Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Հայոց Եկեղեցւոյ Դերը Պետականութեան Բացակայութեան Պայմաններուն Մէջ» Խորագիրով Գիտաժողով
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ու աստուածաբանութեան բաժանմունքներուն հետ համագործակցութեամբ, 10 սեպտեմբերին Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց եկեղեցւոյ դերը պետականութեան բացակայութեան պայմաններում» խորագիրով համահայկական գիտաժողովը:
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակէն հաղորդեցին, որ գիտաժողովը մեկնարկեց Տէրունական աղօթքով:
Գիտաժողովին մասնակցողներուն ուղղուած Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը կարդաց Երեւանի պետական համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքի նախագահ Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի նախագահ Մխիթար Գաբրիէլեան:
Մասնակցողները իրենց խօսքերուն մէջ կարեւոր նկատեցին Հայ եկեղեցւոյ դերը եւ նշանակութիւնը թէ՛ պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ եւ թէ՛ հայկական պետականութեան ամրապնդման առումով:
Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ երկու նիստով: Առաջին նիստին նախագահեց Աշոտ Մելքոնեան, զեկուցումներով հանդէս եկան` փրոֆեսէօր Գէորգ Ստեփանեան, դոցենտ Արամ Յովհաննիսեան, փրոֆեսէօր Խաչատուր Ստեփանեան, լիբանանահայ վաստակաշատ մանկավարժ, հրապարակախօս Տիգրան Ճինպաշեան, Արարատ քհնյ. Պօղոսեան, դոցենտ Մելանիա Բալայեան, փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեան, Հայկանուշ Մեսրոպեան, Մարինէ Յարութիւնեան, Երեւանի պետական համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքի մագիստրոս Նարեկ սրկ. Գասպարեան:
Գիտաժողովի երկրորդ նիստին նախագահեց փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեան: Նիստին զեկուցաբերներն էին` փրոֆեսէօր Արման Եղիազարեան, Մարիամ Յովսէփեան, Կարէն Մկրտչեան, դոցենտ Արշակ Բալեան, Արմէն Կարապետեան, Յասմիկ Ամիրջանեան, Արփինէ Բաբլումեան, դոցենտ Միքայէլ Մալխասեան, Քնարիկ Պետրոսեան, կրտսեր գիտաշխատող Լիլիթ Քոսեան, պատմութեան հայցորդ Յովիկ Աւանեսով եւ Նելլի Ժամկոչեան:
Գիտաժողովի աւարտին կատարուեցաւ նիւթին շուրջ քննարկում եւ հարցում-պատասխանի բաժին մը: Ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկան երկրորդ նիստի նախագահող Էդիկ Մինասեան եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան:
Տեղեկացնենք, որ գիտաժողովին զեկուցումները յառաջիկային պիտի հրատարակուին առանձին գիրքով եւ պիտի ներկայացուին ընթերցողին:
Շուշիի «Վարանդա» Երգչախումբը Ոգեւորեց Հանդիսատեսը Եւ Վերապրեցուց Անցեալը «Երգող Արցախ» Խորագրով Երգահանդէսով
Սեպտեմբեր 13-ին Երեւանի սենեկային երաժշտութեան տան մէջ կայացաւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի «Երգող Արցախ» խորագրով երգահանդէսը:
Երեւանի, Աբովեանի, Մասիսի մէջ ապաստանած Արցախի փոքրիկները միաւորուեցան խմբավար, գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քէշիշեանի շուրջ` նորէն ու նորէն հնչեցնելու Արցախի ձայնը, որ ապրելու, արարելու, հաւատքի ու պայքարի ձայնն է:
Երգահանդէսին բացման խօսք արտասանեց «Վարանդա» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար, խմբավար Զաքար Քէշիշեան:
«Երգում ենք, որ մեր երգի տատանումները հասնեն Արցախի հողին, եւ նա զգայ, որ ուր էլ լինենք, մեր սրտերը տրոփում են իր շնչառութեան կշռոյթով», նշեց Զ. Քէշիշեան:
Հովանաւորութեան համար ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւելեան Ամերիկայի Կիլիկիոյ թեմի առաջնորդարանին, երգչախումբին համար հին ու նոր երգեր յօրինած բոլոր սերունդներու բանաստեղծներուն ու երգահաններուն:
Զաքար Քէշիշեան կարեւոր նկատեց, որ երգահանդէսի կայացման իրենց ողջունելի մասնակցութիւնը ցուցաբերած են Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական ուսումնարանի եւ Հադրութի «Դիզակ արտ» մշակութային կեդրոնի սաները:
«Երգող Արցախ» խորագրով երգահանդէսին ներկայ գտնուեցան` համազգայնական ընկերներ ու ընկերուհիներ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ` Արտաշէս Շահբազեանը, Արեւիկ Գաբրիէլեանը, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը, մտաւորականներ, հասարակական ու մշակութային գործիչներ` Հայաստանէն, Արցախէն, սփիւռքէն:
Ներկայացնենք «Վարանդա» երգչախումբի խմբավար Զաքար Քէշիշեանի ամբողջական խօսքը.
«Այս տարուան համերգաշարին առիթով`
Երկար ու ձիգ տարիների աւանդութիւն է լցնել այս էջը: Մենութեան մի պահի, փորձերի ու համերգի պատրաստութիւնների թոհուբոհի մէջ վերաքաղի համար մի պահ գտնելով` միշտ էլ գրել եմ մեծ սիրով ու գորովով: Այստեղ եմ խտացրել «Վարանդա» երգչախմբի տարեգրութեան շղթայի ամէն մի օղակի աւելացման տարուայ իմ ապրումներն ու յոյզերը, տեղեկութիւններն ու…
Այս տարուանը չի գրւում կարծես:
Այս պահին սեպտեմբեր 2-ի յետմիջօրէն է: Առաւօտուն այցելեցինք Եռաբլուր, ուր ննջում են մեր նահատակները, նրանց շարքին` «Վարանդա»-ի նախկին սաներ, նախկին սանուհիների եղբայրներ ու ամուսիններ, ներկայ սաների հայրեր ու հարազատներ…
Իսկ եթէ այս համերգը չկայանար ու այս խօսքը գրելու փորձը չկատարուէր…
Անտանելի էր ամէն փորձի զգալ, որ ինչքան էլ սիրով տրամադրուած ու սիրելի, սակայն քո սովորական փորձասենեակում չես: Անտանելի է «Քո ափսէում չլինելու» զգացողութիւնը:
Անտանելի է ամէն փորձի յիշել, որ Շուշիի սիրելի ու արդիական փորձասենեակը թիրախ է դարձել թշնամու ռմբակոծութեան, ցրիւ է եկել քո այնքան փայփայած ու տարիներով կուտակած արխիւը, ամբողջ համալիրը` արդիական համերգասրահ, Շուշիի ստեղծագործական խմբերի փորձասենեակները ամբողջութեամբ քանդուած են ու տեղը կառուցուած…
Եւ ամէն փորձի ընթացքին անդրադառնալ, որ սիրասուն սաներդ իրենց ծնողների ու հարազատների հետ այժմ ցրուած են Հայաստանի ամբողջ տարածքում ու իրենց հայրենիքի մէջ իսկ տարագիր` ապրուստի ու կենցաղի լուրջ խնդիրներ ունեն, եւ դեռ աւելին…
Շուշիի անկումից յետոյ Ստեփանակերտում երկու յաջորդական տարիներ «Երգող Արցախ» ծրագիրը բեմ բարձրացաւ 120 երգող սաներով: Յօշոտուած Շուշիին նայելով` բայց դեռ Արցախի հողում: Այս տարի Երեւան, Աբովեան ու Մասիս քաղաքներից հնարաւոր եղաւ հաւաքագրել այդ թուի ուղիղ կէսը: Մեծ ցաւ ապրեցի Գիւմրի, Գորիս կամ արտերկրի այլեւայլ քաղաքներում ապաստանած այն սաներիս համար, որոնց չկարողացայ ընդգրկել այս համերգում…
Էսքանից յետոյ պիտի ասէք, «հալա երգո՞ւմ էք»:
Այո՛, երգո՛ւմ ենք: Երգում ենք եւ երգով միասին ենք:
Երգում ենք, եւ երգելուց լցւում հայի խենթ յոյսով ու հաւատով. ամրապնդում ապրելու մեր իրաւունքն ու գիտելիքը. ապրեցնում բացականերին` երգելով նաեւ նրա՛նց փոխարէն:
Երգում ենք` լցուելու հնով եւ աւանդելու այն նորերին:
Երգում ենք, որ մեր երգի տատանումները հասնեն Արցախի հողին, ու նա զգայ, որ ուր էլ լինենք, մեր սրտերը տրոփում են իր շնչառութեան կշռոյթով:
Իսկ այս տարուայ իմ առաքելութիւնը չէր իրականանայ առանց Արեւելեան Ամերիկայի Կիլիկեան թեմի առաջնորդի ու առաջնորդարանի ինքնաբուխ հովանաւորութեան: Երբ միօրեայ այցով Նիւ Եորքում էի եւ «Երգող Արցախ»-ի ծրագիրը սերտողութեան տակ էր դեռեւս, ու նոր էի հետաքրքրւում, թէ սաներիցս ով որտեղ է, առաջնորդ Անուշաւան սրբազանը ի՛նքը նախզգաց ծրագրի յաջողութիւնը եւ առաջարկեց դրա հովանաւորութիւնը` Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ տէր Մեսրոպին յորդորելով, որ միանայ նաեւ եկեղեցին: Այսպիսով, կամուրջից այն կողմ մնացած մեր տարազները փոխարինուեցին նորերով, հարթուեցին մեր կազմակերպչական մեծածախս ծրագրի բոլոր խոչընդոտները, որոնց համար կրկին բարեշնորհ գտնուեցին նաեւ արցախեան առաքելութեանս հաւատացող ինձ հարազատ մի քանի ազգականներ ու ընկերներ, եւ ես կրկին հնարաւորութիւն ունեցայ իրագործել ե՛ւ «Երգող Արցախ» ծրագիրը ե՛ւ «Միասնականչ» խորագրով շուիի ու տուտուկի աւանդական դարձած մենահամերգը: Շնորհակալութի՛ւն:
Շնորհակալ եմ մեր երգչախմբի համար հին ու նոր երգեր յօրինած բոլոր սերնդների բանաստեղծներին ու յօրինողներին: Շնորհակալ եմ մանաւանդ իրենց նո՛ր երգերի համար, որոնց շնորհիւ պահուեց նաեւ այդ` ամէն տարի նոր երգերով ներկայանալու աւանդոյթը:
Ուզում եմ ջերմ սիրով գրկել երգչախմբի սաներիս նաեւ այն փաստի համար, որ նրանք 16 խմբերգ ընդգրկող այս համերգը պատրաստեցին ընդամէնը 19 փորձի ընթացքում: Երգացանկը կազմելիս նկատի ունեցել եմ կատակը, խաղն ու զուարթութիւնը, ինչպէս նաեւ ոչ ամբոխավարական հայրենասիրական խմբերգներ` մտածելով, որ այս փուլում սա է մեզ անհրաժեշտ: Իսկ մեր փորձերը պարուրուեցին նաեւ թատերական ու համերգային ծրագրերի այցերով, ականաւոր երաժիշտների տուն-թանգարանների այցերով, որտեղ եւ կատարեցինք մեր օրուայ փորձերը:
Ահաւասիկ, այնուամենայնիւ, ինչ որ բան գրուեց կարծես:
Իսկ այս տարի ինձ թոյլ կը տամ անձնական մի զեղում. Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոցում մեր պսակադրութեան 20-ամեակին առիթով` այս համերգը նուիրում եմ ամբողջ մի քսանամեակ արցախեան առաքելութիւնս ինձ հետ կիսած կնոջս` Կամիլային: Ձեր` Պարոն Զաքար»:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Գառնիկ Մկրտչեանի Անուան Բիւրականի Բանակավայրին Մէջ Կայացաւ Բակային Ճամբարներու Փակման Պաշտօնական Արարողութիւնը
Սեպտեմբեր 8-ին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Գառնիկ Մկրտչեանի անուան Բիւրականի բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ բակային ճամբարներու փակման պաշտօնական արարողութիւնը: Փակման ներկայ գտնուեցան մասնակիցներու ծնողները, վարչութեան անդամները:
Բակային ճամբարներ ծրագրին մասնակցեցան Արցախէն բռնի ուժով տեղահանուած 6-14 տարեկան 800 երեխաներ: Մասնակիցները այնքան սիրեցին սկաուտական առօրեան, որ փափաք յայտնեցին համալրելու սկաուտական շարքերը:
Ծրագրի ժամանակ սկաուտները փորձեցին կրկին երջանկացնել Արցախէն տեղահանուած երեխաները, եւ այդ ամէնը կատարեցին կամաւոր հիմունքներով: Այս պատճառով անոնք ստացան հաւաստագրեր:
Արցախցիները Պէտք Է Միաւորուին Եւ Իրենց Ձայնն Ու Պահանջը Ներկայացնեն Աշխարհին. Լուիս Մորենօ Օքամփօ
«Արցախ» միութեան եւ անոր նախագահ Արտակ Բեգլարեանի նախաձեռնութեամբ, 9 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Միջազգային քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հանդիպումը Արցախի հասարակութեան գործող շարք մը ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպումին քննարկուեցան Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր:
Ներկաները յատկապէս կը յուզէին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ գործադրուած ցեղասպանական գործողութիւնները եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները համարժէք պատասխանատուութեան ենթարկելու, արցախցիներուն վերադարձի իրաւունքի իրականացման, Ազրպէյճանի մէջ պահուող ռազմական քաղաքական պատանդներու ազատ արձակման եւ շարք մը այլ հարցեր:
Լուիս Մորենօ Օքամփօ դիմելով ներկաներուն` ըսաւ, որ ինք ընդհանուր առմամբ տեղեակ է կատարուածին մասին, սակայն ինք կ՛ուզէ ներկաներէն լսել եւ հասկնալ արցախահայութեան պատկերացումները իր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու գծով:
Ան որոշ խորհուրդներ տուաւ ներկայացուած հարցերուն շուրջ եւ նշեց, թէ այնքան ատեն որ որեւէ պետութիւն կամ կառավարութիւն չի պայքարիր արցախահայութեան իրաւունքներուն համար, արցախցիները պէտք է միաւորուին եւ իրենք իրենց ձայնը եւ պահանջը ներկայացնեն աշխարհին` ներգրաւելով նաեւ սփիւռքահայութիւնը, որ մեծ ներուժ ունի:
Օքամփօ անդրադարձաւ նաեւ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովին` UNFCCC COP 29-ին եւ նշեց, որ ամէն ջանք պէտք է գործադրել, որ այս նախաձեռնութեան մասնակցողները տեղեակ ըլլան Արցախի մէջ Ալիեւի վարչակարգին կատարած ցեղասպանական գործողութիւններուն մասին:
Ալիեւ ամէն ջանք կը գործադրէ, որ այդ ժողովին Արցախի թեման չարծարծուի: Օքամփօ նաեւ ներկայացուց ցարդ այդ ուղղութեամբ իրականացուած գործողութիւնները:
Աշխատանքները շատ են, կարելիութիւնները` քիչ, բայց պէտք է պայքարիլ ու հաւատալ, որ արցախահայութիւնը մինակ չէ, եւ անհրաժեշտ է քայլերու ձեռնարկել` բարեկամներուն եւ շահագրգռուած կողմերուն թիւը աւելցնելու համար:
«Եռաբլուր»-ին Յարող Փողոցը Անուանակոչուած Է Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) Անունով
«Եռաբլուր»-ին հարող փողոցը անուանակոչուած է Աշոտ Ղուլեանի անունով: Այս մասին յայտնեցին Երեւանի քաղաքապետարանէն:
«Երեւանը յառաջիկայ տարիներուն կը զարգանայ հաստատուած նոր գլխաւոր յատակագիծով. 3-րդ նստաշրջանի առաջին նիստին աւագանին հաւանութիւն տուաւ որոշուած նախագիծին:
Կարեւորագոյնը այս փաստաթուղթը մշակելու համար հաւաքագրուած եւ համադրուած են քաղաքին մէջ առկայ անհրաժեշտ բոլոր տուեալները, որոնք դարձած են հիմք` նախագիծը կեանքի կոչելու համար: Երեւանը Հայաստանի մէջ միակ ՏԻՄ մարմինն է, որը ներդրած է GIS համակարգ, եւ հետագայ գործողութիւնը պիտի ըլլայ գլխաւոր յատակագիծը տեղափոխել թուային դաշտ, թուային քարտէս:
«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին յարող տարածքի Շահումեան 6-րդ փողոցը (կը սկսի Մամիկոնեան-Շահումեան 6-րդ փողոցի խաչմերուկէն, հասնելով «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնի Փառքի ուղի` Սրբոց Վարդանանց Նահատակաց եկեղեցւոյ յարող տարածք), նրբանցքը (կը սկսի ներկայիս Շահումեան 6-րդ փողոցէն, կը հասնի հ. 91 դպրոց) եւ փակուղին (կը գտնուի ներկայիս Շահումեան 6-րդ եւ 7-րդ փողոցներուն միջեւ) անուանակոչուեցաւ Արցախի հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) անունով:
Երեւանի աւագանիին յաջորդ հերթական նիստը պիտի գումարուի հոկտեմբեր 15-ին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Հնդկաստան Կը Գնահատէ Հայերուն Բացառիկ Դերը Հնդկական Հանրութեան Զարգացման Մէջ
Հնդկաստան եւ Հայաստան կը ձգտին խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ բոլորին համար նախընտրելի համակեցութեան: Անկէ կը բխի «Արհեստագիտութիւն բարեկեցութեան համար» հայեցակարգը: Միացեալ ջանքերով արձանագրուած յաջողութիւնները կ՛արտացոլացնեն այդ սկզբունքները տարբեր բնագաւառներու մէջ, ներառեալ` տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտը: Հայերը եւ հնդիկները էական դեր կը խաղան թուային մայրուղիներ կառուցելուն մէջ, որուն շնորհիւ աշխարհը կը վերածուի «Համաշխարհային բնակավայրի, կը դառնայ աւելի լաւ, քան անցեալին»: «Հայաստան Հնդկաստանի եւ Հնդկաստան Հայաստանի մէջ» մշակութային համաժողովին այս հաստատումը կատարեց Հնդկաստանի շրջակայ միջավայրի եւ արտաքին գործոց պետական նախարար Քիրթի Վարտհան Սինխ:
Ան շեշտեց, որ հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան` երկու ժողովուրդներուն միջեւ սերտ կապեր կան, աւելի՛ն, Հնդկաստան ոչ միայն ծանօթ է Հայաստանին, այլ նաեւ կը գնահատէ հայերուն ունեցած բացառիկ դերը հնդկական հանրութեան զարգացման մէջ` յիշելով հայերուն հաստատուիլը եւ գործելը Հնդկաստանի մէջ: Ան յատկապէս դիտել տուաւ, որ Հնդկաստանի մէջ հայկական ներկայութեան վառ օրինակներէն է 1688-ին կառուցուած Կալկաթայի եկեղեցին, իսկ այսօր եւս հայերը ներկայութիւն են Կալկաթայի եւ Հնդկաստանի զանազան համայնքներու մէջ: Ան յուզիչ նկատեց, որ Երեւանի մէջ բացուած ցուցահանդէսին բաժին մը նուիրուած է երկու երկիրներուն ընդհանուր ժառանգութեան փառահեղ գլուխներուն: Ցուցահանդէսը լուսարձակի տակ կը բերէ այն ամուր պատմական հիմքը, որուն վրայ խարսխուած են երկու երկիրներու սերտ կապերը եւ ներուժը, որոնք միտուած են ապագային:
Սինխ նշեց, որ ընդհանուր արժէքները աւելի մեծ նշանակութիւն կը ստանան այսօրուան աշխարհին մէջ, որ լեցուն է մարտահրաւէրներով: «Մեր երկու երկիրներուն շահերէն կը բխի երկկողմ գործընկերութիւնը` համաշխարհային կայունութեան ամրապնդման հասնելու ճամբուն վրայ: Մենք ունինք եզակի ներուժ` այդ նպատակը իրագործելու համար», ըսաւ Սինխ: