Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 17, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ 

ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբարները Արցախի Մէջ

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան ճամբարներու մեկնարկը տրուեցաւ յուլիս 17-ին, Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ: Աշխարհի տարբեր կողմերէն պատրաստակամութիւն յայտնուած է օժանդակելու այս ճամբարներուն:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Վանքի մէջ կատարուած այս պատանեկան ճամբարները դարձած են աւանդութիւն: «ՀՅԴ պատանեկան ճամբարները արդէն սիրուած են Վանքի մէջ: Նախորդ տարի այստեղ առաջին անգամ կազմակերպուած էր պատանեկան Ճամբար` ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան հետ միասին, իսկ այս տարի կազմակերպեց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը, որուն աջակցեցան նաեւ Արցախի մէջ վարժողական ծրագիր իրականացնող մեր ընկերները` ՀՅԴ  Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններէն», յայտնեց Անի Յովհաննիսեան` նշելով, որ շատ դժուար եղած է բաժանման օրը:

Արցախ ժամանած սփիւռքահայ երիտարդներուն համար Վանքի ՀՅԴ պատանեկան միութեան անդամները կազմակերպած էին արշաւ դէպի գիւղ` ներկայացնելով իրենց ծննդավայրի պատմութիւնն ու տեսարժան վայրերը:

«Նկատի ունենալով, որ պատանիները չէին ուզեր, որ ճամբարը աւարտի, մենք անոնց հետ պայմանաւորուեցանք ապագային եւս այլ ծրագրեր իրականացնել եւ մեր խոստումին տէր ըլլալով, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու երիտասարդական միութիւններու աջակցութեամբ, Վանք գիւղին մէջ կազմակերպած էինք ժամանցային միջոցառում», աւելցուց Յովհաննիսեան:

Ընկերները այցելեցին նաեւ Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարան, գետի ափին` կազմակերպեցին խրախճանք:

Այլ ճամբար մը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան թիւ 2 միջնակարգ դպրոցին մէջ, ՀՅԴ  Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութեան աջակցութեամբ:

Ճամբարի կազմակերպիչ խումբի պատասխանատու Հուրի Մինոյեան յայտնեց, որ առաջին անգամ 2012-ին էր, երբ իրենց խումբով ժամանած էին Արցախ ճամբար կազմակերպելու համար:

Ան նշեց, որ այս տարի արդէն ճամբարներ կազմակերպուած են Գիւմրիի եւ Ստեփանակերտի մէջ: «Ճամբարի նպատակը ամրան շրջանին պատանիներուն համար հետաքրքրական ու արդիւնաւէտ ժամանցի կազմակերպումն է, յետպատերազմեան իրականութենէն զանոնք անջատելը ու անոնց մէջ ազգասիրութեան, ընկերասիրութեան գաղափարները արմատաւորել: Անոնց կը ներկայացնենք նաեւ ՀՅԴ-ի  պատմութիւնն ու ներկայի գործունէութիւնը: Ես 2012-էն առաջ ամէն տարի կ՛այցելէի Հայաստան, բայց 2012-ին ճամբարներուն մասնակցելէ ետք կարողացայ ծանօթանալ իսկական Հայաստանին եւ Արցախին: Ճամբարը ոչ զբօսաշրջային փորձառութիւն էր բոլորիս համար: Առիթ ունեցանք կապ հաստատելու մարդոց հետ, մեր ընկերներու հետ եւ հասկնալու, թէ իրականութեան մէջ ինչպէ՛ս կ՛ապրին մարդիկ: Երբ դուրսէն կու գաս իբրեւ զբօսաշրջիկ` ամէն ինչ հեքիաթային կը թուի, սակայն ճամբարին մասնակցելով` կրնաս ծանօթանալ ժողովուրդի ապրելակերպին: Միշտ փորձած ենք ամէնէն աւելի Արցախի մէջ իրականացնել նման նախաձեռնութիւններ, եւ ոչ միայն Ստեփանակերտի մէջ, այլ նաեւ` այլ շրջաններու  մէջ եւս», ըսաւ Մինոյեան, որուն համար, ի տարբերութիւն կազմակերպուող այլ ճամբարներու, Դաշնակցութեան կազմակերպուած ճամբարները միշտ ալ իւրայատուկ են թէ՛ իրենց մատուցած գաղափարներով եւ թէ՛ իրականացուող ծրագիրերով ու միջոցառումներով, եւ այդ պատճառով պատանիները սիրով կը մասնակցին ճամբարներուն:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Բենօ Բաբայեան շեշտեց, որ անցեալ տարի կազմակերպուած են 9 ճամբարներ Արցախի տարբեր համայնքներուն մէջ` ընդգրկելով հազարէ աւելի պատանիներ: «Այս տարի ասիկա 2-րդ ճամբարն է, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 150 պատանիներ: Աւելի դիմողներ ալ կային, սակայն ստիպուած եղանք դադրեցնել դիմումնագիրները», նշեց Բաբայեան:

Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան թիւ 2 միջնակարգ դպրոցին մէջ կազմակերպուած ՀՅԴ պատանեկան երկրորդ ճամբարը Արցախի մէջ աւարտեցաւ տօնական հանդիսութեամբ: Ներկայ էին` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալեոնա Գրիգորեան, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները, Արցախի կրթութեան նախարարութեան նախարարութեան արտադպրոցական ծրագրերի բաժնի պետ Արմէն Պետրոսեանն ու պատանիներու ծնողները:

«Թուֆենքեան» Բարեգործնական Հիմնադրամը Արցախի Գիւղերուն Մէջ Կը Շարունակէ Իրագործել Բարեգործական Ծրագիրներ

«Թուֆենքեան» բարեգործական  հիմնադրամին կողմէ Արցախի գիւղերուն մէջ իրականացուած են տարբեր ծրագիրներ: Հիմնադրամը Արցախի մէջ կը գործէ 2003-էն ի վեր եւ պատերազմէն ետք կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ  իր սկզբունքներուն` կատարելով մշակութային, առողջապահական լայնածաւալ աշխատանքներ:

«Ճոն եւ Յասմիկ Մկրտչեաններու հիմնադրամ»-ի (ԱՄՆ) եւ «Թուֆենքեան»-ի աջակցութեամբ Հերհերի մէջ խաղավայր կառուցուած է:

«Թուֆենքեան»-ի կողմէ Ճարտարի մէջ վերանորոգուած է 44-օրեայ պատերազմի մասնակից, պայմանագրային զինուոր, Ճարտարցի Արթուր Աւետիսեանին տունը: Աւետիսեան  ականի պայթումէն վիրաւորուած է գիւղի պաշտպանութեան ժամանակ: Անոնց տան պայմանները շատ անմխիթար էին: Շնորհիւ հիմնադրամին` ստեղծուած են ապրելու անհրաժեշտ բոլոր պայմանները:

Հիմնադրամը Մարտունիի Սօս գիւղին մէջ վերակառուցած է 2020-ի պատերազմին վիրաւորուած Յարութ Հենրիկեանին բնակարանը: Յարութը պաշտպանած է իր ծննդավայրը թշնամիին յարձակումէն եւ անօդաչու թռչող սարքի հարուածէն վիրաւորուած է ոտքերէն: Ան ցարդ մօտ տասը անգամ վիրահատուած է եւ կը շարունակէ իր բուժումը:

Մարտունիի Մաճկալաշէն գիւղին մէջ «Թուֆենքեան»-ի եւ քանատահայ նուիրատուներ Քլարա Գասապեանի եւ Վահէ Յակոբեանի աջակցութեամբ կառուցուած է խաղավայր, որուն բացումը տեղի ունեցած է 28 յուլիսին:

Գիւղապետ Լեռնիկ Աւանեսեան անհրաժեշտ համարելով խաղավայրի կառուցումը` ըսած է, որ գիւղին մէջ կայ մօտաւորապէս 80 երեխայ, որոնք իրենց օրուան մեծ մասը կ՛անցընեն այստեղ: Համայնքի զարգացման համար ասիկա նոր կարելիութիւն մըն է:

Վերակառուցուած է նաեւ Մաճկալաշէնի դպրոցի երկարամեայ մանկավարժ Լիւդմիլա Ծատուրեանին տունը, որ կը գտնուէր խիստ վատ վիճակի մէջ:

«Ճոն եւ Յասմիկ Մկրտչեաններու հիմնադրամ»-ի (ԱՄՆ) եւ «Թուֆենքեան»-ի աջակցութեամբ Հերհերի մէջ նոյնպէս խաղավայր կառուցուած է: Համայնքապետ Արման Ալեքսանեան նշած է, որ` «Գիւղին մէջ կան 80 դպրոցական եւ 35 նախադպրոցական տարիքի երեխաներ, որոնք յատկապէս ամառնային արձակուրդներուն աւելի յագեցած պիտի անցընեն այստեղ»:

«Թուֆենքեան»-ի` Արցախի ծրագիրներու կառավարիչ Էդուին Գրիգորեանի համաձայն, որպէսզի ընտանիքները շարունակեն ապրիլ իրենց գիւղին մէջ, պիտի ստեղծուին յարմարաւէտ պայմաններ, որոնցմէ են նաեւ երեխաներու համար խաղալու եւ ժամանցի վայրերը, եւ` վստահեցուցած, որ գիւղերուն մէջ խաղավայրերու կառուցումը շարունակական պիտի ըլլայ:

Հերհերի մէջ պատերազմի ժամանակ հրթիռակոծութեան պատճառով փլած Հայրապետեաններու տան փոխարէն` «Թուֆենքեան»-ը կառուցած է նորը` կենցաղային անհրաժեշտ բոլոր պայմաններով:

– Ստեփանակերտէն 16 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ասկերանի Դահրաւ գիւղին մօտ հիմնուող բնակավայրին մէջ կ՛ընթանան շինարարական մեծածաւալ աշխատանքներ: 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Արցախի տարբեր շրջաններէ տեղահանուած բազմազաւակ ընտանիքներ արդէն այս տարի պիտի ունենան իրենց տուները:

Հայաստանի դրամատուներու միութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախորդ տարեվերջին միութիւնը որոշած է մասնակցիլ «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ իրականացուող «100 տուն Արցախում» ծրագրին եւ ֆինանսաւորել մէկ բազմազաւակ ընտանիքի համար կառուցուող տան շինարարական աշխատանքները:

Խաչքարերը, Յուշարձանները Կը Տարհանենք, Որպէսզի Ջրականի Եկեղեցւոյ Ճակատագրին Չարժանանան

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Բերձորէն, Աղաւնոյէն եւ Սուսէն կը տարհանէ հայկական յուշարձանները, որովհետեւ աչքի առաջ ունի Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը` հայկական յուշարձանները ոչնչացնելու բազում օրինակներ կան: Եւ այդ հանգամանքէն մեկնելով` որոշած են այս անգամ զանոնք չձգել թշնամիին հսկողութեան տակ անցնող բնակավայրերուն մէջ:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան ըսաւ, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ծրագրին համաձայն, երբ սկսաւ բնակչութեան տարհանումը, պէտք է տարհանէին յուշակոթողները եւ միայն կոթողական արուեստի յուշարձանները, խաչքարերը եւ այլն:

«Մենք այդ աշխատանքները սկսանք տարհանել, ո՛չ միայն յուշարձանները, այլեւ` գրադարանի գիրքային ֆոնտը: Բերձորի քաղաքային գրադարանէն 10 հազարէ աւելի գիրք ամբողջութեամբ տեղափոխուած է Ստեփանակերտ: Կը տեղափոխենք Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի կոթողական յուշարձանները, զանոնք կը հաւաքենք Ստեփանակերտի մէջ մէկ տեղ: Կան տարբեր առաջարկներ այդ յուշարձաններուն հետագայ ճակատագրին գծով: Օրինակ` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի հետ համաձայնութիւն ունինք, որ Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովհաննու եկեղեցւոյ մօտ ստեղծուի համապատասխան պուրակ եւ այնտեղ տեղադրուին յուշակոթողներէն քանի մը հատը: Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մօտակայքը եւս կը տեղադրուին որոշ յուշակոթողներ, խաչքարեր:

Կան նաեւ մասնաւոր առաջարկներ, օրինակ` Շուշիի յուշարձանախումբի հեղինակէն, որ նմանատիպ յուշարձանախումբի պուրակ կրնայ ստեղծուիլ նաեւ Ստեփանակերտի, Մարտակերտի կամ այլ վայրի մէջ: Այսինքն մենք այս ամէնը կը տեղափոխենք եւ արդէն կը սկսինք այս կամ այն վայրին մէջ զանոնք տեղադրել ու պահպանել:

Ունինք 12-13-րդ դարերու խաչքար, որ բնականաբար իր տեղը կը գտնէ պատմական երկրագիտական թանգարանի մէջ», նշեց Լեռնիկ Յովհաննիսեան:

Ըստ անոր, այս պահուն ալ յուշարձանները տարհանման փուլի մէջ են, աւարտած է Ներքին Սուսի, Աղաւնոյի կոթողական յուշարձաններու տեղափոխութիւնը: Արդէն աւարտին կը մօտենայ Բերձորի ճանապարհի եզրերուն գտնուող յուշարձաններու տարհանումը:

«Յաջորդը պիտի զբաղինք Բերձորի կեդրոնական մասին մէջ գտնուող յուշահամալիրի խաչքարերու տեղափոխութեան հարցով, կան որոշակի թեքնիք հարցեր: Այդուհանդերձ, մեզի տրուած ժամկէտին մէջ դուրս կը հանենք բոլոր յուշարձանները:

Տարհանուող խաչքարերուն, յուշարձաններուն եւ կիսանդրիներուն մօտաւոր թիւը ներկայ պահուն 47 է: Սակայն կը պատահին դէպքեր, երբ տեղական իշխանութիւնը դիմում կը ներկայացնէ, թէ այսինչ վայրին մէջ ալ խաչքարեր կան, մենք անոնց անմիջապէս կ՛արձագանգենք: Կան մարդիկ, որոնք կը դիմեն, որպէսզի տարհանենք նաեւ իրենց բակերուն մէջ գտնուող որոշ յուշակոթողներ: Այսինքն երբ այդ ամէնը տեղափոխենք, արդէն յստակ թիւ կ՛ունենանք», աւելցուց Լ. Յովհաննիսեան:

Լեռնիկ Յովհաննիսեանի խօսքով, առհասարակ բոլորին յայտնի է Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը հայկական մշակոյթի նկատմամբ, այդ քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանը նոյնիսկ չի թաքցներ եւ կ՛իրականացնէ պետական մակարդակով:

«Յատկապէս 90-ականներէն ետք տեղադրուած յուշակոթողները, յուշարձանները անմիջապէս կ՛ոչնչացնեն, վկան Ջրականի եկեղեցին է եւ բազմաթիւ այլ եկեղեցիներ ու յուշակոթողներ, որոնք մնացած են բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ: Բնականաբար, այդ ամէնը տեսնելով, մենք քաղաքացիական պաշտպանութեան ծրագրին համաձայն, ամէն ինչ կը տարհանենք, որպէսզի նոյն ճակատագրին չարժանանան», շեշտեց ան:

Տակաւին այս տարուան մայիսին Արցախի Հանրապետութեան նախագահը հրամանագիր ստորագրած է` բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ յուշարձաններու պահպանութեան պետական խորհուրդ ստեղծելու մասին, եւ ըստ Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, այդ խորհուրդը կը քննարկէ տարհանուած յուշարձաններու վերաբերող բոլոր հարցերը, եւ կը կայացուին համապատասխան որոշումներ:

«Կան խաչքարեր, որոնք նուիրուած են այն ազատամարտիկներուն, որոնք զոհուած են այդ շրջանները ազատագրելու ժամանակ: Բնականաբար այդ ազատամարտիկներուն երեխաները, հարազատները կը դիմեն այսպիսի խնդրանքով, որպէսզի այդ խաչքարերը տեղափոխեն այս կամ այն վայր, ուր իրենք կ՛ապրին: Կը կարծեմ` բոլոր լուծումները կը գտնենք», եզրափակեց Լեռնիկ Յովհաննիսեան:

Արէն Տէիրմենճեան` Աւետարանչականի Նոր Ներկայացուցիչը Հայաստանի Մէջ

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան յայտարարեց, որ 1 սեպտեմբեր 2022-էն սկսեալ Արէն Տէիրմենճեան կը նշանակուի ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Հայաստանի մէջ:

Արէն Տէիրմենճեան երեք տարիներ առաջ տեղափոխուեցաւ իր ծննդավայր Պէյրութէն Հայաստան` միանալու աւետարանչականի Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի վրայ գտնուող կեդրոնատեղիի կազմին` իբրեւ ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչի տեղակալ:

Արէն ընտանեկան արտադրական ընկերութեան մէկ աշխատակիցն էր 2013-ին, ամերիկեան համալսարանը աւարտելէ եւ հողատարածքի զարգացման (landscape architect) վկայականը ստանալէ ետք: Ան նաեւ խորապէս ներգրաւուած էր Պէյրութի Էշրեֆիէ շրջանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ` իբրեւ երիտասարդական խումբի գլխաւոր առաջնորդ եւ քրիստոնէական Ջանից ընկերակցութեան անդամ: 2016-ին Արէն, Մոնթրօ, Զուիցերիայէն MBA աստիճանը ստանալէ մէկ տարի ետք, երբ աւետարանչականի Հայաստանի ներկայացուցիչի տեղակալի պաշտօնը իրեն առաջարկուեցաւ, ան մտածեց, որ յարմար ժամանակն էր իր ընտանիքին պատկանող արտադրական ընկերութենէն դուրս գալ եւ իր ղեկավարութեան փորձառութիւնն ու հոգեւոր աճը ի գործ դնել բարեսիրական եւ քրիստոնէական ոլորտին մէջ:

Իբրեւ Հայաստանի աւետարանչականի ներկայացուցիչի տեղակալ` Արէնի ամէնօրեայ պարտականութիւնները կը ներառէին շինարարարական նախագիծներու տնտեսումը, Ֆինանսական կազմի հետ կապը, պիւտճէի պատրաստութիւն եւ դրամաշնորհային առաջարկներու պատրաստութիւն: Ան նաեւ կ՛այցելէր ընկերակցութեան տարբեր կեդրոնները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` մօտէն իմանալու եւ ծանօթանալու իւրաքանչիւր տարածաշրջանի համայնքներու կարիքներուն: Ան սերտօրէն համագործակցած է աւետարանչականի Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանի հետ` ռազմավարութիւնները նախանշելու, ինչպէս նաեւ` ներկայ եւ անցեալ ծրագիրները շահագրգիռ կողմերու հետ գնահատելու համար:

Քանոնահար Մարիաննա Գէորգեանը Միանգամայն Երկու Յաղթական Դափնի Բերաւ Հայաստանին

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ կայացած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւրոպական ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած միջազգային մրցոյթ-փառատօնին կրկնակի յաղթանակ տարաւ` զբաղեցնելով առաջին հորիզոնականները` «Գործիքային կատարողական արուեստ» անուանակարգերուն մէջ: Մարիաննա Գէորգեան միաժամանակ երկու յաղթական դափնի բերաւ Հայաստանին:

Քանոնահարուհի, միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու դափնեկիր Մարիաննա Գէորգեան վերջերս դարձած էր Global Cultural Initiative World Folk Vision համաշխարհային մրցոյթ-փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիր` «Աշխարհի ժողովուրդներու երաժշտութիւն» անուանակարգին մէջ, ուր ներկայացած է ազգային նուագարան քանոնը: Տաղանդաւոր հայուհին 115 երկիրներու 3950 մասնակիցներու մէջ արժանացած է գլխաւոր` «Կրանփրի» մրցանակին: Բացի այդ, մրցանակներու արժանացած է Հնդկաստանի մէջ կազմակերպուած միջազգային մրցոյթին` ճանչցուելով 1-ին կարգի դափնեկիր եւ ստանալով «Բեմական հմայք» ու «Երաժշտութեան դեսպան» յատուկ մրցանակներ: Բազմաթիւ այլ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր է: Հնագոյն երաժշտութեան «Տաղարան» համոյթի քանոնահարն է:

 

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները» (Հեղինակ` Թադեւոս Յակոբեան)

Յաջորդը

Վախին Փուշերը Կը Մաքրեն Հոգիդ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?