Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Երկօրեայ Բանակում-Սեմինարը` Նուիրուած Լիզպոնի Գործողութեան 41-Ամեակին
27-28 յուլիսին, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցաւ երկօրեայ բանակում-սեմինար մը, որ նուիրուեցաւ Լիզպոնի հինգ տղոց գործողութեան 41-ամեակին: Անոր մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Արցախի քոյր եւ ուղեկից միութիւններու անդամներ:
Բանակումի հինգ խումբերը կրեցին Լիզպոնի հինգ նուիրեալներուն` Վաչէին, Արային, Սիմոնին, Սեդրակին եւ Սարգիսին անունները:
Բանակումը ընթացք առաւ բանականութեան վերաբերող խաղով, որուն ընթացքին խումբերը ստուգեցին իրենց գիտելիքները` հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ:
Բանակումին արցախցի երիտասարդներուն դասախօսութիւններով ներկայացան` Իրանի խորհրդարանի անդամ դոկտոր-փրոֆեսէօր Կարէն Խանլարեանը, որ ներկայացուց ՀՅԴ զինեալ պայքարը եւ Լիզպոնի հինգին գործողութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Արմոնդ Թահմասեանը, որ ներկայացուց դաշնակցական երիտասարդին տիպարը եւ զայն յուզող հարցերը, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար, պատմաբան Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, որ ներկայացուց Խանասորի արշաւանքը, Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մհեր Աւետիսեանը, որ ներկայացուց հայկական երեք կուսակցութիւններու ծնունդը:
Բանակումի մասնակցող երիտասարդները յուզող հարցերուն մասին անոնց հետ զրուցեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանը: Ան երիտասարդներուն վստահեցուց, որ ՀՅԴ կառոյցները իրենց ամբողջ ներուժով նեցուկ կը կանգնին արցախահայ երիտասարդներուն:
Բանակումին մասնակցողները իրենց ազատ ժամանակը անցուցին խարոյկին շուրջ` ազգային երգերով եւ պարերով:
Բռնագրաւուած Արցախի Մէջ Ազրպէյճան Քանդած Է «Մեծ Եւ Փոքր Սիւնիքներ» Յուշակոթողը
Monument Watch-ը կ՛ահազանգէ, որ Ազրպէյճան քանդած է Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն սահմանագլխուն գտնուող «Մեծ եւ փոքր Սիւնիքներ» յուշակոթողը, յիշեցնելով, որ անոր կարգավիճակին վերաբերեալ թէ՛ զանազան լրատուականներ ու անհատներ, թէ՛ Monument watch նախաձեռնութիւնը ահազանգած էին տակաւին ապրիլ 2023-ին:
Այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Յիշեցնենք, որ 2023 թուականի մարտ 29-ին Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի նախկին երթուղիին փակումէն եւ արդէն ապրիլի սկիզբը` նոր երթուղիի արեւմտեան հատուածի (Կոռնիձոր եւ Տեղ գիւղերով անցնող) գործարկումէն ետք Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցաւ նաեւ Սիւնիքի եւ Արցախի սահմանագլխուն կառուցուած «Մեծ եւ փոքր Սիւնիքներ» կամ «Մայր հայրենիք» կոչուող յուշակոթողը:
«Յուշարձանը կառուցուած է 2004 թուականին մեծ եւ փոքր Սիւնիքներու միասնութեան գաղափարով: Յուշարձանին ճարտարապետը Սեւադա Զաքարեանն է, կառուցուած է Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի նախաձեռնութեամբ եւ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Մաքսիմ Յակոբեանի ֆինանսաւորումով: 2007 թուականին յուշարձանի տարածքին կանգնեցուած է նաեւ խաչքար: Սուղ ժամկէտներու ընթացքին յուշահամալիրին տեղափոխութեան անկարելիութիւնը նկատի առնելով` հայկական կողմը 2023 թուականի ապրիլի 3-ին տեղափոխեց միայն խաչքարը (https://syuniacyerkir.am/syuniqi-e%D6%82-artsakhi-sahmanaglkhin-kangnetsvats-mets-e%D6%82-poqr-syuniqner-hushakotokhy-nuynpes-okhbergakan-chakatagir-unetsav), եւ այս կարելի է համարել եզակի բացառութիւն, երբ յուշարձանը կը հանուի իր պատմական բնանկարէն, կը կտրուի իր ամբողջականութենէն` յանուն փրկութեան: Ինչպէս եւ կ՛եզրակացուէր, «Կուկըլ»-ի արբանեակային քարտէսի 2024 թուականի ապրիլ ամսուան թարմացումով արդէն կ՛երեւի, որ յուշարձանը հողին հաւասարեցուած է:
«1954 թուականի Լա Հէյի պայմանագիրը, որ նաեւ միւս միջազգային պայմանագիրներուն հիմքն է, իր առաջին յօդուածով սահմանած է. «Մշակութային արժէքը` անկախ ծագումէն կամ սեփականատէրէն, իւրաքանչիւր ժողովուրդի համար մեծ նշանակութիւն ունեցող շարժական կամ անշարժ ժառանգութիւն է, ինչպէս` ճարտարապետութեան, արուեստի կամ պատմութեան յուշարձանները, անկախ անոնց կրօնական կամ աշխարհիկ բնոյթէն»: Համաձայն «Զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի Լա Հէյի պայմանագիրի 4-րդ յօդուածին, արգիլուած է մշակութային ժառանգութեան հանդէպ վանտալիզմի, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուեյարդարի որեւէ գործողութիւն:
«Մեծ եւ փոքր Սիւնիքներ» յուշակոթողը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք պէտք է պաշտպանուած ըլլար վերոնշեալ պայմանագիրին առաջին արձանագրութեամբ, որ նախատեսուած է գրաւեալ, իւրացուած տարածքներու մէջ մշակութային կամ հոգեւոր արժէքներու պաշտպանութեան համար: Արձանագրութեան առաջին կէտը կը նշէ, որ` «Իւրաքանչիւր կողմ պարտաւոր է կանխել զինուած հակամարտութեան ժամանակ իր կողմէ գրաւուած տարածքէն մշակութային արժէքներու վնասը, արտահանումը, կամ փոխանցումը երրորդ երկիր» (http://portal.unesco.org/en/ev.phpURL_ID=15391&URL_DO=DO_TOPIC&URL_SECTION=201.html): Նկատենք, որ Ազրպէյճանը, 1993 թուականի սեպտեմբեր 20-էն ընդունած է այս արձանագրութիւնը եւ պարտաւորուած է հետեւելու դրոյթներուն (https://www.unesco.org/en/countries/az/conventions):
«Այնուամենայնիւ, ինչպէս ցոյց կու տան այս եւ ասոր նախորդած բազմաթիւ դէպքերը, Ազրպէյճանը կ՛իրականացնէ մշակութային ցեղասպանութիւն` ոտնահարելով միջազգային պայմանագիրներով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները»:
Ազրպէյճան Քանդեց Արցախի Հադրութի Շրջանի Մոխրենես Գիւղը
Հիմնուելով արբանեակային լուսանկարներու ներկայացուցած փաստերուն վրայ` Ազրպէյճան քանդած է հոկտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի Հադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղը: Աւերուած են գիւղի տուներուն մեծամասնութիւնը, դպրոցը, եւ մանկապարտէզը: Այս մասին կ՛ահազանգէ monumentwatch.org-ը, որուն այս առիթով հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«2022 թուականին Ազրպէյճան ոչնչացուցած է Մոխրենեսի Ս. Սարգիս եկեղեցին: Մոխրենես գիւղը եւ շրջակայքը հարուստ են յուշարձաններով: Մոխրենես գիւղի տարածքին հաշուառուած են աւելի քան 20 յուշարձաններ, գիւղին մօտ կը գտնուի յայտնի «Օխտը դռնի» վանքը: Ոչնչացման գործողութիւններու պատճառով ուղղակի վտանգի տակ յայտնուած են գիւղին շրջակայքը գտնուող յուշարձանները:
«2021 թուականէն սկսեալ գրաւուած Արցախի մէջ ազրպէյճանական կողմէն իրականացուող մեծածաւալ ճանապարհաշինարարական, ենթակառուցուածքային աշխատանքներու պատճառով Արցախի բազմաթիւ գիւղերու մէջ կը կատարուէին մեծածաւալ աւերումներ: Վտանգուած գօտիին մէջ կը գտնուին յատկապէս Հադրութի շրջանի գիւղերը եւ անոնց յարակից տարածքները, եւ որ պայմանաւորուած էր Շուշի տանող երկու նոր ճանապարհներու, անոնց սպասարկող ենթակառուցուածքներու կառուցումով, երբ կ՛աւերուէին հսկայական տարածքներ ճանապարհներու իրականացման, ինչպէս նաեւ շինարարութեան կազմածներու, սպասարկող անձնակազմի, շինարարական նիւթերու եւ թափօններու կուտակման համար: Յաճախ տարաբնոյթ ճարտարագիտական հարցերը կը լուծուէին ի հաշիւ հայկական գիւղերու կամ անոնց տուներու աւերման: Մոխրենես գիւղին աւերումը թերեւս ուղղակի այս միտումնաւոր գործողութիւններու հետեւանքն է:
«Մոխրենես գիւղի ենթակառուցուածքներու եւ մշակութային յուշարձաններու ոչնչացումը փորձելով դիտարկել մշակութային ժառանգութեան լայն հայեցակարգի շրջանակներուն մէջ` պէտք է նշենք, որ այս պարագային յարձակման ենթարկուած են թէ՛ նիւթական կառոյցները եւ թէ՛ ոչ նիւթական ժառանգութիւնը, անոնց շարքին` աւանդոյթները, պատմութիւնները, մարդոց կենցաղավարման մշակոյթը: Եւրոպայի խորհուրդին կողմէ ընդունուած մշակութային ժառանգութեան 21-րդ դարու ռազմավարութեան փաստաթուղթին մէջ ժառանգութիւնը կը սահմանուի հետեւեալ ձեւով.
«Մշակութային ժառանգութիւնը, ընդգրկելով նիւթական եւ ոչ նիւթական հարթութիւնը, հմտութիւնները, «իմանալ-ինչպէս»-ը, պատկերացումները, վերաբերմունքն ու այլ տարրեր, անքակտելիօրէն կապուած է անոր ընդհանուր պարունակին եւ բնական ու մշակութային միջավայրին հետ, ուր անիկա ձեւաւորուած է (Recommendation of the Committee of Ministers to member States on the European Cultural Heritage Strategy for the 21st century, (Adopted by the Committee of Ministers on 22 February 2017 at the 1278th meeting of the Ministers՛ Deputies), p. 3): Ուստի Արցախի մշակութային ժառանգութեան որեւէ ոչնչացում ո՛չ միայն տուեալ արժէքին ֆիզիքական կորուստին կը յանգի, այլեւ կը վնասէ ինքնութեան, կը խաթարէ բնական միջավայրը եւ էապէս կը վնասէ արցախահայերու մշակոյթի իրաւունքը: Արցախի ժողովուրդին` իր բնիկ տարածքէն բռնի հեռացնելը, իր իսկ ժառանգութեան հետ հաղորդակցուելու, իր համայնքի մշակութային կեանքին մէջ ներդրում ունենալու, ժառանգութիւնը կենսունակ պահելու եւ անիկա սերունդներուն փոխանցելու կարելիութեան չէզոքացումը կամ բռնի տեղահանութեամբ կասեցումը էական խոչընդոտ է ինքնութեան պահպանութեան եւ վերստեղծման համար:
«Գիւղին ոչնչացումը Ազրպէյճանի կողմէ պատերազմի ժամանակ եւ բռնազաւթման ամբողջ ընթացքին համակցուած յանցագործութիւններու շարք է` խախտելով թէ՛ պատերազմի ժամանակ ժառանգութեան պահպանութեան միջազգային կանոններն ու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ հաստատուած իսկութեան եւ ամբողջականութեան սկզբունքները, այլեւ` Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները: Գիւղին հասցուած վնասը, համաձայն «Զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» Լա Հէյի 1954 թուականի վեհաժողովին 4-րդ յօդուածին եւ լրացուցիչ` 1999 թուականին ընդունուած երկրորդ արձանագրութեան 15-րդ յօդուածին Ա. կէտին, «լուրջ խախտում» է, որ իբրեւ ռազմական յանցագործութիւն` կրնայ հետապնդուիլ միջազգային դատարաններու մէջ:
Վանաձորի Մէջ Սկիզբ Առաւ ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան Պատանեկան Ճամբարը
2011 թուականին Վանաձորին մէջ կայացաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Քանատայի երիտասարդական միութեան պատանեկան առաջին ճամբարը: Յաջորդող տարիներուն ճամբարի ծրագիրը շարունակուեցաւ իբրեւ Քանատայի երիտասարդական միութեան հայրենի ծրագիր: Այս ճամբարներուն ծրագիրները կ՛ընդգրկեն` Դաշնակցութեան եւ Հայ դատի պատմութիւն, Արցախի ազատագրական պայքարի պատմութիւն, հայրենասիրական երգերու ուսուցում, անգլերէնի եւ համակարգիչի դասընթացքներ, մարմնակրթական եւ ուսուցողական խաղեր:
Այս տարի իբրեւ վարիչ` ճամբարին կը մասնակցին Քանատայի երիտասարդական միութենէն 10 անդամներ, որոնք հայրենի նորահաս սերունդը ազգային գաղափարախօսութեամբ թրծելու յանձնառութիւնը ստանձնած` կը գտնուին հայրենիք: Ճամբարին կը մասնակցին 200 պատանիներ:
Անցնող տարիներուն ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդականի անդամ աւելի քան հարիւր պատասխանատու-վարիչներ գործուղուած են Լոռիի մարզ, եւ նոյն այդ ժամանակահատուածին երկու հազար երեխաներ մասնակից դարձած են ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան ամառնային ճամբարներու ծրագիրներուն:
Գիտական Հիմքէ Զուրկ Ազրպէյճանական Պետական Քարոզչութիւնը Տեղ Գտաւ Նաեւ Վատիկանի Պաշտօնաթերթին Մէջ
Վատիկանի պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուեցաւ յօդուած մը, որուն մէջ Արցախի հայկական ժառանգութեան կարեւորագոյն յուշարձանները կը ներկայացուին իբրեւ աղուանական ժառանգութիւն:
«Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնարկը արձագանգելով` հաստատեց, որ անիկա զուրկ է գիտական հիմքէ եւ կը հակասէ գիտականութեան չափանիշներուն:
«Վատիկանի «L՛Osservatore Romano» պաշտօնաթերթը վերջերս հրատարակեց յօդուած մը` «A Khudavang, Ganjasar e Khatiravang Monasteri tra le nuvole» վերնագրով, որուն մէջ հայկական ժառանգութեան կարեւորագոյն յուշարձանները` Դադիվանքը, Գանձասարը եւ Խաթրավանքը, ներկայացուած են իբրեւ աղուանական ժառանգութիւն: Նիւթին հեղինակն է Ռոսելլա Ֆապիանը: Ան յօդուածին մէջ հեղինակը խօսած է Ազրպէյճան կատարած իր այցելութիւններուն մասին եւ` նշած, որ այցելած է «Garabagh» (ընդգծումը` յօդուածէն), ծանօթացած է «աղուանական ժառանգութեան» նշանաւոր վանքերուն: Պէտք է նշել, որ յօդուածը զուրկ է գիտական հիմքէ եւ կը հակասէ գիտականութեան չափանիշներուն` հիմնուած ըլլալով միայն հեղինակի դիտարկումներուն եւ տպաւորութիւններուն վրայ: Անգամ յօդուածին վերնագրին մէջ հայկական յուշարձաններու ազրպէյճանականացուած անուանումներու օգտագործումը ցոյց կու տայ, որ ազրպէյճանական պետական քարոզչութիւնը տեղ գտած է նաեւ Վատիկանի պաշտօնաթերթին մէջ», կ՛ըսուի հիմնարկի յայտարարութեան մէջ:
Անոր մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան բռնաիւրացման այս գործելաոճը միջազգային նոր հարթակներ կը գրաւէ, իսկ անոր հիմքը, բնականաբար, Ազրպէյճանի հարուստ նաւթարդիւնաբերութիւնը եւ պետութեան կողմէ հսկայական գումարներու ներդրումն է միջազգային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութեան մէջ:
«Ազրպէյճան պատմական կեղծարարութիւնը դարձուցած է ոչ միայն պետական քաղաքականութիւն, այլեւ` միջազգային հարթակներէն հնչող տեսութիւն: Պաքուն մէկ կողմէ իբր թէ կը կերտէ իր «բազմամշակութային եւ ժողովրդավար» կերպարը, միւս կողմէ` «կը միջազգայնացնէ» հայկական մշակութային ժառանգութեան բռնաիւրացման գործիքակազմերը: Ընդամէնը ամիսներ առաջ, այսպէս կոչուած, «աղուանական ժառանգութեան» լուսանկարներու ցուցահանդէսը կազմակերպուեցաւ Լեհաստանի մէջ, ուր կրկին Ազրպէյճանի դեսպանատունը ունէր իր աշխուժ ներգործութիւնը: Այս բոլորը վտանգաւոր հող կը պատրաստեն հայկական ժառանգութեան ինքնութեան խեղաթիւրման, պատմական փաստերու կեղծման եւ միջազգային հարթակներու միջոցով այդ թեզերու տարածման համար», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը:
«Գեղարդ» հիմնարկը կը դատապարտէ Ալիեւի բռնապետական վարչակարգին` կարելի բոլոր միջոցներով հայկական մշակութային ժառանգութեան բռնաիւրացման քաղաքականութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հեղինակաւոր գիտական կազմակերպութիւններու, կառոյցներու եւ լրատուամիջոցներու` տուրք չտալու ազրպէյճանական պետական հակահայկական քարոզչութեան: