Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախի Հասարակութիւնը Ընդհանրական Պատասխանատուութիւն Ունէր Իր Պետութեան Եւ Պետականութեան Նկատմամբ. Վահրամ Բալայեան
«Արցախի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ պետական շինարարութիւնը դարերու ընթացքին ձեւաւորուած արցախահայութեան արտայայտութեան ձեւ էր», ՀՀԿ գրասենեակին մէջ կայացած «ԼՂՀ անկախութեան հիմնախնդիրը իրաւական եւ քաղաքական հարթութիւններում» նիւթով համաժողովի ժամանակ կարծիք յայտնեց Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Բալայեան` աւելցնելով, որ Արցախի հասարակութիւնը ընդհանրական պատասխանատուութիւն ունէր իր պետութեան եւ պետականութեան նկատմամբ:
«Պատահական չէ, որ թուրքերը, Ստեփանակերտը գրաւելէ ետք, առաջինը քանդեցին Արցախի Ազգային ժողովի շէնքը եւ Ազատամարտիկներու միութիւնը, որովհետեւ այդ երկու յենասիւներն են, որոնց վրայ պետութիւնը իսկապէս կը յենէր եւ կը յառաջանար: Պատահական չէ, որ Ալիեւը Ազգային ժողովի շէնքը անուանած էր «սատանայի բոյն», իրենց լրատուամիջոցներն ալ անընդհատ զայն կրկնելով` կը խօսէին անոր մասին», յայտնեց Վ. Բալայեան: Ան նաեւ անդրադարձաւ Արցախի անկախացման, պետական հիմնարկներու ձեւաւորման գործընթացին մանրամասնութիւններուն:
ՀՀԿ գրասենեակին մէջ իրականացաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան 33-ամեակին առիթով «Արցախեան համանուագ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը:
ՀՕՄ–ի Արցախի Մեկուսի Մասնաճիւղին Նախաձեռնած Բանակում–Ճամբարը Կայացաւ «Արցախն Իմ Հոգում» Խորագիրով
25-30 օգոստոսին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղին եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան միասնական ճիգերով նախաձեռնուած բանակում-ճամբարը` «Արցախն իմ հոգում» խորագիրով, որուն մասնակցեցան 12-16 տարեկան մօտաւորապէս 90 պատանիներ:
Օգոստոս 27-ին մեր շատ սիրելի արցախցի պատանիներուն այցելեցին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիները` ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանի գլխաւորութեամբ:
Իր ողջոյնի եւ լաւատեսական խօսքը յղեց մասնակիցներուն Արցախի թեմի առաջնորդ` Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը: Նշենք, որ հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ` Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Բալայեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, Արցախի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ` տեղի հոգեւորականներէն:
Դասախօսութիւն-զրոյցով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան: Ան պատանիներուն ներկայացուց ՀՕՄ-ի պատմութիւնը` ներկայացնելով կազմակերպութեան գաղափարական առանցքը: Յորդորեց զինուիլ համբերութեամբ, ըլլալ միասնական, լեցուիլ ուժով եւ հաւատքով, պայքարի շունչը երբեք չկորսնցնել, վստահ ըլլալ, որ անպայման վերադարձ հայրենի Արցախ պիտի կրկնուի:
Բանակումի պաշտօնական փակման ներկայ գտնուեցան` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մհեր Աւետիսեանը, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանը, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անդամ, ՀՕՄ-ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետ Մելանիա Բալայեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շերնէզեանը եւ ծնողներ:
Փակման արարողութիւնը մեկնարկեց ՀՄԸՄ-ի նահատակներու յուշարձանին ծաղիկներ խոնարհելով եւ աղօթքով, որմէ ետք հնչեցին Արցախի եւ Հայաստանի քայլերգները:
Փակման արարողութեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մհեր Աւետիսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ին` համագործակցելու, ազգային ձեռնարկներ նախաձեռնելու եւ կազմակերպելուն համար, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան` գաղափարական եւ կազմակերպչական կեցուածք դրսեւորելուն համար, իսկ պատանիներուն` աշխուժ մասնակցութեան համար, նշելով, որ ՀՅԴ Արցախի կառոյցը մնայուն պատրաստ է աջակցելու նմանատիպ ծրագիրներու:
Պարոյր վրդ. Շերնէզեան իր խօսքը սկսաւ աղօթքով եւ օրհնանքով, ապա նշեց, որ ՀՕՄ-ի կազմակերպած այս բանակումին նպատակը պարզապէս պատանիները համախմբելը չէր, այլ` անոնց նուիրել այն արժէքներն ու շնորհը, որով ՀՕՄ-ի կառոյցը արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ մեր ազգին ու եկեղեցիին:
«Յոյսով եմ` այն, ինչ որ այս բանակումին սորվեցաք, ձեր սրտերուն մէջ պիտի պահէք եւ ի վերջոյ փոխադարձէք մեր ազգին», նշեց ան:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան պատանիներուն մաղթեց, որ մնայուն Մաշտոցէն, Նարեկացիէն մասունք ունենան իրենց հոգիին մէջ, Արցախի հերոսներուն ազատատենչ ոգին եւ ուժը ունենան, որպէսզի կարենան ճիշդ ապրիլ եւ իրենց հոգիին մէջ պահեն այն մեծ հաւատքը, որ պիտի վերադառնան Արցախ:
«Արցախը մերն է եւ մերն ալ պիտի ըլլայ, Արցախը հայախօս եւ հայաշունչ պիտի ըլլայ», ըսաւ Զ. Քոչարեան:
ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետ Մելանիա Բալայեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան` բանակումը կեանքի կոչելուն օժանդակելուն եւ միշտ Արցախի ու Արցախի ժողովուրդի կողքին ըլլալու, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան` համագործակցելուն համար: Անդրադառնալով բանակումին «Արցախը իմ հոգում» խորագրին` ան նշեց.
«Արցախը ես ձեր աչքերուն ու ձեր մէջ կը տեսնեմ, դուք էք Արցախը, եւ ուրեմն Արցախը կայ, Արցախը մերն է եւ մերն ալ ըլլալու է: Ապրեցէ՛ք եւ մնայուն հաւատարիմ մնացէք մեր ազգային, վեհ արժէքներուն: Ձեր մէջ պիտի ապրի Արցախը, եւ ձեզմով պիտի ապրի Արցախը»:
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը բանակումի փակման եկաւ մասնակից պատանիներուն համար նուէրներ բերելով: Սեպտեմբեր 1-ին ընդառաջ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի երիտասարդական միութիւններուն կողմէ բանակումի մասնակիցներուն բաժանուեցան գրենական պիտոյքներ եւ դպրոցական պայուսակներ:
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահագն Խաչատրեան շեշտեց այսպիսի բանակումներու կայացումը, որովհետեւ Արցախի կորուստէն ետք մեր միասնականութիւնը այս ձեւով կ՛արտայայտենք:
Վ. Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ին` համագործակցութեան համար, նշելով որ ՀՕՄ-ի եւ Արցախի երիտասարդական միութեան համագործակցութիւնը առաջին անգամ չէ, եւ յուսաց, որ յառաջիկային այդ համագործակցութիւնն ա՛լ աւելի կը խորանայ:
«ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անունով կը շնորհաւորեմ բոլոր դպրոցականները` նոր ուսումնական տարուան առիթով, մաղթելով, որ այս նոր ուսումնական տարուան ընթացքին ձեռք բերեն շատ գիտելիքներ եւ զանոնք ծառայեցնեն հայ ազգին», նշեց Վ. Խաչատրեան:
Ձեռնարկին պատանիները իրենց սորված երգերը, պարերն ու կանչերը ներկայացուցին հիւրերուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ խարուկահանդէս, որուն ընթացքին հայրենասիրական երգերու կատարումներով ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Շուշան Պետրոսեան:
Արցախի Թեմին Կազմակերպութեամբ Ձեռնարկ` Նուիրուած Արցախի Անկախութեան Հռչակման Տօնին
Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի օրհնութեամբ, Արցախի թեմը կազմակերպեց ձեռնարկ մը` նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տօնին:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Հայաստանի եւ Արցախի պետական քայլերգներով: Այնուհետեւ հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ հնչեց Տէրունական աղօթքը:
Արցախի թեմի գրասենեակի պատասխանատու Մելանիա Բալայեան իր սրտի խօսքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տօնին առիթով շնորհաւորեց բոլորը:
Ձեռնարկին խօսքեր արտասանեցին` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց, Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան եւ Արցախի թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Ներկայ էր նաեւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ իր խօսքի աւարտին շուիով նուագեց Արցախի հորովելը, որուն ստեղծած մթնոլորտին մէջ ներկաները պահ մը մտովի տեղափոխուեցան դէպի Արցախի բարձրադիր լեռները: Ժողովրդական երգերով ելոյթ ունեցան նաեւ «Դիզակ արտ» կեդրոնի սաները:
Աւարտին Վրթանէս սրբազան իր ամփոփիչ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին: Ան յորդորեց միասնական եւ անկոտրում ըլլալ, որպէսզի դարձեալ կարենանք Արցախի մէջ նշել անկախութեան հռչակման տօնը:
Հայրենի Գիւղի Հանդէպ Սէրն Ու Կարօտը Իրենց Սրտին Մէջ` Հաւաքուեցան Աշանցիները
Յուզմունք եւ ուրախութիւն, ափսոսանք ու տխրութիւն իրարու միախառնուեցան:
Տեղահանութենէն ետք Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ ապաստանած շուրջ 200 աշանցիներ hայրենի Աշան գիւղի կորուստէն եւ բռնի տեղահանումէն 11 ամիս ետք հաւաքուեցան Գառնիի մէջ, ուր եկան մեծ ու փոքր` զիրար տեսնելու, կարօտ առնելու, անցեալը վերյիշելու:
Ձեռնարկը իր տեսակով իւրայատուկ էր այն առումով, որ Արցախի բռնագրաւումէն ետք ասիկա համայնքային առաջին հաւաքն էր:
Հանդիպում-հաւաքը նախաձեռնեցին աշանցի խումբ մը երիտասարդներ: Ձեռնարկը մեկնարկեց մէկ վայրկեան լռութեամբ. ներկաները յարգեցին Աշանի եւ բոլոր նահատակներուն յիշատակը:
Երիտասարդ աշանցի Վահագն Խաչատրեան իր խօսքին մէջ ափսոսանք յայտնեց, որ զիրար տեսնելու համար ստիպուած են հայրենի գիւղէն հեռու հաւաքուելու, սակայն ուրախութեամբ նշեց, որ Աշանը դարձաւ այն առաջին համայնքը, որ վերամիաւորուեցաւ մայր Հայաստանի մէջ, եւ յոյս յայտնեց, որ այս օրինակին կը հետեւին նաեւ միւս համայնքները: «Նմանատիպ հաւաքները զիրար չկորսնցնելու եւ համայնքը պահելու միջոց են` մինչեւ տուն վերադառնալը: Այս հաւաքը վերջինը չէ, եւ նախաձեռնող խումբին կողմէ ապագային համայնքին աշխուժացման ուղղուած այլ ծրագիրներ եւս կը կազմակերպուին», նշեց ան:
Սեպտեմբեր 1-ին ընդառաջ` Աշանի բարեկամ Ծիա Վարդապետեանի եւ իր ամուսինին կողմէ Աշանի «Անիթա Յովսէփեան» միջնակարգ դպրոցի առաջին դասարանցիներուն, իսկ «Հայկական կամուրջ» նախաձեռնութեան եւ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի երիտասարդական միութեան կողմէ 2-12-րդ դասարանցիներուն դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ բաժնեցին:
Հաւաքի ընթացքին աշանցի երիտասարդ գրող Հերմինէ Աւագեան նշեց, որ այսօր ուրախ օր է, հակառակ որ բոլորս կորուստներ ունինք` կորսնցուցինք մեր ծննդավայրը, մեր մանկութիւնը, մեր երազները: «Եթէ այսօր բոլորս կրցանք նորէն հաւաքուիլ, զիրար տեսնել, այս դժուար ու անորոշ օրերուն մէջ կարեւոր քայլ ու յոյսի շող է, որ այս հանդիպումները շարունակական ըլլան, որպէսզի զիրար չկորսնցնենք: Այս յոյս է: Չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս, բայց ես կը հաւատամ, որ պիտի իրականանայ բոլորս միաւորող երազը` վերադարձի երազը», նշեց ան:
Ձեռնարկը իրականացաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Թէ՛ երեխաները, թէ՛ աւագները արտասանեցին բանաստեղծութիւններ, երգեցին երգեր, յիշեցին գիւղի յայտնի ասոյթներ, կատակներ, գիւղի յայտնի մարդոց, հետաքրքրական պատմութիւններ: Ընթացքին կազմակերպուեցաւ նաեւ կատակ-խաղ, որուն ընթացքին հին ու նոր Աշանի բնակիչներուն հետ կապուած հետաքրքրական պատմութիւններ յիշեցին, իսկ ներկաները փորձեցին գուշակել, թէ որո՞ւ մասին է խօսքը:
Նախաձեռնող խումբը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հաւաքի կայացման աջակցած` Աշան համայնքի բարեկամ շարք մը նուիրատուներու: Օրը աւարտեցաւ կրկին հաւաքուելու մտադրութեամբ:
Սպիտակ Վանք Համալիրի Պեղումներու Ընթացքին Յայտնաբերուած Է Հայկական Եկեղեցի
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի արշաւախումբը պեղումներ կը կատարէ Արարատի մարզի Լանջանիստ գիւղի Սպիտակ վանք համալիրի տարածքին մէջ, ուր յայտնաբերած է հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին, յարակից տապանավայրը, օժանդակ շինութիւններ:
14-րդ դարու սկիզբին վերագրուող եկեղեցին կառուցուած է սպիտակ, սրբատաշ աւազաքարով, ուրկէ ալ` Սպիտակ վանք ժողովրդական անունը:
Հիմնարկէն կը հաղորդեն, որ նորայայտ եկեղեցւոյ պատերը պահպանուած են գրեթէ 1,5 մեթր բարձրութեամբ, խորանին իր տեղը յայտնաբերուած է սուրբ սեղանը, իսկ հիւսիսային պատին` մկրտութեան աւազանը:
Պեղումներուն շնորհիւ երեւան եկած են նաեւ բազմաթիւ տապանաքարեր, որոնց մէկ մասը կը կրէ մարդկային պատկերներ` 13-14-րդ դարերուն բնորոշ: Գտնուած է նաեւ մէկ մոնկոլական դրամ:
Շուշիի «Վարանդա» Մանկապատանեկան Երգչախումբը Այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին
Սեպտեմբեր 6-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Շուշիի «Վարանդա» մանկապատանեկան երգչախումբը` ընկերակցութեամբ երգչախումբի հիմնադիր-ղեկավար Զաքար Քէշիշեանի:
«Վարանդա» երգչախումբը, որ ամբողջութեամբ բաղկացած է արցախահայերէ, «Երգող Արցախ» վերնագիրով համերգներ պիտի տայ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ:
Հանդիպման սկիզբը Զ. Քէշիշեան սրբազան հօր ներկայացուց հիւրերը` տեղեկութիւններ փոխանցելով երգչախումբին հիմնադրութեան եւ գործունէութեան մասին:
Այնուհետեւ Նաթան սրբազան` ողջունելով ներկաները, անոնց փոխանցեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հայրական սէրն ու օրհնութիւնը եւ իր գնահատանքը տուաւ երգչախումբի անդամներուն` հայրենիքի համար ծանր ու դժուարին օրերուն իրենց գեղեցիկ կատարումներով հայորդիներուն ուրախութիւն, սէր, մխիթարութիւն ու ապագայի հանդէպ յոյս պարգեւելուն համար:
Սրբազան հայրը նաեւ յորդորեց պատանիները` Շուշին միշտ վառ պահելու իրենց հոգիներուն մէջ, սիրելու հայրենի Արցախը, ապրելու եւ արարելու Արցախով: