Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուշիէն Ստեփանակերտ Եւ Երեւան. «Վարանդա» Երգչախումբը Կը Շարունակէ Իր Գործունէութիւնը

Օգոստոս 9, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ «Երգող Արցախ» երգչախմբային ծրագիրը, որուն կը մասնակցին 10-14 տարեկան արցախցի մանուկ-պատանիներ:

«Ապառաժ»-ի լրագրող Տաթեւիկ Աղաջանեանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Քէշիշեան նշեց, որ հակառակ նոր պայմաններուն մէջ ծագած բազմաթիւ հարցերուն` իրենք որոշեցին շարունակել գործունէութիւնը:

«Երեխաները անընդհատ կը գրէին, թէ արդեօք կարելի՞ է Երեւանի մէջ ծրագիր մը իրականացնել: Դիմատետրի վրայ յայտարարութիւն մը տեղադրեցի, որովհետեւ չէի գիտեր, թէ ով ո՛ւր կ՛ապրի հիմա: Պարզուեցաւ, որ հիմնականօրէն անոնք կ՛ապրին Երեւան, Մասիս եւ Աբովեան քաղաքներուն մէջ, հետեւաբար ծրագիրը իրագործելու համար այս ամառ եկայ հոս»:

2020-ի պատերազմէն եւ Շուշիի անկումէն ետք «Վարանդա» երգչախումբին տնօրէնութիւնը Ստեփանակերտի մէջ կեանքի կոչեց «Երգող Արցախ» երաժշտական ծրագիրը եւ յաջորդող տարիներուն, նաեւ նոր սաներով, իրագործեց զայն:

«32 տարիներու ընթացքին միայն անցեալ տարի էր, որ շրջափակման պատճառով չկրցայ Արցախ այցելել», յիշեց Քէշիշեան:

Երեւանի մէջ ծրագիրը կը ֆինանսաւորեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան  Միացեալ Նահանգներու թեմը եւ քանի մը անհատներ: Արդէն շուրջ 80 մանուկ-պատանիներ խմբուած եւ սկսած են փորձերը, որոնք տեղի կ՛ունենան երկուշաբթի, երեքշաբթի, հինգշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, կէսօրէն ետք ժամը 3:00-էն 4:30, Սայաթ Նովա փողոցի 15 հասցէին վրայ գտնուող Հայաստանի երաժշտական ընկերութեան դահլիճի մէջ: Մասնակցութիւնը անվճար է, փափաքողները կրնան միանալ:

Աւանդաբար «Վարանդա»-ի փորձերը կ՛եզրափակուին համերգային ծրագիրով մը, այս տարին եւս բացառութիւն պիտի չըլլայ:

Կը նախատեսեն օգոստոսի վերջերուն եւ սեպտեմբերի առաջին կիսուն շարք մը ելոյթներ ունենալ Երեւանի եւ մօտակայ քաղաքներու մէջ:

Խօսելով հարցերու մասին` Քէշիշեան յայտնեց, որ հոս տակաւին չկան գործունէութեան համար այն պայմանները, որոնք Արցախի մէջ կային: «Բայց, փոխարէնը, ունինք կամք, նուիրում, հաւատք եւ արցախցի հրաշալի երեխաներ, որոնք կ՛իրագործեն այդ ծրագիրը: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ երեխաներու մշակութային կազմաւորման նպաստող այցելութիւններ` համերգներ, թանգարաններ եւ թատրոններ», աւելցուց ան:

Քէշիշեան նաեւ խօսեցաւ Երեւանի մէջ Համազգայինի գրասենեակին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն մասին: Ըստ անոր, ի տարբերութիւն հայրենի իշխանութիւններուն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշած է Համազգայինի Արցախի կառոյցը Հայաստանի մէջ պահել իբրեւ վտարանդի կառոյց` իր վարչութեամբ ու կազմով:

«Համազգայինի գրասենեակը կը գործադրէ շարք մը ծրագիրներ` հոգեբաններու հետ աշխատանք, ամառնային դպրոց, կերպարուեստ, տիկնիկագործութիւն, Արցախի բարբառը պահպանելուն ուղղուած միջոցառումներ, համալսարան ընդունուիլ փափաքողներուն համար հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիր եւ բազմաթիւ այլ ծրագիրներ», ըսաւ երկարամեայ խմբավարը:

Իսկ դուք ինչպէ՞ս կ՛աշխատիք Արցախէն հեռու հարցումին իբրեւ պատասխան` Քէշիշեան ըսաւ. «Ատամները սեղմելով»:

Նախորդը

Մուսա Լերան Նահատակներու Ֆրեզնոյի Յուշակոթողին Կառուցումը Կը Մօտենայ Իր Աւարտին

Յաջորդը

Հակառակ Բոլոր Դժուարութիւններուն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?