Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Զմիւռնիան Հայոց Եւ Յունաց Ցեղասպանութիւններու Ուղեծիրին Մէջ. Բնաջնջում, Հրկիզում Եւ Տարագրութիւն (Սեպտեմբեր, 1922 Թ.)» Խորագրով Եռօրեայ Միջազգային Գիտաժողովի Աշխատանքներու Ամփոփում
Սեպտեմբեր 14-16 տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամին կազմակերպած «Զմիւռնիան հայոց եւ յունաց ցեղասպանութիւններու ուղեծիրին մէջ. բնաջնջում, հրկիզում եւ տարագրութիւն (սեպտեմբեր, 1922 թ.)» խորագրով եռօրեայ միջազգային գիտաժողովը (համակազմակերպիչներ` Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկ, Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարան, Պէյրութի Հայկազեան համալսարան, Սալոնիկի Արիստոտէլի անուան համալսարանի պոնտագիտութեան ամպիոն):
Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը. «Այսօր, ազրպէյճանական անթաքոյց հակամարտութեան օրերուն մենք կը գումարենք գիտաժողով` նուիրուած 100 տարի առաջ տեղի ունեցած մէկ այլ` թրքական հակամարտութեան հետեւանքներուն: 100 տարի առաջ նահատակուած են հազարաւոր անմեղ քաղաքայիններ, այսօր` իրենց մարտական դիրքերուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները պաշտպանող հայ զինուորներ: Մեր, այսպէս կոչուած, դրացիներուն վայրագ պահուածքը չէ փոխուած. անոնք այսօր ալ դաւանած են նոյն «արժէքները», ինչ որ` 100 տարի առաջ: Ու ասոր մենք պէտք է յստակ գիտակցինք մեր յարաբերութիւնները կառուցելու ժամանակ», նշեց ան: Յարութիւն Մարութեանին առաջարկով ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին սեպտեմբեր 13-ին Ազրպէյճանի յարձակման պատճառով նահատակուածներուն յիշատակը:
Ներկաներուն տեսակապով ողջունեց Սալոնիկի Արիստոտէլի անուան համալսարանի պոնտագիտութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր Կիրիակոս Խացիկիրիակիտիսը. «Հայերու եւ յոյներուն բարեկամութիւնը դարերու պատմութիւն ունի, որ հիմնուած է փոխադարձ վստահութեան վրայ: Այս գիտաժողովը մէկ անգամ եւս կը փաստէ այդ հանգամանքը»: Ապա աւելցուց, որ ինչպէս 1922 թուականին Զմիւռնիոյ մէջ, այնպէս ալ այս օրերուն երկու ժողովուրդներուն ընդհանուր թշնամին` Թուրքիան, կը շարունակէ իր վայրագ քաղաքականութիւնը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեան, որ նշեց, թէ մարդկութիւնը պէտք է ճանչնայ անցեալը ո՛չ միայն հարստութեամբ եւ բարիքներով, այլեւ` աղէտներով: Այս գիտաժողովը, վեր. Փոլ Հայտոսթեանի համոզումով, վեր կը հանէ Զմիւռնիոյ գրական, պատմական, եկեղեցական, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքը:
Գիտաժողովի բացման արարողութեան յաջորդեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կազմակերպած «Զմիւռնիան հայոց եւ յունաց ցեղասպանութիւններու ուղեծիրին մէջ. բնաջնջում, հրկիզում եւ տարագրութիւն (սեպտեմբեր, 1922 թ.)» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացումը: Նոյն օրը մասնակիցները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին մօտ, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը:
Գիտաժողովին մասնակցեցան ցեղասպանագիտութեան եւ յարակից ոլորտներու մօտաւորապէս քառասուն մասնագէտներ` Հայաստանէն, Յունաստանէն, Լիբանանէն, Հոլանտայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Իտալիայէն եւ Չեխիայէն:
Գիտաժողովին առաջին օրը գումարուեցաւ երեք նիստ` հետեւեալ խորագիրներով. «Զմիւռնիոյ համայնքային կեանքը. դպրութիւն, գրչութիւն, հրատարակչական մշակոյթ», «Զմիւռնիոյ պարբերական մամուլը», «Զմիւռնիոյ կրօնական կեանքը. միջկրօնական փոխյարաբերութիւնները»:
Առաջին օրուան հիմնական զեկուցողը Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, փրոֆեսէօր Ալպերթ Խառատեանն էր. ան ներկայացուց Զմիւռնիոյ հայկական գաղթօճախին պատմութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան Զմիւռնիոյ հայ գաղթավայրի ուսումնասիրման ոլորտին մէջ ունեցած ներդրման համար Ալպերթ Խառատեանը, ինչպէս նաեւ յոյն հետազօտող Ճորճ Փուլիմենոսը պարգեւատրեց «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի «Հենրի Մորկենթաու» յուշամետալով:
Գիտաժողովին երկրորդ օրը գումարուեցաւ երեք նիստ` հետեւեալ խորագիրներով. «Յիշողութեան մշակոյթ եւ հոգեբանական ուրուագծումներ», «Ոճրագործութիւն, քարոզչական եւ քաղաքային մշակոյթ», «Մշակութային ինքնութիւնը Զմիւռնիոյ հայերու եւ յոյներու բնաջնջման համաթեքսթին մէջ. քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացումը»:
Երկրորդ օրուան առաջին պատուաւոր զեկուցողը անուանի լեզուաբան, գերմանագէտ, հայագէտ, Մաքկիլ համալսարանի փրոֆեսէօր Տորա Սաքայեանն էր. ան հանդէս եկաւ «Փաստաթո՞ւղթ, թէ՞ գրական գործ. մեծ հօրս` բժիշկ Կարապետ Խաչերեանի օրագիրը Զմիւռնիոյ աղէտի մասին» խորագրով զեկուցումով:
Միւս պատուաւոր զեկուցողը Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող Վերժինէ Սվազլեանն էր. անոր զեկուցումը նուիրուած էր Զմիւռնիոյ աղէտին եւ ժողովուրդին պատմական յիշողութեան: Հիմնական զեկուցող, թրքագիտութեան եւ ժամանակակից ասիական ուսումնասիրութիւններու ամպիոնի դասախօս, Կապոդիստրիայի անուան Աթէնքի ազգային համալսարանի փրոֆեսէօր Հերուէ Ժորժըլենը ներկայացուց «Քեմալականներու` Զմիւռնիոյ նուաճումը (1922 թ., սեպտեմբեր). առաջինը թիրախաւորելով հայերը եւ մեղքը բարդելով անոնց վրայ» զեկուցումը:
Երկրորդ օրը տեղի ունեցաւ նաեւ «Հայոց պատմութիւն. Զմիւռնիա» խորագրով փոստային բացիկի հանդիսաւոր ներկայացումը, որմէ ետք մասնակիցները ստացան իրենց օրինակները:
Գիտաժողովին երրորդ օրը գումարուեցաւ երկու նիստ` հետեւեալ խորագիրներով. «Փրկութեան գործը. ականատեսներ եւ մարդասիրական ձեռնարկումներ», «Մարդու իրաւունքներու խախտում, իրաւական գնահատականներ եւ հեռանկարներ. վերապրածներու տարագրութիւնը եւ ներգաղթը Խորհրդային Հայաստան»:
Հիմնական զեկուցողը Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանն էր. ան հանդէս եկաւ «Մոռցուած հոգի Էգեական ծովուն մէջ. վեր. Յակոբ Երանեանի կեանքն ու վախճանը» խորագրով զեկուցումով:
Հարցուպատասխանի եւ քննարկումներու աւարտէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտական աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն Էդիտա Գզոյեան ամփոփեց գիտաժողովին արդիւնքները: Ան նշեց, որ գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Հայաստանի համար դժուար ժամանակներու մէջ` հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիին մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններու պայմաններու մէջ, աւելցուց, թէ ինչպէս 100 տարի առաջ, այնպէս ալ հիմա հայերուն եւ յոյներուն ընդհանուր թշնամի Թուրքիան չէ հրաժարած իր հակահայկական եւ հակայունական քաղաքականութենէն: Էդիտա Գզոյեան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան գիտաժողովի կազմակերպման եւ իրականացման կարեւոր գործին մէջ:
Այնուհետեւ մասնակիցները այցելեցին Նուպարաշէն աւան` Նոր Զմիւռնիա փողոցի անուանակոչման արարողութեան:
Նուպարաշէնի վարչական շրջանի ղեկավարի տեղակալ Աշոտ Ղադեանը եւ աշխատակազմի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բաժինի գլխաւոր մասնագէտ Գոհարիկ Ոսկանեանը դիմաւորեցին միջազգային գիտաժողովին մասնակիցները: Նուպարաշէնի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Բարդուղիմէոս քհն. Յակոբեան հոգեհանգիստի կարգ կատարեց` ի յիշատակ 1922 թուականին Զմիւռնիոյ հայ եւ յոյն անմեղ զոհերուն:
Գոհարիկ Ոսկանեանը ողջունեց հիւրերը, ներկայացուց Նուպարաշէնի պատմութիւնը` շեշտելով աւանի բարեկարգման ու զարգացման աշխատանքները:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Նուպարաշէնի ամէնէն տարեց բնակիչները, որոնք Զմիւռնիոյ հայ վերապրողներուն շառաւիղներն են` Նուպար Պէրպէրեանը եւ Սարգիս Ճարպիկեանը (Ջրտըխեան):
Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի Եւ Սիւնիքի Մէջ 25 Հազար Աշակերտ Եւ 6 Հազար Երեխայ Դպրոց Ու Մանկապարտէզ Չեն Յաճախեր
Հայաստանի Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի շարք մը բնակավայրերու մէջ վտանգուած է երեխաներու կրթութեան իրաւունքը: Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը որոշում կայացուցած է այդ երեք մարզերու բնակավայրերու հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն, ըստ անհրաժեշտութեան, տրամադրել արձակուրդ, հետագային բաց մնացած դասաժամերը լրացնելու պայմանով:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Ժաննա Անդրէասեանի խօսքով, ընդհանուր առմամբ 172 դպրոցներու մօտաւորապէս 25 հազար աշակերտ այս պահու դրութեամբ դպրոց չի յաճախեր, խախտուած է անոնց կրթութեան իրաւունքը. «Կը խօսուի նաեւ 69 մանկապարտէզներու մասին, ուր կը յաճախեն մօտաւորապէս 6 հազար երեխաներ: Ի հարկէ վտանգուած է նաեւ այդ բնակավայրերուն ուսումնարաններուն, քոլեճներուն, նաեւ արտադպրոցական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը», շեշտեց Ժ. Անդրէասեան:
Ազրպէյճանը Նախիջեւանի Մէջ Առնուազն 108 Հայկական Եկեղեցիներ Եւ Գերեզմանատուներ Քանդած Է. «Կովկասեան Ժառանգութեան Մոնիթորինկ» Փլաթֆորմ
«Կովկասեան ժառանգութեան մոնիթորինկ» փլաթֆորմը հրապարակեց հետազօտութիւն մը, որ կը վկայէ, թէ Ազրպէյճանը 1997-2011 թուականներուն Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ ամբողջութեամբ քանդած է առնուազն 108 հայկական վանք, եկեղեցի եւ գերեզմանատուն:
«Կովկասեան ժառանգութեան մոնիթորինկ» փլաթֆորմը օգտագործած է բարձր թողունակութեամբ արբանեակային պատկերներ` հայկական մշակութային ժառանգութեան ճակատագիրը վաւերագրելու համար:
Այս թիւը կը ներկայացնէ հայկական մշակութային ժառանգութեան 98 տոկոսը, որ հետազօտողները յաջողած են բացայայտել: Այս գտածոները առաջին անգամ կը ներկայացնեն համոզիչ ապացոյցներ` հայկական մշակոյթի հետքերուն լուռ եւ համակարգուած ջնջումը, որ եղած է Ազրպէյճանի ներքին ցեղային քաղաքականութեան բնորոշ գիծը:
«Փաստացի հիմքեր կան, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը սպառնայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին: «Կովկասեան ժառանգութեան մոնիթորինկ» փլաթֆորմը արդէն փաստագրած է 6 հաստատուած աւերածութիւններ, 7 հաստատուած վնասներ եւ 17 սպառնալիքի տակ գտնուող ուրիշներ` 2020 թուականի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երկրորդ պատերազմի սկսելէն ետք:
Այս կայքը եւ «Կովկասեան ժառանգութեան մոնիթորինկ» փլաթֆորմին յատուկ զեկոյցը կը ներկայացնէ առաջին համակարգուած գնահատականը Նախիջեւանի բոլոր հայկական վանքերուն, եկեղեցիներուն եւ գերեզմանատուներուն, որոնք գոյութիւն ունեցած են խորհրդային ժամանակաշրջանի վերջաւորութեան: «Մեր աշխատանքը հիմնուած է 1970-ական եւ 1980-ական թուականներու ամերիկեան գաղտնազերծուած արբանեակային պատկերներու, 1930-1990 թուականներուն խորհրդային տեղագրողներու կողմէ ստեղծուած մանրամասն քարտէսներու եւ ժամանակակից առեւտրական արբանեակային պատկերներու վրայ` պատմական, ճարտարապետական եւ եկեղեցական նշանակութեան յուշարձանները, այդ թիւին մէջ` հազարաւոր տապանաքարերով գերեզմանատուները գտնելու եւ գնահատելու համար», նշած են զեկոյցին հեղինակները:
Ննգի Գիւղին Մէջ Ձեւաւորուեցաւ Համազգայինի Ազգային Պարի Մանկապատանեկան Խումբը
Սեպտեմբեր 11-ին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանը եւ ազգային պարի պարուսոյց Մարիամ Անդրէասեանը այցելեցին Ննգի գիւղի միջնակարգ դպրոց, ուր հանդիպեցան դպրոցի տնօրէն Էլէոնորա Սողոմոնեանին եւ աշակերտներուն հետ: Ձեւաւորուեցաւ ազգային պարի մանկապատանեկան խումբը, Մարիամ Անդրէասեանը ներկայացաւ հայկական ազգային պարերուն նուիրուած դասախօսութեամբ, իսկ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէնը ներկայացուց Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցին գործունէութիւնը:
Համազգայինի Արցախի գրասենեակի ազգային պարի խումբերուն աւելցաւ եւս մէկ խումբ: Պարուսոյցը շաբաթական երկու օր պիտի այցելէ Ննգի եւ պիտի կազմակերպէ դասընթացներ:
Դպրոցին տնօրէնը գոհունակութիւն յայտնեց համագործակցութեան համար եւ կարեւոր նկատեց Համազգային-դպրոց կապի ամրապնդումը:
Այնուհետեւ Հ. Աւագեան դպրոցի գրադարանին յանձնեց Հայաստանի ազգային գրադարանի կողմէ Ննգիի դպրոցին նուիրուած գիրքերը:
Սլովերէնով Լոյս Տեսան Թումանեանի Հեքիաթները Եւ Հայկական Միջնադարեան Առակները
Փրակայի «Պետկա» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հայկական հեքիաթները» եւ «Միջնադարեան հայկական առակները» գիրքերը` աւստրիաբնակ բանասէր Մերի Սարգսեանի սլովերէնի թարգմանութեամբ:
Գիրքերը հրատարակուած են նկարազարդումներով, իսկ Թումանեանի գիրքին մէջ տեղ գտած են հայ աշակերտներու գեղարուեստական աշխատանքները: Հեքիաթներու ժողովածուն նուիրուած է Թումանեանի 150-ամեակին: Գիրքին մէջ թարգմանաբար ներկայացուող 19 հեքիաթները 1978 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսած Թումանեանի ընտիր երկերուն հրատարակութենէն են:
Իսկ հայկական առակներու գիրքին մէջ տեղ գտած են Վարդան Այգեկցիի, Մխիթար Գոշի յայտնի 137 առակները, որոնց մէջ ներառուած են նաեւ անյայտ առակագիր Օլոմպիանայի քանի մը առակները:


