուն կրճատումը համայնքներու մէջ առաջնային կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ յաճախ համայնքային միջոցները բաւարար չեն ըլլար երեխաներուն համար լաւագոյն պայմաններ ապահովելու: Ինչպէս նշեցին համայնքի ներկայացուցիչները, այսպիսի որեւէ ներդրում մեծապէս կը թօթափէ այդ նիւթական բեռը:
Այս առաջին արեւային կայանը չէ, որ «Արեւորդի»-ին հետ մենք կը տեղադրենք մարզային համայնքներու մէջ ու ամէն կայան տեղադրելու ժամանակ չափազանց կ՛ուրախանանք, որովհետեւ գիտենք, թէ ի՛նչ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենանք համայնքներու կեանքի որակին վրայ: Այս լաւ է ե՛ւ շրջակայ միջավայրին, ե՛ւ համայնքին պիւտճէին համար: Խնայելով ելեկտրականութեան վրայ ծախսուող գումարները` անոնք կրնան այլ կարեւոր հարցեր լուծել: Այս մէկը Հայաստանի մարզերու բնակիչներուն հանդէպ հոգատարութիւն ցոյց տալու «Ucom»-ի ձեւն է», նշեց «Ucom» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
««Արեւորդի» հասարակական կազմակերպութեան եւ «Ucom»-ի այս համագործակցութիւնը կը համատեղէ երկու հիմնարար համայնքային հարցի լուծում. կայուն կենսակերպի ձեւաւորում` յանուն բնութեան պահպանութեան եւ համայնքային զարգացումի: Այս ծրագրով մենք նաեւ ցոյց կու տանք, թէ ինչպէ՛ս բնայեն լուծումները կրնան ըլլալ տնտեսապէս շահաւէտ, որ արժէքաւոր օրինակ է համայնքին հետագայ զարգացման համար», ըսաւ «Արեւորդի» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Սոնա Քալանթարեանը:
«Կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել «Ucom» ընկերութեան եւ «Արեւորդի» հասարակական կազմակերպութեան այս արեւային կայանը տեղադրելնուն համար մեր մանկապարտէզին մէջ: Այս արեւային կայանը լուրջ օգնութիւն էր համայնքին, որովհետեւ ջեռուցումը բաւականին թանկ հաճոյք է այսօր, եւ մենք արդէն մեր համայնքապետին հետ համաձայնած ենք, որ խնայուած միջոցներով կը բարեկարգենք մանկապարտէզին շուրջը: Արեւային կայաններ Ծաղկաւանին մէջ ցարդ տեղադրուած չեն եղած, եւ կը յուսամ, որ այս լաւ օրինակ կը հանդիսանայ մեր համագիւղացիներուն, որ արդէն իրենց սեփական տուներուն մէջ ալ ունենան այս հիանալի միջոցը», նշեց Բերդ համայնքի Ծաղկաւան բնակավայրի վարչական ղեկավար Իսքանտար Մեհրապեանը:
«Արեւորդի» հասարակական կազմակերպութեան եւ «Ucom»-ի համագործակցութեամբ արեւային կայաններու տեղադրման ծրագրի նոր փուլի մը ծիրին մէջ այս տարի արդէն երկրորդ տեղադրուած կայանն է:
Ֆրանսահայ Նկարիչ Զարեհ Մութաֆեանի Ստեղծագործական Ժառանգութեան Մէկ Մասը Փոխադրուած Է Հայաստան
Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ֆրանսա կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, յուլիս 27-ին ֆրանսահայ նկարիչ Զարեհ Մութաֆեանի որդւոյն` պատմագէտ, մաթեմատիկոս Քլոտ-Արմէն Մութաֆեանի փափաքով եւ հանրապետութեան նախագահի աջակցութեամբ, նկարիչին ստեղծագործական ժառանգութեան տարբեր շրջաններուն վերաբերող 64 գեղարուեստական գործեր փոխադրուած են Հայաստան եւ ի պահ յանձնուած` Ազգային պատկերասրահին:
Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի աջակցութեամբ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ հաւաքածոյին ցուցադրութիւնը, այնուհետեւ ստեղծագործութիւններուն մէկ մասը պիտի յատկացուի պատկերասրահի մարզային մասնաճիւղերուն եւ մարզային այլ թանգարաններու ու ցուցասրահներու:
«Հայաստանը Հնագոյն Քարտէսներու Մէջ» Խորագիրով Մնայուն Ցուցադրութիւն
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ վերաբացուեցաւ «Հայաստանը հնագոյն քարտէսներում» խորագրով մնայուն ցուցադրութիւնը, որ համալրուած է հրապարակուած բովանդակութեամբ:
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան ազդարարելով ցուցադրութեան վերաբացման մասին` նշեց, որ անիկա իրականութիւն դարձաւ քարտէսագէտ-քարտէսաբան Ռուբէն Գալչեանի հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք:
«Տեղադրուած են մեծ պաստառներ, որոնք թոյլ կու տան թուային տարբերակներով առաւել գրաւիչ կերպով ու նաեւ հետագային աւելի շատ բովանդակութիւն ներկայացնելու մեր այցելուներուն», նշեց Պօղոսեան` մանրամասնելով, թէ ի տարբերութիւն նախկինին, որ երկու տասնեակէ աւելի քարտէսներու շարք կը ներկայացնէր, վերաբացուած ցուցադրութեան մակերեսը որոշակիօրէն փոքրացած է աւելի գրաւիչ ու գունային լուծումներով հրապարակուած նիւթերուն շնորհիւ: Նոր արհեստագիտութեան կիրարկումը, ըստ թանգարանի տնօրէնին, մարդոց կարելիութիւն պիտի ընձեռէ աւելի լաւ պատկերացում կազմել քարտէսներու մասին եւ աւելի խոր գիտելիքներ ձեռք բերել:
Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են պատմական քարտէսներ, որոնց մէջ յիշատակուած է Հայաստանը: Ներկայացուած են նաեւ տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ տարբեր վայրերու մէջ պատրաստուած 15 քարտէսի թուային լուսապատճէններ: Անոնցմէ ամէնէն հինը բաբելոնեան կաւէ սալիկն է (ՔԱ 6-րդ դար), իսկ քարտէսներու թուագրումը կը հասնի մինչեւ 20-րդ դար:
Ցուցադրութեան բացման Ռուբէն Գալչեան «Քարտէսը եւ պատմութիւնը» բանախօսութեամբ ներկայացուց հնագոյն ժամանակներէ մինչեւ խորհրդային ժամանակահատուածը տպագրուած քարտէսներու մէջ Հայաստանի տեղագրութիւնը:
«Քարտէսները միշտ չէ, որ ճիշդ կը ներկայացուին: Յաճախ քարտէսները կը կեղծուին եւ կը ծառայեն քարտէս գծողին կամ պատուիրատուին կարգ մը նպատակներուն: Ասկէ մեկնելով, առաջին հերթին, քարտէսագէտը կը փնտռէ ու կը գտնէ, թէ ուրիշներ այդ շրջանը ինչպէ՛ս կը պատկերացնեն գծել», յայտնեց Գալչեան` ընդգծելով, որ միայն համապատասխանութեան պարագային քարտէսները կարելի է հաւաստի համարել:
Գիտնականը անդրադառնալով ազրպէյճանական քարտէսագրական կեղծարարութեան, որով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը նոյնպէս կը ներկայացուի իբրեւ իրենց պատմական տարածքը, շեշտեց, որ մինչեւ 1918 թուականը ներկայիս Ազրպէյճանը որեւէ քարտէսի մէջ չի յիշատակուիր` իբրեւ երկիր: Տարբեր անուանումներով` Ատրպատական, Շիրւան ու այլ անուններով, անիկա ներկայացուած է իբրեւ Պարսկաստանի խանութիւն: Այնուհետեւ, 1918 թուականին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հռչակումով իւրացուած է Պարսկաստանի համանուն նահանգի անունը, որ բանախօսին համոզումով, տարածքային յաւակնութիւններու նկատառումով կատարուած է:
Փորձագէտը հակասութիւններ նկատած է նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ իր պատմական նախնիներուն հռչակման հարցին մէջ: Մասնաւորապէս ազրպէյճանցի պատմաբանները եւ քարտէսագիրները իրենց տարածքային յաւակնութիւններն ու պատմութեան կեղծումը հիմնաւորած են մէկ դէպքով` իրենք զիրենք համարելով իբրեւ օղուզ-թուրքեր, կամ աղուաններու ժառանգորդներ եւ կամ` թուրքեր:
Ազրպէյճան «Զօրաց Քարեր Բնակատեղի» Արգելոցը Կը Ներկայացնէ Իբրեւ «Հին Ազրպէյճան»-ի Տարածքին Մէջ Գտնուող Յուշարձան
Ազրպէյճան կը շարունակէ պետական խողովակներով տարածել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի կեղծ եզրոյթը: Այս մասին կ՛ահազանգէ «Գեղարդ» գիտական-վերլուծական հիմնարկը` ընդգծելով, որ այս անգամ թիրախ ընտրուած են Ազրպէյճանէն դուրս ապրող ազրպէյճանցի եւ այլազգի երիտասարդները:
«Օգոստոս 6-ին Բերձորի մէջ «Սփիւռքի երիտասարդութեան հինգերորդ ամառնային ճամբար»-ի շրջանակներուն մէջ, որուն մասնակցած էին աշխարհի 60 երկիրներէ շուրջ 115 երիտասարդներ, տեղի ունեցած է «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք» կազմակերպութեան ղեկավարութեան հանդիպումը ճամբարականներուն հետ:
«Այս «Հէյտար Ալիեւ» հիմնադրամի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական կոմիտէին կողմէ կազմակերպուած հերթական ձեռնարկ մըն էր: Հանդիպման ընթացքին «Արեւմտեան Ազրպէյճան համայնք» կազմակերպութեան անդամները ելոյթ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հանդէպ ազրպէյճանական բացայայտ նկրտումներու, «Արեւմտեան Ազրպէյճան» կեղծ թեզի մասին: Ձեռնարկին ցուցադրուեցան «Մօտիկից հայեացք Արեւմտեան Ազրպէյճանին» վաւերագրական ժապաւէնը, լուսանկարներու սահիկաշար, որուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատմական ճարտարապետական յուշարձանները, բնական բնապատկերները ներկայացուած են իբրեւ «Հին ազրպէյճանական»», նշուած է հիմնարկին տարածած յայտարարութեան մէջ: Անոր մէջ նաեւ շեշտուած է, որ ի շարս այլ յուշարձաններու` իբրեւ «Հին Ազրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող յուշարձան» կը ներկայացուի նաեւ Սիսիանի տարածաշրջանին մէջ գտնուող «Զօրաց քարեր բնակատեղի» պատմամշակութային արգելոցը:
«Ազրպէյճանի կողմէ տարածաշրջանի ժառանգութեան ինքնութեան կեղծման եւ սեփականաշնորհման քաղաքականութիւնը միտուած է օրինականացնել Ազրպէյճանի յաւակնութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան եւ առհասարակ տարածաշրջանի նկատմամբ: Ազրպէյճանական պետական քարոզչութիւնը չի սահմանափակուիր միայն հայկական ժառանգութեան բռնաիւրացմամբ, այլ կ՛ընդգրկէ նաեւ Իրանի Ատրպատական նահանգի մշակութային ժառանգութիւնը: Ազրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացումը եւ խեղաթիւրումը, ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը սպառնալիք են հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի Հանրապետութեան: Ազրպէյճանի իշխանութիւններու թիրախին մէջ կը գտնուին յատկապէս երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչները, որոնց կը հրամցուին հայատեաց, նենգափոխուած պատկերացումներ տարածաշրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի մասին, կը կազմակերպուին ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին տեղի կ՛ունենան ալիեւեան վարչակարգին կողմէ ուղղորդուած «Ուղեղներու լուացում: Այսպիսով, նմանատիպ ձեռնարկներու կազմակերպումը եւ անոնց մէջ երիտասարդները ընդգրկելը ցոյց կու տան, որ ազրպէյճանական պետութիւնը իր առջեւ հարց կը դնէ ապահովել հայատեաց քաղաքականութեան սերնդափոխութիւնը», եզրափակած է յայտարարութիւնը: