Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 26, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Վանք Գիւղին Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ «Նորայր Դանիէլեան» Երիտասարդական Կեդրոնի Բացումը

Հոկտեմբեր 19-ին Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեանը, անդամներ` Ալեոնա Գրիգորեանը, Մհեր Առաքելեանը, ՀՅԴ Մարտակերտի կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալիկ Սարգսեանը եւ շրջանի կուսակցական ընկերներ, ՀՅԴ Ասկերանի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սուրիկ Թովմասեանը, Նորայր Դանիէլեանի եղբայր Նելսոն Դանիէլեանը, Վանքի դպրոցի տնօրէն Արամայիս Բալայեանը, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները, ՀՅԴ Վանքի խումբի պատանիները, կուսակցականներ եւ գիւղացիներ:

Կեդրոնի բացման օրը (կեդրոնը կրեց արցախեան ազատամարտի հերոս, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի փոխգնդապետ, Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, դաշնակցական Նորայր Դանիէլեանի անունը) պատահական չէր ընտրուած հոկտեմբեր 18-ը, որովհետեւ այս թուականին կ՛ամբողջանայ Նորայր Դանիէլեանի նահատակութեան 29-ամեակը:

Հետեւաբար այս յիշատակով ՀՅԴ Վանքի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւնները կազմակերպեցին յուշ-ցերեկոյթ: ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամ Մարթա Չիլինկարեան ներկայացուց իր հեղինակած եւ Նորայր Դանիէլեանի յիշատակին նուիրած բանաստեղծութիւնը:

Հանդիսութեան խօսք արտասանեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան: Ան նշեց, որ ՀՅԴ Վանքի «Նորայր Դանիէլեան» Երիտասարդական կեդրոնի բացումը շատ սպասուած եւ ոգեւորիչ է ինչպէս երիտասարդական-պատանեկան միութիւններուն, նոյնպէս ալ կուսակցական ընկերներուն համար:

«Գրասենեակը զուտ պատեր չէ, այլ հոգի եւ ոգի է, բան մը, որ մեր Վանքի երիտասարդական-պատանեկան խումբէն անպակաս է: Կը շնորհաւորեմ բոլորդ եւ կը մաղթեմ, որ շարունակէք ձեր հայրենանուէր գործունէութիւնը», եզրափակեց Ա. Մոսիեան:

Խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՅԴ Մարտակերտի շրջանի «Գանձասար» կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալիկ Սարգսեան: Ան նշեց, որ թէեւ կարճ ժամանակ է, որ Վանքին մէջ ձեւաւորուեր է կուսակցութեան երիտասարդական թեւը, սակայն արդէն իսկ հասցուցեր է զգալի աշխատանքներ իրագործել:

«Այս կարեւոր բջիջը, որ ձեւաւորուեր է Վանք գիւղին մէջ, երիտասարդութեան պիտի տայ ճիշդ ուղղութիւն, ազգանպաստ գործի համար ճիշդ մտածելու, համախմբուած ըլլալու եւ շարունակելու այն գոյապայքարը, որ, ցաւօք սրտի, կը շարունակուի դարէ դար», նշեց ան:

Սարգսեան շնորհաւորեց առասպելական հրամանատարին անունը կրող կեդրոնին բացումը եւ ընդգծեց, որ բոլորին համար պարտաւորեցնող է շարունակել այն սուրբ գործը, որուն համար տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ չխնայեցին իրենց կեանքը:

Յուշ-ցերեկոյթին խօսք ունէր ըսելու նաեւ Նորայր Դանիէլեանին եղբայրը` Նելսոն Դանիէլեանը: Անոր համար ուրախութիւն էր «Նորայր Դանիէլեան»-ի անուան երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեսնել տասնեակ երիտասարդներ եւ պատանիներ:

«Կը փափաքէի, որ դուք կարենայիք շարունակել Նորայր Դանիէլեանին սկսած գործը: Նորայր Դանիէլեանը չհասցուց իր գործը աւարտել, իսկ անոր նման տղաներու կարիքը 44-օրեայ պատերազմին մենք շատ զգացինք», յայտնեց Ն. Դանիէլեան:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք արտասանեց Անի Յովհաննիսեան: Ան նշեց, որ մէկ տարիէն աւելի է, որ ՀՅԴ երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւնները Վանքին մէջ կը ծաւալեն իրենց գործունէութիւնը, եւ որուն մեկնարկը տրուած էր ամառնային ճամբարներէն:

«Տեսնելով երեխաներուն աշխուժութիւնը, հետաքրքրուածութիւնը, հայրենասիրութիւնը, պայքարելու կամքն ու ոգին` անհրաժեշտութիւն համարեցինք բանալու այս երիտասարդական կեդրոնը, ուր կը շարունակենք իրականացնել մեր ուսուցողական եւ դաստիարակչական ծրագիրները, որպէսզի պատանիներուն մէջ աւելի շատ սերմանենք հայրենասիրութիւնը», նշեց Ա.  Յովհաննիսեան:

Անոր խօսքով, պատերազմէն ետք բռնագրաւուած հողերուն հետ միասին թշնամիին տիրապետութեան տակ անցած ՀՅԴ գրասենեակներու փոխարէն` ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակի բացումը, անգամ մը եւս փաստեց Արցախի մէջ ապրելու, Արցախը շէնցնելու եւ պաշտպանելու կամքն ու պատրաստակամութիւնը:

«Ապրելով ստեղծուած իրավիճակին մէջ կը հասկնանք, որ մարդոց մէջ չկայ այն ոգեւորուածութիւնը, որ կար 90-ականներու արցախեան ազատամարտի ժամանակ: Համոզուած ենք, որ Նորայր Դանիէլեանի խիզախութեան, սխրանքին օրինակը ոգեշնչման աղբիւր պիտի դառնայ մեր երիտասարդներուն եւ պատանիներուն: Լիայոյս ենք, որ այս կեդրոնին մէջ կը դաստիարակուին ու կը մեծնան Նորայր Դանիէլեանին արժանի յետնորդներ` դժուարութիւնները յաղթահարելու, պայքարելու եւ յաղթելու վճռակամութեամբ լեցուն», նշեց ան:

Ա. Յովհաննիսեան ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Վանքի համայնքապետարանին, դպրոցի տնօրէնին` այս ընթացքին միութեան աշխատանքներուն աջակցելու, իրենց կողքին ըլլալնուն համար եւ յուսաց, որ այս համագործակցութիւնը շարունակական կ՛ըլլայ` Վանքի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հայեցի կրթելու, դաստիարակելու ընդհանուր նպատակի շուրջ:

Խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը կտրեցին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Վանքի խումբի երիտասարդները:

Հաթերքի Դպրոցը Եւ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Քոլեճը Դարձան Քոյր Դպրոցներ

Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Հաթերք համայնքի Բարմեն Գրիգորեանի անուան միջնակարգ դպրոցը եւ Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճը այսուհետեւ դարձան քոյր դպրոցներ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուց Մարտակերտի շրջանի Հաթերք համայնքի դպրոցի տնօրէն Նարինէ Միրզոյեանը: Ան աւելցուց, որ համապատասխան յուշագիրը արդէն իսկ երկուստեք ստորագրուած է:

«Մեր համագործակցութեան սկսանք անցեալ ուսումնական տարուան ապրիլին: Այդ ծիրին մէջ մեր դպրոցի պատմութեան ուսուցիչին հետ միասին առցանց ձեւաչափով ծանօթացանք քոլեճի մեր գործընկերներուն հետ: Այս համագործակցութեան շնորհիւ մեր աշակերտները կարելիութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու քոլեճին մէջ սորվող իրենց հայրենակիցներուն հետ, ինչպէս նաեւ` անոնց առօրեային, ուսումնական առանձնայատկութիւններուն եւ դասանիւթերուն: Մենք դպրոցի եւ գիւղի մասին տեսանիւթ պատրաստեցինք եւ ուղարկեցինք իրենց, իսկ այժմ կը սպասենք քոլեճի տեսանիւթերուն: Համոզուած եմ, որ այս համագործակցութիւնը երկուստեք արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ` աշխարհահայեացքի զարգացման եւ կրթական առաջընթացի համար», ըսաւ Ն. Միրզոյեան: Ան նշեց, որ այս համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման:

Կարել Հանսայի «Արեւելքի Արհաւիրքները» Գիրքի Հայերէն Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկի Մէջ

Վերջերս Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ չեխ գրող, ճանապարհորդ, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Կարել Հանսայի «Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքի հայերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Չեխիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պետրիխ Քոփեցքին: Գիրքը հայերէնի թարգմանեց «Օրեր» համաեւրոպական ամսագիրի համահիմնադիր, Փրակայի Կարլի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմունքի դոկտոր Աննա Կարապետեանը:

Շնորհահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտութեան գծով փոխտնօրէն Էդիտա Գզոյեանը: Ան իր խօսքին մէջ նշեց Կարել Հանսայի գիրքի հայերէնի թարգմանութեան` շեշտելով, որ «Արեւելքի արհաւիրքները» Հայոց ցեղասպանութեան փաստագրութիւնն ու ականատեսի վկայութիւնն է:

Ներկաները ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Չեխիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պետրիխ Քոփեցքին եւ յայտնեց, որ  Հանսայի գիրքը կարեւոր դեր խաղացած է Չեխիոյ խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ:

Այնուհետեւ գիրքի թարգմանութեան եւ Հանսայի կեանքէն հետաքրքրական դրուագներ ներկայացուց Աննա Կարապետեանը: Ան իր խօսքին մէջ նշեց. «1923 թուականին հրատարակուած այս գիրքը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող չեխերէն գրուած առաջին գիրքն է: 1922 թուականին, Հանսա Զմիւռնիա երթալու ճանապարհին, առաջին անգամ նաւուն վրայ տեսած է յոյն փախստականներ, իսկ երբ հասած է Պէյրութ եւ Սուրիա, հանդիպած է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու: Ան աշխատանքի անցած է Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան մէջ եւ սկսած է արձանագրել հայ որբերը, իսկ որոշ ժամանակ ետք նաեւ մասնակցած է որբերուն Ուրֆայէն եւ Խարբերդէն դէպի Հալէպ եւ Պէյրութ տեղափոխման աշխատանքին: Հանսայի «Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքին մէջ հեղինակը վաւերագրած է իր տեսածը»:

Շնորհահանդէսին խօսք արտասանեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու փաստագրման եւ ուսումնասիրութեան բաժինի աւագ գիտաշխատող Թեհմինէ Մարտոյեանը: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը փաստագրական հարուստ նիւթի հիման վրայ շարադրուած Կարել Հանսայի «Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքին հայերէնի թարգմանութեան:

Հաղորդենք, որ «Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքը նախատեսուած է պատմաբաններու, ցեղասպանագէտներու, արեւելագէտներու, սակայն, ըստ Աննա Կարապետեանի, գիրքը հետաքրքրական է ո՛չ միայն գիտական շրջանակներու համար, այլ նաեւ` սովորական ընթերցողներու: Գիրքը արդէն տեղ գտած է Հայաստանի Ազգային, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի եւ այլ գրադարաններու մէջ եւ շուտով կարելի պիտի ըլլայ գտնել զայն գրախանութներու եւ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ եւս:

«Հայկ Նագգաշեան Գրական Գնահատանք» Հիմնադրամին Մրցանակաբաշխութիւնը

«Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնին մէջ ամփոփուեցան «Հայկ Նագգաշեան գրական գնահատանք» հիմնադրամին ամէնամեայ 5-րդ մրցանակաբաշխութեան արդիւնքները: Սփիւռքահայ արձակագիր եւ ընկերային գործիչ Հայկ Նագգաշեանին ընտանիքը 2017 թուականին հիմնած է հիմնադրամը` արժեւորելու հայրենիքի եւ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն նորատիպ գրական-գեղարուեստական երկերը: Նշենք, որ նախորդ տարիներուն մրցանակներու արժանացած են` Անի Ամսէեանը, Յուսիկ Արան, Յովհաննէս Թագուկեանը:

Այս տարուան մրցանակին ներկայացուեցան Նորայր Գրիգորեանի «Առաջնագիծ» եւ Հերմինէ Աւագեանի «Վազում եմ, սպասի՜ր…» խորագիրներով գիրքերը: Մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուեցան` գրողներ, գրականագէտներ, կրթական ոլորտի ներկայացուցիչներ, ընթերցողներ, ուսանողներ:

Ներկաները նախ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանին զոհուած հայորդիներուն յիշատակը. «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնի տնօրէն, փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեան նշեց, թէ ապրելու ջիղը, որ ունի մեր ժողովուրդը, անկասելի է. «Դարերու մէջ հաստատեր ենք ապրելու մեր իրաւունքը, իսկ այսօրուան հանդիպումը ապրելու կոչնակներէն մէկն է»:

Փրոֆեսէօր Դանիէլեան դիտել տուաւ, որ վերջին տարիներուն առաջնագիծ եզրոյթը դարձեր է գրական-գեղարուեստական խորհրդանիշ, ճանաչողութիւն, եւ պատահական չէ, որ մրցանակի ներկայացուած գիրքերէն մէկը այդպէս ալ կը կոչուի:

«Մենք բոլորս կարծես կ՛ապրինք առաջնագիծի վրայ, թիկունք հասկացողութիւն չկայ. այս մէկը կը հաստատեն նաեւ մեր գրողները: Առաջնագիծի ճանապարհով այսօր ալ դէպի ինքնութիւն կ՛երթանք` անցնելով գնդակներու, վառօդին մէջէն: Թիկունքն ու առաջնագիծը կը դառնան մէկ եւ մեզ կը կոչեն զգաստութեան»:

Գրական ասպարէզի մէջ սերունդներու երկխօսութիւնը ապահովող մրցանակաբաշխութիւնը այս անգամ կայացաւ այլ ձեւաչափով: Հայկ Նագգաշեանի եւ մրցանակակիր հեղինակներու գրական ժառանգութիւնը ներկայացուեցաւ ոչ թէ գրականագիտական «տեսողութեամբ», այլ` բանասիրական բաժանմունքի ուսանողներու վերլուծութեամբ:

Մագիստրոսական առաջին լսարանի ուսանողուհի Սիւզաննա Արաբաչեանը խօսեցաւ Հայկ Նագգաշեանի գրականութեան մասին: Ուրիշ ուսանողուհիներ` Աննա Կոստանեանը եւ Տաթեւ Թամրազեանը, ներկայացուցին Նորայր Գրիգորեանին եւ Հերմինէ Աւագեանին գիրքերը: Բնագրային պատառիկներ կարդացին Մերի Առաքելեանն ու Գայեանէ Վարդանեանը: Կոմիտասի «Կռունկ»-ը կատարեց գեղարուեստի բաժանմունքի առաջին լսարանի ուսանողուհի Սիւզաննա Մկրտչեանը:

Վաչէ Պարտիզունիի անուան հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի դոցենտ Քնարիկ Աբրահամեանը նկատեց, որ գրողը, գրականագէտը, գրիչ բանեցնողը կը սպասեն իրենց ընթերցողին, որոնց շարքին մէջ են նաեւ ապագայ բանասէրները. «Երբ գրող կը տեսնես, երկխօսութիւնը կարելի է բացուած համարել. այս նաեւ լաւ փորձառութիւն է»:

Մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ գրող, նախորդ տարուան մրցանակակիր Յուսիկ Արան: Վերջինս յայտնեց, որ քնարերգութիւնը  մարդու հոգեկերտուածքն է: Չկայ աշխարհի մէջ մէկը, որ չ՛երգեր, իսկ երգը բանաստեղծութիւն է: Գրողը շեշտեց մեր օրերուն մէջ գրականութեան արժեւորումը եւ աւելցուց, որ հազարամեակներ շարունակ հայ ժողովուրդը ապրեր է իր մշակոյթով եւ գրականութեամբ:

Յայտնենք, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ստեղծագործող հեղինակներուն արժէքաւոր գրականութեան հանրահռչակման միտուած մրցանակաբաշխութեան այս տարի, բացառութեան կարգով, յաղթող դարձան երկու հեղինակներ` Նորայր Գրիգորեանը` Հայաստանէն եւ Հերմինէ Աւագեանը` Արցախէն:

Գիրքը ստեղծուած է 44-օրեայ պատերազմի օրերուն: Հեղինակը կ`ընդգծէ, որ մուսաները չեն լռեր, երբ կ՛որոտան հրանօթները: Պատերազմի ժամանակ մէկ ձեռքին պէտք է ռումբ ըլլայ, միւսին` գրիչ:

Արցախցի գրող Հերմինէ Աւագեան կը խոստովանի, որ գիրք գրելու ժամանակ երբեք չի մտածեր մրցանակի մասին, սակայն հաճելի է, երբ կը գնահատեն գրականութեան գիտակները: «Վազում եմ, սպասի՜ր…» գիրքի մասին խօսելու ժամանակ, ան ըսաւ, որ գիրքը ընթերցողը կը մօտեցնէ լոյսին, պարզութեան եւ անկեղծութեան:

Աւարտին, ամփոփելով մրցանակաբաշխութիւնը, Հայկ Նագգաշեանի որդին` Շահէ Նագգաշեանը կարդաց հիմնադրամի նախագահ Սօսի Նագգաշեանին խօսքը եւ մրցանակակիրներուն մաղթեց բեղուն գրիչ, նոր հատորներ ստեղծելու անսպառ ուժ եւ կարողութիւն:

Ժողովրդական Երգիչ Աշուղ Ջիւանիի Ժառանգութիւնը Պիտի Հրապարակուի

Պիտի հրապարակուի գուսան, ժողովրդական երգիչ, աշուղ Ջիւանիի ժառանգութիւնը, որ կը պահուի Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:

Հրապարակումը պիտի իրականացուի թանգարանի եւ ամերիկահայ բարերար, գործարար, արտադրող, Ջիւանիի ազգական եւ յետնորդ Պօղոս Յարութիւնեանի միջեւ կնքուած համագործակցութեան համաձայնագիրի շրջածիրին մէջ:

Ջիւանիի արխիւային նիւթերը սքանաւորելու եւ հետագայ սերունդներուն փոխանցելու նպատակով թանգարանին համար սքաներ ձեռք բերուեցաւ:

Թանգարանի տնօրէն Վահագն Սարգսեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց համագործակցութեան համար` վստահեցնելով, որ այս համաձայնագիրը պիտի ունենայ արգասաբեր պտուղներ: Պօղոս Յարութիւնեան` իբրեւ Ջիւանիի գերդաստանի ներկայացուցիչ, շատ կարեւոր համարեց այս քայլը` մեծ աշուղին ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ:

Տեղեկացնենք, որ Աշուղ Ջիւանի (Սերոբ Լեւոնեան, 1846-1909) անունը կը կապուի աշուղական արուեստի նոր հայկական դպրոցին հետ: Աշուղը իր երգերուն մէջ նկարագրած է հասարակ մարդոց աղքատութիւնը եւ իրաւունքներու բացակայութիւնը, դատապարտած է կեղեքողները: Ջիւանիի երգերէն շատերը յայտնի դարձան, երբ քնարական, վիպապաշտական գործերը փոխարինուեցան դիմադրութեան եւ ընկերային բողոքի երգերով` հեգնականի, մեղադրականի եւ երգիծականի: Ջիւանի իր տաղանդին համար ստացած է ազգային ճանաչում: Հակառակ այն հանգամանքին, որ Ջիւանի ապրած է հիմնականօրէն Թիֆլիսի մէջ (թաղուած է Թիֆլիսի Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ), աշուղին ստեղծագործական կեանքը կապուած է Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրիի) հետ: Ջիւանի քաջածանօթ էր 19-րդ դարու հայ գրականութեան, որ մեծ ազդեցութիւն ձգած է անոր ստեղծագործութեան վրայ: Ի տարբերութիւն Սայաթ-նովայի եւ իր ժամանակի աշուղներուն, որոնք յաճախ կը դիմէին այլ լեզուներու (պարսկերէն, արաբերէն, վրացերէն, թրքերէն) փոխառութիւններու, Ջիւանիի քնարերգութիւնը կ՛առանձնանայ հայերէնի առանձնայատուկ մաքրութեամբ: Ըստ տարբեր աղբիւրներու, Ջիւանի մինչեւ 1000 ստեղծագործութիւններու հեղինակ է:

Հաղորդենք, որ թանգարանին մէջ պահուած է Ջիւանիի ձեռագիր ժառանգութիւնը` բանաստեղծութիւններու ինքնագիր տետրերը, աշուղին նամակները, նոյնիսկ հրատարակչութիւններու հետ պայմանագիրները` Ջիւանիի ստեղծագործութիւններու հրատարակման վերաբերեալ:

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Մանուչարեանի Քաջագործութիւնները Եւ Ռոստոմ Բէկ Մելիք Բեգլարեանի Նահատակութիւնը

Յաջորդը

Ինչպէս Լուսակաթ Արեգական Շող

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?