Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Երեւանի Տասը Կոմիտէութիւններու Երկօրեայ Ճամբար-Սեմինարը
Յուլիս 6-7-ին` շաբաթ եւ կիրակի օրերուն, Բիւրականի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի Երեւանի տասը կոմիտէութիւններու երկօրեայ ճամբար-սեմինարը` նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի:
Ծրագիրի ծիրին մէջ կատարուեցան շարք մը քննարկումներ ու տրուեցան դասախօսութիւններ, որոնց կարգին` Հայաստանին սպառնացող վտանգներուն, քաղաքական աշխատանքներու կազմակերպման եւ Հայ դատի գրասենեակներու գործունէութեան բնաբաններով:
ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժիրայր Պէօճեքէան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ասիկա լաւ առիթ էր` երկար ժամանակ անց կապ հաստատելու ընկերներու հետ, միտքեր փոխանակելու, իրարմէ ուժ ստանալու համար:
Սեմինարին ընթացքին Հայ դատի աշխատանքներու ընդհանուր շրջագիծին եւ գործելադաշտերուն մասին խօսեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:
Արագածոտնի մարզ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Բիւրականի բանակավայր այցելեց «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը եւ հանդիպում ունեցաւ նաեւ ճամբարի մասնակիցներուն հետ, այցելեց ՀՄԸՄ-ի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայր` նահատակներու յիշատակին նուիրուած ծառուղի ու յարգեց անոնց յիշատակը:
Ազրպէյճան Միտումնաւոր Եւ Ծրագրուած Կերպով Արցախի Բնակչութիւնը Ենթարկեց Բռնի Տեղահանութեան Եւ Ցեղային Զտման
Հրապարակուեցաւ «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան» զեկոյցին ամփոփագիրը, որ կը փաստէ, թէ ինչպէ՛ս Արցախի բնակչութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ միտումնաւոր կերպով ենթարկուեցաւ պարբերական յարձակումներու, շրջափակման եւ ահաբեկման, որոնց պատճառով Արցախի հայ բնակչութեան հիմնարար իրաւունքները կոպտօրէն խախտուած են` վերջինս զրկելով տարրական կենսապայմաններէն:
Զեկոյցը պատրաստուած է` «Freedom House»-ին, «International Partnership for Human Rights»-ին, Ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնարկին, Հելսինքեան քաղաքացիական ժողովի Վանաձորի գրասենեակին, Իրաւունքի զարգացման եւ պաշտպանութեան հիմնարկին, «Իրաւունքներու պաշտպանութիւն առանց սահմաններու» եւ Truth Hounds կազմակերպութիւններուն կողմէ:
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ փաստահաւաք առաքելութեան ընթացքին հաւաքագրած խորքային վկայութիւններու եւ բաց աղբիւրներու մէջ տեղ գտած տուեալներու հիման վրայ կատարուած վերլուծութիւնը թոյլ կու տայ եզրակացնելու, որ Ազրպէյճան միտումնաւոր կերպով եւ հաշուարկուած գործողութիւններու միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը ենթարկեց բռնի տեղահանութեան եւ ցեղային զտման:
Վկաներու հետ առաւել քան 330 խորքային հարցազրոյցներու ընթացքին արձանագրուեցան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ մարդու իրաւունքներու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ միջազգային քրէական իրաւունքի սկզբունքներու կոպիտ խախտումներ:
Փաստահաւաք առաքելութիւնը պարզեց, որ կան բաւարար ապացոյցներ` եզրակացնելու, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն գործողութիւնները կը հանդիսանան յանցագործութիւններ` Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան համաձայն, ներառեալ` 7-րդ յօդուածի (մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ) եւ 8-րդ յօդուածի (պատերազմական յանցագործութիւններ), եւ կը համապատասխանեն բնակչութեան բռնի տեղահանման սահմանման, ինչպէս նաեւ նախկին Եուկոսլաւիոյ հակամարտութեան պարունակին մէջ ՄԱԿ-ի փորձագէտներուն կողմէ սահմանուած ցեղային զտումներու չափանիշներուն:
Նշենք, որ զեկոյցի ամփոփագիրին շնորհահանդէս-քննարկումը տեղի ունեցաւ 1 յուլիսին, «Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի կողմէ համակազմակերպուող տարեկան երրորդ Ժողովրդավարութեան հայկական ֆորումի ծիրին մէջ:
Զեկոյցին ամբողջական տարբերակը հասանելի պիտի դառնայ այս տարուան սեպտեմբերին:
Իշխան Սաղաթէլեան Եւ Գեղամ Մանուկեան Տեսակցութիւն Մը Ունեցան Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպան Նորա Արիսեանի Հետ
ՀՅԴ Հայաստանի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 2 յուլիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեան եւ բարեկամական խումբի անդամ Գեղամ Մանուկեան տեսակցութիւն մը ունեցան Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպան Նորա Արիսեանի հետ:
Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Սաղաթէլեանին` Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի աշխատանքներու կազմակերպման մէջ ունեցած ներդրումին եւ գործադրած ջանքերուն համար:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը անդրադարձան Սուրիոյ եւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակներուն, Սուրիոյ մէջ հայ համայնքին դիմագրաւած տնտեսական ու ժողովրդագրական եւ շարք մը այլ հարցերու:
Իր կատարած աշխատանքին համար շնորհակալութիւն յայտնելով դեսպանին` Սաղաթէլեան լուսարձակի տակ առաւ երկու երկիրներուն` պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական արդի զարգացումներու պարունակին մէջ Հայաստանի եւ Սուրիոյ ունեցած շահերը եւ, ի դէմս Թուրքիոյ, արտաքին վտանգներու գոյութիւնը:
Զրոյցի ընթացքին անոնք յայտնեցին, որ 15 յուլիսին տեղի ունենալիք Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կարճ ժամանակի մը մէջ կը կազմուի Հայաստանի Ազգային ժողովին հետ բարեկամական խումբը եւ կը վերսկսի միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը:
Ամփոփելով հանդիպումը` կողմերը համաձայնեցան շարունակել փոխգործակցութիւնը:
Շուշիի Մէջ Ոչնչացուած Են Հրասայլ–Յուշարձանի Տարածքին Գտնուող Խաչքարերը
Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան monumentwatch.org կայքը կը գրէ.
«2023 սեպտեմբերին Արցախի ամբողջական բռնագրաւումէն ետք, ազրպէյճանական կողմը առաջին հերթին ցուցադրաբար կազմաքանդեց Շուշի քաղաքին մօտ գտնուող յայտնի հրասայլ-յուշարձանը:
Յիշեցնենք, որ հրասայլը Արցախի ազատագրական պայքարի խորհրդանիշն էր, յաղթանակի խորհրդանիշը, որուն քով յարգանքի տուրք կը մատուցուէր Շուշիի ազատագրական պայքարի համար նահատակուած հերոսներու յիշատակին:
Իսկ վերջերս ազրպէյճանցի կայքագրող Քեամրան Ռազմովար հրապարակած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւի, որ ազրպէյճանական կողմը ոչնչացուցած է նաեւ հրասայլ-յուշարձանին մօտ տեղադրուած խաչքարերը, զոհուած ազատամարտիկներու անունները յաւերժացնող յուշատախտակները: Մասնաւորապէս փշրուած է 44-օրեայ պատերազմին Քարինտակի մէջ զոհուած Յակոբ Յարութիւնեանի յիշատակին տեղադրուած խաչքարը, ինչպէս նաեւ` այդ տարածքին գտնուող միւս խաչքարերը:
Ազրպէյճանի համակարգուած արշաւը այս ուղղութեամբ յատկապէս կ՛ընդգծուի քանի մը նշանակալից խաչքարերու ոչնչացումով, ներառեալ` տակաւին 2020-ին ոչնչացուած Հադրութի շրջանի Առաքել գիւղի խաչքարը, քաղաքի ազատամարտիկներու յուշահամալիրի խաչքարերը, Բերձորի պատմական գերեզմանատան 14-րդ դարու եզակի խաչքարը, ինչպէս նաեւ 15-16-րդ դարերու վերագրուող շարք մը այլ խաչքարեր: Ասկէ բացի` ոչնչացուած են նաեւ Շուշիի հայ-յունական հին գերեզմանատան 12-13-րդ դարերու եզակի խաչքարերը»:
«Ապառաժ»-ը Վերադարձի Հաւատքով Կը Շարունակէ Իր Գործունէութիւնը
2023 թուականի արցախեան ողբերգութենէն ետք արցախեան մամուլը դադրեցաւ գործելէ, դադրեցաւ նաեւ «Ապառաժ» երկշաբաթաթերթի տպագրութիւնը, սակայն շարունակեց գործել «Ապառաժ» (ww.aparaj.am) կայքէջը, որ անկախ ստեղծուած իրավիճակէն եւ դժուարութիւններէն` չդադրեցուց իր գործունէութիւնը:
«Ապառաժ»-ը Արցախի մէջ հասանելի էր իւրաքանչիւրին, այժմ եւս կը նախատեսուի առցանց տարբերակով հասանելի դարձնել զայն իր ընթերցողներուն:
«Ապառաժ» (www.aparaj.am) կայքը վերաթարմացուած` պիտի շարունակէ իր ուսումնասիրութիւնները Արցախի հասարակական, ընկերային, քաղաքական հիմնահարցերուն շուրջ, պիտի լուսաբանէ աշխարհի եւ համահայկական տիրոյթին մէջ առկայ իրադարձութիւնները, պիտի շարունակէ` բարձրաձայնել արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգման եւ այդ պարունակին մէջ միջազգային արդարադատութեան հասնելու Հայ դատի պայքարը, խօսելու տարագիր Արցախի ժողովուրդի ճակատագիրին, առկայ հարցերուն եւ անոնց ուղղուած քայլերուն եւ լուծումներուն մասին:
«Ապառաժ»-ը (www.aparaj.am) պատրաստ է շարունակելու իր համագործակցութիւնը Արցախի մտաւորականութեան, լրագրողներուն հետ եւ լուսաբանելու Արցախի մշակութային, կրթական, համայնքային հաստատութիւններուն աշխատանքները, որոնք կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:
«Ապառաժ»-ը Արցախի մէջ` իբրեւ քաղաքական, հասարակական եւ գրական թերթ, առաջին անգամ հրատարակուած է 1917 թուականին, Շուշիի մէջ, երկար ընդմիջումէ ետք վերստին հրատարակուած է 1991 թուականին, լուսաբանած է Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքը, հայ ժողովուրդի պայքարի ուղին` մինչեւ մեր օրերը, սերմանած է գաղափարական եւ ազգային արժէքներ: 2020 թուականին 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ եւս երկշաբաթաթերթի հրատարակութիւնը առժամանակ դադարեցուած եւ վերահրատարակուած էր 2021 թուականի գարնան, սակայն www.aparaj.am կայքէջը, 2010 թուականէն, բոլոր իրավիճակներու մէջ շարունակած է իր գործունէութիւնը:
«Ապառաժ»-ը վերադարձի հաւատքով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ` հաւատարիմ մնալով իր ընթերցողներուն:
Արցախի Պատկերասփիւռի Կայանը Կը Վերսկսի Իր Գործունէութեան
Արցախի պատկերասփիւռի կայանը կը վերսկսի իր գործունէութեան: Այս մասին տեղեկացանք Արցախի պատկերասփիւռի կայանի Դիմատետրի էջէն:
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան անդրադառնալով Արցախի պատկերասփիւռի կայանի գործունէութեան վերսկսման` գրած է.
«Արցախի պատկերասփիւռի կայանը կը վերսկսի իր գործունէութեան, թէեւ փոքր կազմով, բայց` չափազանց կարեւոր դերակատարութեամբ, կարելի եղածին չափ արցախցիներու ընկերային կապերու, հայկական ինքութեան արցախեան առանձնայատկութիւններու եւ արցախեան բարբառի պահպանման, արցախցիները յուզող հարցերը վերհանելու, այս բոլորին մասին պարբերաբար բարձրաձայնելու ուղղութեամբ»:
Յունիսի Դրութեամբ Հայաստանաէն Հեռացած Են 10 Հազար 308 Արցախցիներ
1 յունիսի դրութեամբ, օդային եւ ցամաքային ուղիներով Հայաստանէն հեռացած են Արցախէն բռնի տեղահանուած 17 հազար 743 անձեր, վերադարձած` 7 հազար 435 անձեր: Այսինքն, 1 յունիսի դրութեամբ, Հայաստանէն հեռացած են եւ չեն վերադարձած 10 հազար 308 արցախցիներ (Արցախի հաշուառում ունեցող անձեր): Այս տուեալները տրամադրած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ):
1 մայիսի հետ համեմատած, Հայաստանէն հեռացած Արցախի հաշուառում ունեցող անձերուն թիւը աւելցած է 383-ով:
2025 Թուականին Հայկական Թումօ Առաջին Կեդրոնին Բացումը Պիտի Կատարուի Ճափոնի Մէջ
ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ Ճափոնի Կունմա նահանգի Թաքասաքի քաղաքին մէջ ԹՈՒՄՕ-ի ղեկավարներ Մարի Լու Փափազեան, Բեկոր Փափազեան եւ Կունմայի նահանգապետ Իչիթա Եամամոթօ ստորագրած են համաձայնագիր մը` 2025-ի ամրան առաջին ԹՈՒՄՕ կեդրոնը այդ նահանգին մէջ բանալու նպատակով:
«Համոզուած եմ, որ ԹՈՒՄՕ-Կունման պիտի դառնայ մեր երկրին մէջ հիմնուելիք բազմաթիւ ԹՈՒՄՕ կեդրոններէն առաջինը, որ ճամբայ պիտի հարթէ դէպի աւելի ամուր արհեստագիտական յարաբերութիւններու հաստատման` Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ», ընդգծած է նահանգապետը:
ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ծրագրին կիրարկումով` կեդրոնը 21-րդ դարու հմտութիւններով պիտի ապահովէ հազար պատանիներ:
«Մեզի համար կարեւոր է թէ՛ ճափոնցի պատանիներու սորվելու նոր կարելիութիւններ ընձեռելը, թէ՛ ալ միջազգային գործընկերներէն սորվիլը», նշած է ԹՈՒՄՕ-ի զարգացման բաժինի տնօրէն Բեկոր Փափազեանը:
Արցախցի Երեխաները Ներկայացման Միջոցով Պատմեցին Հայրենիք Վերադառնալու Իրենց Նուիրական Երազին Մասին
Յուլիս 9-ին Երգի պետական թատրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ես շուռ եմ տալիս աշխարհը» ներկայացումը` «Դիզակ արտ» կեդրոնի` 2020 թուականի պատերազմի եւ 2023 թուականի բռնի տեղահանութեան պատճառով Հայաստան տեղափոխուած արցախցի երեխաներու մասնակցութեամբ: Բեմադրութեան հիմքը Լեռ Կամսարի «Վերջնական Հայաստանը» եւ «Քարտէսի առջեւ» պատմուածքներն են: Բեմադրութեան հեղինակը Սրբուհի Բալայեանն է:
«Դիզակ արտ» մշակութային երիտասարդական կեդրոնի համահիմնադիր Երազիկ Հայրիեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ ստեղծագործութիւնը ընտրած է Սրբուհի Բալայեանը եւ այդ ընթացքին որոշած է, որ մեր սաները պէտք է իրենց պատմութիւնները պատմեն:
«Երեխաները գեղարուեստական միջոցներով պատմեցին իրենց տուներէն հեռանալու, վախը եւ անորոշութիւնը դիմակայելու, հայրենիքի համար պայքարի, Արցախ վերադառնալու` նուիրական երազին մասին:
«Մէկ կողմէ կ՛ուզենք, որ երեխաները պատմեն ու նաեւ հոգեբանօրէն յաղթահարեն այն բոլորը, որոնց մէջէն իրենք արդէն անցած են, իսկ երկրորդ` իբրեւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւն, համահունչ է մեր առօրեային հետ», նշեց ան:
Ե. Հայրիեան յայտնեց, որ փորձերը շատ ծանր անցած են. «Երեխաները երբ կը պատմէին, մենք` մեծահասակներս, կու լայինք, որովհետեւ այն իրական պատմութիւնները, որոնք կան, շատ դաժան են: Մենք չէինք պատկերացներ ալ, որ երեխաները այդքան նուրբ եւ այդքան ծանր տարած են այդ ամէնը»:
Հաղորդենք, որ «Դիզակ արտ» կեդրոն կ՛այցելեն աւելի քան 150 արցախցի երեխաներ: Կեդրոնին մէջ կը գործեն` ազգային երգ ու պարի, նկարչութեան, ասեղնագործութեան, տհոլի խմբակներ, թատերախումբ, ժողգործիքներու համոյթ: «Ես շուռ եմ տալիս աշխարհը» ներկայացումը կեդրոնի թատերախումբին երրորդ բեմադրութիւնն է:
Շարլ Ազնաւուրի 100-Ամեակին Նուիրուած «Շարլ Ազնաւուրի Կինոաշխարհը» Ցւոցադրութիւն Գիւմրիի Մէջ
Յուլիս 4-ին Գիւմրիի «Կինոտուն» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած «Շարլ Ազնաւուրի կինոաշխարհը» նոր թանգարանային ցուցադրութեան հանդիսաւոր բացումը: Ցուցադրութիւնը կազմակերպուեցաւ շատերուն յայտնի ալեքսանդրապոլեան շինութիւններէն մէկուն բակին մէջ, ուր նկարահանուած են` «Մեր մանկութեան թանկոն», «Հեղնար աղբիւր», «Ուրախ աւտոբուս» եւ միւս շարժանկարները:
Շարլ Ազնաւուրը նկարահանուած է մօտաւորապէս 80 շարժանկարներու մէջ: Տարբեր երկիրներու մէջ նկարահանուած ժապաւէններուն մէջ Ազնաւուրի մեկնաբանութեամբ հնչած երաժշտութիւնը յիշարժան է` իր յուզականութեամբ եւ հմայքով:
Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած այս ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ աշխարհահռչակ երաժիշտին մասնակցութեամբ նկարահանուած շարք մը շարժանկարներու ազդագրերու եզակի նմուշներ եւ հազուագիւտ լուսանկարներ:
Տեղեկացնենք, որ ցուցադրութիւնը կազմակերպուեցաւ «Ucom» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանի եւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Հայկ Դեմոյեանի միացեալ ջանքերով ստեղծուած հաւաքածուին հիման վրայ:
Նախաձեռնողները նպատակադրած են ցուցադրութեան աւարտէն ետք ամբողջ հաւաքածուն նուիրել Երեւանի մէջ գործող Շարլ Ազնաւուրի թանգարանին` մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ կազմակերպելու համար:
Նշենք, որ ցուցադրութիւնը պիտի գործէ մինչեւ յուլիս 25: