Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Պայծառակերպութեան Տօնին Արցախի Գանձասար Վանական Համալիրին Մէջ Կայացաւ Սուրբ Պատարագ
Ինչպէս 782 տարի առաջ, նոյնպէս 24 յուլիս 2022-ին Գանձասարի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տաղաւարներէն` Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը: Ուխտագնացութեան ներկայ գտնուեցան` Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը, կառավարութեան անդամներ, զինուորականներ, հեռաւոր ու մօտակայ վայրերէ եկած ուխտաւորներ, ինչպէս նաեւ` Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր-ղեկավար, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը:
Քէշիշեան առաջին անգամն էր, որ ներկայ կը գտնուէր այս ուխտագնացութեան: Ան լրագրողի մը հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ` «Տօնը ինքնին մեզի կը խոստանայ պայծառութիւն, պայծառ ապագայ, այդ հաւատքով, յոյսով ու ներշնչումով է, որ կ՛ապրինք, եւ այդ բոլորով է, որ մենք եկած ենք այստեղ: Իսկ այսօրուան տօնին` Պայծառակերպութեան խորհուրդը, արդէն յաղթութեան, ուժի, գեղեցիկ հեռանկարներ, հորիզոններ ուրուագծող նշան է, եւ մենք պէտք է կառչած մնանք այդ նշաններուն` առանց յուսահատելու, առանց վհատելու յառաջանալով միշտ առաջ»:
Զ. Քէշիշեան իր խօսքի աւարտին մաղթեց, որ չկորսնցնենք մեր յոյսը եւ կարենանք համախմբուիլ ազգային իրական արժէքներու շուրջ` միշտ մնալով տոկուն, ուժեղ եւ միացեալ, որպէսզի չընկրկինք եւ ի վերջոյ արժանանանք աւելի պայծառ ապագայի:
Հաղորդենք, որ տօնական սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ գլխաւորութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդին` Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի: Առաջնորդը քարոզին մէջ նախ մեկնաբանեց տօնին մասին, ապա յայտնեց, թէ` «Հասան Ջալալ իշխանը եւ անոր կինը` Խորիշանը, իրենց իշխանութեան հիմնասիւնը դարձուցին Գանձասարի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին եւ անոր օծումը որոշեցին կատարել Վարդավառի տօնին, ոչ թէ այդ արարողութիւնը աւելի հանդիսաւոր դարձնելու համար, այլ խորապէս կը հասկնային աստուածային այդ յայտնութեան օրհնաբեր ազդեցութիւնը ազգային կեանքին մէջ: Եւ իսկապէս պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ Գանձասարի շուրջ համախմբուած Արցախն էր, որ ամենաերկարը պահպանեց իր ինքնութիւնը` համեմատաբար հայկական բոլոր իշխանութիւններուն»:
Արցախի թեմի առաջնորդին քարոզը առանձնացաւ շատ կարեւոր ուղերձով մը: Ան յայտնեց, որ մեր ազգը պայծառակերպութեան կարիքը ունի, եւ մենք վերստին պէտք է վերանորոգենք մեր ուխտը Աստուծոյ հետ` ամրագրելով քանի մը կենսական ճշմարտութիւններ: «Գանձասարը վկայ է Աստուծոյ հետ արցախահայութեան նորոգուող ուխտին, Գանձասարը Թափօր լեռն է Արցախի պայծառակերպութեան, Գանձասարը արցախահայութեան ազգային գաղափարախօսութեան առանցքն է, Գանձասարը այս ուղիին վրայ Արցախի անկախութեան պետականութեան խարիսխն է», շեշտեց առաջնորդը:
Այս գեղեցիկ օրուան աւարտին սրբավայրի հոգեւոր միջավայրը զօրացաւ եւս մէկ խաչքարով. բարերար, եկեղեցւոյ խաչքաւոր Արամ Ֆրանկեանը իր ծնողներուն յիշատակին խաչքար մը կանգնեցուց, որուն օծումը կատարուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդին ձեռամբ եւ հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ:
Արտակ Բեգլարեան Դահրաւի Մէջ Մասնակցեցաւ «100 Տուն Արցախի Մէջ» Ծրագիրի Բնակարանամուտի Արարողութեան
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան յուլիս 30-ին Ասկերանի Դահրաւ գիւղին մէջ մասնակցեցաւ «100 տուն Արցախի մէջ» ծրագիրի բնակարանամուտի արարողութեան, որուն շրջանակներուն մէջ տեղահանուած 6 ընտանիք ստացաւ նորակառոյց բնակարաններու բանալիները:
Պետական նախարարը շնորհաւորեց տանտէրերը եւ ծրագիրը նախաձեռնող խումբը` Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը եւ «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամը, բոլոր նուիրատուներն ու աջակիցները` Արցախի ժողովուրդի կողքին հաստատուն կանգնելու առաքելութեան շրջանակներուն մէջ ցուցաբերուած նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար:
«Բնակարանային կարիքները արցախցիներուն մարդասիրական հարցերու շարքին մէջ բաւականին սուր արտայայտուած են, եւ այսօր շատ սպասուած էր եւս 6 ընտանիքի ամուր ծածկով ապահովելու իրողութիւնը: Համոզուած եմ, որ այս նորակառոյց բնակարաններու կողքին պիտի բարձրանան նորերը, եւ «100 տուն Արցախի մէջ» ծրագիրը պիտի ամրացնէ հայկական Արցախի ներկան ու երկարաժամկէտ ապագան: Այս ծրագիրը գործնական եւ խորհրդանշական միջոց է Արցախի ապագային միտուած հայութեան ջանքերու միատեղման համար, եւ կառավարութիւնը պատրաստ է շարունակ կանգնելու այսպիսի նախաձեռնութիւններու կողքին», իր խօսքին մէջ նշեց պետական նախարարը:
Արտակ Բեգլարեան գտնուեցաւ նաեւ շահագործման յանձնուած բնակարաններու մէջ եւ անձնապէս շնորհաւորեց բոլոր ընտանիքները ու հետաքրքրուեցաւ անոնց ընկերային-տնտեսական հարցերով:
Նշուած 6 տուները կառուցուեցան Արցախի կառավարութեան եւ «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամի միացեալ դրամական յատկացումով: 6 տուներուն նուիրատուները եղած են` Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը, Երեւանի քաղաքապետարանը, Երեւանի պետական համալսարանը, «Երեմեան փրոճեքց», «Արմսուիսպանք» եւ «Տիճիթէյն» ընկերութիւնները, որոնք այլ նուիրատուներու հետ մասնակցեցան նաեւ տուներու բակերուն մէջ անասնագոմերու կառուցման եւ ընտանիքներու անասնագլխաքանակի յատկացման:
Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքներու Մշակութային Ժառանգութեան Պաշտպանութեան Խորհուրդի Նիստ
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի նախագահութեամբ, 28 յուլիսին գումարուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդի երկրորդ նիստը: Այս մասին տեղեկացուցին Արցախի պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն:
Բեգլարեան բարձր գնահատեց խորհուրդի կազմութենէն ետք կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին իրականացուած փաստահաւաք աշխատանքը եւ խորհուրդի անդամներուն հետ քննարկեց հետագայ աշխատանքներու ուղղուածութեան եւ ծաւալներուն վերաբերող հարցերը:
Խորհուրդի ծրագիրներու կատարման ընթացքի մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ խորհուրդի քարտուղար Սերգէյ Շահվերդեանը:
Հաստատուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մնացած թանգարաններու եւ ցուցասրահներու հաւաքածոներու ցանկը:
Քննարկուեցան հետազօտական եւ տեղեկատուական զանազան միջոցառումներու իրականացման ընթացքին վեաբերող հարցեր` յստակացնելով խորհուրդի եւ լիազօր մարմիններու կատարելիքները:
«Գնեցէ՛ք Հայաստանի Մէջ». Քուէյթահայ Բարերարը Աշխուժացուց Տնտեսութեան Զարգացման Նպաստող Իր Նախաձեռնութիւնը
Քուէյթահայ բարերար, գործարար Կիրակոս Գույումճեան հանդէս եկաւ «Գնեցէ՛ք Հայաստանի մէջ» նախաձեռնութեամբ, որուն նպատակն է նպաստել տնտեսութեան զարգացման: Կիրակոս Գույումճեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ նախաձեռնութեան շուրջ աշխատանքները սկսած էին 2019 թուականին, սակայն համավարակը պատճառ դարձաւ, որ ծրագրուած աշխատանքները կիսաւարտ մնան: Այժմ քուէյթահայ բարերարը կրկին Հայաստանի մէջ է, նպատակ ունի տարբեր շրջանակներու մէջ աշխուժացնել «Գնեցէ՛ք Հայաստանի մէջ» արշաւը:
«Ինչպէս գիտենք, վերջին շրջանին զբօսաշրջութեան աշխուժութիւն կը նկատուի: Շատեր կը նախընտրեն Հայաստան գալ եւ իրենց հանգիստը այստեղ կազմակերպել: Այս արշաւին էութիւնը այն է, որ մեր հայրենակիցներուն կոչ ուղղելով խրախուսենք, որ իրենց կարիքներուն համար նախատեսուած ապրանքները գնեն Հայաստանի մէջ: Ինչ կարիք կայ դուրսէն բերելու ապրանքներ, եթէ այստեղ ամէն ինչ կայ, եւ կարելի է հանգիստի ընթացքին գնել: Եթէ այս նախաձեռնութիւնը տարածում ունենայ, ապա շահաւէտ պիտի ըլլայ Հայաստանի համար», յայտնեց Կիրակոս Գույումճեան:
Անոր խօսքով, տնտեսապէս շահաւէտ պիտի ըլլայ տեղի գործարարներուն, արտադրողներուն: Եթէ սփիւռքահայ զբօսաշրջիկները սկսին ամէն այցելութեան ժամանակ իրենց գնումներուն հիմնական մասը կատարել Հայաստանի մէջ, այդ կը նշանակէ, որ այստեղ այդ ապրանքներուն պահանջարկը կ՛աւելնայ: Հետեւաբար ե՛ւ վաճառողներուն, ե՛ւ արտադրողներուն համար լաւ պիտի ըլլայ: Ասկէ բացի` երկիր եկած օտար դրամանիշի արտարժոյթին ծաւալը պիտի աւելնայ, եւ ասկէ պիտի շահի միայն պետութիւնը:
Կիրակոս Գույումճեան տարբեր առիթներով փորձեց աջակցութեան ծրագիրներով Հայաստանի եւ Արցախի կողքին գտնուիլ: Ան արաբական լրատուամիջոցներու մէջ հանդէս եկաւ հայկական հարցերու հետ կապուած յօդուածներով: Կիրակոս Գույումճեան նկատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին հետ կապուած արաբական երկիրներու մէջ տեղեկութեան պակաս կայ:
«Ընդհանրապէս արաբական աշխարհին մէջ հայկական հարցերը ներկայացնելու տեսանկիւնէն թերացած ենք: Անհրաժեշտ չափով չենք կրցած մեր հարցը ներկայացնել արաբ ժողովուրդին: Շատերը ամբողջական պատկերացում չունին Հայոց ցեղասպանութեան, հայկական այլ հարցերու հետ կապուած: Ես ալ որոշեցի յօդուածներով հանդէս գալ` ներկայացնելով հայկական հարցերը, հակադարձելով ժխտողական դիրքորոշումներուն», ըսաւ Կիրակոս Գույումճեան:
Հաղորդենք, որ քուէյթահայ գործարարը հիմնած է «Ներսէս Շնորհալի» կրթական մրցանակը Հալէպի եւ Քուէյթի երկրորդական վարժարաններու սաները խրախուսելու համար: Արդէն 20-է աւելի աշակերտ արժանացած է այս մրցանակին: Ըստ Կիրակոս Գույումճեանի, այս ծրագիրը նպաստած է մրցակցութեան եւ յառաջդիմութեան բարձրացման: Նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ յառաջիկայ տարիներուն:
«Սի. Էն. Էն.»-ը Հայաստանը Ներառած Է Աշխարհի Լաւագոյն Արշաւային Ուղղութիւններուն Մէջ
Ամերիկեան հեղինակաւոր «Սի. Էն. Էն.»-ը իր ճանապարհորդական ուղիներու ծիրին մէջ առանձնացուցած է աշխարհի լաւագոյն արշաւային ուղղութիւններէն` արահետներէն 23-ը` ներառելով նաեւ Հայաստանը:
Հայաստանին վերաբերող հատուածը վերնագրուած է` «Հայաստանը եւ Մետաքսի ճանապարհը»: Գրութեան մէջ ընդգծուած է, որ Հայաստանի մէջ կը գտնուին Եւրոպայի լաւագոյն արահետներէն քանի մը հատը:
«Հայաստանն ու Մետաքսի ճանապարհը» 11-օրեայ ճանապարհորդութիւնը կ՛անցնի լաւագոյն երթուղիներով` միացնելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պահպանութեան տակ գտնուող Սանահին եւ Հաղբատ վանքերը, անցնելով կրաքարային լեռնագագաթներով եւ սաղարթախիտ անտառներով` Գեղամայ վայրի լեռներուն մէջ` քայլարշաւի եւ երկրի ամենաբարձր լեռը` Արագածի գագաթը բարձրանալու կարելիութեամբ», նշուած է յօդուածին մէջ:
Եգիպտացի Բեմադրիչ Իսամ Նաժին «Նարեկացի» Կեդրոնին Մէջ Ցուցադրեց Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Մասին Վաւերագրական Ժապաւէնը
Եգիպտացի լրագրող եւ բեմադրիչ Իսամ Նաժիի «Մոռացուած հայրենիք» վաւերագրական ժապաւէնը աշխարհին կը պատմէ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանային կեանքին, Արցախի փախստականներուն մասին, որոնք այժմ կը բնակին Սիւնիքի մէջ:
Ժապաւէնին անդրանիկ ներկայացումը տեղի ունեցաւ «Ոսկէ ծիրան» 19-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի ծիրին մէջ, իսկ յուլիս 29-ին հանրութեան լայն շրջանակ մը զայն դիտելու կարելիութիւնը ունեցաւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ:
Իսամ Նաժին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ միջազգային հանրութիւնը այնքան ալ խորամուխ չէ եղած արցախեան հիմնահարցին մէջ, ուստի իմ պարտքս է ժապաւէնի միջոցով պատմել իրողութիւնը»:
Նաժին պատերազմի ընթացքին Հայաստան չէ գտնուած: Եկած է պատերազմէն վեց ամիս ետք: «Պատերազմի ժամանակ այնքան ալ դիւրին չէր Հայաստան գալը, որովհետեւ այդ չափազանց զգացական պիտի ըլլար: Ես չէի փափաքեր այդ ապրումները փոխանցել աշխարհին, կ՛ուզէի` մարդիկ հանդարտին եւ մտածեն կատարուածին մասին», նշեց ան:
Իսամ Նաժին կը կարծէ, որ հայերը բազմիցս կոտորուեր ու վերականգներ են, եւ անոնք ամուր հոգի ունին: Անոր խօսքով, միջազգային հանրութիւնը պէտք է տեղեկացուած ըլլայ, իմանայ ճշմարտութիւնը, կանգնի Հայաստանի կողքին, որպէսզի կատարուածը չկրկնուի:
Հեղինակը կը նախատեսէ շարժանկարը ցուցադրել Գորիսի եւ Գիւմրիի մէջ, այնուհետեւ` շարժապատկերի փառատօներուն: Ան ժապաւէնի միջոցով կ՛ուզէ ցոյց տալ, որ հայերը միայնակ չեն:
Բեմադրիչին հետ զրուցելու ընթացքին նկատեցինք, որ ան կը կրէ մատանիներ, որոնցմէ մէկուն վրայ գրուած է «Երեւան», իսկ միւսին վրայ` Տէրունական աղօթքը: Նաժի ըսաւ, որ տարիներ շարունակ կրած է մատանիները, որովհետեւ Հայաստանը իր սրտին մէջ է:
Իսամ Նաժին վաւերագրական ժապաւէններ հրապարակած եւ նկարահանած է շատ մը երկիրներու մէջ, որոնց թիւին մաս կը կազմեն` Իրաքը, Պրազիլը, Հարաւային Ափրիկէն, Ռուանտան, Հայաստանը, Ուկանտան եւ այլն: Հիմնած է Firsttree.art արտադրական ձեռնարկութիւնը, որ արուեստին առնչուող նախագիծներ առաջ կը քշէ եւ կը հրապարակուի Մերձաւոր Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ:
Տեղեկացնենք, որ մառախլապատ Գորիսի մէջ 2020-ի պատերազմէն մէկ տարի ետք սկսած են «Մոռացուած հայրենիք» ժապաւէնին նկարահանումները: Ժապաւէնը կ՛ընդգրկէ հայ խիզախ կիներու նկարագրութիւնները` Հայաստանի պատմութեան հետ միահիւսուած: «Մոռացուած հայրենիքը» կը լուսաբանէ Հայաստանի, յատկապէս երկրի ամենահարաւային մարզի` Սիւնիքի աշխարհագրական եւ ռազմավարական կարեւորութիւնը, պատմական ու ներկայ մարտահրաւէրները եւ մշուշոտ ապագան` այսպիսի անկայուն տարածաշրջանի մէջ: