Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Շիրվանեան» Երիտասարդական Կեդրոնը Տօնեց Իր Հիմնադրութեան 8-րդ Տարեդարձը
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ 11 յուլիսին նշուեցաւ Գիւմրիի «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնի հիմնադրութեան 8-րդ տարեդարձը` վերանորոգելով շրջանի երիտասարդութեան յաւելեալ առիթներ ընծայելու առաքելութիւնը: Տօնակատարութեան ներկայ եղաւ եւ իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Կեդրոնի վարիչ Սուզանա Խոստանեանի առաջնորդութեամբ, տօնակատարութեան ընթացքին ելոյթ ունեցողները լուսարձակի տակ առին կեդրոնին իրագործումները եւ ապագայ քայլերը:
«Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնը կարելի եղած էր մէջտեղ բերել հանգուցեալ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններուն աջակցութեան շնորհիւ, 1988-ի երկրաշարժէն վնասուած այդ կառոյցին մէջ իրականացուած նորոգութեան աշխատանքներուն ամբողջացումէն ետք: Այդ թուականէն ի վեր «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կեդրոնը վերածած է այդ շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար աշխուժ գործունէութեան վայրի մը` կազմակերպելով անգլերէնի, ռուսերէնի, համակարգչային գիտելիքներու, երաժշտութեան, ճատրակի եւ պարի դասընթացքներ. անիկա դարձած է մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայր մը` նպաստելով Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց սերտացման:
Կեդրոնին յաջողութեան կարեւոր մասնիկը կը հանդիսանայ Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստներու հիմնադրամը, որ առիթ կը ստեղծէ Գիւմրիի երիտասարդներուն իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու հայրենիքի մէջ, որպէսզի անոնք ապագային գործնականապէս մասնակցին Գիւմրիի վերականգնման աշխատանքին: Կրթանպաստ ստացող ուսանողները սովորաբար կամաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցեն «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնին:
Տօնակատարութեան զուգահեռ, կեդրոնը նաեւ 16 յուլիսէն 10 օգոստոս կը հիւրընկալէ աւանդական դարձած ամառնային ճամբարներ` 6-16 տարեկան պատանիներու համար, որոնք այս տարի կը կրեն «Ամարաս» ընդհանուր խորագիրը: Ճամբարին մասնակցողները մօտէն կը ծանօթանան հայկական մշակոյթին եւ Հայոց պատմութեան:
Այս առիթով «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը համայնքին կոչ կ՛ընէ աջակցելու իր գործունէութեան` նուիրատուութիւններ կատարելով gofundme dot com/f/support-we-are-gyumris-amaras-summer-camp-2024 կայքին միջոցով: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել facebook dot com/GyumriYouthCenter կայքէջը:
ՀՕՄ-ի «Յոյսի Օճախներ» Ծրագիրը
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը հիանալի գաղափարը յղացած է հայրենի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ «Յոյսի օճախներ» ծրագիրով տուներ նորոգելու եւ յստակ պայմաններով յանձնելու զանոնք արցախահայ բռնագաղթուած գիւղացի ընտանիքներու: Այս ծրագիրը նպատակ ունի արցախահայ գիւղացին հայրենի հողին կառչած պահելու, որպէսզի ան չարտագաղթէ օտար երկիրներ:
Բնակարանային այս ծրագիրը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ յատկապէս սփիւռքահայ գաղութներուն մէջ, որոնք իրենց աջակցութիւնը չեն զլանար անոր յաջողութեան մէջ: Գործնական ընթացք ստացած յուսադրող այս ծրագրի առաջին տունը արդէն իսկ պատրաստուած է Գիւմրիի մօտակայ Ախուրիկ գիւղին մէջ, որ շուտով պիտի յանձնուի արցախահայ բազմանդամ ընտանիքի մը:
Այս ծրագրի աշխատանքներուն մօտէն հետեւելու նպատակով երեքշաբթի, 16 յուլիս 2024-ին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անդամներ` ատենապետ Մարօ Քէշիշեան եւ Հռիփսիմէ Նահապետեան այցելեցին ակնարկուած տունը եւ մեծ գոհունակութեամբ ականատես եղան անոր վերջին աշխատանքներուն: Ապա ՀՕՄ-ականները այցելեցին դարձեալ Ախուրիկի մէջ երկու ընտանիքներու համար պատրաստուող այլ բնակարան մը, որ նաեւ շուտով յանձնումի պատրաստ պիտի ըլլայ:
Այնուհետեւ ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց քանի մը արցախահայ ընտանիքներու եւ մօտէն ծանօթացաւ անոնց կենցաղային պայմաններուն:
ՀՕՄ-ականներուն վերջին հանգրուանը եղաւ Շիրակի մարզի Ղարիբջանեան գիւղը, որուն վարչական ղեկավար պրն. Մարզպետի ընկերակցութեամբ ծանօթացան ծախու տան մը մանրամասնութիւններուն, որ շատ դիւրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ երկուքի վերածել եւ երկու բռնագաղթուած արցախահայ ընտանիքի օգտակար հանդիսանալ:
Հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը վերադարձաւ տուն` այն հաստատ համոզումով, որ ՀՕՄ-ը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան` մեծ ոգեւորութեամբ պիտի շարունակէ ազգանուէր իր գործունէութիւնը «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իր կարգախօսով:
Ազրպէյճան Կիրանցի Եւ Ոսկեպարի Եկեղեցիները «Աղուանական Յուշարձաններ» Կ՛անուանէ
«Մանիւմընթ ուաչ»-ը (Monument Watch) յայտարարութեան մը միջոցով ահազանգեց, որ Ազրպէյճան Կիրանցի եւ Ոսկեպարի շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները աղուանական յուշարձաններ կ՛անուանէ: Ստորեւ` նշեալ յայտարարութիւնը.
«Արդէն տեւական ժամանակ է, որ ազրպէյճանական տարբեր շրջանակներ Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան եւ հարաւային շրջանները անուանում են «Արեւմտեան Ազրպէյճան»: Արդէն անդրադարձել ենք, օրինակ, 2023 թուականի նոյեմբերի 23-24-ին Նախիջեւանում տեղի ունեցած «Վերադարձ դէպի Արեւմտեան Ազրպէյճան» փառատօնին, որին նախորդել էր «Ճանապարհ, որը տանում է դէպի Արեւմտեան Ազրպէյճան» խորագրով համաժողովը (https://t.me/zangezuravtonomia/47872?single):
«Կամ, օրինակ, դեկտեմբերի 15-ից Ազրպէյճանի «Արուեստի ազգային թանգարան»-ում բացուած «Արեւմտեան Ազրպէյճանը մշակութային յիշողութեան մէջ» ցուցահանդէսը (https://t.me/AzeSputnik/52778): Նախորդ տարում բացուեց նաեւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» հեռուստաալիքը, իսկ մինչ այդ արդէն ազրպէյճանական մետիա տիրոյթում կային «Արեւմտեան Ազրպէյճան» անուանումով բազմաթիւ նոր հարթակներ https://oxu.az/society/759665: Այս եւ այլ գործիքներով ազրպէյճանական քարոզչամեքենան փորձում է Հայաստանի տարածքը ներկայացնել որպէս ազրպէյճանական, տարածել ցեղային խտրականութիւն եւ հայկական մշակոյթը ներկայացնել որպէս աղուանական եւ թրքական (https://www.youtube.com/@QerbiAzerbaycanTV/videos, մանրամասն տե՛ս): «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք» կոչուող կազմակերպութիւնը դիմել է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` «Արեւմտեան Ազրպէյճանի» մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման կանխման առաջարկով, «Պատմական-մշակութային ժառանգութեան բռնիւրացման նոր փորձեր», «Երեւանը, Սեւանն ու Սիւնիքը Ազրպէյճանը հռչակում է որպէս «Ազրպէյճանական ժառանգութիւն», «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան յարձակողապաշտ քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումը», https://monumentwatch.org/wp-content/uploads/2023/12/Text-and-Maps-in-Armenian.pdf) յօդուածներում:
«Այս ընդհանուր պարունակում ազրպէյճանական մետիա հարթակներում անդրադարձ է կատարւում նաեւ սահմանազատուող (եւ ոչ միայն) հատուածներում գտնուող յուշարձաններին, դրանց «աղուանական ծագմանը» եւ հայկական կողմի վերանորոգումներով «աղուանական հետքերի» վերացմանը https://www.adalet.az/az/posts/detail/mekrli-ermeni-plani-serhede-yaxin-mebedler-niye-tecili-temire-baglanir-1718180959: Յօդուածում այս անգամ «աղուանական յուշարձաններ» են անուանւում Կիրանց գիւղի Ս. Երրորդութիւն եւ Ոսկեպարի Ս. Աստուածածին եկեղեցիները, յատուկ նշելով նաեւ, որ առկայ են նոյն «կարգավիճակում» գտնուող այլ յուշարձաններ եւս:
«Կիրանց գիւղի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին տեղական կոպտատաշ քարից կառուցուած 19-րդ դարի եռանաւ պազիլիք եկեղեցի է: Նման օրինակներ յայտնի են տարածաշրջանի բազմաթիւ բնակավայրերում (Բարեկամաւանի Ս. Գէորգ, Աչաջրի Ս. Աստուածածին եւ այլն): Եկեղեցին խորհրդային շրջանում վերածուել էր պահեստի: Այժմ իրականացւում են կառոյցի նախնական տեսքին ուղղուած վերանորոգման աշխատանքները: Յուշարձանի հիմնական առանձնայատկութիւնը տանիքն իրենց վրայ կրող երեք զոյգ ամբողջական քարէ սիւներն են: Եկեղեցու հարաւային աւանդատան պատուհանի արտաքին վերին հատուածում պահպանուել է «1888 ամի» թուականը, իսկ դրանից աջ` հայերէն արձանագրութեան հատուած (մանրամասները շուտով կը տեղադրուեն կայքի ՀՀ սահմանային յուշարձանների մշտադիտարկմանը վերաբերող հատուածում (https://monumentwatch.org/hy/%d5%a1%d6%80%d6%81%d5%a1%d5%ad%d5%ab-%d5%b0%d5%b8%d6%82%d5%b7%d5%a1%d6%80%d5%b1%d5%a1%d5%b6%d5%b6%d5%a5%d6%80%d5%ab-%d5%b4%d5%b7%d5%bf%d5%a1%d5%a4%d5%ab%d5%bf%d5%a1%d6%80%d5%af%d5%b8%d6%82%d5%b4/):
«Ոսկեպարի Ս. Աստուածածին կենտրոնագմբէթ եկեղեցին 6-րդ դարի վերջով 7-րդ դարասկզբով թուագրուող կառոյց է: Այն պատկանում է հայկական վաղմիջնադարեան եկեղեցական ճարտարապետութեան «մաստարայատիպ» կառոյցներին (Մաստարայի Ս. Յովհաննէս, Հառիճավանքի Ս. Գրիգոր, Արթիկի Ս. Գէորգ, Կարսի Առաքելոց): Կառոյցի վրայ արձանագրութիւններ չեն պահպանուել: Առանձնայատուկ են յատկապէս շինութեան վրայ առկայ խաչային յօրինուածքները, որտեղ գնդի վրայ կանգնեցուած խաչերը շնորհիւ խաչաթեւերի խարսխաձեւ յաւելումների` նմանւում են կարթերի կամ նաւախարիսխների (տե՛ս Պետրոսեան 2008, 39): Եկեղեցին հիմնական վերանորոգման է ենթարկուել 1975-1977 թուականներին, ներկայումս նախատեսւում է կառոյցի ծածկասալերի վերանորոգման աշխատանքներ (https://monuments.am/articles/832?type=news&fbclid=IwZXh0bgNhZW0CMTAAAR2Mmd5qkQwOnvhD88ZCiQhDQDRDWhVXAOJp5EsZB7Vz6Ll_aNVs4wQI-j0_aem_AV0UqfEf5pMiReuopvijeDu2or6dMQQYb0fLK6J_Szrhr4MFX827492lMZpABVr5e8Z1c3bX2un8sOyt37Bt2kWO):
Ազրպէյճանական «մեղադրականում» անդրադարձ է կատարուած նաեւ Երերոյքի տաճարի վերանորոգմանը, որտեղ տաճարը ներկայացուած է որպէս «Արեւմտեան Ազրպէյճանի Շորայալի Ագին շրջանի տարածքում, Արփաչայի ձախ ափին գտնուող հին թրքական կոթող»: Աւելին երեւակայել ուղղակի անհնար է` վաղքրիստոնէական տաճարը հռչակել «թրքական կոթող»: Նշենք նաեւ, որ 5-6-րդ դարերով թուագրուող քրիստոնէական յուշարձանը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան նախնական ցանկում եւ Եւրոպա Նոստրայի Ամենավտանգուած մշակութային կոթողների ցանկում, իսկ ամրակայման եւ վերականգնման ծրագիրն իրականացւում է ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան եւ Հայաստանում ԱՄՆ դեսպանութեան միջեւ համագործակցութեան շրջանակներում, ԱՄՆ դեսպանի «Մշակութային արժէքների պահպանութեան հիմնադրամի» ֆինանսաւորմամբ (https://escs.am/am/news/19236?fbclid=IwZXh0bgNhZW0CMTAAAR2cs2Ds6r5h1b3gp1er-BHZm8nYDQFVcad6VF948qFhf4WURcCv6xRzHqc_aem_AV2b07wTA3ApdNaRSI3RE9jcrfDEMcoboArYoLgJ5tsZR4bSoEKFbtT48Z1jGGvQjfT8b3Y8-JeMWrAUOoDTiN2b)
Մեր Արձագանգը
Ազրպէյճանի կողմից որդեգրուած քաղաքականութիւնը օրէցօր ընդլայնում է իր «աղուանականացման» սահմանները` իր մէջ ամփոփելով Արցախի, Ուտիքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան եւ հարաւային շրջանների գրեթէ բոլոր քրիստոնէական յուշարձանները: Այսպիսով, ազրպէյճանական կողմը մեծացնում է տարածքային, պատմական եւ մշակութային յաւակնութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի (եւ յատկապէս սահմանային շրջանների), հայ ժողովրդի պատմական հայրենիքի եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ: Նման, անընդհատ հնչեցուող անհեթեթութիւնները չեն պարունակում որեւէ գիտական հենք եւ ունեն յստակ ցեղային խտրականութեան եւ ազգային ատելութեան քարոզչութեան բնոյթ»: