ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Աշխատանքային Նոր Հորիզոններ Բացաւ
Արցախեան պատերազմը, հայրենի տարածքներու կորուստը, հազարաւոր մեր հերոս հայրենի պաշտպաններու նահատակութիւնը, տնտեսական ճգնաժամը եւ այս բոլորին առընթեր ահաւոր թագավարակը հսկայական աւերներ գործեցին մեր հայրենիքէն ներս` տեղահան ընելով մեր սիրելի Արցախի ու հայրենի սահմանագծի մէջ ապրող ժողովուրդի հսկայական զանգուածը: Այսուհանդերձ, համայն հայութիւնը հաստատակամ մնաց եւ օգնութեան ձեռք երկարեց հայրենի իր ժողովուրդին: Բնական է` մարդասիրական իր գործունէութեամբ իր ժողովուրդին կողքին մնաց նաեւ...




















