Կրկնելով 2020 թուականի 44-օրեայ անակնկալ յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի վրայ` 12 սեպտեմբեր 2022-ին ազերի զինեալ ուժերը սկսան ռմբակոծել Հայաստանի հարաւային շրջանի Գորիս, Ջերմուկ, Վարդենիս ու Սոթք բնակավայրերը: Այս երկու յանկարծական յարձակումներուն ընթացքին թշնամի ուժերը անխտիր թիրախաւորեցին թէ՛ զինուորական եւ թէ՛ քաղաքային վայրերը` կոտորելով բազմաթիւ անմեղ բնակիչներ իրենց քանդուած տուներուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն ու գործատեղիներուն մէջ:
Իրենց պատմական հողերուն վրայ ապրող հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ անցեալ տասնամեակներու ի գործ դրուած նմանօրինակ ցեղասպանական արարքներու շարանը, սկսեալ` 1915 թուի օսմանեան կայսրութեան համաթուրանական կառավարութեան կողմէ ծրագրուած եւ ի գործ դրուած անցեալ դարու առաջին ցեղասպանութենէն, ունի միակ ու յատուկ նպատակ` ՄԻԱՆԳԱՄ ԸՆԴՄԻՇՏ ՈՉՆՉԱՑՆԵԼ ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑԸ: Ներկայ շարունակականօրէն աճող տարագիր հայ այրերու, որբերու, տնազուրկ ընտանիքներու եւ հաշմանդամ մարտիկներու թիւը կը հաստատէ այս ողբերգական իրավիճակին ահաւոր իրականութիւնը:
Իր 112 տարիներու մարդասիրական աշխատանքներու ընթացքին Հայ օգնութեան միութիւնը` գործունեայ անդամ ՄԱԿ-ի ECOSOC յանձնաժողովին, բազմաթիւ անգամ շտապած է օգնութեան հասնիլ պատերազմներու, բնական աղէտներու եւ ցաւալիօրէն մարդկային արարքներու անպաշտպան զոհերուն:
Սոյն յայտարարութեամբ ՀՕՄ-ը կը դիմէ քաղաքակիրթ ազգերու, կազմակերպութիւններու բոլոր ներկայացուցիչներուն եւ սրտցաւ անհատներու, որ մէկ կողմ դնելով քաղաքական իւրայատուկ շահերն ու միտումները` գործնականօրէն զօրավիգ կանգնին համամարդկային արդարութեան ու խաղաղութեան անյետաձգելի ու յաճախ անտեսուած անմիջական կարիքներուն, միաժամանակ խնդրելով, որ արդար դիրքաւորումով դատապարտեն վայրագ ոտնձգութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն դէմ:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ