Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 17, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Վարդան Մատթէոսեանի Դասախօսութիւնը Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Մէջ

Ուրբաթ, 28 յունիսին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ` դոկտոր Վարդան Մատթէոսեան, Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնութեան հրաւէրով, հանրային դասախօսութիւն մը տուաւ` «Մեծ Եղեռն եզրոյթը եւ անոր մեկնաբանութիւնները» նիւթին շուրջ: Ան հարցին վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններն ու դիտարկումները 2022-ին ամփոփած էր «The Politics of Naming the Armenian Genocide: Language, History and «Medz Yeghern»» գիրքին մէջ:

Դասախօսութիւնը ներկայացուց «Մեծ եղեռն» բառակապակցութեան պատմական եւ ժամանակակից նշանակութիւնը: Դասախօսը ներկայացուց իր տասը տարուան պատմական համեմատական եւ լեզուաբանական ուսումնասիրութեան արդիւնքները, որոնցմով ան ի մի բերած է միջազգային եզրաբանութեան մէջ «Մեծ եղեռն» եւ «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառակապակցութիւններու ընկալման զարգացումները` սկսեալ Հռոմի Պապ Յովհաննէս Պօղոս Բ.էն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Ճօ Պայտըն:

Հաղորդենք, որ դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ աշխուժ հարց-պատասխան, որուն ընթացքին ներկաները ստացան զիրենք յուզող հարցերու պատասխանները եւ յայտնեցին իրենց տեսակէտները:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդութեան Միութեան Պատանեկան Բանակում Հրազդանի Մէջ

Հրազդանի մէջ տեղի ունեցաւ  ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան եւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութիւններու կազմակերպած բակային բանակումը: Տարեկան դրութեամբ կայացող այս նախաձեռնութեան այս տարի մասնակցեցան շուրջ 100 պատանիներ:

Սփիւռքէն եկած երիտասարդները պատանիներուն ազգային երգեր, պարեր սորվեցուցին, զուարճալի ու ուսուցողական խաղեր կազմակերպեցին եւ տարբեր հմտութիւններ փոխանցեցին: Բանակումին իրականացուեցան նաեւ շարք մը բանախօսութիւններ տարբեր նիւթերու շուրջ` Արցախէն սկսեալ մինչեւ առողջ ապրելակերպ:

Չորեքշաբթի, 10 յուլիսին բանակավայր այցելեցին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Գառնիկ Դանիէլեանը եւ Քրիստինէ Վարդանեանը:

«Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի «Վարպետ» Մրցանակը Գրիգոր Պըլտեանին

Երեւանի 21-րդ «Ոսկէ ծիրան»  շարժապատկերի միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ, փառատօնին պատուաւոր հիւրերը, մասնակցողները եւ կազմակերպիչները հիւրընկալուեցան Արմաւիրի մարզի Առատաշէն համայնքին մէջ գտնուող «Aratashen winery» գինիի տան մէջ:

Օրը յատկանշական էր. նոյն վայրին մէջ, շարժապատկերի բնագաւառին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար «Վարպետ» մրցանակը յանձնուեցաւ Գրիգոր Պըլտեանին, որ առողջական հարցերու պատճառով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան:

Պըլտեան մեծապէս ճանչցուած է` իբրեւ ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան կարեւոր գրական գործիչներէն եւ արեւմտահայերէնով գրող ամէնէն նորարար ստեղծագործողներէն մէկը: Բեղուն տաղանդ ունեցող վիպագիր, յօդուածագիր եւ գրաքննադատ Պըլտեան  հեղինակ է առաւել քան 30 հատորներու, որոնք լոյս տեսած են Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան ծնած է Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, երկար տարիներ ապրած է Փարիզ եւ դասախօսութիւններ տուած է Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ:

«Այս տարածքը ամէնէն գեղեցիկներէն է, «Aratashen winery»-ի մէջ կ՛աշխատին մեր լաւագոյն ընկերները, եւ մենք այստեղ ամէն տարի կը յանձնենք մրցանակ մը: Մեր մրցանակակիրը առողջական պատճառներով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան, հակառակ անոր որ ծրագրուած էր հակառակը: «Վարպետ» մրցանակը կը յանձնենք մեր դատական կազմի պատուաւոր անդամներէն մէկուն, որուն կետած  ստեղծագործական երկար ուղիով եւ «Ոսկէ ծիրան»-ի շրջանակներուն մէջ ներկայութեամբ շատ հպարտ ենք», նշեց «Ոսկէ ծիրան»-ի տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Աւետիսեան:

Մրցանակը փառատօնի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանին փոխանցեց մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան, որուն վստահուած էր այս աշխատանքը: «Կը շնորհաւորեմ «Ոսկէ ծիրան»-ի ընթացքը եւ շնորհակալ եմ, որ ինծի այս պատիւին արժանացուցիք: Դժուար է գտնել ոլորտ մը, որուն մէջ ներդրում չունի Պըլտեանը: Վերջերս յստակացուցինք, որ ան հետաքրքրական մօտեցումներ ունեցած է շարժապատկերի եւ շարժապատկերի գիտութեան նկատմամբ, որուն շնորհիւ ալ անոր կը յանձնուի այս մրցանակը:

«Ան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին այսօր նուիրած է իր ատենախօսութիւնը, որ շատ կարեւոր է, եւ ես մեծ յոյս ունիմ, որ իր հաւաքածուին մէջ գտնուող քանի մը ձեռագիրներ կը հանգրուանեն մատենադարանին մէջ», նշեց Խզմալեան` հաստատելով, որ մրցանակը անպայման պիտի փոխանցուի վարպետին:

Երեկոյի աւարտին, ըստ աւանդութեան, ելոյթ ունեցաւ «Կարին» ազգագրական համոյթը: Երեկոյին ամէնէն յիշարժան պահերէն մէկը համոյթին հետ նաեւ հիւրերուն հայկական աւանդական «Քոչարի» պարելն էր:

Հայաստան Այցելած Սամանթա Փաուըր Արցախցի Կիներու Հետ Ժանգալով Հաց Պատրաստեց

8-11 յուլիսին Հայաստան այցելած Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր 9 յուլիսին, «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրեց, որ մեծ պատիւ է երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստան այցելելը:

«Նոր վայրէջք կատարեցի Երեւան: Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ընդարձակուող գործընկերութեան այս նշանակալի պահուն, ինծի համար մեծ պատիւ է վերադառնալ Հայաստան: Վերջին տարուան ընթացքին ասիկա իմ երկրորդ այցելութիւնս է», նշեց ան` յայտնելով, որ կ՛ակնկալէ այցելութեան ընթացքին ուսումնասիրել համագործակցութեան խորացման կարելիութիւնը:

Նոյն օրը ան ժենգալով հաց պատրաստեց արցախցի կիներու հետ, Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած «Թէյսթ աֆ Արցախ» ուտելիքի կեդրոնին մէջ, որ աջակցութիւն ստացած է Միջազգային զարգացման գործակալութենէն:

Արցախցի կիներ անոր ծանօթացուցին ժենգալով հացի պատրաստութեան ձեւը եւ բացատրեցին, որ միջուկը կը բաղկանայ 13 տեսակի բանջարեղէնէ, ինչ որ զարմացուց Փաուըրը: Ապա Փաուըր անձամբ պատրաստեց Արցախի աւանդական ժենգալով հացը:

«Թէյսթ աֆ Արցախ»-ի հիմնադիր տնօրէն Միհրան Պաղտասարեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Թէյսթ աֆ Արցախ»-ը ստեղծուած է 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Շուրջ 3 տարի է, որ տեղափոխուած ենք Երեւան: Այս պահուն ընկերութեան աւելի քան 10 աշխատակիցներու մեծ մասը Արցախէն տեղահանուած անձինք են: Մեր արտադրութիւնը արցախեան աւանդական ժենգալով հացն է: Ներկայ պահուն ունինք շուրջ 12 տեսակի ժենգալով հաց»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան օժանդակութեան եւ համագործակցութեան համար, որ սկսած է նախորդ տարուան հոկտեմբերին: Ըստ Պաղտասարեանի, ցուցաբերուած աջակցութիւնը ընկերութեան յառաջընթացին համար մեծ արդիւնք տուած է, ինչպէս նաեւ թոյլ տուած է աւելցնելու աշխատատեղերը:

Փաուըր ժենգալով հաց պատրաստելէ ետք հանդիպում ունեցաւ եւ զրուցեց Արցախէն տեղահանուած անձերու հետ:

Բողոքի Ցոյց Երեւանի Մէջ ՄԱԿ–ի Գրասենեակին Առջեւ` Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանութեան Եւ Վերադարձի Իրաւունքի Պահանջով

Վերադարձի իրաւունքի ու Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան պահանջով խումբ մը արցախցիներ 9 յուլիսին բողոքի ցոյց մը կատարեցին Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ:

«Մենք կը պահանջենք միջազգային հանրութենէն, որ Ազրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրէ, որպէսզի այդ երկիրը չոչնչացնէ մեր պատմական ժառանգութիւնն ու մեր ունեցուածքը», ըսաւ «Վերադարձ դէպի Դիզակ» կազմակերպութեան նախագահ Մարգարիտա Քարամեան:

Արցախի պատմական միջավայրի պետական ծառայութեան նախկին տնօրէն Արմինէ Հայրապետեան իր կարգին խօսեցաւ վանտալութեան ահաւոր չափերուն մասին եւ ըսաւ, որ նոյնիսկ մօտաւոր թիւ կարելի չէ նշել: «Արցախի տարածքին ձգեցինք 6 հազարէ աւելի պատմական մշակութային յուշարձաններ, որոնք այսօր ֆիզիքական ոչնչացման, նաեւ իսլամացման վտանգի տակ են», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք նոյնիսկ մօտաւոր հաշուարկ չենք ուզեր ներկայացնել, որովհետեւ այդ` ամբողջ պատկերը չէ, մենք այդ տեղեկութիւնը ստացանք ազրպէյճանական ընկերային ցանցերէ: Շատ հաւանաբար` շատ-շատ աւելի է, պարզապէս այդքանն են, որ ընկերային ցանցերու վրայ կ՛երեւի: Բայց հաստատ է, որ արդէն մինչեւ հարիւրի կը հասնի ե՛ւ պղծումը, ե՛ւ քանդումը, նոյնիսկ ունինք եկեղեցիներ` հիմնայատակ աւերուած: Ասիկա այն քաղաքականութիւնն է, զոր Ազրպէյճան 1920-ականներէն սկսած է իրականացնել ցեղային զտումներու զուգընթաց: Հիմա, երբ Ազրպէյճան ցեղային զտման կ՛ենթարկէ Արցախի տարածքը, բնական է` հայկական հետքի վերացման հարցը կը լուծէ: Ան կ՛ոչնչացնէ հայկական հոգեւոր շինութիւնները, արդէն ունինք 3 եկեղեցի հիմնայատակ աւերուած` առաջինը Ջրականի Մեխակաւանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին է, երկրորդը` Բերձորի, իսկ երրորդը` Շուշիի Յովհաննէս Մկրտչի եկեղեցին, որ յայտնի է «Կանաչ ժամ» անունով, որ հիմնայատակ աւերուած է: Եթէ առաջին երկուքին պարագային Ազրպէյճան կը յայտարարէ, որ անոնք նոր եւ ապօրինի կառուցուած են իր տարածքին, ապա Յովհաննէս Մկրտիչի եկեղեցին կառուցուած է 18-րդ դարուն: Զանգուածաբար կը վերացուին գերեզմանատուներ, բնակավայրեր, օրինակ` Քարին Տակ գիւղը: Արցախի տարածքը կը պարպուի իր հայկական շունչէն»:

Քարամեան նաեւ աւելցուց հետեւեալը. «Այս բոլորը կը կատարուի ցուցական կերպով, այսինքն` ամբողջ աշխարհին ցոյց կու տան եղած վանտալութիւնը: Ըստ երեւոյթին Ազրպէյճան ըսել կ՛ուզէ, որ իրեն համար միջազգային հանրութեան արձագանգ կամ պատիժ գոյութիւն չունին, ինչ ուզեն կ`ընեն: Բայց իր հիմնական նպատակը այն է, որ ժառանգութիւնը, մեր տուները ոչնչացնելով  կոտրեն արցախցիներուն վերադարձի յոյսը»:

Արցախցիները կը շեշտեն, որ պատրաստ են վերադառնալու ծննդավայր, սակայն ապահովական երաշխիքներով եւ միջազգային խաղաղապահներու ներկայութեան, միայն: Նշուեցաւ, որ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանն ալ Պաքուէն պահանջած է պահպանել հայերու վերադարձի իրաւունքը:

ՄԱԿ-ի գրասենեակէն խոստացան յառաջիկային ընդունիլ արցախցիները եւ լսել անոնց բարձրացուցած հարցերը: Քաղաքացիները իրենց գրութիւններ յանձնեցին պահանջներու գրասենեակ:

«Հայ Բանասիրութեան Հեռանկարները»

Յուլիս 6-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ բանասիրութեան հեռանկարները» միջազգային գիտաժողովը, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի  Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ յանձնախումբի քարտուղար` Նորայր Պօղոսեանի եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի համագործակցութեամբ:

Գիտաժողովը սկսաւ Սիէթըլի հայոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քահանայ Պոյաճեանի ողջոյնի խօսքով: Ան մասնակիցներուն փոխանցեց Ամերիկայի  Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի օրհնութիւնը: Գրադարանին կողմէ ողջոյնի խօսք ուղղեց տնօրէնի խորհրդական Ներսէս Հայրապետեանը:

Լիագումար նիստին խօսք արտասանեց Ազգային գրադարանի գիտական փոխտնօրէն Հայկանուշ Ղազարեանը, որ ներկայացուց «Ազգային գրադարանի շտեմարանները. աջակցութիւն հայագիտութեան» զեկուցումը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Հայ գիրք», «Հայ մամուլ», «Հայաստանի ատենախօսութիւնների համահաւաք պահոց» եւ «ՀԱԳ-ի թուային պահոց» շտեմարանները ստեղծուած են առաջին հերթին աջակցելու հայագիտական հետազօտութիւններուն, դիւրացնելու անհրաժեշտ նիւթերու որոնումը եւ ապահովելու թուային բովանդակութեան մատչելիութիւնը:

Օգտակար եւ ուշագրաւ զեկուցումներ ներկայացուցին Սեւան Տէիրմէնճեանը (Պոլիս), Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, բանասիրական գիտութեանց դոկտոր, փրոֆեսէօր Ալիտա Դոլուխանեանը, բանասիրական գիտութեանց դոկտոր, փրոֆեսէօր Վազգէն Համբարձումեանը, բանասիրական գիտութեանց դոկտոր, փրոֆեսէօր Սամուէլ Մուրատեանը եւ ուրիշներ:

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ 21-րդ «Ոսկէ Ծիրան» Շարժապատկերներու Միջազգային Փառատօնը

Երեւանի Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ 7 յուլիսին բացումը կատարուեցաւ 21-րդ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերներու միջազգային փառատօնին, որ եզրափակուեցաւ 14 յուլիսին:

Փառատօնին կարմիր գորգը փոխարինած էին արուեստագէտ Դաւիթ Քոչունցի ձեւագծման հիման վրայ տեղացի գորգագործ վարպետներու ձեռքերով պատրաստուած գորգերը, որոնք նոր շունչ հաղորդած էին հանդիսաւոր արարողութեան:

Փառատօնին բացումը վստահուած էր քանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի «Եօթը քօղեր» նոր ժապաւէնին, որուն անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր 2023-ին, Թորոնթոյի շարժապատկերի փառատօնին:

Նախքան ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, խօսք առաւ Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, որ շեշտեց, թէ վերջին տարիներուն Երեւան հարուստ է մշակութային նախաձեռնութիւններով, որոնք մայրաքաղաքը կեանքով եւ լաւ բոյրով կը լեցնեն: «Այս միջոցառումներու շարքին «Ոսկէ ծիրան»-ը հնաբնակ է եւ 21-րդ անգամն է, որ մեզ կը համախմբէ: Ես շնորհակալ եմ այն մարդոց, որոնք անտրտունջ կ՛աշխատին, ջանք ու եռանդ չեն խնայեր, որ փառատօնը կայանայ», ըսաւ Աւինեան եւ կարեւոր նկատեց հիւրերուն մասնակցութիւնը փառատօնին: Ան ողջունեց կրկնակի օսքարակիր, բեմադրիչ Ալեքսանտր Փէյնը, ամբողջ աշխարհին մէջ Փարաջանովի դեսպան նկատուող բեմադրիչ Թարսեմ Սինկհը, շարժապատկերի աշխարհին մէջ Հայաստանի դեսպան Ատոմ Էկոյեանը:

Ըստ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանի` «Ոսկէ ծիրան»-ը դարձած է երեւանեան ամրան  անբաժանելի մասը: «Շարժապատկերի փառատօնին մասին զրոյցները կը սկսին կանուխ եւ կը շարունակուին փառատօնէն ետք, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ որքան կարեւոր է այդ հարթակը շարժապատկերային մշակոյթին համար, եւ մեզի համար պատիւ է գտնուիլ փառատօնի կողքին: Առաւել քան վստահ ենք, որ շարժապատկերի բնագաւառը պիտի զարգանայ մեր երկրին մէջ, որովհետեւ վերջին տարիներուն օրէնսդրական փոփոխութիւններով նոր կարելիութիւններ կը ստեղծուին: Յատկապէս կ՛ուզեմ շեշտել միացեալ շարժանկարի արտադրութեան մեծ կարելիութիւնները, ինչ որ հրաշալի պայման է, որ մեր երկրին մէջ զարկ ստանան հեռանկարային միացեալ շարժապատկերի նախագիծերը, որոնք կը ստանան պետութեան աջակցութիւնը», շեշտեց Անդրէասեան:

Ան ընդգծեց, որ դժուար ժամանակներ կ՛ապրինք, իսկ դժուար ժամանակները նաեւ դժուար խօսակցութիւններու համար են, որոնց լաւագոյն միջոցը արուեստն է, իսկ շարժապատկերը պիտի խօսի այն բոլորին մասին, որոնց մասին խօսելու այլ ձեւ եւ լեզու տակաւին չեն գտած:

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնի գեղարուեստական տնօրէն Կարէն Աւետիսեան յայտնեց, որ փառատօնը ժամանակակից է: «Փառատօնը իր հերթին իր յարաբերութիւնները ունի աւելի մեծ երեւոյթներու հետ` յաւիտենականութեան, ժամանակի, ապագայի պատմութեան», ըսաւ ան:

Երեւանի քոնեակի գործարանի տնօրէն Սերգէյ Խաչատրեան Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած շիշ մը քոնեակ յանձնեց Ատոմ Էկոյեանին, որուն «Արարատ» ժապաւէնին մէջ Ազնաւուր դեր ստանձնած էր: «Երբ երեխայ էի, կը լսէի Ազնաւուրի երգերը, որովհետեւ ծնողներս շատ կը սիրէին զինք: Ես շատ լարուած, պրկուած էի, երբ առաջին անգամ ըլլալով անոր պիտի հանդիպէի ու հրաւիրէի զինք` ժապաւէնիս մէջ դեր խաղալու: Կը յիշեմ` Ազնաւուր ըսաւ, որ մեր պատմութիւնը արտասովոր ձեւով ներկայացնելը կարեւոր կը նկատէ, որովհետեւ մեր պատմութիւնը ինքնին արտասովոր է: Ես երբեք չեմ մոռնար Քաննի փառատօնին այդ գեղեցիկ անձնաւորութեան հետ ապրած պահերս», ըսաւ Էկոյեան, որուն «Փարաջանովեան թալեր» յանձնեց փառատօնի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան:  «Ատոմ Էկոյեան 12 տարի չէր գտնուած փառատօնին: Մենք` փառատօնի համահիմնադիրներս Միքայէլ Ստամբոլցեանը, Սուսաննա Յարութիւնեանը եւ ես, որոշած էինք հիմնադրել փառատօն, եւ մեզի կ՛ըսէին, որ փառատօնը հարկաւոր չէ, որովհետեւ չկայ շարժապատկեր, չկան շարժապատկերի սրահներ եւ այլն, բայց անիկա հիմնադրուեցաւ, եւ առաջին մրցանակը ստացաւ մեր սիրելի շարժապատկերի բեմադրիչը` Ատոմ Էկոյեանը», ըսաւ Խաչատրեան:

Ցուցադրուեցան դրուագներ Ատոմ Էկոյեանի ժապաւէններէն, որոնց մէջ անոր տաղանդաւոր կինը` Արսինէ Խանճեան դերեր ստանձնած է: Էկոյեան խոստովանեցաւ, որ իր իւրաքանչիւր աշխատանք իր հոգիին` Արսինէ Խանճեանի հետ է, իսկ թալեր ստանալը երազի պէս բան է:

Ելոյթներէն եւ «Փարաջանովեան թալեր»-ներու յանձնման արարողութենէն ետք բեմ բարձրացան փառատօնի հիմնադիրներ` Յարութիւն Խաչատրեան, Սուսաննա Յարութիւնեան, Միքայէլ Ստամբոլցեան, փառատօնի աւանդութիւնները լաւագոյնս շարունակող Կարէն Աւետիսեան, որոնք ազդարարեցին 21-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ի մեկնարկը:

Երեւանի 21-րդ միջազգային «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը հանրութեան ներկայացուց մրցութային ժապաւէններ աշխարհի զանազան երկիրներէ, ինչպէս նաեւ ժապաւէններ ամէնէն հեղինակաւորները` Քաննի, Պերլինի եւ այլ փառատօններէ:

Նշենք, որ փառատօնը յատուկ անդրադարձ կատարեց երկու մեծութիւններու` Շարլ Ազնաւուրի եւ Սերգէյ Փարաջանովի 100-ամեայ յոբելեաններուն:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Թաթար Քոչուորներու Զանգուածային Տեղաշարժեր Եւ Շուշիի Շրջափակումը

Յաջորդը

Հի՜ն Եւ Մոռցուած Թերթեր, Թուղթեր, Անուններ…

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?