Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 24, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արցախի Մէջ Արեւային Ջրատաքացուցիչներու Տեղադրման ՀՅԴ-ՀՕՄ-ի Ծրագիրը

Արցախի մէջ մեկնարկեց ՀՅԴ-ի եւ ՀՕՄ-ի արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրման ծրագիրը:

Նկատի ունենալով այս տարուան մարտ ամսուան Արցախի մէջ ստեղծուած եռանդուն ճգնաժամը, Ազրպէյճանի վարած ցեղասպան մարտավարութիւնը, պարբերաբար կազատարի եւ ելեկտրականութեան խափանումները` ՀՕՄ-ը Արցախի մէջ սկսաւ Արեւային ջրատաքացման սարքերու տեղադրման ծրագիր:

Հաղորդենք, որ ծրագրին նպատակն է ապահովել արցախահայութեան կեանքի բնականոն ընթացքը հայրենի հողին վրայ: Ծրագիրը կ՛իրականացնէ Հայ օգնութեան միութիւնը Արցախի կառավարութեան հետ համաձայնաբար: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ապրիլին Արցախ կատարած այցելութեան ընթացքին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի աջակցութեամբ Հայ օգնութեան միութեան եւ Արցախի կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ համահաւասար ներդրում կատարելու ծրագրի իրականացման համար:

Ծրագրի իրագործման համար 100 հազար ամերիկեան տոլար նուիրատուութիւն կատարեց ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութիւնը:

Սկզբնական փուլին ծրագրի շահառուներ կը հանդիսանան զոհուած ազատամարտիկներու, հաշմանդամութիւն ունեցողներու եւ բազմազաւակ ընտանիքները, ընտրութեան հարցին մէջ համագործակցութիւն եղած է Արցախի ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարարութեան հետ:

ՀՅԴ Արցախի կառոյցին հետ ստեղծուած աշխատանքային յանձնախումբը համապատասխան աշխատանքներ տարած է համայնքներու ղեկավարներուն հետ եւ տեղեկացած է ընտանիքներու դժուարութիւններուն: Կնքուած է պայմանագիրներ` Արցախի կառավարութեան, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի, մատակարար «Շտիգէն» ընկերութեան եւ ծրագրի շահառուներուն միջեւ:

Կազ չունեցող համայնքներու մէջ Արցախի կառավարութիւնը իր վրայ պիտի վերցնէ անհրաժեշտ գումարին 50 առ հարիւրը, իսկ կազ ունեցող համայնքներու մէջ ՀՕՄ-ը պիտի վճարէ 100 տոկոսով: Ծրագրի առաջին փուլին շահառու դարձան 98 ընտանիքներ, իսկ ծրագրի մեկնարկը տրուեցաւ Մարտունիի շրջանի Ննգի, Կաղարծի, Պառաւաթումբ, Կոլխոզաշէն կազ չունեցող համայնքներէն: Այս մասին տեղեկացուցին Հայ օգնութեան միութեան Արցախի գրասենեակէն:

«Թուֆենքեան» Հիմնադրամի Հովանաւորութեամբ Լոյս Տեսաւ «Փոթորիկ Կովկասում» Գիրքին Հայերէն Թարգմանութիւնը

Վերջերս «Նիւմէգ» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց «Փոթորիկ Կովկասում» գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը: Նշենք, որ գիրքին հայերէն հրատարակութիւնը հովանաւորեց «Թուֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամը, իսկ թարգմանական աշխատանքը ամբողջացուց «Սիվիլնէթ»-ի խմբագիր Կարէն Յարութիւնեանը:

«Փոթորիկ Կովկասում» գիրքը 2020-ի արցախեան պատերազմի մասին ռուս, հայ, թուրք եւ միջազգային փորձագէտներու յօդուածներու ժողովածու է: Գիրքը հրատարակած է 2021-ին Մոսկուայի Ռազմավարութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու կեդրոնը` Ռուսլան Պուխովի ղեկավարութեամբ:

Յայտնենք, որ ինը յօդուածներու տասներկու հեղինակները քաղաքագէտներ եւ ռազմական փորձագէտներ են, որոնք անդրադարձած են արցախեան հարցի տարբեր անկիւններուն, մարտական գործողութիւններուն, դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանային զարգացումներուն:

Ըստ թարգմանիչ Կարէն Յարութիւնեանի, արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք հայ հանրութեան շրջանակներու մէջ բազմաթիւ են քննարկումներն ու շահարկումները պատերազմին աղէտալի պարտութեան մասին` դաւադրութեան տեսութիւններէն մինչեւ քաղաքական անձեռնհասութեան մեղադրանքներով:

«Փոթորիկ Կովկասում» գիրքին աւելի լայն հասանելիութիւնը հայ հանրութեան, մասնագէտներուն եւ յատկապէս որոշում ընդունողներուն կարեւոր է 2020-ի պատերազմի ընթացքին թոյլ տուած սխալները սերտելու եւ հետագային անոնց կրկնութիւնը բացառելու տեսանկիւնէ», ըսաւ Յարութիւնեան:

Անուանի Արձակագիր, Հրապարակախօս Հրաչուհի Փալանդուզեանը Ոչ Եւս Է

Վերջերս կեանքէ հեռացաւ անուանի արձակագիր, հրապարակախօս, լրագրող, խմբագիր Հրաչուհի Փալանդուզեանը:

Ան ծնած է 1951-ին, Վարդենիս: 1975-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի լրագրութեան բաժինը: Մասնագիտական աշխատանքը սկսած է շրջանային «Այգաբաց» թերթին մէջ (1976-77թ.), ուր հեղինակած է ակնարկներու եւ հրապարակախօսական յօդուածներու բազմաթիւ շարքեր:

1977 թուականին ընդունուած է Հայկական ձայնասփիւռի սփիւռքի համար հաղորդումներու խմբագրութիւն` վարելով Հայ դատին, Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստան-սփիւռք կապերուն, համազգային այլ հիմնահարցերու վերաբերող հարիւրաւոր հաղորդումներ: 1992-1994 թուականներուն ղեկավարած է «Հանրապետութեան ձայն» ռատիոգործակալութեան հասարակական-քաղաքական բաժինները` ուղիղ եթերով վարելով «Քաղաքական դիմանկար», «Արցախի ժամ» եւ այլ հանրաճանաչ հաղորդաշարերը:

1994-ին ձայնասփիւռէն հեռանալով` աշխատանքի անցած է մամուլի մէջ` «Առաւօտ» օրաթերթ, «Բումերանգ» շաբաթաթերթ, «Երկիր» օրաթերթ: 1998-ին հրաւիրուած է Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոն` իբրեւ այդ կեդրոնի եւ «Հայեացք Երեւանից» հանդէսի խմբագիր: Մինչեւ 2005 թուականը աշխատակցելով կառոյցին` գրած է տասնեակ յօդուածներ եւ վարած է հարցազրոյցներ, խմբագրած է հայագիտական, քաղաքական, տնտեսագիտական, ընկերային բնոյթի շարք մը մենագրութիւններ, տարեգիրքեր եւ «Տասնամեայ հանրագումար» մեծածաւալ ժողովածուն:

Փալանդուզեան գրած է շարք մը գիրքեր, որոնցմէ է «Քառակուսի գնդակ» քաղաքական վէպը: 2005-2006 թուականներուն աշխատած է Հայաստանի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մէջ` իբրեւ նախարարի խորհրդական:

2007-2013 թուականներուն աշխատած է «Հայաստանի Զրուցակից» երկլեզու շաբաթաթերթին մէջ` իբրեւ հայերէնի բաժինի խմբագիր: Համագործակցած է Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսներուն հիմնած «Ազգային գիտակցութիւն» ակումբին հետ:

2014-ին «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթը տպագրած է Հ. Փալանդուզեանի «Հայեցի հայերէն» յօդուածաշարը` կազմուած լեզուաոճական շուրջ 300 շտկումէ:

Փալանդուզեանի ստեղծագործական կեանքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Հայոց ցեղասպանութեան թեման, որ բիւրեղացած է բազմաթիւ եղեռնապուրծ հայերու հետ հարցազրոյցներու, ինչպէս նաեւ Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնին մէջ վերծանած հարիւրաւոր ձայնագրութիւններու շնորհիւ:

Հայոց մեծագոյն ողբերգութեան եւ պահանջատիրութեան նուիրուած են` «Հարսնատես» վէպը, «Նոյեմ հարսի դաշոյնը», «Անդրանիկ զօրավարի դիմանկարը», «Վայրի սէր», «Հին ձայնագրութիւն» եւ այլ պատմուածքներ:

Հեղինակին նախասիրութիւններէն մէկն ալ գրելն էր ասոյթներ, որոնց թիւը կ՛անցնի 4 հազարը:

Հ. Փալանդուզեան վերջին շրջանին չէր աշխատեր, այլ կը զբաղէր գրական եւ խմբագրական աշխատանքով:

Ցեղասպանութենէ Փրկուած Եւ Միացեալ Նահանգներ Գաղթած Հայ Երիտասարդին Մասին Ժապաւէնը Մեծ Պաստառի Վրայ

«Ամերիկացի» ժապաւէնը, որով սկիզբ առաւ «Ոսկէ ծիրան-2022»-ը, օգոստոս 19-էն մեծ պաստառի վրայ հասանելի է հանրութեան:

«Մեզի համար շատ պատասխանատու եւ ուրախանալի էր, որ մեր ժապաւէնով սկսաւ հայաստանեան շարժափառատօնը: Հասկնալի պատճառներով շատեր չէին կրցած դիտել զայն: Այդ պատճառով ալ այս փուլին ժապաւէնը սահմանափակ քանակով պաստառներ բարձրացնելու որոշում կայացուցինք», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ «Ամերիկացի» ժապաւէնի արտադրող Արման Նշանեանը:

Ըստ Նշանեանի, իրենց խումբին համար առաջնային էր այն, որ ժապաւէնին անդրանիկ ներկայացումը կայանար Հայաստանի մէջ, հայկական շարժափառատօնի շրջանակներու մէջ:

«Մենք պէտք էր աշխարհին ցոյց տայինք, թէ ուրկէ՛ սկիզբ առաւ այս պատմութիւնը, շեշտելով, որ անիկա 100 առ հարիւր հայկական ժապաւէն է, որուն նկարահանումները ամբողջութեամբ տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ», ըսաւ ան:

Ժապաւէնին փառատօնային կեանքը այսքանով չ՛եզրափակուիր, այլ յառաջիկային պիտի ցուցադրուի Համպուրկի, ապա Նիւ Եորքի շարժափառատօներուն եւս:

«Այս շրջանին կը բանակցինք նաեւ այլ շարժափառատօնի մը մասնակցելու շուրջ, բայց ներկայիս այդ փակագիծները պիտի չբանամ: Ժապաւէնը 100 առ հարիւր հայկական արտադրութիւն է, իսկ նիւթը` համամարդկային, որուն շնորհիւ ալ կրնայ դիպչիլ մարդոց սրտերուն` անկախ ազգութենէն: Կարեւոր կը համարեմ յիշեցնելը, որ ժապաւէնին աշխարհագրութիւնն ալ մեծ է: Ժապաւէնի նկարահանումին մասնակցած են հայեր, որոնք երբեւէ չէին ապրած եւ կամ աշխատած Հայաստանի մէջ», նկատեց ժապաւէնը արտադրողը:

Ժապաւէնին բեմագրութեան հեղինակը, բեմադրիչը եւ գլխաւոր դերակատարը «Էմմի»-ի եւ «Ոսկէ կլոպուս»-ի արժանացած Մայքլ Գուրջեանն է: Ժապաւէնին մէջ նկարահանուած է նաեւ «Թղթէ տունը» համաշխարհային ճանաչում ունեցող տեսաշարին անուանի Յովիկ Կեուչկերեանը: Դերասանական կազմին մաս կը կազմեն նաեւ` Միխայիլ Տրուխինը, Նելլի Ուվարովան, Նարինէ Գրիգորեանը, Ժան-Փիեր Նշանեանը, Արամ Գարախանեանը, Դաւիթ Յակոբեանը, Լեռնիկ Յարութիւնեանը եւ ուրիշներ:

«Ժապաւէնի ծիրին մէջ սկսանք աշխատիլ Պատրիկ Մալխասեանին եւ Վարդան Պարսումեանին հետ, անոնք ժապաւէնին գործադիր արտադրիչներն են, ես եւ Սոլ Տրիոն արտադրիչներն ենք: Այս մարդոց շնորհիւ է, որ կրցանք այս ամէնը իրականացնել», ըսաւ Արման Նշանեան:

Յիշեցնենք, որ «Ամերիկացի»  ժապաւէնը կը պատմէ Ցեղասպանութենէն հրաշքով ողջ մնացած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայ երիտասարդի մը` Չարլիի մասին, որուն ընտանիքը, ցաւօք, այդ ոճրագործութեան զոհ դարձած էր: Պատմութիւնը կը սկսի 1947 թուականէն, երբ Չարլին կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը բախի խորհրդային համայնավարութիւն կոչուող դաժան իրականութեան հետ: Հայաստանի մէջ Չարլին անմիջապէս կը ձերբակալեն եւ դատապարտելով`  ազատազրկման կ՛ենթարկեն:

Համաշխարհային Դրամատան Ծրագիրով Պիտի Իրականացուին Դաշտադէմ Ամրոցի Բարեկարգման Աշխատանքներ

Համաշխարհային դրամատան «Տեղական տնտեսութիւն եւ ենթակառուցուածքներու զարգացում» ծրագրով շուտով սկիզբ պիտի առնեն Դաշտադէմ ամրոցի (Արագածոտն) բարեկարգման աշխատանքները: Այս մասին յայտնեցին Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակէն:

Կը նախատեսուի` ամրոցի ամբողջ տեղանքի ուսումնասիրութիւն եւ ընտրուած հատուածներուն մէջ պեղումներու իրականացում, տարածքին կիսակառոյց բնակելի տան կազմաքանդում, պատմական հնագիտական արգելոց-թանգարան տանող ճանապարհի բարեկարգում, հեծանիւի ուղիի գծանշում եւ ամրոցի շրջագիծէն դուրս` հիմնական մուտքի եւ ամրոց տանող ճանապարհի յարակից տարածքներու բարեկարգում:

Հաղորդենք, որ կը նախատեսուի աշխատանքները կ՛աւարտին 2024-ին:

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Արցախցիները Վրաստանի Մէջ Բնակեցնելու Թոյլտուութիւն

Յաջորդը

Հայրենիք Աղաւնոյ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?