Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորներ Այցելեցին Վանաձորի Պատանեկան Ճամբար
11-րդ անգամն ըլլալով, ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութիւնը պատանեկան ճամբար մը կը կազմակերպէ Լոռիի մարզային կեդրոնին` Վանաձորի մէջ: ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական միութեան 10 անդամներ գործուղուած են Վանաձոր: Անոնց միացած են ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան 7 անդամներ:
Ճամբարին ընթացքին սփիւռքէն եկած երիտասարդները գիտելիքներ եւ հմտութիւններ կը փոխանցեն պատանիներուն, կը կազմակերպեն մրցումներ, խաղեր, կը սորվեցնեն ազգային երգեր ու պարեր եւ կը կազմակերպեն զանազան նիւթերով դասախօսութիւններ` նպատակ ունենալով պատանիներուն մէջ ամրապնդել ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը: Պատանիները կը ծանօթանան Դաշնակցութեան, Հայ դատին եւ Արցախի ազատագրական պայքարի պատմութեան:
Այս տարուան ճամբարին կը մասնակցին առաւել քան 200 պատանիներ, որոնց մէկ մասը արցախցի պատանիներ են: Ճամբարի թեման Արցախն է: Խումբերը կը կոչուին Արցախի շրջաններուն անուններով, եւ իւրաքանչիւր խումբ ունի իր անունին համապատասխան կանչը:
Հինգշաբթի, 8 օգոստոսին ճամբար այցելեցին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ` Արմենուհի Կիւրեղեան, Քրիստինէ Վարդանեան եւ Գառնիկ Դանիէլեան: Անոնք պատանիներուն հետ զրուցեցին պայքարի մասին, թէ ի՛նչ է անիկա, եւ ինչու նախ մարդիկ, ապա ազգերը կը պայքարին:
Արցախի Մանուկ–Պատանիներու Համար Կազմակերպուող Ճամբարները Կը Շարունակուին
Աբովեան եւ Մասիս քաղաքներու մէջ վերաբնակեցուած արցախցի 6-14 տարեկան մանուկ-պատանիներու համար կը կազմակերպուին բակային ճամբարներ: Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Արցախ ֆոնտ»-ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ Աբովեան ու Մասիս քաղաքներու համայնքապետարաններուն միացեալ աջակցութեամբ:
Մէկ ամիս տեւողութեամբ, ամէն շաբաթ եւ կիրակի օրերը արցախցի մանուկ-պատանիները կարելիութիւնը կ՛ունենան ծանօթանալու սկաուտական սովորութիւններուն, ձեռք բերելու խումբի մը մէջ աշխատելու հմտութիւններ եւ կարեւորագոյնը` ժամանակ անցընել արցախեան մթնոլորտի մէջ ու նոր գիտելիքներով վերադառնալ տուն:
Սկաուտները, աշխատելով արցախցի մանուկ-պատանիներուն հետ, ջանք եւ եռանդ չեն խնայեր, որ անոնց առօրեան հետաքրքրական ու յագեցած ըլլայ, իսկ աչքերը փայլին ուրախութեամբ:
ՀՅԴ Արցախի Պատանեկան Միութեան 5-րդ Համաարցախեան Պատանեկան Բանակումը Բիւրականի Մէջ
Օգոստոս 4-9 Բիւրականի մէջ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան աջակցութեամբ կազմակերպեց ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան 5-րդ համաարցախեան պատանեկան բանակումը, որ կը կրէր` «իմ Արցախ, իմ հող ու ջուր, իմ Հայաստան…» խորագիրը: Բանակումին մասնակցեցան 12-16 տարեկան` Արցախէն 170, իսկ ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութենէն 10 պատանիներ: Բանակումի ընթացքին պատանիները սորվեցան ազգային երգ ու պար, ունեցան մարմնակրթական եւ մտամարզային մրցոյթներ, լսեցին դասախօսութիւններ` Հայոց պատմութեան, մետիագրագիտութեան, ժողովրդական երգերու, առաջին բուժօգնութեան, կրակային պատրաստութեան եւ այլ նիւթեր, աւելի՛ն, իրենց սորվածը կիրարկել նաեւ գործնականօրէն: Պատանիները օրուան ընթացքին իրենց սորված կանչերը, երգերն ու պարերը ամփոփեցին երեկոյեան խարոյկի շուրջ: Տարբեր դասախօսութիւններով պատանիներուն այցելեցին քաղաքական, մշակութային գործիչներ, տարբեր ոլորտի մասնագէտներ:
Պատանիներուն այցելեց եւ անոնց հետ զրուցեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը, որ տասնամեակներ շարունակ իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած է արցախեան մշակութային կեանքին մէջ:
Պատանիներուն համար դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ տնտեսական ոլորտի մասնագէտ Ժիրայր Պէօճեքեանը: Բանակումի պաշտօնական փակման ներկայ գտնուեցան` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանը, ՀԱՍԵ Արցախի թեմի հոգեւոր հայր Մինաս քհնյ. Մովսիսեանը, ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու ընկերները, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամները եւ ծնողները: Լիայոյս ենք, որ բանակումին իրարու հետ համախմբուած պատանիները կը շարունակեն իրենց ընկերութիւնը նաեւ բանակումէն ետք:
«Նաւասարդ» Հայ–Իրանական Մշակութային–Խոհարարական Փառատօնին Արցախի Խումբը Նուաճեց Պրոնզէ Մետալ
Արցախեան խումբը 4 տաղաւարով 10 օգոստոսին Սիսիանի մէջ մասնակցեցաւ հայ-իրանական մշակութային-խոհարարական «Նաւասարդ» 3-րդ փառատօնին եւ ստացաւ պրոնզէ մետալ:
Արցախի Հանրապետութիւնը մասնակցած էր նաեւ առաջին փառատօնին եւ այդ ժամանակ նուաճած էր ոսկեայ մրցանակ:
Փառատօնի ընթացքին մասնակից հայկական եւ իրանական խումբերը տաղաւարներու մէջ պատրաստած եւ ներկայացուցած են ազգային խոհանոցի բազմազանութիւնն ու պատմութիւնը, իսկ մշակութային եւ երաժշտական գօտիներու մէջ ներկայացուած են` պար, երաժշտութիւն, արուեստի գործեր, արհեստագործական արտադրանքներ:
Նշենք, որ փառատօնի կազմակերպիչներն են Զբօսաշրջութեան հայկական միութիւնը` Armenian Tourism Federation եւ «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութիւնը:
Արցախեան խումբի մասնակցութիւնը ապահոված է Artsakh Tourism & Culture Development Agency Արցախի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւնը:
Կոմիտասի 155-Ամեակին Ընդառաջ Կը Կայանայ «Կոմիտասեան Հայաստան» Խորագրով Ֆլեշմոպ
Կոմիտասի 155-ամեակին ընդառաջ «Եու Յովհաննիսեանի անուան արուեստի եւ գրականութեան ժողովրդական համալսարանը նախաձեռնած է «Կոմիտասեան Հայաստան» խորագրով ֆլեշմոպ, որ բնականաբար կ՛իրականացուի ընկերային ցանցերով: Ֆլեշմոպը սկսաւ 11 օգոստոսին եւ պիտի աւարտի Կոմիտասի ծննդեան օրը` 26 սեպտեմբերին:
Ներկայացնելով ֆլեշմոպի կանոնները` համալսարանի նախագահ Անահիտ Օհանեան տեղեկացուց, որ իւրաքանչիւր անհատ, ընկերութիւն կամ հաստատութիւն կրնայ դառնալ այդ ֆլեշմոպի մասնակիցը: «Իւրաքանչիւր մասնակից Դիմատետրի իր հարթակին ուղիղ եթերին կամ նախօրօք պատրաստուած տեսահոլովակի ձեւաչափով կրնայ տեղադրել Կոմիտասին վերաբերող նիւթ` նկար, քանդակ կամ հանդէս գայ երգով, բանաստեղծութեամբ, ասոյթով, յուշով: Անհրաժեշտ է տեղադրել նաեւ միջոցառման հեշթեկերը` #ԿոմիտասեանՀայաստան, #Կոմիտաս155», նշեց Անահիտ Օհանեան` շեշտելով կոմիտասեան ֆլեշմոպի տարածումը եւ կոչ ուղղեց միանալու նախաձեռնութեան:
«Կոչ կ՛ուղղենք համայն հայութեան աշխուժօրէն մասնակցելու ֆլեշմոպին: Մէկ ակնթարթ միաւորուինք Մեծն Կոմիտասի շուրջ, մեր խոնարհումը յայտնենք ու դառնանք Վարդապետին ժառանգութեան իրաւատէրը», աւելցուց Անահիտ Օհանեան:
Կառավարութեան Կողմէ Յատկացում` Համազգայինի Սօս Սարգսեանի Անուան Թատրոնի Նոր Շէնքի Վերանորոգութեան Համար
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով կը նախատեսուի Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան 2024-ի պետական պիւտճէով յատկացուած միջոցներու հաշիւին մէջ կատարել վերաբաշխում` 137 հազար 95,4 դրամ գումարի չափով` Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնին` Հանրի Վերնոյ 3 հասցէին վրայ կառուցուած նոր շէնքի ներքին յարդարման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Երուանդ Մանարեանի արձանի պատրաստութեան ու տեղադրման աշխատանքներու եւ յարակից ծառայութիւններու ձեռքբերման նպատակով:
Որոշումին ընդունման իբրեւ արդիւնք` պիտի ամբողջացուին Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի նոր շէնքի պայմաններ ստեղծելու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` Երուանդ Մանարեանի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները:
Հայաստանի Ազգային Գրադարան Այցելեց Հասարակական Գործիչ, Բարերար Կիրակոս Գույումճեանը
Հայաստանի Ազգային գրադարան այցելեց քուէյթահայ գործարար, բարերար եւ հասարակական գործիչ Կիրակոս Գույումճեանը: Ան Ազգային գրադարանին նուիրած է արաբերէն շուրջ երեք տասնեակ գիրքեր, որոնցմէ քանի մը հատին հեղինակը նոյնինքն Կիրակոս Գույումճեանն է: Գիրքերը արաբական մամուլին մէջ տպագրուած Գույումճեանի յօդուածներու ժողովածուներն են: 2013 թուականին արաբերէնով լոյս տեսած «Կայաններ եւ դիրքորոշումներ» գիրքին մէջ զետեղուած են տարիներու ընթացքին Գույումճեանին գրած եւ հրատարակած քաղաքական եւ պատմական նիւթերով յօդուածները:
2023 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Գույումճեանին «Իմ երթը երկաթի հետ» արաբերէն գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը մարդկութեան համար շատ կարեւոր եւ անփոխարինելի մետաղի մասին փայլուն հանրագիտարան մըն է:
Կիրակոս Գույումճեան Քուէյթի հայ համայնքի նշանաւոր անդամներէն է: Ան Քուէյթի մէջ հիմնած եւ ղեկավարած է «Մեթալ սենթըր քոմփանի» մետաղագործական մեծ ընկերութիւնը:
Գույումճեան նաեւ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած է հայ համայնքին համար: Ան արաբական մամուլին մէջ գրած է տասնեակ յօդուածներ հիմնականօրէն հայկական նիւթերով` պատմութիւն, քաղաքականութիւն, գրականութիւն եւ այլն: