Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Կոմիտասի Ծննդեան 153-Ամեակին Նուիրուած Երեկոյ
Սեպտեմբեր 26-ին Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ կայացաւ Կոմիտաս վարդապետին 153-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Ձեռնարկին կազմակերպիչները լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեցին, որ ձեռնարկը առիթ է վերարժեւորելու Կոմիտասը եւ ունկնդրելու անոր ստեղծագործութիւնները:
Ըստ Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի տնօրէն Զարինէ Բաբայեանի, Վարդապետի ծննդեան օրուան նուիրուած ձեռնարկը աւանդական բնոյթ կը կրէ եւ կը կազմակերպուի ամէն տարի:
«Ազգը մեծ է իր մեծերով: Այո՛, մենք շատ հանճարներ ունինք, որոնց անունները ոսկիէ տառերով կը գրուին պատմութեան էջերուն մէջ, ինչպէս` Կոմիտաս, Արամ Խաչատրեան, Առնօ Բաբաջանեան, Սեւակ: Կոմիտաս ապացուցեց աշխարհին, որ հայը ունի իր երգը եւ երաժշտութիւնը: Մենք պէտք է շարունակենք պահել, պահպանել ու կերտել մեր մշակոյթը` ապրելով ու արարելով հայրենիքի մէջ, անկախ բոլոր դժուարութիւններէն», հաղորդեց Զ. Բաբայեան:
Ձեռնարկի ընթացքին երաժշտական դպրոցին սաները ներկայացուցին Կոմիտասի կենսագրութիւնը, ստեղծագործական ուղին, նաեւ ասմունքեցին ու երգեցին անոր ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:
Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Հերոս Ալեն Մարգարեանի Հեքիաթները Նոր Շունչ Ստացան Տիկնիկային Թատրոնի Բեմին Վրայ
«Տեթեքթիւ Ալենը» տիկնիկային ներկայացման գլխաւոր հերոսը հետախոյզ Սմիթն է, որ կ՛որոշէ իրականացնել իր երազը եւ նուաճել աշխարհը: Ան վստահ է, որ այդ ընելու համար անհրաժեշտ է ըլլալ աշխատասէր, ընթերցասէր, խելացի եւ ամէնէն գլխաւորը` բարի ու կարեկից:
Այս ներկայացման հիմքին մէջ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հերոս, «Ոսկէ արծիւ» շքանշանակիր Ալեն Մարգարեանի հեքիաթներն են: Մարգարեանի մահուան օրը` սեպտեմբեր 30-ին, այս ներկայացումը համալրեց Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի խաղացանկը:
Առաջնախաղին դահլիճին մէջ ներկայ էին ե՛ւ փոքրիկները, ե՛ւ մեծահասակները, որոնք կ՛արձագանգէին բուռն կերպով` հետեւելով գլխաւոր հերոսին հետաքրքրական ճամբորդութեան:
Ալեն Մարգարեանի մայրը` Նազելի Տէրտէրեան, խոստովանեցաւ, որ սեպտեմբեր 30-ը իր կեանքի ամէնէն տխուր օրացուցային օրն է վերջին երկու տարուան մէջ, որովհետեւ իր որդին այդ օրը անմահացեր է` դառնալով յաւերժի ճամբորդ: «Փոքր լոյս մը ծագեցաւ անոր միջոցով, որովհետեւ ան անմահացաւ երկրորդ անգամ արդէն տիկնիկային ներկայացման եւ Ալեն տիկնիկի միջոցով: Ներկայացման ծնունդը եւ այն փաստը, որ Ալենը մէկ անգամ եւս կը յաւերժանայ` իւրաքանչիւր մանուկի սրտին մէջ տեղ գտնելով, յուզիչ է: Համոզուած եմ, որ այս բեմադրութիւնը լաւագոյն նուէրը պիտի ըլլայ բոլոր մանուկներուն համար», նշեց Տէրտէրեան:
Նազելի Տէրտէրեանի խօսքով, Ալենը կը ստեղծագործէր առակներ, կը գրէր թատրերգութիւններ, կը նկարէր ժապաւէններ: «Տակաւին մանուկ հասակին անոր ստեղծագործական ջիղը ի յայտ եկած էր տարբեր առիթներով: Ան տակաւին գրաճանաչ չէր, երբ աշնան երեկոյ մը, երբ անձրեւախառն եղանակ էր, փոքրիկ տերեւ մը ինկաւ պատուհանագոգին: Ալեն կտրուկ արձագանգեց ու խնդրեց, որ տերեւը ներս բերենք: Ան պատմութիւն յօրինեց տերեւին մասին ու խնդրեց, որ գրի առնեմ զայն», պատմեց Ալենի մայրը:
Տէրտէրեան տեղեկացուց, որ համագործակցելով «Զանգակ» հրատարակչութեան հետ` կը նախատեսեն լոյս ընծայել Ալեն Մարգարեանի հեքիաթները, որոնք Ալենէն մանուկներուն համար նուէր պիտի ըլլայ: «Ան կը գրէր լուռ, սակայն կ՛ըսէր, որ իր հեքիաթները պեսթսելըրներ պիտի դառնան: Ես կը ցաւիմ, որ անոնք պեսթսելըրներ պիտի դառնան առանց անոր ֆիզիքական ներկայութեան, բայց պիտի դառնան մանուկներուն հոգիներուն հարազատ հեքիաթները», նշեց Նազելի Տէրտէրեանը:
Ըստ ներկայացման բեմադրիչ Սամսոն Մովսէսեանի, Ալեն Մարգարեանի հեքիաթները հետաքրքրական նիւթ կը բովանդակեն տիկնիկային ներկայացման համար: Ստեղծագործական խումբը յաճախ կը փնտռէ նիւթ, որ կարելիութիւն կու տայ երեխաներուն հետ խօսելու իրենց լեզուով, նիւթ մը, որ կը հետաքրքրէ ժամանակակից փոքրիկները:
Ներկայացումը կը ծրագրեն խաղալ սահմանամերձ գիւղերու, Արցախի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ, նաեւ կը նախատեսեն ներկայացումով մասնակցիլ միջազգային փառատօներու` արտերկրի փոքրիկներուն կարելիութիւն տալու ծանօթանալու Ալեն Մարգարեանի կեանքին ու գործունէութեան, արժեհամակարգին, գաղափարներուն եւ մանկական երեւակայութեան:
«Կոմիտաս» Միջազգային Գիտաժողով–Փառատօնը` Կոմիտասի Թանգարան–Ուսումնարանին Մէջ
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանը 26 սեպտեմբերէն 8 հոկտեմբեր երկարող ժամանակահատուածին կ՛իրականացնէ «Կոմիտաս» միջազգային գիտաժողով-փառատօնը:
Նախարարութեան տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, մինչեւ գիտաժողով-փառատօնին սկիզբը, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեան եւ շարք մը մտաւորականներ, արուեստագէտներ, գիտաժողով-փառատօնի մասնակիցներ այցելեցին Կոմիտասի անուան պանթէոն, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին Վարդապետի շիրիմին, ապա Կոմիտասի ծննդեան 153-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ: Այսպիսով, տրուեցաւ աւանդական փառատօնին մեկնարկը, որ տարիներ շարունակ իրականացուած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ: Հանրային տրամադրութեան ընդառաջելով` այս տարի փառատօնին կազմակերպիչները ջնջեցին բոլոր հանդիսաւոր ձեռնարկները, համերգային բաղադրիչները եւ օրուան տրամադրութեան յարիր ձեւաչափ ընտրեցին: «Սակայն պէտք է նշեմ, որ Կոմիտասը կը մնայ իբրեւ կողմնորոշիչ, իբրեւ հոգեմտաւոր բեւեռ եւ անով իսկ պայմանաւորուած` Կոմիտասի ծննդեան օրը նշանաւորող ձեռնարկները կը կազմակերպուին», ըսաւ նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը:
Խօսելով Կոմիտասի դերին եւ նշանակութեան մասին` Խզմալեան ընդգծեց. «Կոմիտասը, բացի հայութեան ոգեղէն, հաւաքական կերպար ըլլալէ, մեր արեան շրջանառութիւնն ու նեարդային համակարգն է, եւ դժուար է գտնել ոեւէ այլ անուն, որ այդքան ամբողջական եւ լիարժէք զետեղուած ըլլայ մեր հոգեւոր ու նեարդային համակարգին ու մեր մտաւոր տիրոյթին մէջ, որքան` Կոմիտաս վարդապետը: Պատահական չէ, որ Կոմիտաս կը շարունակէ մնալ իբրեւ ամէնէն աւելի մեկնաբանուող հեղինակ, եւ անոր ստեղծագործութիւնները կատարելով` մենք կ՛ինքնաճշդուինք, կը վերադառնանք դէպի մեզ: Կոմիտասը մեր ինքնուրոյն գոյութեան գրաւականն ու պաշտպանն է», եզրափակեց ան:
Հաղորդենք, որ հոկտեմբեր 8-ին Հառիճի վանական համալիրին մէջ Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբին կատարումով պիտի հնչէ Կոմիտասի «Պատարագը»` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Քրիսթինա Ոսկանեանի:
Առաջին Անգամ Հայաստանի Մէջ Իրականացաւ «Թատերական Պաստառներ» Միջազգային Մրցոյթ–Փառատօնը
Թատերական պաստառներու միջազգային արդի միտումներու արուեստասէր հանրութիւնը կը ծանօթանայ «Թատերական պաստառներ» խորագրով միջազգային մրցոյթ-փառատօնի շրջանակներու մէջ, ուր ներկայացուած է աւելի քան 95 աշխատանք` 21 երկիրներէ: Յայտնենք, որ միջազգային փառատօն-մրցոյթի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 28-ին, Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:
«Թատերական պաստառներ» միջազգային փառատօն-մրցոյթը Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ առաջին անգամ ըլլալով եւ կ՛իրականացուի Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ: Փառատօնին մասնակցութեան դիմումնագիր ներկայացուած է 29 երկրէ 177 հեղինակ` 406 աշխատանքով: Նախազտման իբրեւ արդիւնք` մրցութային փուլէ անցաւ 21 երկրէ 70 հեղինակի 95 աշխատանք, որոնք ներկայացուեցան ցուցահանդէսի շրջանակի մէջ եւ գնահատուեցան սեպտեմբեր 30-ին միջազգային դատական կազմի կողմէ: Թատրոնը ներկայացուց մօտաւորապէս 30 աշխատանք», բացատրեց թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանը:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Արա Խզմալեանի խօսքով, փառատօնի ծիրին մէջ սեպտեմբեր 29-ին Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի մէջ դատական կազմի անդամներ Միշալ Պաթորին (Ֆրանսա), Սերգէյ Սերովը (Ռուսիա), Իպրահիմ Հաղիղին (Իրան) ներկայացան դասախօսութիւններով, որոնց մուտքը ազատ էր:
«Թատերական պաստառներ» միջազգային փառատօն-մրցոյթը կը նպատակադրէ` հայ արուեստասէր հանրութեան ծանօթացնել թատերական պաստառներու միջազգային արդի միտումներուն, նպաստել պաստառներու հանդէպ հետաքրքրութեան բարձրացման, երկխօսութեան կամուրջ դառնալ հայ եւ արտերկրի արուեստագէտներուն միջեւ», ըսաւ փոխնախարարը:
Նշենք, որ փառատօնի յանձնախումբին մաս կազմեցին` կրաֆիք տիզայնըր, արուեստագէտ, «Ակտ» մշակութային ՀԿ նախագահ Էդիկ Պօղոսեանը, Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանը, լրագրող, արուեստի քննադատ Նունէ Հախվերդեանը, կրաֆիք տիզայնըր Գարեգին Մարտիրոսեանը, լուսանկարիչ Վահան Ստեփանեանը:
«Թատերական պաստառներ» միջազգային փառատօն-մրցոյթը իրականացուեցաւ Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի եւ «Ակտ» մշակութային ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ:
Տեղեկացնենք, որ ցուցահանդէսը հանրութեան համար բաց պիտի մնայ մինչեւ հոկտեմբեր 31:
«Մենք Պատասխանատու Ենք Մեր Գրական Ժառանգութեան Համար». Գիրքի Երեւանեան 5-րդ Փառատօն
«Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գիրքի երեւանեան 5-րդ փառատօնի բացման արարողութիւնը: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ կայացող փառատօնը այս տարի նուիրուած է Վահագն Դաւթեանի 100-ամեակին, որուն ծիրին մէջ ալ փառատօնին բացումը ազդարարուեցաւ գրողին մասին պատմող տեսաժապաւէնով:
Փառատօնին ներկայ գտնուեցաւ եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը:
Խզմալեան գրահրատարակչութեան ոլորտը համարեց ամէնէն յաջողներէն եւ կատարուած աշխատանքին համար երախտագիտութիւն յայտնեց հրատարակիչներուն, թարգմանիչներուն եւ գրականութեան ոլորտի ներկայացուցիչներուն:
«Այսօր յատկապէս իրաւունք չունինք կաթուածահար ընելու հանրային կեանքը, եւ մեր գրահրատարակիչներուն բարձր գիտակցութիւնը թոյլ չի տար, որ խօսքը` լոկոսը, մարի: Մենք իրաւունք չունինք տկարանալու, մենք պատասխանատու ենք մեր գրական ժառանգութեան համար», նշեց Ա. Խզմալեան եւ աւելցուց, որ հրատարակիչներուն աշխատանքը մեր օրերուն մէջ բարոյական սխրագործութիւն է:
Արա Խզմալեան ընդգծեց, որ գրահրատարակչութիւնը, թարգմանական արուեստը այն ոլորտներն են, որոնք շատ խոր արմատներ ունին, որուն լաւագոյն խորհրդանիշը Մատենադարանն է` Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկը:
«Այն գանձերը, որոնք պահուած են Մատենադարանին մէջ, ստեղծուեր են աւելի սարսափելի պայմաններու մէջ, մնայուն սպառնալիքի տակ: Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատուութիւն չկրէ այն սխրագործութիւններուն համար, որոնք մեր սուրբ հայրերը դրսեւորած են, կը պարտուինք այդ իսկ պահէն: Ես վստահ եմ, որ այդ գիտակցութիւնը կայ մեր մէջ, եւ այս ձեռնարկը անոր վկայութիւնն է», յայտնեց նախարարի տեղակալը եւ խօսքը աւարտեց Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Թումանեանի խօսքերով`
«Ու մեր աչքերը նայում են կարօտ`
Հեռու աստղերին, երկնքի ծերին,
Թէ ե՞րբ կը բացուի պայծառ առաւօտ
Հայոց լեռներում, կանաչ լեռներում»:
Հաղորդենք, որ այս տարի գիրքի երեւանեան փառատօնի կազմակերպիչը Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանն է: Ուստի ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ թանգարանի տնօրէն Սիւզաննա Խոճամիրեանը. «Հասարակութեան հոգեւոր հասունութեան կարեւոր չափանիշը միշտ եղած է եւ կը շարունակէ մնալ գիրքի հանդէպ վերաբերումը: Վստահաբար գիրքի հանդէպ սէրը մեր մէջ կ՛աւելնայ, որուն վկայութիւնն է այս փառատօնը: Մեզ պատուհասած դժուարին օրերուն, երբ մէկ ձեռքին մէջ սուրն է, միւս ձեռքին` գիրքը. այս մէկը լաւագոյն փաստը կը հանդիսանայ ժողովուրդի ուժին եւ ոգեղէնութեան»:
Ս. Խոճամիրեան ընթերցասէր հանրութիւնը հրաւիրեց Խ. Աբովեանի տուն-թանգարանին մէջ կայանալիք ձեռնարկներուն:
Նշենք, որ փառատօնի ծիրին մէջ 30 սեպտեմբերէն 2 հոկտեմբեր իրականացուեցան մօտաւորապէս 60 ձեռնարկներ` բացառիկ զեղչով գիրքի տօնավաճառ, գրական հանդիպումներ, վարպետութեան դասեր, ընթերցումներ, շնորհահանդէսներ, գրական մրցանակաբաշխութիւն, որոնք տեղի ունեցան Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանի, Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի, Ռուսական արուեստի թանգարանի, Հայաստանի Ազգային գրադարանի, Երեւանի պետական համալսարանի, Հայ-ռուսական համալսարանի, «Հրանդ Մաթեւոսեան» մշակութային կեդրոն-թանգարանի եւ «Զանգակ» գրատան մէջ:
Յայտնենք, որ փառատօնի բոլոր ձեռնարկներուն մուտքը ազատ էր: