Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Նոյեմբեր 2, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու «Արցախ Ֆոնտ» Բարեգործական Հիմնադրամին Օժանդակութիւնը` Մարտունիի Հացի Համայնքին

ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու «Արցախ ֆոնտ»-ի բարեգործական հիմնադրամի յանձնախումբի անդամ Փոլին Տոստումեանը եւ հիմնադրամի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Տրդատ Մարտիրոսեանը յունիսի առաջին կիսուն այցելութիւն մը կատարած էին Արցախի Մարտունի շրջանի Հացի համայնք: Անոնք նախապէս ծանօթացած էին համայնքի հարցերուն: Նկատի առնելով համայնքի անդամներուն եւ ղեկավարին առաջարկները` որոշուած էր օժանդակել բնակչութեան մեղուաբուծութեան բնագաւառէն ներս:

Շահառուներու հետ կնքուած պայմանագիրին համաձայն, հիմնադրամը մեղուաբուծութեամբ զբաղելու համար իւրաքանչիւր շահառուի յատկացուց 42 հազար դրամ արժողութեան  մեղուափեթակներ, մինչ շահառուները «Արցախ ֆոնտ»-ի բարեգործական հիմնադրամին  պիտի վերադարձնեն գումարին 25 առ հարիւրը:

Այսպէս,  հոկտեմբեր 20-ին Հացի համայնքի 12 շահառուներուն տրամադրուեցան կերպընկալէ պատրաստուած յատուկ թեթեւ երեսուն մեղուափեթակներ:

Հաղորդենք, որ այս ծրագրին շահառու դարձան նախապէս դիմումնագիրներ ներկայացուցած բոլոր դիմողները: Փեթակներու տրամադրման ընթացքին համայնքէն այլ անդամներ եւս փափաք յայտնած են մասնակցելու մեղուաբուծութեան այս ծրագրին:

Համայնքի ղեկավար Սանթուր Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադրամի բոլոր անդամներուն այսպիսի նախաձեռնութեան համար եւ յայտնեց, որ այլ բազմաթիւ մտայղացումներ կան` համայնքի զարգացման հետ կապուած: «Մեղուապահութեան հեռանկարով մէկ ամիս առաջ կատարած ենք նախապատրաստական աշխատանքներ` 20 հող օգտագործողներու տրամադրելով 20 հեկտար վարելահողի համար սերմնացու, որ մեղուներուն ամէնէն հարուստ բոյսերէն է: Ծրագրի 12 շահառուներէն  վեցը բազմաթիւ տարիներու փորձառութիւն ունին, իսկ միւս վեցը սկսնակ մեղուապահներ են: Մեծ շահոյթի պարագային կը փորձենք  վաճառք կազմակերպել թէ՛ արտահանման եւ թէ՛ տօնավաճառի միջոցով», ըսաւ Սարգսեան, որ կատակով մըն ալ շարունակեց. «Համեմատաբար մեծ եղջերաւորներու, մեղուները հայ-ազրպէյճանական շփման գիծ եւ սահմաններ չեն ճանչնար»:

Մեղուաբուծութեամբ զբաղող Արեգա Աբրահամեանը յայտնեց. «Իւրաքանչիւր նոյնանման ծրագիր հայուն իր հողին վրայ ապրելու յոյսը կ՛արթնացնէ, մեր ուշադրութիւնը կը շեղէ մտատանջող իրականութենէն: Աստուած տա՛յ Արցախ աշխարհին մէջ յարատեւ խաղաղութիւն ըլլայ, այդ բոլորիս բաղձալի երազը դարձեր է: Թող գիւղացին ալ նորէն իր հողը մշակէ, իր բերքն ու բարիքը ունենայ»:

Գիւղին մէջ 40-45 տարի շարունակ մեղուաբուծութեամբ զբաղողներ ալ կան: Բոլոր գաղտնիքներուն ծանօթ եւ իր գործին մէջ շատոնց հմուտ Ալեքսանդր Ղազեանի խօսքով, իւրաքանչիւր փեթակէն 10 քիլոկրամ մեղր կը ստացուի, որ կարելի է վաճառքի համար արտահանել Հայաստան եւ արտասահման: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց սկսնակ մեղուապահներու հետ մեղուաբուծութեան գաղտնիքները կիսելու:

«Արցախ ֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Տրդատ Մարտիրոսեան յոյս յայտնեց, որ այս ծրագիրը աշխատանք չունեցող ընտանիքներու համար եկամուտ ապահովելու միջոց կը հանդիսանայ: Նկատի առնելով նոր փեթակներ ձեռք բերելու պահանջը, շահագրգռուածութիւնն ու նոր դիմողներու թիւը` այս ծրագիրը կը փորձուի շարունակական դարձնել ո՛չ միայն Հացի համայնքին մէջ, այլ նաեւ` շփման գիծին մօտ գտնուող Արցախի այլ համայնքներու մէջ:

ՀՄԸՄ Արցախի Մասնաճիւղին Մէջ Խմբապետներու Երդման Արարողութիւն

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Արցախի մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խմբապետներու սկաուտական երդման արարողութիւն: 17 խմբապետներ երդում կատարելով` խոստացան իրենց սկաուտական եւ ազգային ծառայութիւնը շարունակել:

Հինգ ամիս հետեւողական աշխատանք կատարելէ ետք խմբապետուհի Մարօ Քէշիշեան կրցաւ պատրաստել այս նոր երիտասարդները: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի 104 տարիներու գործունէութեան: «ՀՄԸՄ-ը հայապահպանման ջատագով դարձաւ, մարզական եւ սկաուտական խումբերով դաստիարակեց ազգային ոգիով սերունդներ, թրծեց աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութիւնը, որոնք հետագային իրենց կորովի կեցուածքով անկոտրում ուժ դարձան հայ ժողովուրդի արդար պայքարին համար: ՀՄԸՄ-ը գոյատեւեց, Հայոց ցեղասպանութեան որբացած սերունդներու հոգեկան վիճակը բարձրացուց, դաստիարակեց  եւ կեանքի նկատմամբ լաւատեսութիւն սփռեց: Նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական գաղթօճախներէ ներս թափանցելով` առողջ ու մաքուր միջավայր ստեղծեց մեր երիտասարդութեան համար, վերադարձաւ հայրենիք եւ ահա այսօր իր նոր ղեկավարութեամբ հաստատակամ իր նախաքայլը կը դնէ վիրաւոր, սակայն շուտով ազատ ու ամբողջական դարձող Արցախին մէջ: ՀՄԸՄ-ի 104-ամեայ ճանապարհը այնքան ալ հեզասահ չընթացաւ, սակայն կամքով, կորովով եւ աննահանջ ոգիով յարատեւեց: Հպարտութեամբ կ՛ընդգծեմ, որ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած ՀՄԸՄ-ը յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ: ՀՄԸՄ-ը ինքնանպատակ կամ քաղաքական կազմակերպութիւն չէ, այլ ազգանուէր կազմակերպութիւն է, որ նպատակ ունի պատրաստել բարոյապէս բարձր արժանիքներով եւ ազգային նկարագրով հայրենիքին ծառայելու պատրաստ քաղաքացիներ», ըսաւ ան:

Մարօ Քէշիշեան հպարտութեամբ արձանագրեց, որ համահայկական կառոյցի վերածուած ՀՄԸՄ-ը իր արմատները կ՛ամրապնդէ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ: «Կասկած չունիմ, որ այս կազմը նուիրումով պիտի գործէ եւ պիտի կարենայ իր շուրջը համախմբել խտացած սկաուտական շարքեր, որոնք ազգային ոգիով լեցուած` նուիրումով պիտի գործեն Արցախի Հանրապետութիւնը հզօրացնելու համար: Պիտի դառնան իսկական բանակ, պիտի շարունակեն մեր անմահացած հերոսներուն կիսատ թողած գործունէութիւնը, մինչեւ որ Արցախը ամբողջութեամբ ազատագրուի», եզրակացուց Քէշիշեան:

ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Դաւիթ Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մարօ Քէշիշեանին` այս ծանր ժամանակաշրջանին Արցախի մէջ եւ արցախցիներու կողքին ըլլալուն համար: «Այսօր ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին համար տօն է, մեր մեծ ընտանիքը կը համալրուի գաղափարակից ու խանդավառ երիտասարդներով: ՀՄԸՄ-ը միշտ գործած է այնտեղ, ուր պէտք է հայերու համախմբումը, եւ անհրաժեշտ է հայեցի դաստիարակութիւնը, ցաւօք սրտի, այսօր Արցախի մէջ սեւ ամպեր կուտակուած են, եւ միայն համախմբումով մենք կրնանք հասնիլ յաղթանակի: Կը շնորհաւորեմ բոլոր նորամուտ տօնող քոյրերն ու եղբայրները: Այս օրը շատ տպաւորիչ եւ միաժամանակ պարտաւորեցնող է բոլորիս համար, կը փափաքիմ, որ այսուհետեւ Արցախի մէջ ըլլայ միայն յաղթական խաղաղութիւն», շեշտեց ան:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեանի ըսաւ. «Երեք տարի առաջ Արցախի մէջ ՀՄԸՄ-ի 111-րդ մասնաճիւղի բացումով Արցախի կառոյցը մաս դարձաւ այդ բազմահազար ընտանիքին: Ցաւօք, հետագային պատերազմի պատճառով ՀՄԸՄ-ը անհրաժեշտ աշխուժութեամբ չկրցաւ շարունակել: Մարօ Քէշիշեանի եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան միջոցով աշխատանքը սկսաւ, եւ այսօր մենք ունինք ՀՄԸՄ-ի գործող կառոյց, վարիչներու մեծ խումբ, եւ կը յուսամ, որ բաց մնացած աշխատանքը արագօրէն կը հասնի իր աւարտին: Կարծիք կայ, որ ՀՄԸՄ-ը Դաշնակցութեան կառոյցն է, սակայն այն ինքնակազմակերպուող, ինքնակառավարուող մարմին է եւ ուղղահայեաց ենթակայութիւն չունի: Կրկնակի թիւրիմացութիւն է այն, որ Դաշնակցութիւնը ընդհանրապէս կապ չունի ՀՄԸՄ-ի հետ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը չի կրնար կապ չունենալ հայապահպանութիւն, հայեցի դաստիարակութիւն, առողջ սերունդ դաստիարակող այսպիսի կազմակերպութեան հետ: ՀՅԴ-ի կողմէ ՀՄԸՄ-ը գուրգուրանքի առարկայ է», իր խօսքին մէջ ընդգծեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը` համոզուելով, որ ՀՄԸՄ-ական տեսակը ազգի մէջ գերակշիռ է:

Հանդիսաւոր ձեռնարկին ներկայ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Դաւիթ Յակոբեանը, շնորհաւորելով խմբապետներու նորամուտը` նշեց, որ Արցախի մէջ կազմակերպութիւնը մեծ աշխատանք ունի կատարելիք. «Համոզուած եմ, որ Արցախի մէջ ազգային դաստիարակութեան, ազգային ոգիի նոր շունչ կը բերէք ձեր ներկայութեամբ: Մեր հիմնական առաքելութիւնը հայ երիտասարդին, հայ պատանիին ազգային բարձր գաղափարներով դաստիարակելն է: Յոյսով եմ, որ յաջորդին Արցախի մէջ հարիւրաւոր սկաուտներ նորէն հպարտօրէն կը տողանցեն ու եւս մէկ անգամ կ՛ըսեն, որ Արցախը անպարտ է, եւ Արցախի երիտասարդութիւնը կարգապահ տողանցքով պիտի կերտէ մեծ ու գեղեցիկ հայրենիք»:

Նշենք, որ այս հաւաքին ներկայ էին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ եւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի անդամներ:

«Վերելք» Ձեռներէցներուն Խոստմնալից Իրագործումները

Հոկտեմբեր 22-ին տեղի ունեցաւ «Վերելք» ձեռներէցութեան ծրագրի միամեայ ամփոփիչ ձեռնարկը, որ կը համախմբէր «Վերելք» Արցախ (2021թ.) եւ «Վերելք» Սիւնիք (2022թ.) յաղթող երիտասարդ ձեռներէցները, որոնք Արցախէն եւ Սիւնիքէն հասած էին Երեւան` մասնակցելու այս հաւաքին: «Վերելք» փոքր եւ միջին առեւտուրեր քաջալերող ծրագրին մասնակցութիւն ունեցան` 18-35 տարեկան մօտաւորապէս 150 երիտասարդներ: Ընդհանուր 10 ծրագիրներ` 6 Արցախէն եւ 4 Սիւնիքէն, ստացան նիւթական յատկացում:

«Վերելք» ծրագիրին նպատակն է ձեռներէց երիտասարդութեան փոխանցել համապատասխան գիտելիք եւ հմտութիւններ` իրականութիւն դարձնելու իրենց գաղափարները եւ հաստատելու կայուն աշխատանք իրենց ծննդավայրին մէջ` ունենալով գործնական ներդրում համայնքային զարգացման եւ նպաստելով արտագաղթի ալիքներու նուազեցման 44-օրեայ յետպատերազմեան շրջանին: Ընտրուած ծրագիրները կը կրեն ազգային եւ ընկերային բաղադրիչ եւ կը բարձրացնեն երիտասարդութեան դերակատարութիւնը անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ:

Իւրաքանչիւր յաղթող երիտասարդ ներկայացուց իր կեանքի կոչած ծրագիրը, անմիջականօրէն խօսեցաւ իր փորձառութեան, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ ձեռք բերած յաջողութիւններուն մասին` անդրադառնալով ապագայի նկատմամբ ունեցած ձգտումներուն եւ նպատակներուն ընդհանրապէս հայրենիքի զարգացման եւ յատկապէս իրենց շրջանի շէնացման ուղղութեամբ:

Կրնաք ծանօթանալ ծրագիրներուն` այցելելով ընկերային ցանցերու էջերը.

«Վերելք» Արցախ – Martirosyan՛s Berries – Bee Shushi – MOM CandlesBuy4Artsakh – SilVi Fashion- «Վերելք» Սիւնիք – Victory fitness – ABC PharmacySoFun Coffeehouse – Jeeg House:

Հաղորդենք, որ ձեռնարկին ներկայ էին` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յաջողութիւններ արձանագրած ձեռներէցներ, հանրային գործիչներ, հասարակական, բարեգործական եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, երիտասարդներ եւ հետաքրքրուած անհատներ:

Այս ձեռնարկը «Վերելք»-ի շրջանաւարտներուն համար կը հանդիսանար նոր ծանօթութիւններու եւ սերտ կապեր ստեղծելու լաւագոյն հարթակներէն, ներդրում ունենալու հայկական տնտեսական միջավայրի եւ գործարարական ցանցի նորարականացման:

«Վերելք»-ը կարողութիւններու, ֆինանսի, ընդունակութիւններու ձեռներէցութեան ծրագիր մըն է, որ հիմնադրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կողմէ` համագործակցաբար «Ռիվոլվ» խորհրդատուական ընկերութեան հետ, մասնակցութեամբ այլ մասնագիտական խումբերու:

Ծրագրին հովանաւորներ հանդիսացան «Արցախ Ֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամը, Հայ օգնութեան միութիւնը եւ անհատ բարերարներ: Կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, որոնք կը փափաքին մասնագիտական ծառայութիւններ եւ կամ նիւթական ներդրում կատարել այս ծրագրի յառաջիկայ փուլերուն, կրնան կապ հաստատել ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հետ:

Յայտնենք, որ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է հետեւիլ «Վերելք»-ի պաշտօնական էջին` Վերելք Ծրագիր/Verelk Program:

Չարենցի Ստեղծագործութիւնները Արդէն Իսկ Հասանելի Են Ֆրանսերէնով. Տեղի Ունեցաւ  ««Ծիածանը» Եւ…» Երկլեզու Գիրքին Շնորհահանդէսը

Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125 եւ մահուան 85-ամեակներուն նուիրուած ««Ծիածանը» եւ…» գիրքը  իր առանձնայատուկ տեղը կը գտնէ ընթերցասէր հասարակութեան, յատկապէս ֆրանսախօս մշակոյթի դաշտին մէջ:

Հոկտեմբեր 28-ին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մէջ կայացաւ շնորհահանդէս Եղիշէ Չարենցի ««Ծիածանը» եւ…» երկլեզու գիրքին, որ հրատարակուած է  Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան աջակցութեամբ:

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակոյթի եւ համագործակցութեան հարցերով խորհրդական Կիյոմ Նարժոլեն նշեց, թէ ուրախ են, որ աջակցած են Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանին թարգմանած ու խմբագրած գիրքին: Անոր խօսքով, Ֆրանսայի դեսպանատան համար շատ կարեւոր է կարելիութիւն ընձեռել ֆրանսախօս  հասարակութեան` ճանչնալու Չարենցի գործերն ու բանաստեղծութիւնները:

«Ունենալով ուժեղ կապեր Հայաստանի եւ հայերուն հետ` Ֆրանսայի դեսպանատան կողմէ կ՛ուզեմ ըսել, որ Չարենցը` իբրեւ բանաստեղծ, գրող, մշակութային մարդ, կարեւոր է նաեւ Ֆրանսայի դեսպանատան համար», յայտնեց Կիյոմ Նարժոլեն:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան նախագահ Աստղիկ Մարաբեան նշեց, որ 2021 թուականին յանձնախումբին կողմէ առանձնակի նշանակութիւն տրուած է թարգմանչական ծրագիրներու իրականացման:

«Ուրախ եմ, որ տարուան աւարտին մեր ձեռքին մէջ կը գտնուի երկլեզու ««Ծիածանը» եւ…» գիրքը, որ արդէն 5-րդն է 2022 թուականի թարգմանական ծրագիրներու ծիրին մէջ: Վստահ ենք, որ գիրքը իր առանձնայատուկ տեղը պիտի գտնէ ընթերցասէր հասարակութեան, յատկապէս ֆրանսախօս մշակոյթի դաշտին մէջ», ըսաւ Մարաբեան:

Գիրքը վերնագրուած է ««Ծիածանը» եւ…», որովհետեւ այնտեղ զետեղուած են Եղիշէ Չարենցի «Ծիածանը» շարքը, ինչպէս նաեւ բանաստեղծութիւններ` «Ողջակիզուող կրակ», «Ութնեակներ արեւին», «Զանազան բանաստեղծութիւններ» շարքերէն, ընդհանուր 74 ստեղծագործութիւն` հայերէնով եւ ֆրանսերէնով:

«Գիրքի թարգմանութեան նախաձեռնութիւնը ծնած է տակաւին նախորդ տարի, երբ  Ֆրանսայի դեսպանատան աշխատակիցները այցելեցին թանգարան: Թանգարանի ռազմավարական ուղղութիւններէն մէկն է Չարենցի կերպարին միջազգայնացումը: Իսկ այս նպատակին իրականացման ճանապարհն է` Չարենցի գրական ժառանգութիւններուն թարգմանութիւնը, որ նաեւ շատ կարեւոր է թանգարանի այցելուներուն համար, որովհետեւ մենք  կը հիւրընկալենք ո՛չ միայն հայեր, այլեւ` օտարներ», ընդգծեց Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէն Ժաննա Մանուկեանը:

Յայտնենք, որ ֆրանսերէնի թարգմանութեան հեղինակն է լուսահոգի Արամ Բարլեզիզեանը: «Ծիածանը» եւ…» գիրքը թարգմանիչի կեանքի վերջին ամիսներու աշխատանքն է եւ անոր յիշատակին յաւերժացումը: Ձեռնարկին ցուցադրուեցաւ նաեւ գիրքի թարգմանութեան ընթացքին Արամ Բարլեզիզեանի ձեռագրով նշումներու թուղթը, որ պահուած է Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ:

Լոյս Տեսաւ «Կրթամշակութային Կեանքն Արցախում» Խորագիրով Գիտաժողովի Նիւթերու Ժողովածուն

Վերջերս լոյս տեսաւ «Կրթամշակութային կեանքն Արցախում» խորագրով գիտաժողովի նիւթերու ժողովածուն:

Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին նախաձեռնութեամբ:

Գիրքին մէջ զետեղուած զեկուցումները նուիրուած են Արցախի պատմական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի տարատեսակ հարցերուն, որոնք կը վերաբերին անցեալին, ներկային, ինչպէս նաեւ մատնանշում` յառաջիկայի թիրախներուն:

«Այս դժուարին ու հակասական օրերուն մէջ մեր պետականութեան թիւ մէկ օրակարգը պիտի ըլլայ ինքնութեան առանցքի շուրջ Արցախի եւ Հայաստանի միասնականացումը: Ուստի չկորսնցնենք մեր հաւատքն ու հաստատակամութիւնը` պայքարը յաղթական աւարտին հասցնելու: Պայքարինք մեր բոլոր կարելիութիւններով` գրիչով, միտքով, յիշողութեամբ, նաեւ` մշակոյթով եւ կրթութեամբ», գիտաժողովի բացման խօսքին մէջ նշած էր Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը:

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակէն տեղեկացուցին, որ գիրքը հրատարակուեցաւ Հայ կրթական հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ, իսկ անոր խմբագիրն է արձակագիր Դաւիթ Սարգսեանը:

Լոյս Տեսաւ Արցախեան Երկրորդ Պատերազմին Նահատակուած Ախուրեանցի Հայորդիներու Յիշատակին Նուիրուած «Յաւերժութեան Ճանապարհին» Գիրքը

Վերջերս հրատարակուեցաւ Մարինէ Խաչատրեանի «Յաւերժութեան ճանապարհին» գիրքը` նուիրուած Ախուրեան համայնքի Ախուրեան, Այգաբաց, Արեւիկ, Բասէն, Կամօ, Կառնուտ, Հովիտ, Ջրառատ բնակավայրերուն` 2020 թուականի արցախեան երկրորդ պատերազմին նահատակուած 24 հայորդիներուն: Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Գիւմրիի «Հոկտեմբեր» թատերասրահին մէջ:

«Երբ աւարտեցի առաջին գիրքս` «Ախուրեան համայնքի պատմամշակութային յուշարձաններ»-ը, սկսաւ պատերազմը, եւ ես չէի ուզեր առանց յիշողութիւններու ձգել մեր սերունդները: Նպատակս մէկն էր` յաւերժացնել մեր յաւերժի ճամբորդները, սերունդները կրթել ու դաստիարակել հայրենասիրութեան ոգիով` անոնց փոխանցելով հերոսներու կատարած սխրագործութիւնները: Գիրքի ստեղծման ճանապարհը դժուար ու ծանր ապրումներով էր», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Մարինէ Խաչատրեան:

Գիրքին մէջ մանրամասն նկարագրուած է իւրաքանչիւրին կեանքը եւ մարտական փառաւոր ուղին, իսկ գիրքին ձեւաւորումը կատարած է Մարտին Գէորգեանը: Մինչ կենսապատումները աւարտած են` սկիզբ դնելով նոյնանուն տեսաշարերու, որոնք ստեղծուած են հերոսածին մայրերու եւ հարազատներու, զինակից ընկերներու յուշերու հիման վրայ:

«Իւրաքանչիւրս պէտք է մեր ուժերը ներդնենք, որպէսզի լրացնենք մեր եղբայրներուն, մեր հայրերուն, մեր ընկերներուն չապրած տարիները: Ինծի համար պատիւ էր մասնակցութիւն ունենալ այս գիրքին եւ ժապաւէններու ստեղծմանը` այս ձեւով յարգանքի տուրք մատուցելով հերոս տղաներուն», խօսելով կատարուած աշխատանքի մասին` նշեց Մարտին Գէորգեան:

Յայտնենք, որ գիրքը հրատարակուած է Ախուրեան համայնքի պատուէրով:

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Վարանդայի Մելիք Ջումշուդի Լոռիէն Արցախ Վերադարձը

Յաջորդը

Ծանուցողական. Մեսրոպեանի Աշակերտները Նշեցին Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?