Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Շուշիի Մշակութային Ժառանգութեան Իւրացման Եւ Ոչնչացման Ազրպէյճանական Քաղաքականութիւնը
Ուղիղ երկու տարի առաջ հոկտեմբեր 8-ին, ազրպէյճանական զինուած ուժերը միտումնաւոր թիրախաւորեցին եւ մէկ օրուան ընթացքին երկու անգամ ռմբակոծեցին Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարը:
Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի Կովկասագիտութեան կեդրոնի եւ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հանրային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսը, որ կը կրէ «Շուշիի մշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ ոչնչացման ազրպէյճանական քաղաքականութիւնը» խորագիրը, նպատակ ունի եւս մէկ անգամ խօսիլ հայկական մշակոյթի աղաւաղման, ոչնչացման քաղաքականութեան մասին:
«Պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին մշակութային ժառանգութեան դիտաւորեալ ոչնչացումը ո՛չ միայն կը հանդիսանայ մշակութային ցեղասպանութիւն, այլ նաեւ` ռազմական յանցագործութիւն, որ ամրագրուած է միջազգային շարք մը համագումարներու եւ բանաձեւերու մէջ: Այս ամէնը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած մշակութային ցեղասպանութեան անպատժելիութեան հետեւանքն է:
Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու մէջ այսօր ալ կ՛իւրացուի եւ կ՛ոչնչացուի հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը, որ կը հանդիսանայ համաշխարհային քաղաքակրթութեան բաղկացուցիչ մասը», իր խօսքին մէջ նշեց Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի Կովկասագիտութեան կեդրոնի ղեկավար Յովիկ Աւանեսով:
Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հանրային խորհուրդի նախագահ Սերգէյ Շահվերդեան ներկայացուց խորհուրդին գործունէութիւնը` կեդրոնանալով Շուշիի մշակութային ժառանգութեան վրայ: Անոր խօսքով, Շուշիի մէջ կորսնցուցեր ենք 13 թանգարանային եւ արուեստի գործերու հաւաքածոներ` Շուշիի պատմութեան պետական թանգարանի, Կերպարուեստի պետական թանգարանի, Գրիգորի Գաբրիէլեանցի անուան երկրաբանութեան պետական թանգարանի, պատկերասրահի, Միջազգային պուրակի, Արուեստի կեդրոնի ցուցասրահի, Արցախեան գորգի թանգարանի, Դրամագիտութեան թանգարանի, Նարեկացի արուեստի միութեան, Սամուէլ Թաւադեանի արուեստանոց-ցուցասրահի, Արտակ Պօղոսեանի արուեստանոց-ցուցասրահի, Դաւիթ Աւագիմեանի արուեստանոց-ցուցասրահի եւ Դուշման Վարդանի տուն-թանգարանի հաւաքածոները, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ մնացեր են Շուշիի մէջ: «Մեր նպատակն էր վերստեղծել այդ հաւաքածոներուն ցանկերը, որովհետեւ ցուցանմուշներուն հետ միասին բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մնացեր են այդ հաւաքածոներուն գրանցամատեանները, փաստաթուղթերը: Պետական խորհուրդը հիմա մեծ դժուարութեամբ, քրտնաջան աշխատանքով Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան համապատասխան մասնագէտներուն աջակցութեամբ կը վերստեղծէ անոնց ցանկերը, որոնք հետագայ պահանջատիրական գործունէութեան հիմք կը հանդիսանան», նշեց Ս. Շահվերդեան:
Ան նիւթական մշակոյթէն զատ` կարեւոր համարած է մշակութային ժառանգութեան միւս հատուածներուն մասին խօսիլը, որովհետեւ տեղահանուած մարդիկ իրենց հետ տարեր են միայն բանաւոր յիշողութիւններ, հիմնականօրէն դուրս եկած են առանց ընտանեկան արխիւի, առանց լուսանկարներու եւ նոր կեանք սկսած են առանց անցեալի յիշողութեան:
Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի խորհրդական Մելանիա Բալայեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց իւրաքանչիւր իրադարձութենէ ետք ճիշդ հետեւութիւններ կատարելը` ինչո՞ւ տեղի ունեցան այդ ցաւալի իրադարձութիւնները, ո՞ւր թերացած ենք մենք, եւ ինչո՞ւ այսքան ծանր հետեւանքներ ունեցաւ պատերազմը մեզի համար: «Նորութիւն չէ, որ մենք կ՛ապրինք այնպիսի ժողովրդի մը դրացնութեամբ, որ ի սկզբանէ նպատակադրած է նուաճել ո՛չ միայն մեր տարածքները, այլ նաեւ` ամբողջութեամբ իւրացնել զայն», յայտնեց պատմաբանը:
Անդրադառնալով առկայ մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու հարցին` Մելանիա Բալայեան ցաւով արձանագրեց, որ մեր կորուստներուն ահռելի չափը նաեւ մեր սխալներուն պատճառով է, ուստի պէտք է լուրջ, միջազգային չափանիշներու համապատասխան միջոցներ ձեռնարկել մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ պաշտպանութեան առումով: Ան կը յուսայ, որ այդ սխալը կը շտկուի:
Ֆրեզնոյի Բժշկական Պատուիրակութիւնը Հայաստանի Մէջ Բժշկական Առաքելութիւն Կատարեց
Ֆրեզնոյի բժշկական պատուիրակութիւնը այս տարի եւս այցելեց Հայաստան, ուր իրագործեց իր բարեսիրական առաքելութիւնը: Խումբը Հայաստան մեկնեցաւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի նախաձեռնութեամբ:
Յայտնենք, որ Ֆրեզնոյի պատուիրակութիւնը բժշկական առաքելութեամբ Հայաստան այցելեց արդէն եօթներորդ անգամն ըլլալով: Ինչպէս նախապէս, այս տարի եւս Միացեալ Նահանգներու տարբեր բուժհաստատութիւններու լաւագոյն մասնագէտներով համալրուած խումբը Հայաստան եկաւ Ֆրեզնոյի մէջ բժշկական առաքելութեան խորհուրդի անդամ, ծրագիրներու պատասխանատու Վաչէ Վասիլեանի գլխաւորութեամբ:
«Այս մեր հերթական առաքելութիւնն է դէպի հայրենիք: Խումբին մաս կազմեցին բժշկական 32 տարբեր մասնագէտներ: Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս հիմնականօրէն կեդրոնացանք մեր հերոս զինուորներու առողջական հարցերուն վրայ: Ճիշդ այս նպատակով այս տարի խումբին մեծ մասը` 14-ը, վերականգնողական բժշկութեամբ զբաղող մասնագէտներ էին», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին հաղորդեց Վաչէ Վասիլեան` տեղեկացնելով, որ այս անգամ խումբը աշխատեցաւ Արմաւիրի, Լոռիի եւ Շիրակի մարզերու մէջ` չմոռնալով նաեւ նիւթապէս անապահով քաղաքացիները:
«Բացի դարմանական ծառայութենէն` իրականացուցինք նաեւ ակնաբուժական, ատամնաբուժական եւ այլ ծառայութիւններ: Մատուցեցինք ինչպէս խորհրդատուական, այնպէս ալ վիրահատական ծառայութիւններ: Քանի մը բուժհաստատութիւններու ալ նուիրեցինք բժշկական սարքաւորումներ եւ դեղորայք: Մենք գիտէինք, որ այս անգամ, աւելի քան երբեւէ, հայրենիքը մեր կարիքը ունէր», յայտնեց Վաչէ Վասիլեան: Ան աւելցուց, որ իրենց կարողութիւններու սահմաններու մէջ պիտի փորձեն կրկին աջակցիլ Հայաստանին:
«Անշուշտ մեր առաքելութիւնը կը շարունակուի, արդէն վերադառնալով Ֆրեզնօ` կը սկսինք ծրագրելու յաջորդ այցելութիւնը` թիրախ ունենալով Հայաստանի բնակիչներու կարիքները: Մենք Հայաստան կու գանք ո՛չ միայն օգնելու եւ մեր ժողովուրդին ցաւերը կիսելու, այլ նաեւ օգտուելու` լիցքաւորուելով հայրենիքով», շեշտեց Վ. Վասիլեան:
Ազրպէյճան Հիմնայատակ Դարձուց Հադրութի Մոխրենիս Գիւղի Ս. Սարգիս Եկեղեցին
Ինչպէս արցախեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին, յետպատերազմեան շրջանին եւս չեն դադրած հայոց հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հանդէպ Ազրպէյճանի ոտնձգութիւնները եւ բարբարոս գործողութիւնները: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակեց Մայր Աթոռի` Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերու գրասենեակը:
«Օրերս Միացեալ Նահանգներ Քորնելի համալսարանի Caucasus Heritage Watch կառոյցի կողմէ հրապարակուած արբանեակային տեսագրութիւններու հետազօտութեան շնորհիւ` ի յայտ եկաւ, որ Ազրպէյճանը հիմնայատակ աւերած է Հադրութի շրջանի Մոխրենիս գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին (18-19 դար)», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ մնայուն կերպով գործադրուող մշակութային եղեռնը, որուն նպատակն է Արցախ աշխարհը իր պատմական ինքնութենէն, հայկականութեան որեւէ վկայութենէ զրկելը:
Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ որդեգրուած այս քաղաքականութիւնը միտում ունի խորացնելու ազգերու միջեւ ատելութեան ու անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը եւ հարուածելու տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան վերահաստատումը:
«Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին կոչ կ՛ընէ միջազգային հանրութեան եւ պատկան կառոյցներուն` յստակ գնահատական տալ սոյն յանցագործութեան եւ գործնական քայլեր ձեռնարկել հետագայ վերացումէն փրկելու Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական հոգեւոր-մշակութային պատմական ժառանգութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
«Թէքեան Կեդրոն» Հիմնադրամի Հովանաւորութեամբ Երաժշտական Ձեռնարկ` «Հայու Հոգին. Արեւմտահայ Բանաստեղծները Երգերու Մէջ» Խորագրով
«Թէքեան կեդրոն» հիմնադրամը պատիւ ունեցաւ հիւրընկալելու յայտնի երգահան Պերճ Թիւրաբեանն ու երգչուհի Նայիրի Գասպարեանը, որոնք հանդէս եկան «Հայու հոգին. արեւմտահայ բանաստեղծները երգերու մէջ» խորագրով երաժշտական ձեռնարկով: Երեկոյի ընթացքին հնչեցին հայ մեծանուն դասականներու` Վահան Թէքէեանի, Դանիէլ Վարուժանի, Միսաք Մեծարենցի, Ռուբէն Սեւակի, Պետրոս Դուրեանի, պոլսահայ բանաստեղծներէն` Զահրատի, Զարեհ Խրախունիի եւ Իգնա Սարըասլանի ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ Պերճ Թիւրաբեանին կողմէ գրուած բարձրարուեստ երգեր:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Թէքեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը եւ ներկայացուց Պերճ Թիւրաբեան երգահանը, երգիչը եւ թարգմանչը, որ յայտնի է նաեւ Շարլ Ազնաւուրի երգերու սքանչելի հայերէն կատարումներով` իր իսկ թարգմանութեամբ: Անդրադարձ կատարելով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար այս տագնապալի եւ ծանր օրերուն` Ա. Ծուլիկեան յատկապէս նշեց վերջերս հրապարակուած Պերճ Թիւրաբեանի նոր տեսահոլովակը` Շարլ Ազնաւուրի «Պատերազմի մանուկները» երգի հայերէն տարբերակը:
Ջերմ միջավայրի մէջ հեղինակին կողմէ հնչեցին յուշեր եւ պատմութիւններ, կենսագրական դրուագներ, որոնք հիմք հանդիսացած էին հայ հանճարներու բանաստեղծութիւնները երգերու վերածելու համար: Իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ Նայիրի Գասպարեանի հետ զուգերգով հնչեցին «Ես սիրեցի», «Իրիկունը», «Կ՛անձրեւէր», «Կաղանդի ծառ», «Կաթիլներ» եւ այլ կատարումներ: Համերգի աւարտին ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուեցան նաեւ Շ. Ազնաւուրի «Լա պոէմը», «Լա մամմա»… երգերը հայերէնով` Պ. Թիւրաբեանի կատարումով:
Պերճ Թիւրաբեան ծնած է Եգիպտոս, 1950 թուականին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գահիրէի Մխիթարեան վարժարանէն, այնուհետեւ ուսած է` Ֆրանսական քոլեճի մէջ: Վաղ հասակէն անտարբեր չէ եղած երաժշտութեան հանդէպ, երգած է ո՛չ միայն ընտանեկան հաւաքոյթներու, այլ հայկական գաղութային ձեռնարկներու եւս: 15 տարեկանին ներգաղթած է Հայաստան, աւարտած` Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, ուր հետագային դասաւանդած է ֆրանսերէն լեզու եւ գրականութիւն: Սկսած է իր երգերը ստեղծել եւ դարձած` 1960-ականներուն Հայաստանի մէջ սկիզբ առած հեղինակային երգի սակաւ ներկայացուցիչներէն մէկը: 1980-ականներուն արտագաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանին մէջ շարունակած է ուսումն ու աշխատանքը:
Հեղինակային համերգներ ունեցած է Երեւանի, Փարիզի, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի շարք մը քաղաքներու մէջ: Շարլ Ազնաւուրի 85 եւ 95-ամեակներուն առիթով Երեւանի մէջ լոյս տեսած է «Ազնաւուրը` հայերէն» երկու ձայներիզ, որոնց մէջ ընդգրկուած են Շարլ Ազնաւուրի երգերու հայերէն տարբերակները` Պ. Թիւրաբեանի թարգմանութեամբ եւ կատարումով: Թարգմանած ու կատարած է նաեւ յայտնի ֆրանսացի շանսոնիէներու` Ժաք Պրելի, Լէօ Ֆերէի, Ժորժ Պրասենսի երգերը: Գիրք-ձայնապնակներէն են` «Ինչ-որ տեղ եւ մի օր» (իր խօսքերով եւ երաժշտութեամբ), «Չարենցը երգերում», «Հայերէն», «Անունդ» (Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւններով), «Թռչնահոգի» (պոլսահայ բանաստեղծներ Զարեհ Խրախունի եւ Զահրատի խօսքերով):
«Կարաս» Գինիները Համաշխարհային Փորձագէտներու Ուշադրութեան Առարկայ
Հայկական առաջատար «Կարաս» գինիները կը շարունակեն նուաճել միջազգային շուկան: Այս տարի անոնք բարձր գնահատանքի արժանացան «James Suckling» հեղինակաւոր կայքին կողմէ:
Վարկանշաւորման շնորհիւ` Karas Varietal Areni 2021 գինին ստացաւ 91, Grand Karas 2017-ը` 94, Karas Reserve Areni Sireni 2020-ը` 93, Karas Red Blend 2021-ը` 91, Karas White Blend 2021-ը` 91, Single Vineyard Areni 2021-ը` 92 միաւոր:
Jamessuckling.com նախագիծի հիմնադիրը ամերիկացի լրագրող, հռչակաւոր Ճէյմս Սաքլինկն է, որ կը համարուի աշխարհի մէջ գինիի ամէնէն ազդեցիկ քննադատներէն մէկը: Տարբեր երկիրներու մէջ սփռուած անոր խումբը միայն 2021 թուականին համտեսած եւ գնահատած է 25 հազարէն աւելի անուն գինի:
Յատկանշական է, որ «Կարաս»-ը Ճէյմս Սաքլինկի կողմէ գնահատուած տակաւին միակ հայկական գինիի ապրանքանիշն է:
Հաղորդենք, որ «Կարաս» գինիներու նախագիծը հիմնուած է 2004 թուականին` արժանթինահայ բարերար Էտուարտօ Էռնեկեանի եւ անոր զարմուհիին` Խուլիանա Տել Ագիլա-Էռնեկեանի կողմէ: 2010 թուականին շուկայ հանելով իր առաջին արտադրանքը` «Կարաս»-ը դարձած է հայկական գինիի առաջատար ապրանքանիշներէն մէկը Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ: Արմաւիրի մարզի Արեւադաշտ համայնքին մէջ տեղակայուած են խաղողի այգիները, ուր կ՛աճի մօտաւորապէս 30 խաղողի տեսակ` ինչպէս տեղածին, այնպէս ալ միջազգային:
«Կարաս»-ի տեսականիին մէջ կը մտնէ արդէն գինիի 21 անուն, այդ թիւին մէջ ե՛ւ մոնոսորտ, ե՛ւ կուպաժաւորուած: Գինիներու ստեղծման եւ զարգացման մէջ ներգրաւուած են խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան ոլորտի լաւագոյն մասնագէտները Հայաստանէն եւ Արժանթինէն, իսկ նախագիծի խորհրդատուն աշխարհահռչակ էնոլոկ Միշէլ Ռոլանն է:
Հայաստանի Մէջ Տեղադրուեցաւ Զապէլ Եսայեանի Արձանը
Հոկտեմբեր 9-ին Կոտայքի մարզի Պռօշեան գիւղի` Զապէլ Եսայեան գիւղատնտեսական կեդրոնի զբօսայգիին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայ նշանաւոր գրող, արձակագիր, թարգմանիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանի արձանին:
Նշենք, որ «Անվախ Զապէլ» անուան յուշարձանի քանդակագործն է Նունէ Թումանեանը, իսկ նախագիծը կեանքի կոչուեցաւ Armenian Artists Project բարեսիրական առցանց պատկերասրահին կողմէ: Այս ծրագիրը իրականացաւ նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ երկու սփիւռքահայերու` Վիքթոր Զառուկեանի եւ Ճիւտի Սարեանի: Անոնք կ՛աջակցին Հայաստանի այլազան ծրագիրներու: Վերջին տարիներուն Վիքթոր Զառուկեան եւ Ճիւտի Սարեան ունեցած են միաժամանակ երկու հիմնական նպատակ` նպաստել Հայաստանի մէջ կայուն գիւղատնտեսութեան եւ աջակցիլ հայ արուեստին: Այդ իսկ նպատակով մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ դիմած են Armenian Artists Project բարեգործական առցանց պատկերասրահին, նուիրատուութիւն կատարած եւ ընտրած քանդակագործ Նունէ Թումանեանը` ստեղծելու համար խիզախ հայ կնոջ` Զապէլ Եսայեանի արձանը:
Հաղորդենք, որ Armenian Artists Project-ը բարեգործական նախագիծ է, որ կ՛օգնէ Հայաստանի մէջ բնակող հայ արուեստագէտներուն, որպէսզի հասնին միջազգային հարթակ, իսկ վաճառքէն ստացած շահոյթը կ՛ուղղէ տարբեր բարեգործական նպատակներու իրագործման:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ Զապէլ Եսայեանի քանդակը տեղադրուեցաւ կամուրջի մը վրայ` աջ ձեռքին բռնած գիրք, որ կը խորհրդանշէ անոր սէրը գրականութեան հանդէպ, իսկ ձախ ձեռքը բռունցք վիճակով, որ կը խորհրդանշէ Եսայեանի մարտական ոգին եւ անհնազանդ բնաւորութիւնը: Մինչ արձանի կամուրջ-պատուանդանը կը խորհրդանշէ Արեւմտեան Հայաստանը եւ Արեւելեան Հայաստանը, որոնց վրայ, իբրեւ կապող օղակ, կանգնած է Զապէլ Եսայեան կերպարը:
Քանդակագործ Նունէ Թումանեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին պատմեց, որ արձանը պրոնզաձոյլ է եւ կամուրջին հետ 2,5 մեթր բարձրութիւն ունի, իսկ անոր ստեղծումը տեւած է մէկ տարի եւ երեք ամիս: Ան աշխատանքի ժամերէն երեք ամիսներ տրամադրած է Զապէլ Եսայեանի մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու աշխատանքին: «Մինչեւ կերպարի ստեղծման անցնիլը` ուսումնասիրեցի բոլոր մատչելի նիւթերը, կարդացի Եսայեանի ինքնակենսագրական «Սիլիհտարի պարտէզները» գիրքը: Կերպարը շատ հետաքրքրական էր իր միշտ պայքարող եւ անարդարութիւն չհանդուրժող տեսակով», ըսաւ արուեստագէտը:
Իրաւունքի Եւ Արդարութեան Կեդրոն «Թաթոյեան» Հիմնադրամը Եւ «Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Լեմքին» Հիմնարկը Ստորագրած Են Յուշագիր
Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեանը եւ «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկ»-ի համանախագահներ Վիքթորիա Մասսիմինոն եւ Էլիսա Ֆոն Եոտեն-Ֆորկին կնքեցին համագործակցութեան յուշագիր: Յուշագիրին նպատակներէն են ցեղասպանութիւններու կանխարգիլումն ու վերականգնողական արդարադատութեան խթանումը:
Յուշագիրի ծիրին մէջ կը տարուին փաստահաւաքի միացեալ աշխատանքներ, կ՛իրականացուի համագործակցութիւն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, զեկոյցներու պատրաստման եւ հետազօտական այլ աշխատանքներու հարցին մէջ: Տեղի կ՛ունենան` ժողովներ, աշխատակիցներու կարողութիւններու զարգացում, աշխատաժողովներ, որոնք ուղղուած են ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ համաշխարհային իրազեկութեան բարձրացման: Կը նախատեսուի, որ միջազգային հարթակներու վրայ եւս կ՛իրականացուի միացեալ աշխատանք` նպաստելու համար մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ միջազգային յանցագործութիւններու համար միջազգային պատասխանատուութեան, մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու համապատասխան: