Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Նոյեմբեր 30, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՕՄ-ի Հովանաւորութեամբ Արցախի Համայնքներու Մէջ Տեղադրուեցաւ 101 Արեւային Ջրատաքացուցիչ

Հայ օգնութեան միութեան հովանաւորութեամբ, Արցախի շարք մը համայնքներու մէջ տեղադրուեցան 101 արեւային ջրատաքացուցիչներ: ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեան նշեց, որ ծրագիրին իրագործումը կապուած է անցեալ տարուան մարտին Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամին` Ազրպէյճանի կողմէ ստեղծուած կազի եւ ուժանիւթի մատակարարման հարցերուն հետ:

ՀՅԴ Արցախի կառոյցին եւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին կողմէ ստեղծուած աշխատանքային յանձնախումբը համապատասխան աշխատանքներ տարաւ համայնքներու ղեկավարներուն հետ` ծանօթանալով ընտանիքներու ընկերային հարցերուն: Սկզբնական շրջանին ծրագիրի շահառու հանդիսացան զոհուած, հաշմանդամութիւն ունեցող եւ բազմազաւակ ընտանիքները, որոնց ընտրութեան համար համագործակցեցան Արցախի ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարութեան հետ:

Կազ չունեցող համայնքներու մէջ Արցախի կառավարութիւնը կը յատկացնէ անհրաժեշտ գումարին 50 առ հարիւրը, իսկ կազով ապահովուած համայնքներու մէջ ՀՕՄ-ը հոգաց ջրատաքացուցիչներու տեղադրման ամբողջ ծախսը:

Ըստ Լ. Մարտիրոսեանի, համապատասխան պայմանագիրները կնքուեցան Արցախի կառավարութեան, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի, մատակարար «Շտիգեն» ընկերութեան եւ ծրագիրի շահառուներուն միջեւ:

Արցախի Մարտունի շրջանի Պառաւաթումբ համայնքի բնակիչ Հրանուշ Համբարձումեան ամուսինին հետ 10 երեխայ կը դաստիարակէ: Բազմանդամ ընտանիքը նախապէս հոսանքի համար ամիսը 35 հազար դրամ գումար կը վճարէր, հիմա ընդամէնը 5 հազար դրամ կը կազմէ տուեալ ծախսը: Ամուսինը հովիւ է: Կազով չապահովուած  այս համայնքին մէջ յաճախ կ՛ըլլան նաեւ հոսանքի անջատումներ, ուստի ՀՕՄ-ի աջակցութեամբ 4 ամիս առաջ տեղադրուած արեւային ջրատաքացուցիչը իսկական փրկութիւն էր:

Նոյն գիւղի մէկ այլ բնակիչ եւս` Մանուշ Ներսիսեանը գոհ է ստացուած օժանդակութենէն: Այս ընտանիքին մէջ 4 երեխայ կը դաստիարակուի: Ըստ կեսրոջ` Նաիրա Համբարձումեանի, ջուրը տաքցնելու համար նախապէս շատ փայտ կը վառէին, իսկ հիմա այդ առումով դիւրացած է կենցաղը, առաւել եւս, որ տան մէջ հիւանդ ունին:

Մարտունի շրջանի Կաղարծի համայնքի ղեկավար Գարուշ Սարգսեանը նշեց, որ 2022 թուականին իրենց համայնքին մէջ երեք բազմազաւակ ընտանիքներու համար տեղադրուած է երեք արեւային ջրատաքացուցիչներ: «Իբրեւ կազով չապահովուած համայնքի բնակիչ` ծրագիրը դրական կը գնահատեմ, եւ մեծ աջակցութիւն կը համարուի մանաւանդ բազմազաւակ ընտանիքներու համար», ըսաւ Կաղարծի համայնքին ղեկավարը:

Քառօրեայ Պատերազմին Զոհուած Քեարամ Սլոյեանը Եւ Անդրանիկ Զոհրապեանը Յետմահու Պարգեւատրուեցան «Արցախի Հերոս» Կոչումով

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրեց հրամանագիրներ, որոնց համաձայն, 2016 թուականի ապրիլին թշնամիին սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ժամանակ ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան եւ անձնական արիութեան համար N զօրամասի 4-րդ հրաձգային վաշտի 2-րդ հրաձգային դասակի 2-րդ հրաձգային ջոկի գնդացրորդ, շարքային Քեարամ Քալաշի Սլոյեանին եւ 3-րդ հրաձգային ջոկի գնդացրորդ, շարքային Անդրանիկ Ատոմի Զոհրապեանին յետմահու անոնց շնորհուեցաւ «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչումը: Նոյեմբեր 17-ին Ա. Յարութիւնեան տեսակցեցաւ Քեարամ Սլոյեանի եւ Անդրանիկ Զոհրապեանի հարազատներուն հետ եւ յանձնեց անոնց «Ոսկիէ արծիւ» շքանշանները:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան հերոսներուն հարազատները, մարտական ընկերները, Հայաստանի մէջ եզիտիական համայնքի ներկայացուցիչները: Իր խօսքին մէջ Ա. Յարութիւնեան Արցախի ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Քեարամ Սլոյեանի եւ Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողներուն` հայրենասէր եւ անձնուրաց որդիներ դաստիարակելնուն համար,  նշելով, որ իրենց վստահուած դիրքի պաշտպանութիւնը վճռորոշ եղած է 2016 թուականի ապրիլեան հերոսամարտի ելքին համար: «Արցախը մեր սրբավայրն է, մեզի համար Արցախի յարատեւութիւնը այլընտրանք չունի, որովհետեւ դարերէ ի վեր ու ցայսօր Արցախը եղած է ու կը մնայ հայու արժանապատուութիւնը», յայտնեց Անդրանիկ Զոհրապեանի հայրը` Ատոմ Զոհրապեան: «Մալայ Էզիտա» եզիտիներու ազգային շարժման ղեկավար Այսեր Իսայեան շատ կարեւոր նկատեց օրուան իրադարձութիւնը եւ նշեց, որ Քեարամը ազգութեամբ եզիտի առաջին մարտիկն է, որ կ՛արժանանայ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պետական պարգեւին` Արցախի հերոսի կոչման, եւ այս իրադարձութիւնը հայ ու եզիտի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, մարտական եղբայրութեան հերթական հաւաստիացումն է:

Միջհամալսարանական Ուսանողական Գիտաժողով Ստեփանակերտի Մէջ

Նոյեմբեր 19-ին Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի Ուսանողական գիտական ընկերութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ միջհամալսարանական ուսանողական գիտաժողով` նուիրուած նահատակուած ուսանողներու յիշատակին:

Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի նախագահ Դոնարա Գաբրիէլեան կարեւոր նկատեց այսպիսի գիտաժողովներու կայացումը: «Այսպիսով մենք կը ներկայացնենք, որ մենք կանք, մենք Արցախի մէջ ենք, մենք կը յիշենք մեր հերոս տղաները եւ այս ամէնը կ՛ընենք յանուն անոնց վառ յիշատակին: Արցախը կ՛ապրի, իսկ արցախցին իր պայքարը կը շարունակէ նաեւ գրիչով: Եւ մենք վստահ ենք, որ այս պայքարը յաղթանակի պիտի յանգեցնէ», մասնաւորապէս ըսաւ Դ. Գաբրիէլեան:

Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի Կովկասագիտութեան կեդրոնի ղեկավար, աւագ դասախօս Յովիկ Աւանեսովի խօսքով, գիտաժողովի նիւթը հիմնականօրէն Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական յանցագործութիւններու մասին է: Փորձուսուցման շրջանակներու մէջ ուսանողներուն յանձնարարուեցաւ չորսշաբաթեայ համապատասխան հետազօտութիւններ իրականացնել», յայտնեց Յ. Աւանեսով` նշելով, որ ուսանողները ընտրեցին այնպիսի նիւթեր, որոնք արդիական են: «Այսօր աւելի քան կարեւոր է անդրադառնալ այսպիսի թեմաներու` նպատակ ունենալով նաեւ հետագային ունենալ փորձագէտներ, որոնք կը տիրապետեն Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններուն ամբողջական փաթեթին ու կը ներկայացնեն զանոնք միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ», շեշտեց ան:

Ըստ Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի փոխնախագահ Ալիսա Բաղդասարեանի, գիտաժողովին նպատակը Արցախի բոլոր զոհուած ուսանողներուն յիշատակը վառ պահելն է: «Այս հերթական անգամ այն իրողութիւնը կ՛ապացուցէ, որ մեր նահատակուած տղաները մեզի հետ են, անոնց գործը անմահ է, եւ մենք պարտաւոր ենք յիշել ու արդարացնել անոնց սպասումները նաեւ այսպիսի ձեռնարկներով»:

Կովկասագիտութեան բաժինի 4-րդ լսարանի ուսանող Աբրահամ Դանիէլեան ներկայացուց «Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները» նիւթով զեկոյց: «Կատարած եմ փաստահաւաք աշխատանք, կազմած եմ «Հանրագիտարան»` տեսահոլովակներով, նկարներով»: Անոր համոզումով, պէտք է տեղեակ ըլլալ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական յանցագործութիւններուն` միջազգային հարթակներու վրայ մեր շահերը պաշտպանելու համար: Կովկասագիտութիւն բաժինի 4-րդ լսարանի ուսանողուհի Անժելիկա Յակոբեանի դիտարկումով, պէտք են ամուր գաղափարական հիմքեր: Հետազօտական աշխատանքին մէջ օգտագործել` պատմական հիմքեր եւ նժդեհեան գաղափարախօսութիւն:

Հաղորդենք, որ միջհամալսարանական գիտաժողովին մասնակցեցան մօտաւորապէս 60 ուսանողներ:

«Հանդէս Ամսօրեայ» Ամսագրի 135-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Նոյեմբեր 16-ին Ազգային գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքի մեծ ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հանդէս Ամսօրեայ» ամսագրի 135-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուեցան աւելի քան 70 միաւոր գրականութիւն թէ՛ ամսագրի տարբեր տարիներու համարներէն, թէ՛ ամսագրի մասին յիշատակումներ ունեցող այլ աղբիւրներէ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ գրադարանի գիտական եւ ընթացիկ մամուլի ընթերցասրահի վարիչ Արեւիկ Զախարեանը, որմէ ետք հայագիտութեան մէջ «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի դերը եւ նշանակութիւնը արժեւորեց օրուան բանախօս, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը:

Բանախօսը շեշտելով հայագիտական մամուլի, մասնաւորապէս «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի ու «Բազմավէպի»-ի միջազգային գիտական (Web of Science) եւ (Scopus) գիտական տեղեկատուական շտեմարաններու մէջ ընդգրկման կարեւորութիւնը` ըսաւ. «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի ընթերցողները եւ գիտական հանրութիւնը կը շնորհաւորեմ ամսագրի 135-ամեակին առիթով: «Հանդէս Ամսօրեայ»-ն միշտ ո՛չ միայն տպագրած է հայ գիտնականներու յօդուածները, այլեւ խնամքով, կարելի է ըսել խուզարկու աչքով դիտարկելով եւրոպական հրատարակութիւնները եւ մամուլը թարգմանաբար ներկայացուցած է Եւրոպայի մէջ լոյս տեսնող հայագիտական հրատարակութիւնները, որոնք վերաբերած են հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին եւ գրականութեան: Հետեւելով «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի համարներուն` կրնանք հետեւիլ Եւրոպայի մէջ հայագիտութեան պատմութեան»:

Վարդան Դեւրիկեան գրադարանի ղեկավարութիւնը յորդորեց յառաջիկայ մատենագիտական ծրագիրներուն մէջ ներառել «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի ամբողջական վերլուծական մատենագիտութիւն կազմելու աշխատանքը:

Արցախի Ազգային Նուագարաններու Պետական Նուագախումբը Մարտունիի Մէջ Հանդէս Եկաւ Դաս–Համերգներու Շարքով

Նոյեմբեր 18-ին Արցախի Ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբը համերգային ծրագիրով հանդէս եկաւ Մարտունիի Արթուր Աղասեանի անուան մշակոյթի պալատին մէջ:

Նուագահանդէսի ընթացքին հնչեցին հայ յօրինողներու յայտնի գործիքային ստեղծագործութիւններ, մեծ մասամբ մենանուագներ` նուագախումբի տարբեր երաժշտական գործիքներու նուագակցութեամբ:

Արցախի Ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի տնօրէն Աշոտ Սարգիսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուց, որ Մարտունիի մէջ կայացած համերգով շրջանին մէջ մեկնարկեց դաս-համերգներու ծրագիրը:

«Անհրաժեշտ է նշել, որ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Արցախի Ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբը հանրակրթական դպրոցներու մէջ կ՛իրականացնէ «Ազգային մշակոյթը դպրոցում» խորագրով դաս-համերգներու ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ վերարժեւորել ազգային նուագարաններու դերն ու նշանակութիւնը երիտասարդ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, ազգային ինքնութեան, հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ: Դաս-համերգներու միջոցով աշակերտներուն կը մատուցուին մաքրամաքուր հայկական մեղեդիներ` զուգահեռաբար ծանօթացնելով անոնց երաժշտական գործիքներու պատմութեան եւ նշանակութեան», մանրամասնեց Ա. Սարգիսեան` աւելցնելով, որ ծրագիրը իր շարունակութիւնը պիտի ունենայ ինչպէս Մարտունիի, նոյնպէս ալ հանրապետութեան շրջաններու հանրակրթական դպրոցներու մէջ:

Ըստ նուագախումբի տնօրէնին, Մարտունիի մշակոյթի պալատին մէջ ունեցած համերգը եւս ազգային նուագարաններու ուսումնասիրման իւրօրինակ ցուցադրական դաս է:

«Նուագախումբը ստանձնած է ազգայինը կրողի, պահպանողի եւ տարածողի առաքելութիւնը: Համերգային ծրագիրին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ հայրենիքի գաղափարը` վերարտադրուած ազգային երաժշտութեամբ: Ներկայացուող նուագներուն մէջ կայ ե՛ւ կարօտի խոստովանութիւն, ե՛ւ վերադարձի խոստում», աւելցուց ան:

Գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Լեւոն Սարդարեանի, Արցախի Ազգային նուագարաններու նուագախումբի կատարողները Մարտունիի երաժշտասէր հանրութեան ներկայացուցին մասնաւորապէս Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Լութֆիք Դուրեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի եւ այլ անուանի յօրինողներու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ` աշուղական երգարուեստի գոհարները:

Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան Լեզուի Կոմիտէն Հրապարակեց «Հայաստանի, Արցախի Եւ Սփիւռքի Լեզուական Կեանքի Ուրուագծային Պատկեր» Տեղեկագիրը

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Լեզուի կոմիտէն հրապարակեց «Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի լեզուական կեանքի ուրուագծային պատկեր» (2019-2022) թուականներու տեղեկագիրը,  որուն մէջ ամփոփ կերպով ներկայացուած է տուեալ ժամանակահատուածին հայոց լեզուի վիճակը:

Հայաստանի Լեզուի կոմիտէն արձանագրած է, որ կը շարունակէ ապահովել մեր երկրի ամբողջ տարածքին պետական լեզուն գործառելու բացառիկ իրաւունքի իրացումը եւ ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուներու օրէնսդրութեամբ երաշխաւորուած իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

Այս գործընթացը կ՛ենթադրէ տեղեկութեան մնայուն հաւաքում, մշակում, պահանջում եւ միաժամանակ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ հասարակութեան տրամադրելու լեզուի առկայ վիճակին առնչուող ամփոփ տեղեկութիւն:

Տեղեկագիրի պատրաստութեան աշխատանքները ղեկավարած է Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեանը: Հեղինակային խումբը կարեւոր կը նկատէ տեղեկութիւնները ընտրելու հարցը: Տեղեկագիրը կազմուած է` սահմանելով չափորոշիչներ, որոնցմէ առաջնայինը ժամանակատարածականն է:

Տարածական առումով, նիւթը ներառած է Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը: Աշխատանքին մէջ առաջնայնութիւնը վերապահուած է իրողութիւններու եւ գործընթացներու լեզուաքաղաքական կողմին, նկատի առնուած են նաեւ պետական քաղաքականութեան ուղղակիօրէն չառնչուող դէպքերը:

Տեղեկագիրին մէջ ընդգրկուած իւրաքանչիւր տեղեկութեան կից տրուած է Քիւ.Առ. ծածկագիր (QR code), որ կ՛ապահովէ տեղեկութեան հաւաստիութիւնը:

Աղաւաղումներէն խուսափելու նպատակով ներկայացուած են հրապարակային խօսքի եւ գրութիւններու շարք մը մէջբերումներ  (իրաւական փաստաթուղթեր, յօդուածներ, ելոյթներ եւ այլն): Այս նկատառումով չեն թարգմանուած, այլ տառադարձուած ու բացատրուած են այս պահուն հայերէն համարժէք չունեցող որոշ օտար բառեր:

Տեղեկագիրէն կրնանք իմանալ, որ Լեզուի կոմիտէն 2019-2021 թուականներուն եւ 2022-ի առաջին կիսամեակին մշտադիտարկած է զանգուածային լրատուամիջոցներու հրապարակումներու, հաղորդումներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստերու լեզուն: Մշտադիտարկման արդիւնքները վերլուծուած են գրական հայերէնի կանոններէն շեղումներ արձանագրող ամփոփ գրութիւններու մէջ, որմէ ետք 84 ամփոփագիր կազմուելով` հասցէատէրերուն ուղարկուած է:

Կոմիտէի կայքին, Դիմատետրի էջին, տարբեր թերթերու, ամսագիրներու եւ կայքերու վրայ հրապարակուած է լեզուական տարաբնոյթ հարցերու եւ տարածուած լեզուական սխալներու, հայկական եւ թարգմանուած գեղարուեստական ու մանկական ժապաւէններու լեզուին անդրադարձող շուրջ 300 յօդուած եւ թղթակցութիւն:

Հայերէն նոր բառերու ելեկտրոնային շտեմարան կազմելու նպատակով Լեզուի կոմիտէին մէջ մուտքագրուած է շուրջ 20 հազար բառայօդուած: Մուտքագրուած է նաեւ ելեկտրոնային եզրաբանական շտեմարանի 10 հազար բառային միաւոր:

Ամսական պարբերականութեամբ Լեզուի կոմիտէն հրապարակած է յորդորակներ, որոնք օտար բառերու հայերէն համարժէքներու ցանկեր եւ լեզուական սխալներու կամ շփոթութիւններու վերլուծութիւններ են: Յորդորակները կ`ուղարկուին պետական կառավարման մարմիններուն, Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներուն եւս: Այս ցանկերը եւ վերլուծութիւնները կը զետեղուին կոմիտէի կայքին եւ ընկերային էջերուն վրայ: Օտար բառերու մօտաւորապէս հազար միաւոր հայերէն համարժէքներու ցանկերը կարելի է տեսնել կայքի «Օտար բառեր» բաժինին մէջ:

Նշուած է նաեւ, որ Հայաստանի կառավարութեան հնգամեայ (2021-2026) թուականներու ծրագիրով կը դիտարկուին Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնին յատուկ կարգավիճակ տալու օրէնսդրական կարելիութիւնները: Նախատեսուած է կազմակերպել արեւմտահայերէնի պահպանութեան ուղղուած կրթական եւ գիտական միջոցառումներ, որոնց շնորհիւ պիտի ամրապնդուի արեւմտահայերէնի կարգավիճակը բարձրագոյն կրթութեան, հանրակրթական եւ լրացուցիչ ուսումնական ծրագիրներու մէջ:

Տեղեկագրին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ սփիւռքի մէջ հայերէնի դասաւանդման նպատակով տարբեր համայնքներու մէջ ստեղծուած առցանց հարթակներուն եւ հաստատութիւններուն, արտերկրի մէջ գործող հայագիտական կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ` հայերէնի պահպանութեան եւ զարգացման առնչուող շարք մը հարցերուն:

Յատուկ շեշտադրուած են լեզուաքաղաքական յարաբերութիւնները` զանոնք դիտարկելով ազգային եւ պետական փոխյարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Ներկայացուած է նաեւ հայերէնի հրապարակման գործընթացը:

Յիշեցնենք, որ «Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի լեզուական կեանքի ուրուագծային պատկեր» (2019-2022) թուականներու տեղեկագիրը զետեղուած է Լեզուի կոմիտէի պաշտօնական կայքին վրայ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Դանիէլ Ա. Սուրմառեցի` Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. Մելիք Աբովի Մահը Եւ Բոլնիսէն Գիւլիստանցիներու Վերադարձը Հայրենի Բնօրրան

Յաջորդը

Հանդիպումը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 22, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 15, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 8, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In